Յունաստան է այս տարի, երթա՞նք

Քանի մը ամիս առաջ, ինչպէս սովորաբար, ելաւ Համազգայինի «YouthLinks»-ի լուրը, թէ այս տարի Յունաստան պիտի ըլլայ եղեր: Ժողովի ընթացքին ընկեր Շանթին հարցուցի, թէ ինք ալ լսա՞ծ է այս լուրը, պատասխանը դրական էր:

Բոլորս խանդավառուած էինք: Սկսայ օդանաւի տոմսեր փնտռելու: Քոյրերս ալ ուզեցին մասնակցիլ, ուրեմն՝ երեքով պիտի երթայինք: Լուրը հոս-հոն տարածելով իմացանք, որ Գանատայէն արդէն ինը հոգի պիտի մասնակցի: Ի՜նչ լաւ բան:

Օրերը հաշուելու սկսանք, շատ չէր մնացած: Վերջապէս հասաւ օրը: Ուրախ տրամադրութեամբ հասանք օդակայան: Թռիչքի ժամը հասաւ. միացուցի Միւսիօ Ազնաւուրի կեանքին մասին ֆիլմը, որ շատ հաճելի էր օդանաւին մէջ… Ազնաւուրին հայրը միշտ կ'ըսէր՝ «Տղա՛ս, ո՞ւր էինք եւ ո՞ւր հասանք»: Այդ խօսքը շատ պտտեցաւ մտքիս մէջ: Կարծես բոլոր հայերը նման պատմութիւն մը ունին:

Երբ հասնինք Յունաստան, անպայման մասնակիցներուն պատմութիւնները պիտի լսէինք ՝ թէ ամէն մարդ ո՞ւր էր եւ ո՞ւր հասած է հիմա, կամ ո՞ւր կը բնակի որպէս հայ՝ սփիւռքի որ մէկ կտորին մէջ:

Հասանք Աթէնք, գիշերուան ժամը 11:30-ին: Հայորդի մը մեզ դիմաւորեց օդակայանը եւ տարաւ պանդոկ: Ստացանք մեր սենեակները եւ բաւական լաւ տեղաւորուեցանք: Յաջորդ առաւօտ տեսնուեցայ ընկերուհի Արինին հետ. տարիներէ ի վեր զինք կը ճանչնայի միայն WhatsApp-ով՝ որպէս համազգայինական: Քանի մը հարցերու համար հետը կապ պահած էի, բայց մտքէս անգամ չէր անցներ, որ օր մը կրնամ զինք անձամբ տեսնել: Է՜հ, կ'ըսեն չէ՞. «Լեռը լեռան չի հանդիպիր, բայց մարդը մարդուն կը հանդիպի»:

«YouthLinks»-ը հինգշաբթի կը սկսէր, իսկ մենք երեքշաբթի ուշ գիշերին հասած էինք: Որոշեցինք երթալ ճաշարան մը : Նէոս Կոսմոս շրջանը կիրոսի (gyros) տեղ մը գտանք. իմանալով որ օտար ենք՝ մեզ անգլերէնով դիմաւորեցին: Ճաշը շատ համով էր: Ետքը հանդիպեցանք Գանատայէն հասած տղոց հետ ալ, ապա ընկեր Արային եւ միւս հասնող մասնակիցներուն հետ գացինք Մոնասթիրակի: Շատ հետաքրքրական էր հանրային փոխադրամիջոցներով յունական շրջաններ պտտիլը: Տեսանք խորհրդարանը (Փարլաման), ընթրեցինք եւ ապա վերադարձանք պանդոկ:

Յաջորդ առաւօտ «YouthLinks»-ի առաջին օրն էր: Պիտի մեկնէինք Աքրոփոլիս, բայց նախքան այդ՝ ծանօթացման հաւաք ունեցանք: Հոն հասկցանք, թէ Ազնաւուրի հօր նման իւրաքանչիւրս կամ մեր ծնողները ո՞ւրկէ էին եւ ո՞ւր հասած են այսօր:

Հասանք Աքրոփոլիս. այդ օրը շատ տաք էր, արեւը՝ կիզիչ: Քանի մը յիշատակի նկարներ առինք բոլորս միասին՝ գանատացիներով եւ ամէնքով:

Գացինք ճաշարան մը. հաճելի մթնոլորտի մէջ, բոլորս յոգնած ու տաքցած, նստանք եւ ճաշակեցինք հիւրասիրուած համեղ կերակուրները, ապա իջանք ու պտտեցանք Աթէնքի փողոցները: Գացինք «Զաւարեան» ակումբը, ուր տեղի ունեցաւ մեր առաջին սեմինարը, որ ընդհանրապէս հայկական պարի մասին էր, որմէ ետք, ըստ սովորութեան, պիտի պարէինք: Բաւական լաւ ժամանակ անցընելէ ետք ընթրիք, ապա՝ խրախճանք, իսկ ետքը՝ հանգիստ, որպէսզի պատրաստ ըլլանք յաջորդ օրուան:

Երկրորդ օրը երկար ճամբորդութիւն էր: Լեռներ ելանք, ձորեր իջանք, անձրեւն ալ մեզի հանգիստ չձգեց: Հասանք ճաշարան մը, որուն դիմաց փոքրիկ մատուռ մը կար՝ խորանով, մոմով, խունկով ու աղօթելու տեղով… ասկէ ալ մեկնեցանք, երգելով ու ծափերով հասանք պանդոկ:

Յաջորդ օրը՝ շաբաթ, առաջնորդարան պիտի երթայինք, ուր տեղի ունեցան երկրորդ եւ երրորդ սեմինարները՝ «Ազատ օր» թերթի եւ Հայ դատի ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ: Ապա մտանք եկեղեցի, ուր ընկեր Շանթը (կամ տիրացու Շանթը) ականջիս փսփսաց.

— Ռի՛թա, միասին «Տէր Ողորմեա»-ն երգենք, աղուոր կ'ըլլայ:

Միասին երգեցինք. բոլոր մասնակիցները մեզի կը դիտէին: Պահը շատ խորհրդաւոր էր. գոնէ անձամբ ես խորապէս կը զգայի այդ սուրբ եւ խորհրդաւոր պահը: Շնորհակալ եմ, տիրացու Շա՛նթ, այս առաջարկին համար: Հայր սուրբը քանի մը խօսք ըսաւ Աթէնքի գաղութին մասին, ապա մասնակիցները հարցումներ ուղղեցին ապագայի մտահոգութիւններու շուրջ: Եւ այսպէս անցանք մեր օրակարգի յաջորդ բաժիններուն՝ տաճարներ, տեսարժան վայրեր, ապա՝ խրախճանք եւ ուրախութիւն:

Իսկ կիրակի օրը շատերը շուկայ գացին, ուրիշներ ալ հետեւեցան իրենց հետաքրքրութիւններուն: Երեկոյեան փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ակումբին մէջ՝ Յունաստանի պարախումբի անդամներուն հետ միասին:

Երկուշաբթի առաւօտ յունահայ երիտասարդ մը մեզ հասցուց Աթէնքի օդակայանը: «Մնաք բարով» ըսինք Յունաստանին՝ մեր հետ տանելով լաւագոյն յիշատակները: ֍


Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 (#229) թիւին մէջ: Լուսանկարները տրամադրած է Համազգայինի «YouthLinks»-ի յանձնախումբը:

Previous
Previous

Sustaining hope and heritage AMAC rallies community support for Armenian schools in Lebanon

Next
Next

ՏԻՐՈՒԿԻՆ ՀԵՏ | Մէկ թակոցով բացուած ոսկեման թատրոնի դուռը