Թուրք մանչու մը դաստիարակումը. Քիթ Ղարիպեան | թորոնթոհայ բանաստեղծութիւն
Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, կը ներկայացնենք թորոնթոհայ գրող Քիթ Ղարիպեանի «Indoctrination of a Turkish boy» («Թուրք մանչու մը դաստիարակումը») բանաստեղծութեան (արեւմտա)հայերէն թարգմանութիւնը։ Անգլերէն բնագիրը լոյս տեսած է 2010-ին՝ Ղարիպեանի «Children of Ararat» («Արարատի զաւակները») հատորին մէջ։
Թուրք մանչու մը դաստիարակումը
Ըսէ՛ք իրեն, թէ պատմութեան մէջ կան յաղթուածներ ու յաղթականներ։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ անոնք դառնացած են իրենց պարտութենէն։
Մի՛ ըսէք իրեն կեղծիքին մասին։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ կարեւոր է լուռ մնալ։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ լուսանկարներուն մէջի կմախքները հրեաներ են։
Մի՛ ըսէք իրեն, թէ անոնք հայեր են։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ անոնք թուրքերը ատող մարդիկ էին։
Ըսէ՛ք իրեն նոյն բանը՝ շարունակ կրկնելով։
Մի՛ ըսէք իրեն անոնց խռովալից տառապանքին մասին։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ անոնք անպատիւներ էին։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ անոնք անէծք էին։
Մի՛ ըսէք իրեն, թէ անոնք ինչպէ՛ս քարացան ու բրածոյ դարձան։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ ամէն ինչ եղաւ իրենց իսկ բարօրութեան համար։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ ճիչերը կատաղի թռչուններու ճռուողիւններն էին։
Մի՛ ըսէք իրեն մահակներուն, կացիններուն ու դանակներուն մասին։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ անոնք տեղահանուեցան անհիւրընկալ հողերէ։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ անոնք ղրկուեցան հոն՝ ուր կրնային բարգաւաճիլ։
Մի՛ ըսէք իրեն ձորերուն, քարայրներուն կամ անապատին մասին։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ վիճակագրութիւնները խեղաթիւրուած են։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ ասիկա հնարամիտ վերյուշի իրենց մարտավարութիւնն է։
Մի՛ ըսէք իրեն անախորժ ճշմարտութիւնները։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ աւելին ըսէ, երբ պատշաճ ժամանակը գայ։
Ըսէ՛ք իրեն, թէ հիմա պատմութիւնը վերաքննելու ժամանակը չէ։
Մի՛ ըսէք իրեն, թէ դուն կ՚ընտրես միայն այն՝ ինչ որ կ’ուզես յիշել։
Մի՛ ըսէք իրեն ուրիշ ոչինչ։
(Image: Arto Tchakmakchian's 'Revival' monument, dedicated to the memory of the Armenian Genocide, erected in 1985 at the Armenian Community Centre of Toronto. Sketch was created by artificial intelligence.)