Իրանն ու Թորոնթօն միաւորող լուսանկարչական ցուցահանդէս՝ Երեւանի մէջ

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ» — Իրանահայ յայտնի լուսանկարիչ Նիկոլ Ֆարիդանիի եւ անոր դստեր՝ թորոնթոհայ Քաթրին Ֆարիդանիի լուսանկարչական ստեղծագործութիւններէն ընտրանի մը պիտի ցուցադրուի 23-28 սեպտեմբերին, Երեւանի «Թէքէեան» մշակութային կեդրոնին մէջ։

լուսանկարը առնուած է artebox-ի կայքէջէն

Նիկոլ Ֆարիդանին (1936-2008) իրանահայ նշանաւոր լուսանկարիչ է, որ յայտնի է Իրանի բնական գեղեցկութիւնը փաստագրելու իր անսասան նուիրուածութեամբ: Ֆարիդանին օդալուսանկարչութեան, երկրաբանական լուսանկարչութեան, միկրոլուսանկարչութեան ժանրերու հիմնադիրն է Իրանի մէջ։ 60-ական թուականներուն ան հռչակ ձեռք բերած է նաեւ Իրանի անապատներուն մէջ կատարած իր պատկերներով, որուն համար անուանուած է «Անապատներու լուսանկարիչ»: Տասնամեակներու ընթացքին ստողծած իր պատկերներուն մէջ կ’արտացոլուին երկրի բազմազան վայրերու` լեռնաշղթաներու, անապատներու, անտառներու եւ լիճերու էութիւնը: Ֆարիդանիի լուսանկարչական արխիւը վաւերագրած է Իրանի բնատեսարանները եւ վայրերը, որոնցնէ շատերը տարիներու ընթացքին ենթարկուած են զգալի փոփոխութիւններու` քաղաքաշինութեան, շրջակայ միջավայրի քայքայման կամ կլիմայական փոփոխութեան պատճառով: Անոր կատարած աշխատանքը մշակութային մեծ նշանակութիւն ունի Իրանի պատմութեան համար: Անոր լուսանկարները հնարաւորութիւն կու տան տեսնելու այն Իրանը, որ շատ առումներով այլեւս գոյութիւն չունի:

Նիկոլ Ֆարիտանիի լուսանկարչական ոճը յաճախ կը ճանչցուի լոյսի եւ ստուերի փոխազդեցութեան վրայ իր սուր կեդրոնացմամբ, ուր բնապատկերները կը փոխանցեն բնութեան թէ՛ կոշտութիւնը, թէ՛ քնքշութիւնը: Ան ունէր եզակի ունակութիւն` գեղեցկութիւն գտնելու ամենէն անսպասելի վայրերու մէջ` սովորական տեսարանները վերածելով արտասովոր պահերու:

Քաթրինը Նիկոլ Ֆարիդանիի կրտսեր դուստրն է, որ լուսանկարչութեան նկատմամբ սէրն ու տաղանդը ժառանգած է իր հօրմէ։ Ծնած է Իրան, նախնական ուսումը ստացած է Թեհրանի հայկական դպրոցին մէջ։ 1979-ին, յեղափոխութեան պատճառով քրոջ եւ մօր հետ տեղափոխուցած է Գանատա՝ հաստատուելով Թորոնթօ։

Ան իր տաղանդը կատարելագործած է ուսանելով լուսանկարչական տեսութիւն եւ հմտութիւններ «Ռայըրսըն» համալսարանին մէջ։ Նոր գիտելիքներով զինուած՝ ան ստեղծած է իր սեփական տեսողական ոճը, որ տարիներու ընթացքին զարգացնելով՝ դարձած է վաւերագրական լուսանկարիչ։

Քաթրին Ֆարիդանին կը կեդրոնանայ հիմնականօրէն դիմանկարչութեան եւ քաղաքային կամ ճարտարապետական ​​լուսանկարչութեան վրայ. «Ես չեմ ծնած ձեռքիս տեսախցիկով, բայց որքան կը յիշեմ՝ «շրջանակած» եմ առարկաները իմ տեսադաշտիս մէջ եւ միշտ պատմած եմ պատմութիւններ, կարծես անոնք վառ պատկերներ ըլլան: Ես գրեթէ ամէն ինչ հետաքրքրական եւ լուսանկարելու արժանի կը համարեմ` ամենահեռաւոր վայրերէն մինչեւ իրենց տարիքէն աւելի իմաստուն դէմքեր», կը գրէ ան իր լուսանկարչական (Katrin Faridani Foto) կայքին մէջ:

«Փոխադարձ կապեր՝ հայր եւ դուստր Ֆարիդանիներ» ցուցահանդէսին պիտի ցուցադրուին Նիկոլ Ֆարիդանիէն վասթուն սեւ եւ սպիտակ լուսանկարներ, որոնք ան պատկերած է իր ստեղծագործական վաղ շրջանին` 1955-1975 թուականներուն: Քաթրինը ցուցահանդէսին կը ներկայանայ իր «Փոխկապակցուած» նախագիծով։ Որպէս վաւերագրող լուսանկարիչ՝ ան կը ներկայացնէ, թէ խմելու ջուրը ինչպէս կը հասնի սպառողին եւ ետ կը վերադառնայ` Թորոնթօ քաղաքի օրինակով:

Ցուցահանդէսը կը կազմակերպուի «Իրանահայ արուեստի հետքերով» հետազօտական նախագիծի ծիրէն ներս: Նախագիծին հեղինակը եւ ցուցահանդէսին համադրողը լրագրող-մշակութաբան Անահիտ Կորիւնն է:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

The distance between two graves

Next
Next

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 47-րդ վերամուտը. առաջին զանգը դարձեալ հնչեց Թորոնթոյի մէջ