Թորոնթոհայ Քրիստափոր Արթինի յիշատակին նուիրուած ժողովասրահ՝ Պէյրութի մէջ

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի ժողովասրահը անուանակոչուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակ, հաւատաւոր դաշնակցական Քրիստափոր Արթինի (Յարութիւնեան) անունով։ Լիբանան ծնած, թորոնթոհայ Քրիստափոր Արթին նահատակուած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:

լուսանկարը տրամադրած է ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն

7 նոյեմբեր 2025-ին, «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած ժողովասրահի բացման հանդիսութեան ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէութիւններու ներկայացուցիչները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, Քրիստափոր Արթինի ընտանեկան պարագաները, գաղափարակից ընկերներ, բարեկամներ։

Խօսք առնողները ընդգծեցին նահատակ ընկերոջ անբասիր հայրենասիրութիւնը եւ անսակարկ նուիրումը իր դաւանած գաղափարներուն, որոնք ալ զինք մղեցին անվարան նետուելու մարտի դաշտ` պաշտպանելու հայրենիքը:

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի խօսքը ուղղած ընկհ․ Մարալ Մխսեան՝ Քրիստափորի կեանքի վաղ տարիներուն մասին խօսելով՝ ըսաւ, որ 80-ական թուականներուն Քրիստափորը «Նիկոլ Դուման» ակումբի պատանեկան միութեան ամենէն աշխուժ ընկերն էր։ Իր աշխուժութեամբ կը փայլէր թէ՛ դպրոցին, թէ՛ գործին եւ թէ՛ ընկերային կեանքին մէջ։ Ան «Զաւարեան» պատանեկան միութեան երկար տարիներու վարիչ եղած է եւ միշտ ուչքառու աշխուժութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի վերաբերող քննարկումներուն։ «Ճիշտ է, որ իր պատանեկութեան տարիներուն Հայաստանը չէր տեսած, հոն չէր ապրած, սակայն Հայաստանը իր մէջ կ’ապրէր, որովհետեւ ան Հայաստանը սիրող ընտանիքի մը մէջ կ’ապրէր․ մանաւանդ հօրմէն ժառանգած էր դաշնակցականի հայրենասիրութեան զգացումը», ըսաւ ընկերուհին, մատնանշելով, որ պատանի Քրիստափորը այդ տարիներուն արդէն հասկցած էր, որ ազգ մը առանց հայրենիքի չի կրնար գոյատեւել, իսկ հայրենիքն ալ առանց ուժի չես կրնար պահել։

Քրիստափոր Արթինի հետ նոյն տարիներուն «Զաւարեան» պատանեկան միութեան անդամ եղած Լուսիկ Աֆարեան կիսուեցաւ իր յիշողութիւններով եւ նշեց, որ Քրիստափորը արտադպրոցական ժամերուն միշտ «Նիկոլ Դուման» ակումբէն ներս էր, բոլորին հասնող, ժպտուն, ուրախ եւ քաջ նկարագրով սիրուած պատանի մը։ «Այսօրուան պէս կը յիշեմ, Քրիստը դպրոցին մէջ չարաճճի տղայ էր, ճարպիկ ու սրամիտ, տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն սիրելին։ Անոր նկարագրին մէջ շեշտուած էին քաջութիւնը, ջերմ ընկերականութիւնը, համեստութիւնը եւ անձնուիրութիւնը։ Բարոյական բարձր սկզբունքներու տէր, ան չէր հանդուրժեր շողոքորթութիւնն ու կեղծաւորութիւնը։ Իր խօսքերը յստակ էին, հատու եւ վճռական։ Ան սիրահար մըն էր մեր յեղափոխական պատմութեան եւ գրականութեան։ Ֆետայիներու անձնազոհութիւններու մասին կ’արտայայտուէր յաճախ․ Պանք Օթոմանի, Խանասորի, Սասնայ ապստամբութեան մասին կը խօսէր այնպէս, կարծես ինք մասնակից եղած ըլլար այդ բոլորին», նշեց ընկերուհին։

Լիբանան ծնած ու հասակ առած Քրիստափորը այնուհետեւ գաղթած է Գանատա, Թորոնթօ, ուր շարունակած է աշխուժ մասնակցութիւն ունենալ տեղի ազգային-հասարակական եւ կուսակցական կեանքին: Եղած է ՀՅԴ պատանեկան միութեան դաստիարակ եւ վարիչ-առաջնորդ: Գաղափարական իր համոզումները եւ հայրենասիրութիւնը գործնականի վերածելով՝ մասնակցած է արցախեան առաջին ազատամարտին։ Պատերազմի աւարտէն ետք վերադարձած է Գանատա, սակայն որոշ ժամանակ մը անց վերջնականօրէն հաստատուած է Հայաստան եւ բնակած է Սիւնիք։ Կազմած է իր ընտանեկան բոյնը` ամուսնանալով Գայիանէ Շահվերդեանի հետ։ Անոնք ունեցած են դուստր մը` Արազը: Եղած է ՀՅԴ Կապանի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչը։

Ան իր ապրած կեանքով, նուիրումով եւ զոհողութեամբ եղաւ հայրենասիրութեան եւ հայրենիքին ծառայելու տիպար: Ո՛չ մէկ ատեն տատամսեցաւ մեկնելու պատերազմի գօտի՝ պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները: Նախապէս արցախեան պատերազմին մասնակցած եւ յաղթանակի կերտման մէջ իր ներդրումը ունեցած Քրիստափորը՝ 44-օրեայ պատերազմի առաջին իսկ օրէն միացաւ Դաշնակցութեան կամաւորական ջոկատին։ Նահատակուեցաւ 6 հոկտեմբեր 2020-ին, Վարանգաթաղի բարձունքին մղուած մարտերու ընթացքին` հաւատարիմ իր կուսակցութեան «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսին:

Քրիստափոր Արթինի հոգին, ինչպէս հազարաւոր նահատակներու հոգիները, կը ժախրէ Արցախի երկնակամարին, հսկելու անոր լեռներն ու ձորերը, մինչեւ այն պահը, երբ անոր զաւակները վերադառնան իրենց սրբազան Տունը։

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Armenia’s winter spirit will come to life on POM’s Gala big screen

Next
Next

Ճամբորդական օրագիր՝ դէպի հայկական Եգիպտոս