ՏԻՐՈՒԿԻՆ ՀԵՏ | Մէկ թակոցով բացուած ոսկեման թատրոնի դուռը

Կան բարեկամութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը հեռանան կեանքի տեսանելի բեմէն, կը ծածկուին տարիներու փոշիին տակ, բայց կը մնան հոգիի խորունկ մէկ անկիւնը՝ մոխիրի տակ պահուած կայծի մը պէս․․․եւ երբ օր մը կեանքը իր աներեւոյթ ձեռքով այդ մոխիրը շարժէ, կայծը կը ժայթքի, կրակը դարձեալ կը բոցավառի՝ լուսաւորելու ո՛չ միայն անցեալը, այլեւ՝ ջերմացնելու ապագայի օրերը։

Մօտ չորս ամիս առաջ, տարիներէ ի վեր չտեսած հին բարեկամուհի մը` Սիտնիի մէջ յիշած էր զիս։ Մեր բարեկամութեան արմատները խրուած էին Հալէպի հողին, մասնաւորաբար Համազգայինի hայագիտական hիմնարկին մէջ, ուր երկուքս տարբեր բաժիններու ուսանողներ եղած էինք։ Սակայն մեր մտերմութիւնը ամրապնդուած էր Հայաստանի մէջ, երբ միասին մասնակցեցանք 2004 թուականի՝ միամսեայ Ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքին։

Այդ օրերու ընկերակցութիւնը մեզի հետ վերադարձած էր Հալէպ, ուր հայոց լեզուի ուսուցչուհիներ դարձանք՝ տարբեր դպրոցներու մէջ, բայց նոյն սիրով եւ նոյն առաքելութեան գիտակցութեամբ։ Միջդպրոցական մրցումներու առիթներով կը հանդիպէինք, ընկերական շրջանակներու մէջ զիրար կը գտնէինք, կը զրուցէինք եւ կը կիսէինք մեր մասնագիտական ու մարդկային ապրումները։ Տարիները անցան, կեանքը մեզ տարբեր ափեր նետեց՝ մէկս Գանատա, միւսը՝ Աւստրալիա, բայց մեր բարեկամութեան թելը բնաւ չկտրուեցաւ։

Այսօր ան, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքէն, անսպասելի կերպով՝ մասնագիտական կեանքիս դուռը թակեց, եւ այդ դուռէն ներս մտաւ թատրոնը՝ իր կախարդական ոստումով։

Սիտնիի Համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» թատերական մասնաճիւղը, հոկտեմբերի 10-ին նախատեսուած ներկայացման մը համար նոր նիւթ մը կը փնտռէր։ Խումբը խորհուրդի համար դիմեց հին բարեկամուհիիս, եւ ան՝ առանց տատամսելու, անունս առաջարկեց, որովհետեւ գիտէր, որ ես ոչ միայն ուսուցչուհի էի, այլեւ՝ գրասէր, ստեղծագործող եւ զուարթախոհ մարդ։

Որքան զգացաշարժ առիթ եւ մեծ պարգեւ է, երբ բացակայութեանդ՝ մէկը անունդ կը յիշէ․․․եւ որքա՛ն մեծ պատասխանատուութիւն, երբ ան այդ անունը կը հնչեցնէ ոչ թէ պատահականութեամբ, այլ՝ քու կարողութիւններուդ հանդէպ ունեցած իր հաւատքին շնորհիւ։

Ահա՛, այդ օրուընէ ի վեր, Սիտնիէն նետուած այդ փոքրիկ խայծին կախարդանքով, սկսաւ դրամատուրգի զարմանահրաշ ճամբորդութիւնս։

Գրական ճանապարհս տարիներ շարունակ անցած է բազմաթիւ հուներով․ եղած եմ բանաստեղծ, առակագիր, խմբագիր, սրբագրիչ, յօդուածագիր, թղթակից, չափածոյ եւ արձակ էջերու հեղինակ, իսկ թատրոնը միշտ ապրած է մէջս՝ երբեմն լուռ կայծի, երբեմն ալ բոցավառ ճրագի մը պէս։ Մանկապատանեկան եւ երիտասարդական թատերական աշխարհն ալ շատոնց ծանօթ է ինծի։ Մանկապարտէզի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աւարտական հանդէսներուն եւ ազգային տօներուն համար բազմաթիւ պատկերներ ու ներկայացումներ հեղինակած եւ բեմադրած եմ։ Երբեմն ամբողջ հանդէս մը կառուցած եմ թատերական ներկայացման մը շուրջ, բայց որպէս դրամատուրգ՝ ա՛յս պիտի ըլլար առաջին իսկական փորձառութիւնս, ուր ստեղծագործական աշխարհիս դռներէն մին՝ ոսկեման թատրոն առաջնորդող դուռը, լա՜յն պիտի բացուէր դէմս, ու ես հաստատաքայլ լաւատեսութեամբ մուտք պիտի գործէի թատրոնի առեղծուածային աշխարհ։

Սիտնիի համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» թատերական մասնաճիւղի ատենապետուհիին, բեմադրիչին եւ անդամներուն հետ քանի մը հեռավար հանդիպումներ ունեցանք։ Խօսեցանք, լսեցի խումբի անդամներուն գաղափարները, հասկցայ անոնց ակնկալիքները, եւ միասին քննարկեցինք հնարաւորութիւններն ու առնուելիք քայլերը։ Իրենց մտքին մէջ ֆիլմի մը նիւթին մօտ գաղափար մը կար, զոր կ՚ուզէին վերածել բեմական գործի։ Իսկ ես, ինքնագիր նիւթ մը ներկայացնելու ընդհանուր գաղափարով, ստեղծեցի ամբողջական թատերական աշխարհ մը, ուր ծնունդ առաւ սուր երգիծանքով զարդարուած՝ «HELP! Սեւանայ Լիճէն մարդ մը ելաւ» երգիծական կատակերգութիւնը։

Ընդամէնը մէկուկէս ամիս։

Ցերեկները՝ մանկապարտէզի պաշտօնս, կէսօրէ ետքերը՝ երաժշտական դպրոցի տնօրէնի պարտականութիւններս, «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրի աշխատանքներս, որպէս մայր եւ տանտիկին՝ ընտանիքի ու տան պարտաւորութիւններս, իսկ այս բոլորին կողքին՝ ստեղծագործ հոգիիս բոցավառ կրակը․․․չեմ գիտեր ինչպէ՛ս, բայց ժամանակը տարօրինակ կերպով կրցայ դասաւորել։ Ամրան աշխատանքային ժամերուս փոքր-ինչ կարճ ըլլալը ինծի համար դարձաւ անակնկալ պարգեւ՝ ժամանակ։ Սկսայ օրական երկու-երեք ժամ տրամադրել գրութեան։ Յետոյ այդ քանի մը ժամը դարձաւ տասը, երբեմն՝ տասներկու, նոյնիսկ տասնչորս ժամ։

Ու ես այլեւս չէի գրեր՝ ես թատրոնով կ’ապրէի։

Գրական աշխարհը զիս տարաւ Սեւանայ լիճի ափերը՝ Շորժա գիւղ, 2005 թուական։ Այլեւս համակարգիչիս առջեւ նստած գրողը չէի՝ կը քալէի կերպարներուս հետ, կը լսէի անոնց ձայները, կը հետեւէի անոնց քայլերուն, կը մտնէի անոնց հոգեբանութեան խորքերը, կը ծիծաղէի անոնց արարքներուն վրայ եւ երբեմն կը զարմանայի, թէ ինչպէ՛ս քանի մը շաբաթ առաջ տակաւին գոյութիւն չունեցող անձեր կրնան յանկարծ այդքան իրական դառնալ։

Երգիծանքը, ֆարսը եւ մարդկային բնաւորութիւններու զուարճալի հակասութիւնները սկսան ամբողջովին գրաւել զիս։ Կարծես Պարոնեանի աշխարհին մէջն էի, իսկ Թումանեանի ստեղծագործական խանդավառութեան նման բան մըն ալ զիս հեռացուցած էր ժամացոյցէն, օրացոյցէն, քունէն ու յոգնութենէն։

Գրելը այլեւս պարտականութիւն չէր, այլ՝ երջանկութիւն։ Քունս կը փախչէր, բայց չէի տրտնջար։ Անքուն գիշերներուս մէջ իսկ ուրախութիւն մը կար, եւ երբեմն առաւօտը կը դիմաւորէի կերպարներուս հետ ապրելով։

Աստուծոյ օգնութեամբ՝ սահմանուած օրը գործը պատրաստ էր․․․բայց կեանքը, ինչպէս միշտ, իր փոքրիկ հեգնանքը պահած էր։ Հին համակարգիչս, որ արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր առողջական լուրջ խնդիրներ ունէր, վերջին օրերու ծանր աշխատանքին չդիմացաւ եւ իր վերջին շունչը փչեց։ Կարծես ծեր զինուոր մը ըլլար, որ իր վերջին առաքելութիւնը կատարելով՝ վար դրած էր զէնքը։ Բարեբախտաբար, աշխատանքիս մեծ մասը այդ ճակատագրական օրուան նախորդ օրը արդէն ուղարկած էի, իսկ վերջին սրբագրութիւնները ամուսինիս համակարգիչին շնորհիւ կատարեցի։ Այս անգամ ալ ընտանիքս, ինչպէս միշտ, օգնութեան հասաւ, եւ գործը ճիշտ ժամանակին յանձնուեցաւ։

Յետոյ տեղի ունեցաւ ամենատարօրինակ բաներէն մէկը. տարիներ շարունակ բողոքած էի, թէ օրուան քսանչորս ժամը ինծի համար բաւարար չէ, սակայն աշխատանքը աւարտելէ ետք, ինքզինքս գտայ քանի մը ազատ ժամերու առջեւ։ Այդ ազատութիւնը, սակայն, ինծի համար դարձաւ ձանձրոյթ։ Ինչպէ՞ս կրնայ աշխատելու սովոր մարդը հանգստանալ։ Չկրցայ, ուստի նոր երգիծանք մը սկսայ գրել, որովհետեւ ինծի համար ժամանակը երբեք չի կենար, այլ պարզապէս ստեղծագործելու նոր խանդով կը շարունակէ սլանալ։

Այո՛, 12 յուլիս 2026-ին ծնաւ 56 էջերէ բաղկացած՝ «HELP! Սեւանայ Լիճէն մարդ մը ելաւ» երգիծական կատակերգութիւնս, բայց պատմութիւնը հոս չաւարտեցաւ, ընդհակառակը՝ նոր սկսաւ։

Երբ նիւթը ամբողջացած եւ գործը սկսած էր իր վերջնական ձեւը ստանալ, թատերականի վարչութեան անդամներուն հետ նոր ժողովներ գումարեցինք։ Այդ հանդիպումները միայն գործնական քննարկումներ չեղան։ Անոնց մէջ կար իրարու հասկնալու, ճանչնալու եւ միասին ստեղծելու ջերմութիւնը, որ պիտի շարունակուէր՝ իրենց իսկ հրաւէրով, եւ իմ՝ Աւստրալիա այցելութեանս օրերուն ոսկի շղարշով:

Այսպէս, մեր մտերմութեան առաջին սերմերը նետուեցան թատրոնի բեղուն սրտին մէջ, եւ սկսաւ ծլարձակել «HELP! Սեւանայ Լիճէն մարդ մը ելաւ» կատակերգութեան բարեբեր յոյսը։ Կային սպասում, խանդավառութիւն, վստահութիւն եւ այն անտեսանելի կապը, որ կը ծնի, երբ տարբեր ափերու վրայ ապրող մարդիկ նո՛յն ստեղծագործութեան շուրջ կը միանան։

Անոնք փորձերու տեսանիւթերը կը ղրկէին, իսկ ես ժամերով կը դիտէի զանոնք։ Որքան դիտէի, այնքան աւելի տարօրինակ ու գեղեցիկ զգացում մը կը համակէր սիրտս։ Էջերուն վրայ գրուած անունները եւ կերտուած լուրջ, զգայուն, հայրենասէր, խոհեմ կամ խենթ ու խելար կերպարները կը սկսէին աչքերուս առջեւ ուրուագծուիլ։ Թուղթին վրայի սեւատառ տառերը հոգի, մարմին ու ձայն կը ստանային, եւ ես այլեւս միայն գրած տողերս կենդանացնող դերասաններ չէի տեսներ հոն, այլ՝ հարազատներ, որոնք կեանք առնելով՝ նոր կեանք մը կը պարգեւէին ինծի։

Թատերական ստեղծագործութիւնը միակողմանի ծնունդ չէ․ հեղինակը կերպար մը կը ստեղծէ, իսկ բեմը անոր երկրորդ ծնունդը կու տայ, ու գրիչէն ծնած մարդը՝ դերասանի շունչով կը վերածուի կենդանի էակի, մինչդեռ հեղինակին երեւակայութիւնը կը դառնայ հանդիսատեսին աչքերուն առջեւ ապրող աշխարհ մը։

Ահաւասիկ թատրոնին հրաշքը, ուր գրիչին մեներգը կը վերածուի բեմական զարմանահրաշ խմբերգի։

Եւ ահա, այս ամբողջ պատմութեան մէջ դարձեալ Հալէպի համազգայինի հայագիտական հիմնարկի բարեբեր հողէն ծնած, Հայագիտականի գրասեղաններուն ետին սկսած եւ մինչ օրս շարունակուող մտերմութեան շնորհիւ, ընկերուհիիս՝ հիւրընկալ ու ազնիւ մօր տան դռները լայնօրէն կը բացուին դէմս։

Կեանքը երբեմն մեզի կը վերադարձնէ այն բարութիւնը, զոր տարիներ առաջ առանց հաշուի սերմանած ենք։ Ինչ որ սիրով կը ցանես, օր մը անպայման կը ծաղկի՝ երբեմն բոլորովին ուրիշ հողի մը վրայ, ուրիշ եղանակի մը տակ եւ անսպասելի ձեռքերով։ Երկկողմանի բարիքը ժամանակի մէջ չի կորսուիր, ան կը սպասէ իր ժամուն, եւ յաճախ կը վերադառնայ՝ բազմապատկուած եւ անուշցած։ Ահա թէ ինչո՛ւ Վահան Թէքէեանի՝ «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութեան խորունկ պատգամը կը զրնգայ հոգիիս խորքը։ Թերեւս ստեղծագործի կեանքին ամենագեղեցիկ հաշուեյարդարն ալ այդ է։

Այսօր, երբ կեանքիս մէջ անկիւնադարձային շրջան մը կ’ապրիմ, ակամայ կը յիշեմ 2018 թուականին՝ Լիբանանի hամազգային «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն մանկապատանեկան բանաստեղծական առաջին գիրքիս՝ «Բուրաստան»-իս հրատարակութեան առիթով ապրած՝ հպարտութեան, ուրախութեան եւ յուզումի խառն զգացումները, սակայն այս անգամուան զգացումս քիչ մը ուրիշ է։ Այս անգամ գրածս պիտի ապրի բեմին վրայ՝ պիտի խօսի, պիտի շարժի, պիտի ծիծաղեցնէ, մտածել պիտի տայ եւ ամենակարեւորը՝ պիտի փորձէ հասնիլ հանդիսատեսի սրտին ու մտքին։

Երբ Սիտնիի մէջ ներկայացումը բեմ բարձրանայ, հոն պիտի ըլլայ Սեւանի ափը, Շորժան եւ անոր 2005 թուականի ամառը։ Հոն պիտի ըլլան ծիծաղս, երազս, քաղցր յոգնութիւնս, անքուն գիշերներս եւ այն կերպարները, որոնք ստեղնաշարի սեղմումներով համակարգիչիս պաստառին վրայ ծնան ու դարձան շնչող, կենդանի մարդիկ, եւ ինչու չէ՝ հարազատներ։

Ներկայացման օրը, սպասուած իւրաքանչիւր ծիծաղով ու հանդիսատեսին դէմքին գծուած ժպիտով կեանքիս վրայ նոր կեանք մը պիտի գումարուի, ու այդ բերկրալի պահերը երազային աշխարհին պիտի չպատկանին, այլ՝ իրականութեան։ Է՜հ, կեանքը երբեմն չծրագրուած եւ անսպասելի ճանապարհներով մեզի կը տանի դէպի մեր երազները։ Երբեմն բարեկամի մը յիշողութիւնը կրնայ դառնալ նոր ճանապարհի մը սկիզբը, երբեմն մէկ մարդու հաւատքը կրնայ մեր մէջ արթնցնել այն կարողութիւնը, որ գուցէ մե՛նք իսկ մոռցած էինք, եւ երբեմն անսպասելիօրէն բացուած դուռը կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի աշխարհ մը, որ տարիներ շարունակ սպասած էր յարմար ժամանակին։

Հիմա, առաջին անգամ ըլլալով, թատերագիրի մը սրտի առանձնայատուկ դողը կ’ապրիմ, սիրտս լեցուած է խոր երախտագիտութեամբ, որովհետեւ եղածը պարզապէս թատերգութեան ծնունդի դրուագ մը չէ, այլ՝ բարեկամութեան, վստահութեան եւ տարիներով չառկայծող աշխատանքի արդիւնքով հիւսուած պատմութիւն մը։

Հիմա, երբ դէպի Սիտնի ճամբորդել կը պատրաստուիմ, սրտիս մէջ եւ լեզուիս վրայ մէկ բառ կայ՝ շնորհակալութիւն։

Շնորհակալ եմ, Տէր Աստուած, որ Քու շնորհնքով լիացուցած ես հոգիս ու միտքս։ Շնորհակալ եմ Համազգայինի Աւստրալիոյ շրջանային վարչութեան, «Նուպար Խաչատուրեան» թատերական մասնաճիւղին եւ բոլոր այն սիրելի մարդկանց, որոնք գրիչիս վստահեցան եւ իրենց բեմին ու տան դռները դէմս բացին։

Սիտնի՛, սպասէ՛ ինծի։

Ես կու գամ՝ Սեւանի ափին ծնած իմ փոքրիկ աշխարհովս, իմ կերպարներովս եւ իմ երազներովս։ Կու գամ, որովհետեւ երբ բարեկամութիւնը դուռ կը բանայ, իսկ թատրոնը՝ բեմ, երազը այլեւս երազ չի մնար, այլ՝ կը դառնայ կենդանի կեանք։ ֍


Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 (#229) թիւին մէջ: Պատկերը, որ տրամարդած է Համազգայինի «Նուպար Խաչատուրեան» թատերական մասնաճիւղը, ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Յունաստան է այս տարի, երթա՞նք

Next
Next

Համազգայինի հայագիտական նիւթերու լսարանի մեկնարկը. ի՞նչ կրնանք ակնկալել