Թորոնթոհայութեան համար պատմական անդրանիկձեռնադրութիւն
Գաղութի զաւակ Հայկ սրկ. Շահինեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի, 18 oգոստոս 2024-ին, Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առընթեր, պատմական օր մըն էր Թորոնթոյի հայ գաղութին համար։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնք՝ հոգեպարար յուզումով եւ հպարտանքի զգացումներով լեցուած՝ եկած էին մասնակից ըլլալու գաղութի զաւակ Հայկ սրկ. Շահինեանի քահանայական ձեռնադրութեան։ Գաղութի պատմութեան մէջ առաջին դէպքն է, երբ թորոնթոծին հայորդիի մը քահանայական ձեռնադրութիւնը կը կատարուէր Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Հայկ սրկ. Շահինեանը ծնած է 23 յունուար 1995-ին, Թորոնթօ։ Ան բարեպաշտ Կիրակոս եւ Մարիամ Շահինեաններու ընտանիքին անդրանիկ զաւակն է։ Նախնական ուսումը ստացած է Our Lady of Peace Լատին կաթողիկէ կրթարանին, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Թորոնթոյի Սուրբ Միքայէլ վարժարանին մէջ։
Բարձրագուն ուսումը ստացած է նախ՝ Թորոնթոյի Trinity College-ին մէջ աւարտելով՝ միջազգային յարաբերութեանց, տնտեսագիտութեան եւ Ֆրանսերէն լեզուի բաժանմունքները, այնուհետեւ մեկնած է Հռոմ, ուր յաճախած է հայկական «Լեւոնեան», ապա «Գրիգորեան» համալսարանը՝ 6 տարի ուսանելով փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն։ Այնուհետեւ՝ Թորոնթոյի Regis College-ին մէջ արժանացած է հոգեբանութեան մագիստրոսի տիտղոսին։
2023-ի սեպտեմբերին, ամուսնութեան Սուրբ պսակի խորհուրդին կ’արժանանայ իր կողակիցին՝ Մարինէի (Գրիգորեան) հետ։ Նոյն տարին կիսասարկաւագութեան աստիճան կը ստանայ, իսկ 2024-ի յունիսին կը ձեռնադրուի սարկաւագ Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ Մայր տաճարին մէջ։
Քահանայական ձեռնադրութենէն օր մը առաջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան կանոնական աղօթքներով՝ քահանայի ձեռնադրութեան Կոչման կարգը կատարուեցաւ, երբ խարտաւիլակ հայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեան ներկայացուց քահանայութեան թեկնածուն։
Կոչման կարգի արարողութեան ներկայ էր Գանատահայ թեմի փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեանը։ Ան իր եւ իրեն ընկերակցող Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ օգնական հոգեւոր Հովիւ տէր Հայարի քհն․ Թանաշեանի անունով՝ սրտի խօսքը, օրհնանքը ու կանխաւ շնորհաւորանքը փոխանցեց առաջնորդ եպիսկոպոսին, ներկայ թեմական կղերին եւ ձեռնադրեալին։
լուսանկարները տրամադրած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցին
Կիրակի օրուան արարողութեան եկեղեցին կը կը յորդէր հրաւիրեալներու հոծ բազմութեամբ եւ հաւատացեալներով, որոնց մեծ մասը ոտքի կը հետեւէր արարողութեան։ Հիւրաբար ներկայ կը գտնուէին՝ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին հայց. առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Վարդան ծվ․ Թաշճեանը իրեն ընկերակցող սարկաւագներով, Նիւ Եորքի Լատին Կաթողիկէ թեմական վարդապետ Թոմաս Քրէն, Միսիսոկայի Ս. Վարդան հայց. առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Միւռոն քհն. Սարգիսեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Արա Պալըքճեան, Թորոնթոյի եւ Գանատայի զանազան հայկական կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ հայ եկեղեցիներու Միջյարանուանական մարմինի, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի, Հայ օգնութեան միութեան «Ռուբինա» մասնաճիւղի, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Նոր հայ հորիզոն»-ի, «Թորոնոթոհայ» թերթի ներկայացուցիչներ եւ Գանատայի զանազան քաղաքներէ ժամանած Հայ կաթողիկէ, Հայ առաքելական եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիններու հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ՝ նորօծ քահանային ընտանեկան պարագաները։
Սուրբ պատարագը եւ ձեռնարդութեան կարգը մատուցանեց Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ տէր Միքայէլ եպս. Մուրատեանը՝ իրեն առընթերակայ ունենալով հայր Արմենակ վրդ. Պետրոսեանը եւ Ռիչըրտ Շաքլ տէր հայրը, ինչպէս նաեւ՝ սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները Եկմալեան եղանակով կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասին կողմէ, խմբավարութեամբ՝ Եսայի Սարգիսեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեանբ՝ Արմենիա Սարգիսեան Պատալեանի։
Պատարագի ընթացքին Հայկ սրկ․ Շահինեանը դէպի Սուրբ խորան առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեանի կողմէ։ Կանոնական աղօթքներով ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ եւ նորօծ քահանան տարազներով զգեստաւորուեցաւ, եւ ձեռամբ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի՝ սուրբ միւռոնով օծուեցաւ անոր ճակատն ու ձեռքերը։ Այնուհետեւ Առաջնորդ սրբազանը առաւ գինիով սկիհը եւ նշխարը եւ նուիրեալին ձեռքը տալով ըսաւ․ «Ա՜ռ քեզի իշխանութիւն եւ կարողութիւն Աստուծոյ շնորհքով կնքելու եւ Աստուծոյ սուրբ պատարագը մատուցանելու, ողջերու եւ ննջեցեալներու համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, որուն կը վայելէ փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը»։ Նուիրեալը գլուխը խոնարհեցնելով սուրբ սեղանին, Եպիսկոպոսին առջեւ՝ ժողովուրդին դառնալով երեք անգամ ըսաւ․ « Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից, Ամէն։ Խաղաղութիւն ամենացուն»։
Օրուան պատգամին մէջ, Միքայէլ եպիսկոպոսը շնորհաւորեցքահանան եւ երէցկին Մարինէն, իր ծնողներն ու ընտանեկան բոլոր պարագաները, համայն թորոնթոհայութիւնը՝ այս պատմական եւ հրաշափառ օրուան առիթով։ Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ նախ եւ առաջ յայտնեց, որ այս իր երրրորդ քահանայի ձեռնադրութիւնն է եւ իր յորդորները փոխանցեց նորօծ քահանային։ Ան շեշտեց կարեւորութիւնը՝ հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին ժողովուրդին հաղորդելու Աստուծոյ խօսքը, յայտնելով, որ քահանայական կեանքը կը կեդրոնանայ մէկ կէտի վրայ, որը սէրն է։ «Աստուծոյ արդարութիւնը սէր է, յոյս է եւ համբերել է։ Սէրը չի նախանձիր, չի հպարտանար, չի չարախօսեր, այլ՝ կը սիրէ արդարութիւնը», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով Քրիստոս հետեւեալը խօսքերը․ «Արթուն եւ զգօն հսկել ժողովուրդին, զի դուն պիտի ըլլաս այս ժողովուրդին քարոզիչը»։
Միքայէլ սրբազանը շնորհաւորեց նաեւ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երկար տարիներու հովիւ հայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեանը ըսելով, որ տարիներ շարունակ իր բարի հովիւի վարքով ու օրինակով, Քրիստոսի սէրը սերմանելով, այսօր հասաւ օրը մշակելու եւ քաղելու այն պտուղն ու հոգեւոր հունձքը։ Նշենք, որ հայր Եղիան աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր մեծ նուիրումով ծառայութիւն կը մատուցանէ այս եկեղեցիէն ներս։ Սրբազանի խօսքերու աւարտին՝ հայր Եղիան արժանացաւ հաւատացեալներու յոտնկայս գնահատական ջերմ ծափահարութիւններուն։
Ձեռնադրութեան կարգէն ետք, Ս. Հաղորդութեան ընթացքին նորօծ քահանան, առաջնորդ Սրբազանին հետ միասնաբար Ս. Հաղորդութիւն բաժնեց հաւատացեալ ժողովուրդին։ Այնուհետեւ, Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Միքայէլ սրբազանը օրհեալ ջուրով եւ խունկով Հայ եկեղեցւոյ աւանդական Խաղողօրհնէքը կատարեց։
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին ներկաները մօտեցան նորօծ քահանային իրենց օրհնութիւնը ստանալու եւ համբուրելու անոր օծեալ ձեռքերը։ Վերջաւորութեան, եկեղեցւոյ «Քէօրողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասրութիւն մը։ Ներկաները առիթը ունեցան զրուցելու եւ նկարուելու նորօժ Հայկ քահանայ Շահինեանին հետ։
Յիշեցնենք, որ Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը հիմնուած է՝ Զմմառու պատրիարքական միաբան հայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեանի հովուական ջանքերով, աւելի քան յիսուն տարի առաջ։ 1970-ական թուականներուն համայնքը կը հաշուէր շուրջ տասը ընտանիք։ Ժամանակի ընթացքին ծուխը ծաղկեցաւ եւ կը շարունակէ ամէն տարի բազմանալ։ 1993-ին, ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքին, նորակառոյց եկեղեցին օծուեցաւ եւ Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ համայնքը ունեցաւ իր սեփական աղօթատեղին։ ֎
***
Օգտագործուած աղբիւրներն են՝ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդագրութիւնը եւ Յարութիւն Դերձակեանի թղթակցութիւնը: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք պարոն Դերձակեանին: