Քալեցին՝ յոյսի համար. «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպածբարեսիրական քայլարշաւը խանդավառեց թորոնթոհայութիւնը
20 յուլիս 2024-ի արեւաշող առաւօտեան ջերմութիւնը իրենց մարմնի բջիջներուն մէջ ամբարած թորոնթոհայերը համխմբուեցան Թորոնթոյի շրջափակէն ներս, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, աշխուժօրէն մասնակից դառնալու ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած «Քալէ՛ յոյսի համար/Walk for hope խորագիրը կրող եւ «Իւրաքանչիւր քայլ կարեւոր է/ Every step matters» լոզունքով բարեսիրական քայլարշաւին։
Ոգեւորութիւնը ակնյայտ էր թիւով հարիւրյիսունէ աւելի մասնակիցներուն, վարչականներուն, ՀՕՄ-ի ու յանձնախումբի անդամներուն, որոնք քայլարշաւի յանձնախումբին կողմէն պատրաստուած ու այդ օրուան նպատակը խորհրդանշող տպածոյ գրութիւններով զարդարուն երկնագոյն համազգեստը կը կրէին։
Ամիսներ շարունակ, շաբաթական դրութեամբ տեղի ունեցած ժողովներուն, յանձնախումբի անդամներն ու ատենապետ Սամուէլ Մանուկեանը քայլարշաւի մանրամասնութիւնները ամենայն բծախնդրութեամբ ծրագրած էին եւ կամաւոր աշխատողներուն հետ ձեռք-ձեռքի տալով՝ նուիրումով կատարելագործած զայն։
Ձեռնարկը սկսաւ բարձր տրամադրութեամբ։ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ձեռնարկին կարեւորութիւնը շեշտելով՝ ան ըսաւ, որ քայլարշաւին բարեսիրական նպատակն է նիւթական օժանդակութիւն հայթայթել եւ նպաստել մեր համայնքին եւ հայրենիքի մէջ գործող շարք մը հաստատութիւններուն։
լուսանկարները` ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի
Յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Նաթալի Սագայեան-Մելքոնեանը եւ կարեւորեց մարզանքին կարեւորութիւնը հոգեկան եւ մարմնական առողջութեան համար։ Ան քայլարշաւին բարեսիրական նպատակը մատնանշելով՝ ըսաւ․ «ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը այս տարի, բարեսիրութեան նպատակով, երեք հաստատութիւններ նկատի առած է, երկուքը՝ տեղական, իսկ մէկը՝ հայրենիքի մէջ գործող: Առաջինը SickKids Foundation (The Hospital for Sick Children) հաստատութիւնն է՝ մանուկներու յատուկ բուժման կեդրոն-հիւանդանոցը, որ համաշխարհային համբաւ եւ նշանակութիւն ունի: Երկրորդը՝ Covenant House Toronto-ն է, որ անտուն, բռնաբարուած եւ վտանգի մէջ յայտնուած երեխաներու եւ երիտասարդներուն կեցութիւն, սնունդ եւ գործի առիթներ կ'ապահովէ, իսկ երրորդը՝ մեր բոլորին սրտերուն մօտ, մեր սիրելի հայրենիքին մէջ գտնուող ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» կեդրոնն է: Այսպիսով՝ ՀՕՄ-ը ընդհանրապէս, եւ «Ռուբինա» մասնաճիւղը մասնաւորաբար իրենց բարեսիրական ձեռքը կ'երկարեն մեր տեղական եւ հայրենիքին մէջ գտնուող հաստատութիւններուն»:
Ներկաները ոգեւորուած էին։ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը այդ օրը վերածուած էր համազգային տօնակատարութեան կեդրոնի։ Եռագոյն փուչիկներով զարդարուած կամարին ու քայլարշաւի յատուկ մեծ պաստառին շուրջ համխմբուած ներկաները՝ հայկական երգերու ընկերակցութեամբ եւ Շողիկ Մազեանի առաջնորդութեամբ՝ սկսան մարզական ձեւերով ջերմացնել իրենց մարմինները՝ պատրաստուելու 6,5 քիլոմեթրի վրայ երկարող ճանապարհը անցնելու ու վերդառնալու Հայ կեդրոն՝ բարեսիրական ձեռնարկի երկրորդ բաժինը վայելելու։
Քայլարշաւը սկսաւ։ Մեծէն-փոքր, իւրաքանչիւրը բերկրանքով եւ ամենայն աշխուժութեամբ քալեց վեհ նպատակի մը համար։ Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած քայլարշաւի աւարտին մասնակիցները ետդարձ կատարեցին Հայ կեդրոն, ուր վայելեցին համադամ ճաշերով, աղցաններով, թարմ ուտեստներով եւ քաղցրեղէններով լի հիւրասիրութիւնը։ Մեծերուն եւ պզտիկներուն համար նախատեսուած էին խաղեր, որոնք գերագոյն հաճոյք պատճառեցին մասնակիցներուն:
Անի Հոթոյեան-Ժոլի իր շնորհակալական խօսքին մէջ նախ՝ շնորհաւորեց բոլորը աշխոյժ մասնակցութեան համար, բարձր գնահատեց յանձնախումբի անդամներուն ու կամաւորներուն անխոնջ ճիգերը, ապա՝ մեծապէս գնահատեց նուիրատուներուն ու մեկենասներուն առատձեռնութիւնը, որուն շնորհիւ լաւագոյն ձեւով կայացաւ այդ օրուան բարեսիրական քայլարշաւը։ Ընկերուհին, այս առիթով շնորահակալութեան խօսք ուղղեց յանձնախումբի անդամներուն, որոնց ջանքերով պատրաստուած էին գրքոյկներ, ուր զետեղուած ծանուցումներէն բացի, կար նաեւ «Ի յիշատակ» բաժին մը, որուն մէջ մեկենասները զետեղած էին իրենցմէ առ յաւէտ հեռացած սիրելիներուն անունները:
Բացառիկ ձեռնարկը հասաւ աւարտին, իսկ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիղի՝ «Իւրաքանչիւր քայլ կարեւոր է» լոզունքով սկսող «Քալէ՛ յոյսի համար» խորագիրը կրող քայլարշաւը նոր յոյսի եւ լոյսի ճանապարհին ճրագներ վառեց հազարաւոր կարիքաւորներու կեանքին մէջ։ ֎