ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 47-րդ վերամուտը. առաջին զանգը դարձեալ հնչեց Թորոնթոյի մէջ
Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մանկամսուրի, «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի 47-րդ վերամուտի զանգը հնչեց երեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 9-ին: Տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք վերադարձան նպատակաուղղուած աշխատանքի:
«ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը, իր 687 աշակերտներով եւ 79 անձնակազմով ու պաշտօնեաներով, թորոնթոհայ միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է, որ առաւելագոյն ճիգերով կը շարունակէ իրագործել հայապահպանման իր վեհ առաքելութիւնը», կը յայտնէ վարժարանի տնօրէնութիւնը իր հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ծիլ դասարանէն մինչեւ ԺԲ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան Թորոնթոյի հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ ներկայացուցիչներուն, վարժարանի տնօրէնութեան եւ կրթական մարմինի անդամներուն կողմէ:
Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի, Շրջանային վարչութեան, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր միութիւններու եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ աւ. քնհ. Միքայէլեանի բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ բացման արարողութիւնը:
ՀՕՄ-ի վարժարանի Կրթական մարմինի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը եւ 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր, որ վարժարանը յաջողի ջամբել գերազանց ուսում, տիպար նկարագիր եւ ազգային ու հայկական գիտակցութիւն, դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարժարանի բոլոր բարերարներուն, «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն՝ իրենց շարունակական եւ անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան՝ կրթական այս օճախին վերելքին համար:
Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց, թէ մեծ պատիւ է երկու տարեկան հայ մանուկէն մինչեւ տասնութ տարեկան հայ երիտասարդին գուրգուրալ, դաստիարակել, հոգին ազնուացնել, հայկական շունչով սնուցանել եւ զայն՝ ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որ վարժարանին կը պարգեւեն այդ հոգեպարար առիթը: Վարժարանի 47-րդ տարեշրջանի սեմին, Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ մեր վարժարանի վերելքին սատարող նախկին եւ ներկայ բարերարները, անձնակազմն եւ կամաւորները:
Ան նաեւ աւելցուց, թէ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի ապրած դժուար օրերուն կրկնակի կարեւոր կը դառնայ հայ վարժարանը կանգուն եւ ծաղկուն պահելը սփիւռքի մէջ: Երբ շատեր կը քննադատեն սփիւռքը եւ կը համարեն անոր դժուարութիւնները որպէս անխուսափելի ճակատագիր մը, մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Մարգար Շարապխանեան գրած էր պատասխանը․ «Ես ճակատագրին հաւատացողը չեմ, երբեք չեմ եղած, բայց խոր հաւատք ունիմ ազգային դաստիարակութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան վրայ, որոնց արմատները կը տեսնեմ հայ դպրոցին, ազգային հայկական միջավայրին եւ հայադրոշմ ընտանիքին մէջ»:
«Փառք տիրոջ, հազար փառք որ մեր զաւակները յաճախելով հայ վարժարան, Պարոն Մարգարին նշած ճանապարհով կ’արաջնորդուին», յայտնեց Սարգիսեան: Տնօրէնը աւելցուց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստ են ծառայելու աշակերտութեան: Աւարտին, ուժ եւ կորով մաղթեց ուսուցիչներուն եւ յարատեւ յաջողութիւն՝ աշակերտներուն:
Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեանի, Հայարի քհն. Թանաշեանի, Հայկ Քհն. Շահինեանի եւ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի տէրունական աղօթքով ու պահպանիչով փակուեցաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 47-րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար:
(լուսանկարները տրամարդած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը)