Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ շաբաթօրեայ վարժարանի տեսլականն է շարունակել պատրաստել հայասէր ու հայրենասէր սերունդներ
Կ’ապրինք յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ, ուր հայ ազգը՝ ըլլայ Հայաստանի եւ ի մասնաւորի սփիւռքի մէջ, կը դիմագրաւէ ազգապահպանութեան եւ հայապահպանութեան բազում մարտահրաւէրներ։ Այս մարտահրաւէրները յաղթահարելու պատասխանատու գործին մէջ կենսական դեր վերապահուած է հայկական դպրոցներուն եւ ուսուցիչներուն։
Հայ դպրոցը հայակերտման այն օճախն է, ուր հայ մանուկն ու պատանին ո՛չ միայն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան, այլ՝ Մեսրոպեան տառերով հաղորդուելով, անոնց մէջ կը սերմանուի հայեցի դաստիարակութիւնը: Ան հայ ոգին կանգուն պահող սիւնը կը համարուի սփիւռքի մէջ։
Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանը կը հանդիսանայ հայակերտումի կարեւոր կրթօճախներէն մէկը Թորոնթոյի գաղութէն ներս։ Սուրբ Երրորդութիւն հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող դպրոցին առաքելութիւնն է հայ մանուկին եւ պատանիին ծանօթացնել հայկական ժառանգութիւնը՝ ուսումնասիրելով անոր հարուստ եւ բազմաբնոյթ մշակոյթը, պատմութիւնը, արուեստը, գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը՝ հայոց լեզուի սերտողութեան ընդմէջէն։
1956-ին հիմնուած դպրոցը ծնունդ է թորոնթոհայ քանի մը ազգայիններու հեռատես որոշումին, որուն նպատակն էր Թորոնթոյի նորակազմ հայ գաղութի զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելը։ Առաջին տարին շաբաթօրեայ դպրոցը կը սկսի գործել ունենալով ընդամէնը եօթը աշակերտ։ Ս. Երրորդութիւն հայց. առաք. եկեղեցւոյ օրուան Ծխական խորհուրդին հաւանութեամբ՝ իւրաքանչիւր հինգշաբթի երեկոյ, ժամը 7-էն 9-ը, եկեղեցւոյ ներքնասրահը կ’օգտագործուի որպէս դպրոց։ Յետագային կը կազմուին Խնամակալ մարմինը եւ Ծնողաց յանձնախումբը, որոնք կը ստանձնեն աշակերտներուն փոխադրութեան հարցը։ Այդ օրերուն կազմակերպուած է նաեւ ամառնային «Արարատ» ճամբարը (7-օրեայ)։ Աշակերտներու աճող թիւին եւ դպրոցին ձեռք բերած յառաջդիմութեան եւ նուիրատուութիւններու աճին շնորհիւ, վարժարանը շարունակած է իր առաքելութիւնը՝ դառնալով թորոնթոհայ համայնքի պատմութեան առաջին շաբաթօրեայ դպրոցը եւ մինչեւ օրս իր ուրոյն դերը ունեցող կրթական հաստատութիւն մը։
Վարժարանի տնօրէն դոկտ․ Արփի Փանոսեան Մըթարթ «Թորոնթոհայ»-ին կը վստահեցնէ, որ «դպրոցէն ներս ամէն ջանք կը գործադրուի հայ աշակերտին փոխանցելու հայեցի կրթութիւն, պահպանելու հայ հաւատքը, լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը՝ հայ լեզուի սերտողութեան ընդմէջէն»։
Դպրոցը առ այսօր ունեցած է 17 տնօրէններ՝ գործակից ունենալով նուիրեալ խորհրդական անդամներ եւ մեծ թիւով նուիրեալ ուսուցիչներ ու կամաւոր օգնականներ։ Ներկայիս վարժարանը կը ղեկավարուի դպրոցի Խորհրդական մարմինին կողմէ, որ կը բաղկանայ եօթը անդամներէ։ Տնօրէնութեան կազմն է՝ տնօրէն դոկտ. Արփի Փանոսեան Մըթարթ, գործակից տնօրէն՝ Պէթի Փանոսեան եւ փոխտնօրէն Արա Տէր Յարութիւնեան։
Ս․Սահակ եւ Ս․Մեսրոպ վարժարանը 2024 տարեշրջանին ունի 325 աշակերտներ, որոնցմէ շատերուն ծնողները նոյն այս դպրոցի շրջանաւարտները եղած են։ Դպրոցի անձնակազմը կը բաղկանայ 24 ուսուցիչներէ եւ աւելի քան 10 օգնականներէ, որոնք մեծ նուիրումով կ՚աշխատին միասնաբար ու անխոնջ, իսկ շրջանաւարտներէն ոմանք կամաւոր օգտակար կը դառնան դպրոցին։
Ուսուցիչները նորահաս սերունդերուն հայեցի կրթութեան եւ դաստիրակութեան աւիշը ներարկողներն են։
Դպրոցի ութերորդ դասարանի ուսուցչուհի Գայեանէ Իսպիրեանը դիտել կու տայ, որ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական անձնակազմին գերագոյն նպատակն է հայրենիքէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու ապրող հայ երեխաները հայ պահել, առաւելագոյնը ընել, որպէսզի անոնք հաւատարմօրէն կապուած ըլլան իրենց աւանդոյթներուն եւ ոչ մէկ պարագայի կորսնցնեն ազգային նկարագիրը, հայեցի դիմագիծը։ «Ուրախ եմ, որ արդէն 10 տարի է դասաւանդում եմ այս հիասքանչ դպրոցում եւ իմ ունեցած գիտելիքները սիրով փոխանցում եմ ուշիմ աշակերտներիս։ Վստահ եմ, որ այդ գիտելիքները նրանց պէտք են գալու, երբ հերթական անգամ ոտք դնեն մեր նախապապերի հողի վրայ», կը նշէ տիկ․ Գայեանէն։
«2007-ին, բախտաւորութիւնը ունեցայ միանալու դպրոցի ուսուցչական կազմին, եւ ստանձնեցի նախակրթարանի երրորդ դասարանի արեւմտահայերէն լեզուի ուսոցումը», կ’ըսէ Լուսին Մանկասարեանը, աւելցնելով, որ դասաւանդման տասնեօթը տարիներուն զգացած է էական աճ եւ փայփայած բազմաթիւ պարգեւող պահեր:
«Այդ տարիները ուշագրաւ կը համարուին յաղթահարուած մարտահրաւէրներով, շարունակական անձնական եւ մասնագիտական զարգացումներով եւ անթիւ ուրախալի փորձառութիւններով: Տասնեօթը տարիներու ընթացքին՝ իմ եւ դպրոցի առաքելութիւնը միահամուր մնալով կ’արտացոլէ կրթութեան հանդէպ մնայուն կամքս նորահաս սերունդներուն հայեցի ու ազգային կրթութիւն ջամբելուն», նկատել կու տայ ուսուցչուհին:
Դպրոցը ունի մանկապարտէզէն մինչեւ 10-րդ դասարան։ Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մէջ առանձին դասարաններով կ’ուսուցանուին արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը, իսկ՝ 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններուն մէջ ուսուցումը կ’իրականացուի միաժամանակ թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն։ Վարժարանի ծրագիրը կ’ընդգրկէ հայոց լեզու, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, երաժշտութիւն, կրօնի եւ մշակոյթի ուսուցում։ Դպրոցէն ներս տիրող լեզուն հայերէնն է․ ուսուցիչները դասաւանդութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը հիմնականօրէն կը կատարեն հայերէնով։ Դասաւանդութեան մէջ կ’օգտագործուին նաեւ արդի եղանակներ։ Յարատեւօրէն կը բարեփոխուի եւ կը վերամշակուի կրթական ծրագիրը՝ գործադրելով փոխգործակցային (interactive), համագործակցային (collaborative) եւ ծրագրահիմն (project-based) արդիական մեթոտները։ Ուսումնական տարեշրջանի ընդհանուր տեւողութիւնն է 30 շաբաթ, սեպտեմբերէն մինչեւ յունիս։
Բացի ծրագրային դասապահերէն, դպրոցը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ արտադասարանային աշխատանքներուն։ Աշակերտները հնարաւորութիւն ունին մաս կազմելու իրենց նախասիրած արտադասարանային խմբակին։ Կը գործեն ճատրակի, գծագրութեան, երգի, պարի եւ ծրագրաւորումի (coding) խմբակներ։
Տնօրէն դոկտ․ Արփի Փանոսեան կը հաստատէ, որ Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ շաբաթօրեայ վարժարանի տեսլականն է շարունակել պատրաստել հայասէր ու հայրենասէր երիտասարդներ, որպէսզի անոնք դառնան ապագայի այն ղեկավարները, որոնք պիտի հպարտանան իրենց հայկական ժառանգութեամբ ու հայ համայնքէն եւ հասարակութեան լայն շրջանակներէն ներս պիտի կատարեն արժէքաւոր ներդրումներ։
Թորոնթոյի հայապահպանման պատմութեան յառաջապահ դիրքերուն վրայ, տարիներ շարուանակ, աննկուն կամքով կանգուն մնացող ու Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անունը պատուով կրող շաբաթօրեայ վարժարանը եղած է ու կը մնայ հայ մանուկին երկրորդ տունը հանդիսացող այն նուիրական հաստատութիւնը, որուն մթնոլորտին մէջ շնչող հայ աշակերտը իր ազգին հարուստ մշակոյթին եւ ազգային դիմագիծին ճանաչումն ու հպարտութիւնը ունենալով գիտակից եւ տիպար հայու կերպարը կը պարզէ։
Արդ, հայ գիրն ու գրականութիւնը տարածող ու առաջին հայկական դպրոցի հիմնադիրները հանդիսացող Սուրբ Սահակի եւ Սուրբ Մաշտոցի ուղին բռնած՝ Թորոնթոյի Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մաշտոց ազգային շաբաթօրեայ վարժարանը, որպէս գաղութի առաջին հայալեզու դպրոց, պիտի շարունակէ կրթել եւ հայեցի դաստիրակութիւն ջամբել թորոնթոհայ սերունդներուն։ ֎
Ծանօթ․ «Թորոնթոհայ»-ի յունիս թիւին մէջ հրատարակուած սոյն յօդուածին մէջ եղած է վրիպում․ Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ շաբաթօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան թուականը պէտք է ըլլայ 1956, այլ ոչ թէ 1965։ Վարժարանի տնօրէնութեան եւ մեր ընթերողներուն ներողամտութիւնը կը հայցենք։