«ՃԱԽՐԱՆՔ»-ը ներկայացումը հմայեց թորոնթոհայութիւնը

Թ․

Իւրայատուկ ներկայացումներու հազիւ թէ հանդիպինք այսօրուան իրականութեան մէջ։ Ատոնք են որ քեզ լիովին կը կլանեն, կը կախարդեն, կը հարստացնեն, յիշողութիւն կ՚արթնցնեն, կը մղեն մերթ ծիծաղի, մերթ արցունքի, մերթ զգաստութեան։ Եւ երբ դուն, լիովին ըմբոշխնած այդ բոլորը, դուրս կու գաս սրահէն, կը զգաս որ քայլերդ ծանրացած են քեզի վստահուած ժառանգութեամբ մը, որուն անունն է հայկական մշակոյթ, որուն կրողն ու փոխանցողը պիտի ըլլաս դուն։

Այդպիսին էր «Ճախրանք»-ը, որ Համազգայինի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի տարեվերջի բարձրորակ ներկայացումներէն ոստում մը առաջ կ՚երթար իր համընդհանուր բովանդակութեամբ եւ խարսխած դրոշմով։ Հոգու պարտք ու նուիրում էր հայ ժողովրդական պարարուեստը հաւաքագրող, զտող, բեմականացնող, Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդական արտիստ Ազատ Ղարիպեանի վաստակին, իր Վարպետին շնչառութիւնը կրող եւ անոր գործը անմնացորդ նուիրումով շարունակող Նելլի Կարապետեանի մտայղացմամբ եւ ղեկավարութեամբ։

Վաստակ, որ բառերով կարելի չէ լիարժէք կերպով ամփոփել։ Իսկ երբ «հոգու պարտք» եւ «նուիրում» բառերով կը փորձենք բացատրել աշխատանքը, պէտք է պատկերացնել տիւ եւ գիշեր, անհատնում, անդուլ, հոգի ի բռին գործել՝ կեցուածքի, շարժումներու, շնչառութեան, արտայայտութեան ամենէն դոյզն բաղադրիչներուն վրայ. ոգին փոխանցել, ոչ միայն շարժումը։ «Ճախրանք»-ը Ազատ Ղարիպեանի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած երախտագիտութեան գերագոյն դրսեւորումը կարելի է համարել։

Հպարտութիւն ներշնչող երկարատեւ աշխատանք, որուն ետին կանգնած է իր առաքելութեան գիտակից 96-ամեայ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը` իր պարարուեստի ժրաջան յանձնախումբով։ Ծրագիրը բաղկացած է քսանեօթը բեմադրութիւններէ, որոնցմէ տասնեօթը կը կրեն Ազատ Ղարիպեանի անունը, սկսեալ առաջին պարէն՝ «Սասնայ ազգագրական պարերու շարան»-էն։ Որքան ճիշդ բնութագրած էր Էմին. «...պար չէ սա, այլ մի ազգի քաջ պատմութիւն»։ Եւ իրօք, պատմութիւն կայ Ղարիպեանի իւրաքանչիւր բեմադրութեան ետին, որ այլ բան չէ, քան իր ժողովուրդին աւանդութիւններուն եւ կենցաղին շաղկապումը՝ պարարուեստին հետ։

լուսանկարները՝ Յակոբ Գուզուեանի

Ղարիպեանի ներշնչման աղբիւրը իր ժողովուրդը եղած է. սիրած է աւանները շրջիլ, ժողովուրդին հետ զրուցել, զիրենք պարեցնել, սերտել անոնց սովորոյթները, նաեւ դիտել զիրենք աշխատանքի պահուն։ «Իր ժողովուրդին քրտինքը գնահատող մարդ էր» կ՚ըսէ պարուսոյց, գեղարուեստական ղեկավար ու բեմադրիչ Նելլի Կարապետեանը։ Արդարեւ, Ղարիպեանի բեմադրութիւններուն իւրաքանչիւրը, անոր երեւակայութեան ու գիծերու համադրումին առընթեր՝ այդ կը դրսեւորէ։ «Սասնայ ազգագրական պարերու շարան»-ին կը յաջորդէ «Իլիկներ»-ը, որ դարձեալ «Էրեբունի» պարախումբի կատարողութեամբ կը պատկերացնէ թել մանող հայուհիները՝ գործի ընթացքին։ «Տաւիղ»-ը՝ կատարողութեամբ Վանի Եագուպեանի, Մարիա Մանուկեանի եւ Կապրիէլլա Պաթիկեանի, հեզաճկուն հայուհիի կերպարը կը դրսեւորէ Խաչատուր Աւետիսեանի հանրածանօթ երաժշտութեան տակ։ «Ղարաբաղ»-ը տղոց հաստատակամ քայլերով եւ վեհաշուք հայուհիի կերպարով, մենակատարութեամբ՝ Ծիլա Գույումճեանի, յուզումի ալիքներ կը յառաջացնէ։

«Ախալցխա»-ի մենակատարներն են՝ Մարիա Մանուկեանը (շաբաթ), Կապրիէլլա Պաթիկեանը (կիրակի), իսկ «Էրեբունի» պարախումբի կատարողութեամբ «Հայոց աղջիկներ»-ն ու «Մոկաց հարսներ»-ը (մենապարող՝ Մարիա Մանուկեան) իրենց վայելուչ տարազներով, ծանր ու հպարտ քայլերով կը գրաւեն բեմը։ Այս երեք պարերուն պարագային ալ հանդիսատեսին ուշադրութիւնը հպարտ հայուհիին նրբակերտ շարժումներուն ու արտայայտիչ ցոլանքին վրայ է։

Փակագիծ մը բանալով՝ պէտք է խոստովանիլ, որ «Ճախրանք»-ի յատկանշական կէտերէն մէկը նրբաճաշակ տարազներու շքեղութիւնն է, բան մը որ նաեւ մեծ նշանակութիւն ունեցած է Ղարիպեանի համար։ Երաժշտութիւն-բեմադրութիւն-տարազ-մատուցում համահունչ ամբողջութիւն մը կը կազմեն։ «Յուշեր»-ը այդ ամբողջութեան կախարդական օրինակներէն մէկն է, որ եթերային տրամադրութիւն կը ստեղծէ, մինչ «Քոչարի»-ին ու «Վեր վերի»-ին զարկերը կը թնդացնեն գետինը։ Ծրագրին ամենէն խանդավառ մասերէն է հայկական ժողովրդական պարարուեստի առաջին մեծածաւալ թատերական բեմականացումը՝ «Քաջ Նազար». «Էրեբունի»-ն եւ մենակատարները՝ Հրակ Գարամարտեան (Քաջ Նազար), Լիա Տէրտէրեան (Ուստիա), Ծիլա Գույումճեան (Գառնուկ), Ալեքս Մելքոն (զօրավար) հանդիսատեսը ամբողջ տասներեք վայրկեան անթարթ գամուած կը պահեն բեմին։

«Կռունկներ»-ը եւս, մենապարող Ալին Սարմազեանի եւ «Արցախ» ուսումնարանի Մեծերու խումբին կատարողութեամբ, ճախրելու առիթ կ՚ընծայէ հանդիսատեսին։ Իսկ «Սայաթ Նովա»-ն յատուկ էջ մըն է այս բոլորին մէջ։ «Մտնում էր դահլիճ եւ ամբողջ պարաշխարհն էր ներս բերում» յուզումով՝ կը վերյիշէ Նելլի Կարապետեան, որուն համար բեմադրած է Ազատ Ղարիպեան հայկական ժողովրդական պարարուեստի առաջին սիրային զուգապարը՝ «Սայաթ Նովա»-ն։ Հիմա, տասնամեակներ յետոյ, գլխաւոր դերերուն մէջ են Կապրիէլլա Պաթիկեանն ու Մասիս Գէորգեանը։ Պատկերը իր ամբողջութեամբ հիացմունքի պահեր կը պարգեւէ բոլորին։

Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութիւնները իրենց կարեւոր դերը ունին Ղարիպեանի բեմադրութիւններուն մէջ, մինչ «Էլեգիա»-ն Պապաջանեանի հոգեթով երաժշտութեան վրայ բեմադրուած է, ուր քնքուշ հայուհիին սէրը կը վարակէ շրջապատը. երազային է իր էութեամբ։ Ապարանի հնձուորներու կեանքէն քաղուած է կատակներով ու խաղերով հարուստ «Հնձուորներ»-ը, որուն մենակատարներն են Բալիկ Թաշճեանն ու Դաւիթ Մանուկեանը։ Սայաթ Նովայի «Նազ մի անի» երաժշտութեան վրայ բեմադրուած պարը իր ամբողջ էութեամբ կ՚ապրի «Էրեբունի»-ի մենակատարներէն Վանի Եագուպեանը։

Լուսարձակը կեդրոնացնելով «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանին վրայ, կատարումները սիրտ ջերմացնող են։ Ո՞վ չի հրճուիր ի տես ժպտուն ու կենսունակ փոքրերուն, որոնք ամէն ճիգ կը թափեն տարեշրջանին ընթացքին իրենց սորվածը ճիշդ կատարելու։ Սկսեալ ամենէն փոքրերէն՝ վեց ու եօթը տարեկաններու Փոքրեր Ա․ խումբի «Տղամարդիկ», «Եկ պար բռնենք, աղջիկներ» եւ «Հատիկ» կատարումներէն, անցնելով Փոքրերու Բ. խումբի «Պարախաղ» եւ «Շաքար» պարերուն, Պատանիներու խումբի «Անուրջներ»-ուն եւ «Ձախ պար»-ին, ուր մենապարողներ Նոէլ Թաշճեանի եւ Կարօտ Փէլթէքեանի կատարումներուն մէջ արդէն իսկ կարելի է տեսնել ապագայ «Էրեբունի»-ն, այնպէս ինչպէս «Արցախ» ուսումնարանի Մեծերու խումբի անդամներուն, որոնք «Լիրիկական» եւ «Տօնական» պարերով հանդէս կու գան, առաջինին պարագային՝ մենակատարութեամբ Քամի Գագուսեանի։ Խոստմնալից պատանիներ, որոնց հետեւողական աշխատանքը անկասկած իր պտուղները պիտի տայ։

Ծրագրին առաջին բաժինը կ՚աւարտի «Հոյ նազան» պարով՝ կատարողութեամբ «Էրեբունի» պարախումբին եւ «Արցախ» ուսումնարանի Մեծերուն. Համազգայինի 95-ամեակին առթիւ կատարուած Նելլի Կարապետեանի բեմադրութեան երկրորդ ներկայացումն է. կատարեալ տօնախմբութիւն մը։ Գալով փակման պարին, աւելի պատշաճ բեմադրութիւն կարելի չէր պատկերացնել, քան Ղարիպեանի «Հարսանիք»-ը, ուր մեծ ու փոքր բեմի վրայ ծափերու ներքեւ յիշարժան ծրագիրը իր աւարտին կը հասցնեն, հարսին (Անուշ Յարութիւնեան), փեսային (Մասիս Գրիգորեան) ու աքլորին (Կարօ Լիպարեան, շաբաթ, Յարութ Թիքճեան, կիրակի) առաջնորդութեամբ։ Պարերէն անդին, ծրագրին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ «Կռունկի ճախրանք»-ը խորագիրը կրող տեսանիւթը, որ յատկապէս այս առթիւ համադրուած է. խօսքի համադրումը՝ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի։ Աւարտին, 120 պարողներ բեմահարթակին վրայ են. ծափերը բարձր կը հնչեն, հանդիսատեսը ոտքի է։

«Ճախրանք»-ի համբաւը հպարտութեան եւ յուզումի ալիքներ բարձրացուց ոչ միայն Թորոնթոյի մէջ, այլ մինչեւ հեռաւոր հայրենիք ու հոն ուր կը գործեն այսօր Ղարիպեանի սաները։ Կա՞յ արդեօք աւելի վեհ օրինակ, քան ուսուցիչին հանդէպ երախտագիտութեան գիտակցութեան այսպիսի արժանաւոր դրսեւորում։ Շնորհաւորելի են Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը, «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի անդամները, կազմակերպիչ յանձնախումբն ու օժանդակ ձեռքերը։ Մեր վերջին խօսքը թող ըլլայ ծափահարութիւն, անգամ մը եւս, գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց եւ բեմադրիչ Նելլի Կարապետեանին։ Գործն է անմահ։ ֎

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 46-րդ վերամուտը

Next
Next

Թորոնթոհայութեան համար պատմական անդրանիկձեռնադրութիւն