Համազգայինի ուսուցողական եւ հաճելի զարգացման մրցոյթը

Լուսանկարը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղը:

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—«Շատ-շատ սիրեցի։ Եթէ մինչեւ կէս գիշեր ալ շարունակուէր, պիտի ուզէի մնալ. ինչե՜ր սորվեցայ» եւ աշխուժութեամբ կը սկսի մէկ առ մէկ թուել Համազգայինի գրասէրներու խմբակը ներկայացնող երիտասարդներէն Լոռի Պէրպէրեան, մինչ խմբային լուսանկարուիլն ու շնորհաւորանքները կը շարունակուին Թորոնթոյի հայ կեդրոնի սրահին մէջ։ Ճիշտ այս էր նպատակը. հետաքրքրութիւն շարժել, մղել եւ ի վերջոյ նորութիւն մը փոխանցած ըլլալ թէ՛ մասնակցողին, թէ՛ հանդիսատեսին։

Ուրբաթ, 10 ապրիլ 2026-ին, ութ խումբերու մասնակցութեամբ եւ հարիւրաւոր հանդիսատեսներու ներկայութեամբ ծայր առաւ Համազգայինի տարեկան զարգացման մրցոյթը։ Ծրագիրը նախաձեռնութիւնն է Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին։ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի բացման հակիրճ խօսքէն ու կանոններու փոխանցումէն ետք, առիթ տրուեցաւ մասնակիցներուն, որ սեղան առ սեղան իրենք զիրենք ծանօթացնեն։

Համազգայինի գրադարան-գրատարածի յանձնախումբէն՝ Նայիրի Համբարեան, Լիւսի Մանկասարեան, Սօսի Թաշճեան

  • Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբէն՝ Ռիթա Խանջարեան, Նարէ Մարտոյեան, Աննա Մխիթարեան

  • ՀՅԴ ԳԵՄ «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղէն Մոսիկ Տանատեան, Րաֆֆի Աբէլ , Նարինէ Արթին

  • ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն՝ Լարա Տէր Մինասեան, Անի Հրեշտակեան, Արաքսիա Թէլեան

  • Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբէն՝ Հայկ Յարութիւնեան, Կապրիէլլա Պաթիկեան, Դաւիթ Գալստանեան

  • Համազգայինի գրասէրներու խմբակէն՝ Լոռի Պէրպէրեան, Արազ Տանայեան, Էլենա Ֆարաճեան

  • Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կողմէ՝ Կարօ Սարգիսեան, Յակոբ Կիրակոսեան, Նիքըլըս Ֆրէնտեան

  • Եւ «Հին լաւ ընկերներ»-էն Վանիկ Տանատեան, Թալին Արթինեան Գըլըպոզեան, Մկրտիչ Փանոսեան։

Երկու ցուցադրիչ պաստառներուն վրայ իրերայաջորդ կերպով սահեցան մրցոյթի հարցումներուն բաժանումները, իւրաքանչիւրին մէջ՝ մօտաւորապէս տասը հարցում, բոլորը հիմնովին կապուած՝ հայկական մշակոյթին։ Այսպէս՝

1. Տեղական

2. Պատմական

3. Աշխարհագրական

4. Մամուլ եւ հրատարակութիւն

5. Պարարուեստ եւ ձեռարուեստ

6. Լեզու եւ գիր

7. Գրականութիւն

8. Երգ եւ երաժշտութիւն

9. Կրօնական,

10. Քանդակագործութիւն, գեղանկարչութիւն, մանրանկարչութիւն

Մրցոյթը վարեցին Գրական յանձնախումբի անդամները՝ Արմինէ Թորիկեան, Շողեր Ճելլատեան, Ալիք Պապօղլեան, Ռիթա Խաչոյեան եւ Թամար Տօնապետեան, հարցումները կարդալով եւ պաստառի վրայ ցուցադրելով։ Վարողները մերթ ընդ մերթ հանդիսատեսին եւս առիթ ընծայեցին, որ ընթերցուած եւ ցուցադրուած հարցումին պատասխանը տայ։ Գրականութեան բաժնին մէջ Ալիք Պապօղլեանի կատարողութեամբ՝ բանաստեղծութիւններէ հատուածներ հնչեցին, մասնակիցներուն առիթ տալով գրելու հեղինակին անունը։

Աշխուժ մթնոլորտ տիրեց սկիզբէն վերջ, անընդհատ. թէկուզ երկու ժամ անց՝ այդ մթնոլորտը շարունակուեցաւ եւ մասնակիցները չուզեցին, որ մրցոյթը կրճատուի։ Այդուհանդերձ, յարգելով բոլորին ժամանակը, որոշ հարցումներ զեղչուեցան ցանկէն։

Մրցոյթին մասնակցողները մէկական օրինակ ստացան գեղանկարիչ Անահիտ Աբրահամեանի նկարազարդ գիրքէն: Երրորդ մրցանակին արժանացան Համազգայինի « «Գուսան» երգչախումբի մասնակցողները, երկրորդին՝ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մասնակցողները, իսկ առաջինին՝ «Հին լաւ ընկերներ»-ը։ Մրցանակներու բաշխումէն յետոյ շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի խօսքերը շարունակուեցան։

Շնորհակալութիւն բոլոր մասնակցողներուն եւ հետաքրքրութեամբ հետեւող ներկաներուն։ ֍


ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻ՜ՒՆ. Ընդառաջելով ներկաներու փափաքին, հարցումներէն նմուշներ կը փոխանցենք այստեղ։ Ձեր պատասխանները ղրկեցէ՛ք rupen@torontohye.ca ե-հասցէին. երեք հարցումներուն ճիշտ պատասխանողներէն բախտաւոր մը «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութենէն պիտի ստանայ անակնկալ մը:


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#225) թիւին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Next
Next

Խաչբառ (թիւ #225)