Հայկականութեամբ յագեցանք…
Տարեշրջանի մը աւարտն է, վազվըզուք եւ անհամար աշխատանք։ Միութենականներ կը վազվզեն, ելոյթներ պիտի ներկայացնեն հանդիսատեսին։ Մէկ տարուան աշխատանքը պիտի բեմականացուի թորոնթոհայ գաղութին եւ յետոյ պիտի փակեն դռները ծառայութեան եւ նուիրումին՝ սեպտեմբերին դարձեալ հանդիպելու յոյսով։
Սեպտեմբերէն մինչեւ մայիս, միութենական աշխատանքներ կը ծրագրուին, Հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից բոլոր միութիւնները առանց վարանելու մեղուի աշխատասիրութեամբ օրնիբուն կ'աշխատին։ ՀՕՄ-ականներ, ՀՄԸՄ-ականներ, համազգայնականներ եւ դպրոցակններ բազում ընելիք ունին․ ինը ամիս անդադար կ'աշխատին, անոնցմէ շատեր ելոյթներ պատրաստելով, բեմական աշխատանքներ ծրագրելով, ուտեստներ պատրաստելով եւ ծախելով, ժողովներ կատարելով եւ տակաւին անթիւ եւ անհամար աշխատանքներ, որոնք մեծ սրտով եւ ուրախութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքները։
Մայիսին, հերթականութեամբ կը սկսին ելոյթները։ Գաղութը կը խայտայ հայկականութեամբ, կարծէք օտար ափերու մէջ չենք ապրիր։ Շաբաթական դրութեամբ համերգներ, ելոյթներ, պարային եւ եգչախմբային ներկայացումներ։ Համազգայինի սրահը կը բուրէ հայկականութեամբ։
Հայու նկարագիրն է ծառայել, աշխատիլ եւ յոգնիլ յանուն ազգային սկզբունքներու, միութենական ծրագիրներու իրագործան։ Կարծէք ծառայութեան դաշինքը դրոշմուած է հայու ինքնութեան հետ։
Աշխարհի որ երկիրը երթաս, որ անկիւնը որ հասնիս, ուր որ ալ ճամբորդես, հայը կը գործէ նոյն սկզբունքով. կը սիրէ ծառայել եւ տքնիլ յանուն ազգային սկզբունքին, հայ մնալու, ապրելու եւ հայութիւնը պահելու վեհ նպատակին։
Գանատայի թորոթոհայ գաղութն ալ անմասն չի մնար այս սկզբունքէն։ Միութենականներ իրենց առօրեայի այլազան աշխատանքներէն ետք, շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը կը ծառայեն միութենական գործերուն։ Ծառայութիւնը իր գագանակէտին կը հասնի երբ միութիւններ հանդէս կու գան ելոյթներով եւ զուտ հայկական ձեռնարկներով, որոնք կ'ոգեւորեն թորոնթոհայ գաղութը եւ հայկականութեամբ կը յագեցնեն ժողովուրդը։
Գաղութը եռուն է միութենական ձեռնարկներով։ Առաջներկը մայիսին է, երբ սկիզբ կ'առնէ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտական տարեկան երգչախումբի ելոյթը։ Աւելի քան վեց հարիւր աշակերտ-աշակերտուհիներ հանդէս կու գան հայրենասիրական եւ ազգային երգերով։
Անծայրածիր Գանատայի մէջ, զուտ անգլիախօս եւ ֆրանսախօս օտարներու կողքին մենք՝ փոքրաթիւ հայերս, ունինք մեզի պատկանող կառոյց, կեդրոն, հայ եկեղեցի ու դպրոց՝ իր ազգանուէր տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչական կազմով, որուն դրոշմը կը տեսնենք, երբ աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ուրախ դիմագիծով եւ բարձր տրամադրութեամբ կ'երգէ կամ կը նուագէ ազգային եւ հայրենասիրական երգեր։
Ելոյթի արգասիքը անխոնջ աշխատանքն է մէկ տարուան , երբ աշակերտներ դասապահերու կողքին կ՚ունենան նաեւ երաժշտական դասապահ մը, երբ կը սորվին երգեր եւ կը նուագեն փողային նուագարաններ։
Սպասուած ելոյթներ են դպրոցի երգչախմբային ներկայացումները. ծնողները ուրախութեամբ կը դիմաւորեն իրենց զաւակները, որոնք յաղթական քայլերթով եւ հպարտանքով մուտք կը գործեն սրահ ու եռեակներով կը զարդարեն հայ կեդրոնի սրահի բեմը։
Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ելոյթ կ՚ունենան դպրոցի բոլոր աշակերտները, որոնց երգացանկը անցեալի յուշեր կամ երբեմն քաղցր յիշատակներ կ՚արթնցնէ հանդիսատեսին մօտ։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ փողային տասնեակ մը նուագարաններու հնչեղութիւնը ըլլայ այդքան սահուն, լսելի եւ հաճելի։ Աշակերտները հմտօրէն կը նուագեն հանդիսատեսին հրամցնելով հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները, եւ փոխարէնը անսահման ծափողջոյններով կը գնահատուին։
Կարելի չէ հայկականութեան մասին խօսիլ եւ չանդրադառնալ աշակերտական երգչախմբային ելոյթներու յաջորդող Համազգայինի ելոյթներուն, որոնք մեծ հպարտանք եւ հրճուանք կը ստեղծեն հանդիսատեսին մօտ, որ ամէն շաբաթ հայկական ելոյթ մը պիտի վայելէ յագեցնելով իր ծարաւը եւ վերապրելով հայ մշակոյթը։
Համազգայինի ելոյթները ամենայն բծախնդրութեամբ կը հրամցուին հանդիսատեսին․ մեծահասակներն ու փոքրեր ամենայն լրջութեամբ եւ հմայիչ երգեցողութեամբ հանդէս կու գան հայրենասիրական երգերով, որոնք զգուշութեամբ լսելով, երբեմն իրենց հետ երգելով կ՚ապրիս հայ երգի եւ մշակոյթի քաղցրութիւնը։
Համազգայինի պարային ելոյթները տարբեր խանդ ու եռանդ կը ստեղծեն հանդիսատեսին մօտ։ Շուրջպարն ու բերդ պարը, նազ պարն ու մենապարի ներկայացումները հպարտանքի եւ հայու լինելիութեան զգացումը կը սերմանեն դիտողին մօտ։ Փոքրերու ճկուն շարժումները, իսկ մեծերուն արուեստավարժ խաղերը ինքնին արդիւնքն են պարուսոյցի եւ պատասխանատուներու հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին։
Համազգայինի աշակերտական արտասանական մրցաշարքը մնայուն ծրագիր է աշակերտութեան, որ անգիր եւ արտասանական յատուկ ոճով կը մասնակցի սոյն մրցոյթին ապահովելով պատուաբեր արդիւնքներ։
Ելոյթներու որպէս եզրափակիչ ներկայացում կը հանդիսանայ դպրոցական միջնակարգի եւ երկրորդականի տարեկան աշակերտական հանդէսները։
Խինդ ու բերկրանք կայ բոլորին մօտ։ Մեծ թիւով աշակերտներ շրջանաւարտ պիտի ըլլան ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն։ Տարեկան հանդէսը կը վայելէ աշակերտութեան եւ ծնողներու ներկայութիւնը։ Ամէն տարի յատուկ յատկանշական կարգախօսով, բացման խօսքերով եւ ուղերձներով ելոյթ կ՚ունենան աշակերտները։ Արտասանութեան մրցանակով եւ շարադրական նուէրով կը պարգեւատրուին առաջնակարգները։ Վկայուողներ, ծնողներ եւ հիւրեր կը վայելեն խրախճանքի մթնոլորտը։ Գեղեցիկ երեկոյ՝ անմոռանալի յիշատակներով լեցուն։ Խրախճանքին մէջ բնորոշուած է հայկական երաժշտութիւնը, Եարխուշտայի նոյնանման շարժումներով ներկայացուած շուրջպարը աշակերտութեանց կողմէ, օրուան կարկանդակը, որ հայկական արուեստի մարմնացումն է։ Հայ երգի հնչեղութեամբ աշակերտներ բարձր տրամադրութեամբ կը պարեն եւ կամ կ՚երգեն հայերէն երգեր՝ հրաժեշտ տալով դպրոցին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։
Տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին։ Երկու ամսուան ընթացքին մարդիկ պիտի վայելեն ընտանեկան արձակուրդներն ու ամառնային պտոյտները։ Բարձր տրամադրութեամբ պիտի ներկայանան ամառնային փառատօնին, ուր կերուխումին ընդմէջէն դարձեալ պիտի լսեն եւ վայելեն հայակական երաժշտութիւն հայ երգիչներու կատարողութեամբ։
Ովկիանոսներ հեռու, գանատական հողերու վրայ ունինք ամբողջական իրաւունքը մնալու, ապրելու եւ գոյատեւելու որպէս հայ։ Անսահման է կարելիութիւնը ունենալ դպրոց, կեդրոն եւ եկեղեցի ու պահել հայ մշակոյթը։ Ազատ ես խօսելու, մտածելու եւ գործելու հայօրէն։ Գաղութ մը, որ հայկականութեամբ յագեցած է։ ֍
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 (#228) թիւին մէջ: