Պտոյտ մը Թորոնթոյի հայ կեդրոնէն ներս...

լուսանկարը՝ SDG Landscape Architects-ի


- Արա՛մ, ո՞ւր կ'երթաս...

- Ակումբ։

- Դու՞ն

- Ե՛ս ալ...

- Օ՜, դուք հո՞ս էք, բաւակա՞ն եղաւ՝ եկած էք...

Եւ այսպէս, կը շարունակուի խօսակցութիւնը քիչ մը անցեալէն, քիչ մը ներկայէն, քիչ մը խնդալով, երբեմն ալ՝ երազելով եւ յուշեր պատմելով։ Գաւաթ մը սուրճի շուրջ կ'ընթանար զրոյցը այն տղամարդոց, որոնց տարիքը մօտաւոր եօթանասուննոց կամ ութսուննոց ըլլար։

Ամէն առաւօտ, վաղ ժամերուն, Թորոնթոյի ակումբը որպէս հաւաքավայր, խումբ մը աւագ սերունդի տղամարդիկ անտեսելով ամռան տաքը կամ ձմռան բուքը, սովորութեան վերածած, կը համախմբուին եւ իրենց տասնութ ժամնոց օրակարգը կը պատմեն իրարու, մերթ բարձրաձայն խօսելով, խնդալով եւ կամ ուսուցչական յատուկ բացատրողական ոճով իրարու հետ խօսելով ու իրենց մտահոգութիւները պատմելով…

Յանկարծ, բարձրաձայն կը բարեւեն խումբ մը ՀՕՄ-ուհիներու, որոնք ծանրաբեռնուած ուտեստներով, դանդաղ քայլերով կու գան ակումբ՝ կամաւոր աշխատելու եւ պատրաստելու ճաշեր, որոնց հասոյթը պիտի տրամադրուէր բարեսիրական նպատակի...

ՀՕՄ-ուհիներուն յարատեւ եւ ծանրակշիռ նուիրական աշխատանքը տեսնելով, ինքզինքիս հարց կու տայի՝ «Ինչպէ՞ս կարելի է նման կամաւոր աշխատանքներ տանիլ նմանօրինակ երկիրներու մէջ, ուր մարդիկ պարտաւորուած պէտք է աշխատին ապահովելու համար իրենց վարձքերը եւ վճարելու իրենց տուքերը...»։ Այս կիները վարժուած են ծառայելու եւ ուրախութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը։ Միջին տարիքի կամ աւագ սերունդի կիներ, մաս առ մաս կը կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքը, օր մը ճաշ, օր մը անուշեղէն եւ այսպէս անդադար աշխատելով, թխելով եւ ծախելով՝ լուրջ հասոյթ կ'ապահովեն հայկական միակ դպրոցին` հաւատալով, որ իրենց ձրի աշխատանքը նուիրատութիւն է դպրոցին կարիքներուն։

Դարպասի մօտէն կը լսուի ձայնը խումբ մը տղամարդոց, որոնք անվերապահօրէն առանց ժամադրութիւնը խախտելու, կու գան իրարու հետ նարտի խաղալու, կը բարձրանան «ապակիով սենեակը» եւ մինչեւ կէսօրէ ետք իրարու հետ կը մրցին, խոստումներ կու տան, կը հիւրասիրեն զիրար, քիչ մը կը զրուցեն եւ յետոյ կ'ուղղուին իրենց տուները։

Շաբթուան երկրորդ օրը, առաւօտեան ժամը 10-ին «երկար» ինքնաշարժ մը կը կենայ կեդրոնին դիմաց. կամաց քայլերով, սայլակներով կամ անթացուպերով երէցներ մէկիկ- մէկիկ վար կ'իջնեն ինքնաշարժէն։ Երեքշաբթի է, «Երէցներու օր»․ թերեւս քառասուն տարիներ անդադար, ամէն երեքշաբթի երէցները կը հաւաքուին եւ մինչեւ կէսօր հաճելի ու ուրախ յայտագիր մը կ'անցնեն իրարու հետ։

Օրը անփոփոխ, բայց սերունդը փոխուած, նորեր կու գան, հիներ կը հեռանան։ Հետաքրքրական խաղեր եւ կերուխումի ժամեր կ'ըլլայ անոնց յայտագիրը։ Անոնք կէսօրուան ժամերուն կը մեկնին՝ ի տեսութիւն մաղթելով ու տեսնուելու յոյսով՝ յաջորդ երեքշաբթի։

- Մի' վազէք, ձեռք ձեռքի բռնեցէք, զգուշացէք, երբ աստիճանէն իջնէք,- ուսուցիչներու ձայնը կը հնչէ շէնքին մէջ։ Այս անգամ դպրոցի աշակերտներ, որոնց դողդոջուն եւ երկշարքային քայլերը կ'ուղուին դէպի Հայ կեդրոնի բակ՝ զբօսնելու, շնչելու եւ վայելելու կանաչապատ բնութեան հոտն ու գեղեցկութիւնը։

- Կամա՛ց ըրէք, ուշադի՛ր եղէք...,- հերթապահ ուսուցիչներու ձայնը կը լսուի ամենուրեք։ Որո՞ւ հոգ... աշակերտները հազիւ բակին դարպասը կը տեսնեն, կը սկսին վազել եւ վազվզել. Ինչպէ՞ս կարելի է զուսպ պահել առողջ մանուկները, երբ ընդարձակ բակ մը տեսնելով բաւարարուին միայն դիտելով եւ կամ քալելով, շրջելով ու խօսելով իրարու հետ։ Վերջապէս զանգը կը հնչէ, ուսուցիչները, կարմրած, հեւքոտ եւ քրտնած աշակերտները, զոյգ շարքեր կազմելով կ'ուղղուին դէպի դպրոց։

Կէսօրուան ժամերը մօտեցած են, կեդրոնը կը խայտար հայ աշակերտներու եւ իրենց ծնողներու ներկայութեամբ։ Հաւաքավայր է կեդրոնը, աշակերտները երբեմն կեդրոնի ճաշերէն օգտուելով կամ երբեմն իրենց հետ ունենանալով ճաշի պայուսակներ, կը սկսին իրենց անօթութիւնը կշտացնել աճապարանքով, որպէսզի մեկնին արտադպրոցական աշխատանքներու։ Համազգայինի հովանաւորութեամբ կը ծրագրուին եւ կը կազմակերպուին հայ աշակերտին համար արտադասարանային աշխատանքները. ոմանք երգչախումբի կամ պարի, ոմանք թատրոնի կը փութան, որպէսզի կատարեն իրնեց վստահուած աշխատանքները եւ տարուան վերջաւորութեան ելոյթով մը հանդէս գան՝ հրապուրելով հանդիսատեսը իրենց վարժութիւններով։ Յետմիջօրէին, կեդրոնը կը դատարկուի, որպէսզի նորեր հիւրընկալէ։ Երեկոյեան ժամերուն, մէկ ձեռքերնին ճամպրուկներ, իսկ միւսը` գծագրական նկար կամ վրձին, պզտիկներ կը հաւաքուին գծագրական սենեակը, վարժուելու եւ սորվելու գծագրութեան կանոններն ու մեթոտները՝ հմուտ արուեստագէտի մը հսկողութեամբ։

Նոյեմբերը կը մօտենայ, տոհմիկ օրուան նախապատրաստական աշխատանքները կը ծաւալին, օժանդակ յանձնախումբին գործերը կը շատնան։ Անոնք համարեա շաբաթական դրութեամբ կը կատարեն իրեն ժողովները եւ վերջաւորութեան զուտ հայաշունչ ձեռնակով մը հանդէս կու գան գանատահայութեան։

- Ո՞ւր են ընկերներս, ուշացայ, արդեօք սկսա՞ն փորձի... հա կը լսուի թմբուկի եւ շեփորի ձայները, երթամ ժամանակ չկորսնցնեմ,- պզտլիկ եղբայր մը, ուշացած, կը փութար դէպի բակ, շեփորախումբի փորձերուն ներկայ ըլլալու համար։ Անվերապհօրէն, պատանիներ իրենց ծնողներու օգնութեամբ, շաբաթական դրութեամբ կը ներկայանան Հայ կեդրոն եւ կը մասնակցին շեփորախումբի փորձերուն։ Նորակազմ խումբը, հակառակ փոքրաթիւ անդամներուն, ղեկավարի հսկողութեամբ կը սորվի ազգային երգեր եւ կը գունաւորէ գաղութին ձեռնարկները։

Գիշեր է․ մէկ կողմէն ազգային եւ միութենական ժողովներ, երգչախմբային փորձեր, ԳԵՄ-ականներու եւ ՀՄԸՄ-ականներու հաւաքներ, իսկ միւս կողմէն քաղցած հիւրեր, որոնք կը սիրեն օգտուիլ ու համտեսել կեդրոնին ճաշերը, ինչպէս նաեւ խումբ մը բարեկամներ կը հանդիպին եւ գաւաթ մը «գանատական սուրճի» շուրջ կը զրուցեն։

Ինչպէս կարելի է խօսիլ Հայ կեդրոնի առօրեային մասին եւ պահ մը չ'անդրադառնալ կիրակնօրեայ անձուդարձին։ Ամէն կիրակի Հայց առաք եկեկղեցւոյ կոչնակը կը հնչէ, շատեր ակումբ, իսկ ուրիշներ մուտք կը գործեն եկեղեցի։ Տպաւորիչ է պատարագի ժամը, եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն, բոլորը երկիւղածութեամբ կը հետեւին պատարագին, իսկ տղամարդիկ ակումբը ընկերային հաւաքներ կը կատարեն եւ գործի ու աշխատանքային թելադրանքներ կու տան իրարու։ Կէսօրուան ժամերուն ակումբը հոծ բազմութեամբ կը լեցուի․ խումբ-խումբ բարեկամներ կը զրուցեն եւ զիրար կը հիւրասիրեն։ Համազգայինի շքեղ եւ հմայիչ գրադարանը բաց է, մեծեր կամ փոքրեր եկած են օգտուելու գրադարանի գիրքերէն, կամ ցուցադրուած հայաշուչ զարդերէն։

Անծայրածիր Գանատայի մէջ, օտար տարածքի վրայ, գանատահայեր դեռ վաղ օրերուն, կառուցած են հայ կեդրոն մը, որ այսօր իր գիրկը հիւրընկալած է մեծաթիւ հայեր, կը պահէ հայակական մշակոյթը եւ լեզուն։

Քարաշէն եւ գեղեցիկ այս կառոյցը պիտի շարունակէ ուռճանալ եւ գեղեցկանալ այնքան ատեն, որքան պատանիներ, երիտասարդներ, միութենականներ, երէցներ եւ բազում հայեր այցելեն եւ վառ պահեն հայու ինքնութիւնը։ ֎


Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի սեպտ. 2025 (#217) թիւին մէջ:

Previous
Previous

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 47-րդ վերամուտը. առաջին զանգը դարձեալ հնչեց Թորոնթոյի մէջ

Next
Next

Armenian Association of Toronto to host online interview with NBA, Team Armenia coach Rex Kalamian