Համազգայինի հայագիտական նիւթերու լսարանի մեկնարկը. ի՞նչ կրնանք ակնկալել
զրոյց` Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի հետ
Թորոնթոհայ գաղութի կրթական եւ մշակութային կեանքը հարստացնելու նպատակով, շուտով իր դռները պիտի բանայ Համազգայինի hայագիտական նիւթերու լսարանը։ Լեզուի, գրականութեան եւ մշակութային նիւթերու նուիրուած այս նոր նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները պարզելու համար՝ «Թորոնթոհայ»-ը զրուցեց լսարանի վարիչ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի հետ։
«Թորոնթոհայ»– Ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ Համազգայինի հայագիտական նիւթերու լսարանը:
Թամար Տօնապետեան Գուզուեան– Միտքը նոր չէ։ Հայագիտական նիւթերու լսարան մը ատենին գոյութիւն ունէր Թորոնթոյի մէջ, որ քանի մը տարի շարունակուեցաւ պրն. Մարգար Շարապխանեանի եւ տիկ. Սոնա Յովհաննէսեանի ղեկավարութեամբ։
Համազգայինը իբր կրթական եւ մշակութային միութիւն զանազան ծրագիրներու ընդմէջէն կը միտի լեզուն կենսունակ պահել, գրականութիւն տարածել, ստեղծագործութեան զարկ տալ։ Իր հիմնադրութենէն քիչ անց Համազգայինը հիմը դրաւ Հայ ճեմարանին եւ անմիջապէս ձեռնարկեց հրատարակչական աշխատանքի։ Տարիներու ընթացքին ընդարձակեց իր կրթական գործունէութիւնը։ Պէյրութի մէջ հիմնեց Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը որ 1974-2003 տարիներուն մօտ 150 շրջանաւարտ տուաւ։ Այսօր Համազգայինը ունի մէկէ աւելի ճեմարաններ Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։ Կը վարէ հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր Երեւանի պետական համալսարանի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի գործակցութեամբ եւ կը շարունակէ տալ իր հունձքը. շրջանաւարտներ, որոնք հայերէն կը դասաւանդեն Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ։ 1996-ին հիմնադրուած Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկը կը շարունակէ տալ իր պտուղները։ Աւելցնենք. «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-տպարանը, «Բագին» գրական գեղարուեստական պարբերաթերթն ու «Բագին» մատենաշարը, Համազգայինի դասագիրքերու հրատարակութեան ծրագիրը, Լալան ու Արան, Գանատայի պարագային՝ «Օշական» մատենաշարը, Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքը. ասոնք օրինակներ են շարունակական ծրագիրներու, իրաքանչիւրը իր կարգին շօշափելի ներդրում ունի ի նպաստ հայեցի կրթութեան։
Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ՝ Մոնթրէալի մէջ «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքի հիմնադրութենէն ի վեր, Թորոնթոյի մէջ եւս նման ծրագիր մը սկսելու փափաք կայ։ Առ այդ, 2025-ին Գանատայի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ այդ քայլը առնուեցաւ։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ առածը՝ «Երբ կայ կամքը, կ՚ըլլայ նաեւ կարելիութիւնը»։ Եռանդամ խորհրդատու մարմին մը յառաջացաւ, որուն մաս կազմեցին նաեւ Մեղեդի Էթիեմեզեանն ու Սիմոն Հասըրճեանը եւ գործի անցանք։ Ահաւասիկ կը մօտենանք մեկնարկին։
«Թորոնթոհայ»– Ինչո՞ւ հայագիտական նիւթերու լսարան Թորոնթոյի մէջ
Թամար– Թորոնթօն աշխուժ համայնք եղած է եւ է։ Եւ համայնք մը աշխուժ պահելու խթաններէն մէկը նոր ձեռնարկներու յառաջացումն է. ձեռնարկներ որ քայլ պահեն օրուան պայմաններուն եւ համայնքի կարիքներուն հետ։ Համայնք մը ունինք որ օր ըստ օրէ կ՚աճի. այսօրուան երիտասարդը պիտի դառնայ վաղուան ծնողը, ուսուցիչը, միութենական գործիչը։ Դպրոցները իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը փոխանցեն լեզուն. Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանը, գրական ձեռնարկները, համայնքին մէջ այլ միութիւններու, եկեղեցիներուն կատարած աշխատանքները կ՚օգնեն հայերէնախօսութեան զարկ տալու։ Բայց պէտք է ընդունիլ որ բաց մը գոյութիւն ունի, հետեւաբար աւելին պէտք է տալ մշակութային գիտելիքի պաշարը զարգացնելու, լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը ապրեցնելու եւ վաղուան մարդուժը պատրաստելու։
«Թորոնթոհայ»– Ինչպիսի՞ բնոյթ ունի լսարանը
Թամար– Լսարանը երկու տարուան տեւողութիւն ունի, որմէ ետք ուսանողը կը ստանայ վկայագիր։ Երկու տարուան մէջ չորս եռամսեակ՝ սեպտեմբերէն դեկտեմբեր, յունուարէն մայիս։ Շաբթուան մէջ մէկ դասապահ։ Դասապահը նաեւ ունի աշխատանոցի բաժին, որ նիւթին համաձայն կը ծրագրուի։ Նիւթերը առաւելաբար կեդրոնացած են լեզուի եւ գրականութեան վրայ. կան նաեւ հայկական մշակոյթին առնչուող այլ նիւթեր։ Այս բոլորը՝ անձամբ, դասարանային միջավայրի մէջ, ուր ուսանողը առիթ կ՚ունենայ ոչ միայն ունկնդրելու այլեւ արտայայտուելու, քննարկելու, բանաւոր եւ գրաւոր կարողութիւնները զարգացնելու։
«Թորոնթոհայ»– Լեզու, գրականութիւն եւ մշակութային նիւթեր ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ:
Թամար– Լեզուի պարագային շեշտը արեւմտահայերէնի վրայ է. նիւթեր ինչպէս ուղղագրութիւն, քերականութիւն մաս պիտի կազմեն ծրագրին։ Գրականութեան հոլովոյթը, ոլորտները, հրատարակչական աշխատանքը, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, յետ-եղեռնեան գրականութիւնը, հայ բանաստեղծութիւնը, խմբագրութեան արուեստը եւ այլ նիւթեր պիտի փոխանցուին ուսանողին այնքան որքան կը թոյլատրէ լսարանին ձեւաչափը։ Ի հարկէ երբ կը խօսինք այս բոլորին մասին բնականաբար հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներու մասին ալ պիտի անդրադառնանք։ Անխուսափելիօրէն իրարու կապուած են այս բոլորը։
«Թորոնթոհայ»– Ինչպիսի՞ դասախօսներ նկատի առնուած են:
Թամար– Իւրաքանչիւր նիւթ ունի իր դասախօսը. անհատներ որոնք իրենց մասնագիտութեամբ եւ գիտելիքներու պաշարով անկասկած պիտի հարստացնեն ուսանողին փորձառութիւնը։
Առաջին տարեշրջանի դասախօսները առաւելաբար կու գան Թորոնթոյէն եւ Մոնթրէալէն. գրական եւ կրթական մարզերուն մէջ իրենց դրոշմը ձգած անհատներ են։ Կազմին մաս պիտի կազմեն նաեւ հոգեւոր հայրեր։ Լսարանի ընթացքին, պարբերաբար դասախօսներ պիտի ունենանք նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կամ այլ երկիրներէ։ Պէտք է ըսել որ բոլորը խանդավառութեամբ ընդառաջեցին մեր առաջարկին։ Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին։
«Թորոնթոհայ»– Մասնակցութեան պայմանները ի՞նչ են. ի՞նչ կրնայ ակնկալել ուսանողը:
Թամար– Մասնակցողը պէտք է հայերէնի իմացութիւն ունենայ. նաեւ, առնուազն երկրորդական ուսումը աւարտած պէտք է ըլլայ։
Այն անձը որ կը փափաքի զարգացնել արեւմտահայերէնի, գրականութեան, մշակոյթի իմացութիւնը եւ կը հաւատայ որ կրնայ օգուտ քաղել նման լսարանէ, ըլլայ ան ուսուցիչ, միութենական, ծնող, թէ համալսարանական, կրնայ մասնակցիլ։ Վկայագիր ստանալու համար, ուսանողը պարտի ամբողջացուցած ըլլալ լսարանի ընթացքը (չորս եռամսեակ) եւ մասնակցած դասապահերու առնուազն 80 առ հարիւրին։
Ինչպէս որեւէ լսարան կամ դասընթացք, ուսանողին մասնակցութիւնը կարեւոր է. այս պարագային, իւրաքանչիւր եռամսեակի աւարտին, ուսանողը պէտք է կատարէ ներակացում, որուն նիւթը ինք կ՚ընտրէ, եռամսեակի նիւթերուն հիման վրայ։
«Թորոնթոհայ»– Ե՞րբ կը սկսի լսարանը, ինչպէ՞ս կարելի է մասնակցիլ
Թամար– Լսարանը կը սկսի Երկուշաբթի, 14 սեպտեմբերին։ Ուրախ ենք որ համայնքին մէջ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց այս քայլը։ Ստացած ենք 25 դիմումնագիր. դիմողներուն մէկ մասը երիտասարդներէ բաղկացած է. կան նաեւ ուսուցիչներ եւ միութենականներ։
Մասնակցութեան սակը իւրաքանչիւր եռամսեակի համար 200 տոլար է։ Յաւելեալ դիմումներ կրնանք ընդունիլ մինչեւ սեպտեմբերի սկիզբը։ Մասնակցիլ ուզողը պարտի դիմումնագիրը ամբողջացնել։ Հարցումներու պարագային կապ պահել Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի, կամ լսարանի փոխվարիչ՝ Մեղեդի Էթիեմեզեանի հետ։
Շնորհակալութիւն Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող եւ այս ծրագրին նեցուկ կանգնող իւրաքանչիւր անհատի։ ֍
Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի սեպտ. 2026 (#229) թիւին մէջ: