Նժդեհ Ծատուրեանի «Զվարթը» յարգանքի տուրք է իր մեծ մօր ու անոր նախնիներուն

գծանկարներ՝ Հարություն Թումաղյանի

Երեւանաբնակ թորոնթոհայ Նժդեհ Ծատուրեանի «Զվարթը» գիրքը կենսագրական պատմութիւն է՝ նուիրուած իր մեծ մօր՝ Զվարթ Մալխասեանի կեանքին։ Ծատուրեան կը ներկայացնէ իր «մեծմամ»-ի ապրած բովանդակալից եւ հարուստ կեանքը, բացայայտելով նաեւ Զվարթի նախնիներու՝ Հայոց ցեղասպանութենէն եւ ստալինեան բռնաճնշումներէն մազապուրծ եղած եւ Պարսկաստան հասած Մալխասեան եւ Աւետիսեան ընտանիքներու ոդիսականը։

Գիրքին հերոսը ծնած է Իրանի Գոլեսթան հայկական փոքրիկ գիւղին մէջ, 1933 թուականին։ Անոր կեանքի պատմութիւնը իր ժամանակին մէջ գրեթէ անհաւանական կը թուի ըլլալ։ Վաղ տարիքին ծնողներու կորուստը, այդ ժամանակաշրջանի ընկերային սահմանափակումները ետ չեն պահած զինք իր երազանքին հասնելու հաստատակամութենէն։ Գիրքը կը ներկայացնէ հերոսին ուժեղ նկարագիրը, տոկունութիւնը, որոնք զինք առաջնորդած են ողջ կեանքի ընթացքին։ Անոր կարգախօսը եղած է՝ ապրիլ լիարժէք ու խիզախ՝ կոտրելով կարծրատիպերն ու դուրս գալ ուրիշներու սահմանած շրջանակներէն։

Ծատուրեան գիրքին նախաբանին մէջ կը հիմնաւորէ, թէ ինչու կարեւոր է սեփական պատմութիւնը ուսումնասիրելը, հաստատելով, որ այդ մէկը կ’օգնէ մեզի իրական ու շօշափելի դարձնելու մեր գոյութիւնը ոչ թէ գիտական, այլ պատմական տեսանկիւնէ, աւելցնելով, որ գրի առնելով մեր պատմութիւնները, մենք կրնանք օգնել ապագայ սերունդներուն աւելի լաւ հասկնալու իրենցը, քան մենք՝ մեր։

Հեղինակին հիմնական աղբիւրը եղած է իր մեծ մօր՝ Զվարթին (որուն միշտ իր անունով կը դիմէ) հետ ունեցած երկար զրոյցները, որոնք տեւած են երկու տարի, եւ որոնց միջոցով ամբողջական պատկեր կազմած է Զվարթի կեանքին, հարազատներուն եւ ընտանիքի անդամներուն մասին։

Կենսագրական գիրքը գրուած է պարզ, մաքուր պատմողական ոճով, որ առաջին իսկ էջէն կը կլանէ ընթերցողը՝ սուզուելու Զվարթի կեանքի ոդիսականին մէջ։ Հեղինակը ոչ միայն կը պատմէ Զվարթին կեանքը, այլեւ կը նկարագէ այն միջավայրերը, քաղաքական եւ ընկերային իրադրութիւնները, որոնց մէջ ապրած է հերոսը։

Գիրքին պատումը ունի ե՛ւ ժամանակագրական ընթացք, ե՛ւ թեմատիկ կառուցուածք։ Գիրքը կը սկսի Զվարթի նախնիներու մասին տեղեկութիւններով, կը շարունակուի անոր կեանքի տարբեր հանգրուաններով։ Ընթերցողը Զվարթին հետ Իրանի հայկական փոքրիկ գիւղէն կը հասնի Ֆրանսա՝ Պեզանսոն եւ Սորպոն, ապա կրկին կու գայ Իրանի Ռաշտ քաղաք, վերջաւորութեան կը հասնի Գանատա, Թորոնթօ, ուր կը հաստատուի իր ընտանիքին հետ։ Զվարթի առաջին թոռը՝ հեղինակը, գիրքի վերջին մասերուն մէջ ինք եւս դերակատար է ընտանեկան իրադարձութիւններուն մէջ։

Գիրքը կը բովանդակէ տասնեօթը գլուխ․ նախաբանէն եւ վերջաբանէն բացի, գլուխները վերնագրուած են հետեւեալ կարգով՝ «Երկու փախուստ, մի նոր սկիզբ», «Մայր ու հայր, քոյր ու եղբայր», «Երեք հրացանակիրներն ու դ'Արտանեանը», «Բեզանսոնեան արկածներ», «Նամակ գրող տղան», «Կանաչ դարպասով տունը», «Ռաշթի հայկական դպրոցը», «Սորբոնի ուսանողուհին», «Վերադարձ ընտանեկան կեանք», «Յեղափոխութիւն», «Պատերազմ», «Մահ», «Մեծմամ», «Հայրենիք», «Գանատա»։ Գիրքին մէջ ներառուած են նաեւ ընտանեկան լուսանկարներ՝ Զվարթի նախնիներուն, անոր տարբեր տարիներու անհատական, ամուսնութեան, ընտանիքին եւ թոռներուն հետ։ Գիրքի խմբագիրերն են Սաթենիկ Հարությունյանն ու Կարինե Հարությունյանը: Ամէն գլուխին սկիզբը (եւ այս էջին վրայ) նկարազարդուած է նիւթին համապատասխան գեղեցիկ համադրում մը՝ ձեռամբ տաղանդաւոր Հարություն Թումաղյանի: Կողքի տպաւորիչ գծագրութիւնը գործն է գծանկարող Արմինե Շահբազյանի, իսկ էջադրումն ու ներքին ձեւաւորումը, ներառեալ լուսանկարներու համադրումը, կատարած է «Թորոնթոհայ»-ի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանը:

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մասնագէտ Նժդեհ Ծատուրեան միշտ ցանկութիւն ունեցած է ընտանեկան յուշերը գրի առնելու։ Կատարելագործելով հայերէն գրելու եւ շարադրելու հմտութիւնները, գրական փորձերու եւ քանի մը ընտանեկան պատմութիւններ ներկայացնելէն ետք եկած է այն համոզումին, որ այդ պատմութիւնները պէտք է գիրքի վերածէ, կը յայտնէ ան «Թորոնթոհայ»-ին։

Երիտասարդ հեղինակը կը խոստովանի, որ գիրքը գրելէն ետք միայն լիովին այլ կերպ սկսած է ընկալել իր մօծ մօրը։ «Ի հարկե, ես ողջ կեանքս ճանաչել եմ նրան, սակայն, միեւնոյն է, ընկալել եմ միայն «մեծմամի» կերպարի ներքոյ։ Լսելով նրա կեանքի բոլոր շրջանների մասին պատմութիւնները, հիմա ես զգում եմ, որ ճանաչում եմ նրան որպես լիարժեք անհատի։ Որպէս մի մարդու, ով մի ամբողջ կեանք է ապրել մինչեւ իմ ծնուելը», կը նշէ ան։

Հեղինակին վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն թողած Զվարթը գիրքին վերջաբանին մէջ յուզական եւ ազդեցիկ կերպով կը ներկայացուի որպէս ընտանիքին հիմնասիւնը, որ ոչ միայն կը կրէ անցեալի ժառանգութիւնը, այլեւ իր ներկայութեամբ եւ կենսափորձով կը շարունակէ ներշնչել եւ իմաստաւորել ընտանեկան կեանքը։

Նժդեհ Ծատուրեանի առաջին գրական գործը համարուող «Զվարթը» գիրքը յաջողուած փորձ է, գեղեցիկ պատմողական ոճով եւ մարդկային հոգեկերտուածքի ծալքերը դուրս բերող։ Հեղինակին այս գիրքը գրելու նպատակը եղած է ընտանեկան մէկ անդամի վաւերագրումը, որ կը պահպանուի ընտանիքին մէջ եւ կը փոխանցուի ընտանիքի գալիք սերունդներուն, որպէսզի անոնք ծանօթանան հարազատի մը, որ ապրած է իրենց աշխարհին ե՛ւ շատ նման ե՛ւ շատ տարբեր աշխարհի մը մէջ։ Հեղինակը դժբախտաբար գիրքը հանրայնացնելու նպատակ դեռեւս չունի, ան զայն կը համարէ ընտանեկան արխիւի մէկ մաս։ Յոյսով ենք՝ ժամանակի ընթացքին ան կը մտափոխուի եւ այս գիրքը կը դառնայ հանրութեան հասանելի, որպէսզի Զվարթի օրինակը ոգեշնչէ շատերուն։

Կենսագրական պատմութիւնները կը ծառայեն որպէս կամուրջ անցեալի եւ ներկայի միջեւ, հնարաւորութիւն տալով ապագայ սերունդերուն վաւերական եւ հիմնուած փաստերով ճանչնալու մեր նախնիներու անցեալը, անկէ դասեր քաղելու եւ արժեւորելու մեր գոյութիւնը։ Զվարթի կերպարը մեզի կը պատգամէ սեփական կեանքը ապրիլ ոչ թէ ուրիշներու պարտադրած եւ գծած հունով, այլ առանց ընկրկելու, խիզախօրէն զայն ձեւաւորել մեր ընտրած ուղիով։ ֍


Այս գիրքի ակնարկը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#225) թիւին մէջ: Գիրգի կողքի գծագրութիւնը՝ Արմինե Շահբազյանի. գծանկարները՝ Հարություն Թումաղյանի:

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Next
Next

Համազգայինի ուսուցողական եւ հաճելի զարգացման մրցոյթը