Բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 100-ամեակը յիշատակուեցաւ Թորոնթոյի մէջ
Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքին՝ կիրակի, 5 մայիս 2024-ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի Համազգային «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան 1924 - 2007) ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած յիշատակութեան ձեռնարկը։
Համազգայինի գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքը սկսաւ գործել 2012 թուականէն սկսեալ։ Մինչեւ օրս իրագործած է վաթսունէ աւելի ձեռնարկներ, մեծ բծախնդրութեամբ այս հաւաքներու համադրութիւնը կը կատարուի եւ հանրութեան կը հրամցուի խմբակը առաջնորդող Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի կողմէ, որուն նպատակն է հայ երիտասարդը մօտէն ծանօթացնել հայ գրականութեան։
Գրադարանը կանուխ ժամերէն սկսեալ գրասէրներու հոծ բազմութեամբ լեցուած էր։ Օրուան հանդիսավար Ռիթա Խաչոյեանը հանգամանօրէն վարեց ձեռնարկը՝ հանդիսութեան ընթացքին մերթ ընդ մերթ բանաստեղծ Զահրատի կենսագրական գիծերը եւ վկայութիւններ ներկայացնելով։ Այնուհետեւ, խումբ մը երիտասարդներ ընթերցեցին Զահրատի բանաստեղծութիւններէն։
«Եսագրութիւն» բանաստեղծութենէն հատուած մը ներկայացուց Հրակ Ժամկոչեանը, իսկ մնացեալ բանաստեղծութիւնները յաջորդաբար լրիւ ներկայացուեցան ցուցադրուելով մեծ պաստառի վրայ հետեւեալ երիտասարդներու կողմէ.
«Լոյս զուարթ»՝ Ժպիտ Քէշիշեան, «Մեծարենցին»՝ Կապրիէլլա Պաթիկեան, «Նամակ»՝ Ռիթա Խաչոյեան, «Երկու հատ մոմ՝» եւ «՝Ծառ» քերթուածները՝ Հայկ Յարութիւնեան, «Լեռն ի վեր» Հրակ Գարամարտեան, «Ուրիշ»՝ Ալիք Պապօղլեան, «Մաղթանք»՝ Շանթ Տէօքմէճեան, «Չար բաներ»՝ Լարա Տէր Մինասեան, «Կոմիտաս» Կապրիէլլա Պաթիկեան, «Մեսրոպաբոյր»՝ Շանթ Տէօքմէճեան, «Ապրել ապրել»՝ Պարոյր Սեւակի ձայնագրութիւն, որ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ, «Սեւակ»՝ Հրակ Ժամկոչեան, «Դժգոհանք»՝ Ալիք Պապօղլեան եւ «Հրաժեշտ»՝ Ռիթա Խաչոյեան։
Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցան գործեր եւ երաժշտութիւններ, որոնք Զահրատի գործերը չէին, սակայն Զահրատին հետ կապ ունէին։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ իր գեղեցիկ ձայնով հանդէս եկաւ Լիլիթ Նաճարեանը՝ մեկնաբանելով Մեծարենցի «Սիրերգ» կտորը՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հրակ Գարամարտեանի, ինչպէս նաեւ՝ Կոմիտասի «Երկինքն ամպել է» կտորը դաշնամուրի վրայ նուագեց փոքրիկն Ատրի Գրիգորեանը։
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր մասնակցող երիտասարդները եւ կազմակերպիչները գրասէրներու ջերմ գնահատանքին ու բուռն ծափահարութիւններուն արժանացան։
Այնուհետեւ գրական յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Արմինէ Թորիկեանի կողմէ մասնակից երիտասարդներուն առ ի գնահատանք մէկական գիրք նուիրուեցաւ։ ֎