ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 46-րդ վերամուտը
Դպրոցական տարեշրջանը կը սկսի ու վարժարանը իր դռները կը բանայ 670 աշակերտներով եւ 75 անձնակազմով ու պաշտօնեաներով
ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մանկամսուրի, «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի 46-րդ վերամուտի զանգը հնչեց երեքշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին: «Տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք վերադարձան նպատակաուղղուած աշխատանքի», տնօրէնութիւնը յայտնեց իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Վարժարանը՝ 670 աշակերտներով եւ 75 անձնակազմով ու պաշտօնեաներով, թորոնթոհայ միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է,
Ըստ տնօրէնութեան, վարժարանի Ծիլ դասարանէն մինչեւ ԺԲ. կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Ս. Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան թորոնթոհայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ ներկայացուցիչներու, վարժարանի տնօրէնութեան եւ կրթական մարմինին կողմէ: Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ Գանատայի շրջանային վարչութեան, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր միութիւններու եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Տաթեւ աւ. քհնյ. Միքայէլեանի բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ բացման արարողութիւնը:
Վարժարանի Կրթական մարմինի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը, եւ 2024-2025 ուսումնական 46-րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր որ վարժարանը յաջողի ջամբել գերազանց ուսում, տիպար նկարագիր եւ ազգային ու հայկական գիտակցութիւն՝ դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն իրենց շարունակական անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան՝ կրթական այս օճախին վերելքին համար:
Ապա խօսք առաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց թէ մեծ պատիւ է երկու տարեկան հայ մանուկէն մինչեւ 18 տարեկան հայ երիտասարդին գուրգուրալ, դաստիարակել, հոգին ազնուացնել, հայկական շունչով սնուցանել եւ անոր ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վարժարանին կը պարգեւեն այդ հոգեպարար առիթը: Վարժարանի 46-րդ տարեշրջանի սեմին, պարոն Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ մեր վարժարանի վերելքին սատարող հիմնադիր բարերար՝ հանգուցյալ Արմէնուհի Գոլոլեանը:
Ան նաեւ աւելցուց, թէ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի ապրած դժուար օրերուն կրկնակի կարեւոր կը դառնայ հայ վարժարանը կանգուն եւ ծաղկուն պահելը սփիւռքի մէջ: Երբ շատեր կը քննադատեն սփիւռքը եւ կը համարեն անոր դժուարութիւնները որպէս անխուսաբելի ճակատագիր մը, մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պարոն Մարգար գրած էր պատասխան մը․ «Ես ճակատագրին հաւատացողը չեմ, երբեք չեմ եղած, բայց խոր հաւատք ունիմ ազգային դաստիարակութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան վրայ, որուն արմատները կը տեսնեմ հայ դպրոցին, ազգային հայկական միջավայրին եւ հայադրոշմ ընտանիքին մէջ»։
«Փառք տիրոջ, հազար փառք որ մեր զաւակները յաճախելով հայ վարժարան, պարոն Մարգարին նշած ճանապարհով կ’առաջնորդուին», ըսաւ տնօրէնը։
Սարգիսեան աւելցուց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստ են ծառայելու աշակերտութեան: Աւարտին, ուժ եւ կորով մաղթեց ուսուցիչներուն եւ յարատեւ յաջողութիւն՝ աշակերտներուն:
Տէր Տաթեւի, հայր Եղիա ծվ. Գիրէջեանի, տէր Հայկ քհնյ. Շահինեանի եւ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի Տէրունական աղօթքով ու պահպանիչով փակուեցաւ վարժարանի 46-րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար: