Ճեսիքա Ութրամ

Առաջին օրը
հնարաւորութիւններ կը ծաղկին

երազները կեանք կ'առնեն
միասին կը ստեղծենք ու կը կապուինք։

Մեր դասարանին մէջ ամբողջ տիեզերքը կայ
իւրաքանչիւր երեխայի աչքերուն մէջ։

Կրնանք սորվիլ լուսինին վրայ
օդապարիկի պէս օդին մէջ ծփալով

ովկիանոսներու մասին կարդալով
տանող նաւակի մը վրայ

որ ժամանակին աթոռդ էր
անտառ դառնալու համարձակող դասարանի մը մէջ։

Տարածէ՛ խօսքերդ
համտեսէ՛ իւրաքանչիւր թիւ

դուրս ե՛լ եւ տե՛ս
ինչ որ կ'աճի դպրոցի բակին մէջ։

Ուշադիր դիտէ՛
երբ եղանակները կը փոխուին։

Գրէ՛ պատմութիւնդ
ցո՛յց տուր ընկերներուդ

պատմէ՛ քու մասիդ
երգէ՛ աչքերովդ։

Ամէն հարցում արկածախնդրութիւն մըն է,
հրաւէր մը՝ աշխարհը փոխելու

բարի ըլլալու, հասկնալով որ
սա է մարդ ըլլալու իմաստը։

Կը տօնենք կենդանի ըլլալը
զարմանքով եւ պատկանելիութեամբ

բոլորս այստեղ փայլող աստղեր ենք
այս համակարգին՝ մեր համայնքին մէջ:

(թարգ. անգլերէնէ՝ «Թորոնթոհայ»-ի կողմէ)

Բանաստեղծութեան անգլերէն բնագիրը կարելի կարդալ հետեւեալ յղումով՝ https://www.sunshineinajar.com/a-poem-for-the-first-day.../

***

Բանաստեղծ Ճեսիքա Ութրամը Օնթարիոյի Մեթի ազգի քաղաքացի է (citizen of the Métis Nation of Ontario):

Որպէս գրող, ան խոր յարգանք ունի նախնիներէն եկած գիտելիքներուն հանդէպ. իր գրութիւններուն մէջ ան կը հետազօտէ հողը, ջուրը, նախնիները, բժշկութիւնը, հոգին եւ Մեթի ինքնութեան ու հպարտութեան վերագտնումը:

Բնիկներու կրթութեան մէջ իր աշխատանքը կը կեդրոնանայ ուսուցիչներուն աջակցելուն վրայ՝ ամբողջական մօտեցումներով ապագաղութացնելու դասարաններն ու դպրոցները, առաջնորդելով խումբ մը՝ աջակցելու եւ պաշտպանելու բնիկ աշակերտները եւ ուղղութիւն տալով ուսուցիչներուն՝ կեանքի կոչելու բնիկներու գիտելիքները, տեսակէտները, մշակոյթն ու պատմութիւնը մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարանի ուսումնական ծրագրին մէջ:

Կամրջելով իր կրթական ասպարէզն ու գրողի կոչումը, ան առիթներ փնտռած է օգտագործելու խաղաղութեան կրթութիւնը դասարաններուն, դպրոցներուն եւ պատմութիւններուն մէջ: Կեդրոնացումները կը ներառեն քննադատական գրագիտութիւնը, ընկերային արդարութիւնը, շրջակայ միջավայրն ու կայունութիւնը, արուեստներով տեղեկացուած հետազօտութիւնը եւ Ճնշուածներու թատրոնը (Theatre of the oppressed):

Ճեսիքան եղած է Քոպուրկի (Օնթարիօ) չորրորդ «Դափնեկիր բանաստեղծ»-ը (poet laureate)` 2019-2022 թուականներուն:

(լուսանկարը՝ "Teaching the young" by Norval Morrisseau. colour serigraph on paper; ed. #13/150. 44.5 x 63.5 cm)

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Քալեցին՝ յոյսի համար. «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպածբարեսիրական քայլարշաւը խանդավառեց թորոնթոհայութիւնը

Next
Next

Community Service is taught at the dinner table: In memory of my Grandmother