Ճամբորդական օրագիր՝ դէպի հայկական Եգիպտոս
Կ՚ուղղուիմ դէպի Եգիպտոս։ Հրեշտականման տալոջս տարելիցն է։
Ունիմ նաեւ երկրոդ կարեւոր դրդապատճառ մը։ Այս տարի Հայ օգնութեան միւթեան (ՀՕՄ) «Ռուբինա» մասնաճիւղի 31-րդ «Տոհմիկ օր»-ը նուիրուած է Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայ գաղութներուն։
Ճամբան Հոլանտայէն պիտի անցնի։ Տալոջս տղան՝ Խաչիկը, հոն հասատուած է։ Արդէն բերանացի եւ գրաւոր գրած է. «Քեռկին, արեւմտահայերէն գիրքեր բեր հետդ։ Հոս հայկական գրադարան մը կը կազմենք եւ կ’ուզենք, որ Եւրոպայի լաւագոյնը ըլլայ»։
Պայուսակներս ուրախութեամբ լեցուցած եմ Ռ. Հատտէճեանի, Արամ Հայկազի, Մ. Գարագաշեանի, Մ. Թէօլէօլեանի, Գ. Զոհրապի, Զօրավար Անդրանիկի, Հայոց պատմութեան՝ աւանդական ուղղագրութիւնով գրուած եւ «Տոհմիկ օր»-երու գիրքերով, որոնք Թորոնթոյի Համազգայինի գրատարածէն գնած եմ։
Ժամանումիս յաջորդ օրն արդէն կ’ուղղուինք Ամսթերտամի հայկական եկեղեցին, որ 1715-ին կառուցուած է։ Փլելու վտանգին մէջ էր։ Եթէ հայ գաղութը չվերականգնէր, հոլանտական կառավարութիւնը ձեռք պիտի ձգէր զայն եւ նորոգուելէն վերջ պիտի վերածէր թանգարանի։ Այդպիսով այլեւս պետութեան պիտի պատկանէր։ Գաղութին կատարած դրամահաւաքը բաւարար չէր։ Բայց մեր հնարամիտ եւ արթուն հայերը գտած են շատ մատչելի ձեւով պարտք առնելու միջոցը եւ՝ մասնագէտներու միջոցաւ եկեղեցին նորոգել տուած։ Հոն նաեւ կայ հին տպագրական մեքենայ մը։ Չորս դար առաջ երբ Վատիկանի պապը չէ արտօնած, որ հայատառ գիրք տպուի, 1661-ին, արցախցի Մատթէոս Ծարեցին մեկնած է Հոլանտա եւ յաջողած է հրատարակել «Յիսուս որդի» գիրքը, ապա յիշատակարան մը։ Ես սիրեցի արցախցիին դրական յամառութիւնը եւ հնարամտութիւնը։ Գրադարանը իր անունով է։ Գրադարանապետը հոլանտուհի մըն է, որ սահուն արեւելահայերէն կը խօսի եւ կը կարդայ։ Գրադարանը եկեղեցիին գետնայարկն է եւ շատ լաւ կառուցուած է։ Գիրքերուն մեծամասնութիւնը արեւելահայերէն է։ Ուրեմն՝ իմ նուիրած գիրքերս իրենց տեղը գտան։
2 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 1-ին կը հասնիմ Գահիրէ։ Օգոստոսի սարսափելի տաքը ինծի արգելք չ’ըլլար, որ կարենամ պրպտել տեղեկութիւններ, հանդիպիլ կամ կապուիլ հեռախօսով կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ։
Տալոջս աղջիկը՝ Մարին, ինծի հաւաստիացուցած է, որ ամէն տեղ պիտի տանի եւ արդէն «Տոհմիկ»-ի գիրքին համար «փառաւոնական» նուէրի տոպրակներու փնտռտուքը ըրած է։ Առաջին օրը կ՚երթանք աշխարհահռչակ Խան Խալիլի թաղամասը, ուր ոսկերիչներու, յուշանուէրներու, անուշահոտերու խանութներ կան։ Շլացուցիչ են ցուցադրուած ապրանքները։ Ժամանակին խանութպաններուն վաթսունհինգ առ հարիւրը հայ ոսկերիչներ էին։ Այժմ երկու ճաշակաւոր խանութներ տեսայ, անմիջապէս զգացի, որ տէրերը հայ են։
Կիրակի, 3 օգոստոսին, Լուսինին առաջին տարելիցն է․ Գահիրէի գերեզմանատունը վերանորոգուած է։ Սուրբ Մինաս մատուռին մէջ է արարողութիւնը։ Տպաւորուած եւ յուզուած եմ։ Հոն է նաեւ մօրս, մեծ մօրս եւ մեծ հօրս գերեզմանը։ Հայ պատասխանատուն նորոգած է խաչը եւ Մարին ալ անունները աւելցնել տուած է մարմարին վրայ։ Նաեւ կան կամաւոր աշխատողներ։ Տեղացի պահակները եւ աշխատողները աչալուրջ են եւ հաւատարիմ։ Այս հողաշերտը կը պարտինք հայազգի զօրավար Պէտր Էլ Տինին։ Հոն թաղուած են Երուանդ Օտեան, դերասանուհի Հրանոյշ, Համօ Օհանջանեան, Նշան Փալանճեան եւ ուրիշներ։
Գիշերը կ’ուղղուինք Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբը։ Յիսունվեց տարիներ առաջ շաբաթը գոնէ երկու անգամ հոն էի, որպէս Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) «Արարատ»-ի արենուշ եւ երիտասարդացի անդամ։ Ճամբան շատ լաւ գիտէի։ Բայց հիմա շրջանը ինքնաշարժներով խճողուած է։ Մարին կը խրատէ, որ ես իջնեմ-երթամ, քովի փողոցն է, մինչեւ ինք ինքնաշարժը շարելու տեղ գտնէ։ Բոլոր վառորդներուն մղձաւանջն է տեղ գտնելը։ Բայց ուղղութեանս կարկինը կը կորսնցնեմ եւ կը զգամ որ տարբեր տեղ գացեր եմ: Կը հարցնեմ աջ ու ձախ։ Փորձառու դռնապան մը կ’ուղղէ զիս։ Յանկարծ հեռուէն կը տեսնեմ նէոն լոյսերու մէջ եռագոյն գոյներով ՀՄԸՄ-ի զինանշանը, որ կը լուսաւորէ երկինքը։ Իսկապէս զգացի Յիսուսի երեք մոգերուն պէս, որոնք հետեւեցան աստղին։ Արդէն ժամադրուած ենք Սոնիային եւ Սուրէնին հետ. անոնք կ՚օգնեն ինծի կարեւոր տեղեկութիւններ հայթայթելով։ Նաեւ կը հանդիպիմ ՀԿԽ (Հայ կարիքի խաչի - ՀՕՄ-ը այդպէս կը կոչուի այդտեղ) գանձապահին։ Կը փոխանակենք կարեւոր տուեալներ եւ իրենցմէ կը խնդրեմ յօդուածներ Գահիրէի հայկական ռատիոժամի եւ ներկայ հայութեան կեանքին մասին։ Սոնիան արդէն սկսած է գրել այդ մասին։ Կ՚ուրախանամ, երբ կը լսեմ, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքն ու աղջիկներ հինգ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներով վերադարձած են Հայաստանէն՝ համաՀՄԸՄական խաղերէն։
Երրորդ օրս կ՚երթամ Այծեմնիկի հանգստեան տունը։ Բնակիչներուն թիւը տասնչորս է եւ տեղ կայ քառասունի։ Սենեակներուն երեք չորրորդը վերանորոգուած է։ Կը հիանամ մաքրութեան։ Առաջնորդարանը ծախսերը կը հոգայ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնն ալ մաս մը կը հոգայ։ Բժշկական հետեւողական քննութիւններ կ’ըլլան, լիաժամ հիւանդապահուհի, պահակ եւ գործաւոր ունին։ Գաղութի ուշադրութիւնը անպակաս է։ Կայ կամաւոր վարչական կազմ մը, որ կը հետեւի եւ կը հարթէ բոլոր մեծ ու փոքր հարցերը։ Հոն կը հանդիպիմ Խեչօ Յակոբեանին, որ նոյնպէս այցելութեան եկած է։ Ան մեծապէս կ՚օգնէ ինծի՝ կապելով գաղութի կարեւոր մարդոց հետ։
Հնչակեան կուսակցութեան եւ «Ջահակիր» ամսաթերթի արտօնատէր Մարտիկ Պալայեանին հետ շատ շահեկան խօսակցութիւն մը ունեցանք։ Երբ հասկցաւ «Տոհմիկ օր»-ուան գիրքի կարեւորութիւնը, անմիջապէս ինծի ուղարկեց շատ թանկարժէք քարտէս մը։ Իր մեծ հայրը՝ Մարտիրոս Պալայեանը, քարտէսագէտ եւ գեղագիր եղած է։ Փորթ Սայիտի վրանաքաղաքի մանրամասն քարտէսը գծած է եւ ցանկագրած է իւրաքանչիւր վրանի մէջ ապաստանած մուսալեռցի ընտանիքի մականունը։ Քարտէսը նախաճաշի սեղանի մը չափն է։ Այս ընտանիքները քաջաբար դիմադրեցին՝ իրենց կեանքը, արժապատուութիւնը եւ գոյութինը պահելով։ Չորս տարիներ Փորթ Սայիտի մէջ ապրեցան վրաններու տակ, ուր եգիպտահայութիւնը ամէն ձեւով օգնեց եւ թիկունք եղաւ անոնց։ Հայթայթեց ուսուցիչներ, կարի մեքենաներ եւ բժշկական հոգածութիւն։ 1919-ին վերադարձան իրենց պապենական գիւղերը՝ Մուսա լեռ։ Այդ քարտէսը պիտի ըլլայ «Տոհմիկ օր»-ուան ցուցահանդէսին մէջ։ Հետաքրքրական է գտնել մեր այնճարցի եղբայր-քոյրերու ընտանիքներու վրանները, ինչպէս Ճանպազեան, Քէնտիրճեան, Քէօսէեան, Խոշեան, Տէր Գալուստեան, Տէր Անդրէասեան, Շէրպեճեան, Շէմմէսեան եւ երկու հազար չորս հարիւր հոգիներու մականունները։
Չորրորդ օրը դարձեալ կ՚երթանք Խան Խալիլի եւ տոպրակներու ապսպրանքը կ՚աւարտենք։ Երկու փոքր ճամբորդական պայուսակներու եւ հսկայ տուփի մը մէջ կը լեցնենք չորս հարիւր հատ հաստատուն եւ գեղեցիկ նուէրի տոպրակները։ Այդ խճողուած փողոցներէն դուրս ելլելը հարց է։ Կը յաջողինք, խանութպանն ալ կ՚օգնէ մեզի։ Այս տոպրակներուն մէջ պիտի դնենք «Տոհմիկ»-ի արժէքաւոր գիրքերը։
Հինգերորդ օրը կ’այցելենք ՀԲԸՄ-ի նստավայրը։ Գործավար տոքթ․ Մարուշ Երամեան եւ Աննա Գազանճեան կ՚ընդունին մեզ։ Լման շէնքը ՀԲԸՄ-ին կը պատկանի։ Արդէն Մարուշը տարիներու կուտակուած կարեւոր թուղթերը, գիրքերը եւ արձանագրութիւնները կարգի դրած է։ Հսկայական աշխատանք է եւ շատ կարեւոր է թէ՛ եգիպտահայութեան եւ թէ՛ մեր պատմական անցուդարձերուն պահպանման համար։ Շէնքը հաստատուն է, բարձր առաստաղներով, մեծ լուսամուտներով, պարտէզով, վերելակով եւ պահակով։ Կը փոխանակենք կարեւոր տեղեկութիւններ։
Վեցերորդ օրը «Կոկանեան» սրահը կ՚երթանք։ Հոն Խեչոյին եւ Սոնային հետ արդէն ժամադրուած ենք։ Երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի թոռնուհին՝ Սիլվան, կը միանայ մեզի։ Հետը իր մեծ հօր «Cette Guerre» վերատպուած գիրքէն օրինակ մը բերած է, առաւել` 2024-ին հրատարակուած Սարուխանի կենսագրութիւնը։ Դասընկերս դոքթ. Էտին տեսայ, որ Նիրիսթ ակումբի վերականգման մէջ մեծ դեր ունեցած է եղբoր` Խաչիկին հետ, առաւել ամէն տարի եգիպտահայ արուեստագէտի մը գործերը օրացոյցի մէջ կը տեղադրէ։ Այդ մէկը մեր «Տոհմիկ»-ի գիրքի ուսումնասիրութիւններուն մեծապէս կ'օգնէ։ Վաղաժամ իր դուստրը կորսնցուցած է։ Մխիթարական խօսքերս տկար են։ Իր փոքրիկ թոռնիկները կու գան իրենց անուշ խօսքերով մթնոլորտը փոխելու։
Եօթներորդ օրը շոգեկառքով կ’ուղղուինք Աղեքսանդրիա։ Ուղղակի կ’երթանք հին քաղաքակրթութեան պատկանող գրադարանը։ Մեր Մեսրոպ Մաշտոցը եւ այլ հայ մշակոյթի հսկաներ հոն ուսումնասիրութիւններ ըրած են։ Տարիներու ընթացքին արշաւանքներու եւ կրակի պատճառաւ խորտակուած է։ Եգիպտական կառավարութիւնը նորը հիմնած է։ Գրադարանի արտաքին պատերուն վրայ հին լեզուներու գիրերը կան` մէջ ըլլալով հայերէնը։ Մեծ կ’ըլլայ մեր յուսախաբութիւնը, երբ գրադարանը գոց է: Ուրբաթ ըլլալուն պատճառով պահակները չեն արտօներ, որ ներս մտնենք։ Առաւել հայերէն գիրերուն առջեւ ցանկապատ մը կայ եւ մեծ ծառ մը։ Կը գտնեմ վերակացու մը, համառօտ կը բացատրեմ հայերու ներդրումը եգիպտական մշակոյթին մէջ, մարդը կը յօժարի ներս մտնելու եւ մեզի համար նկարելու։ Ապարդիւն չէր մեր ըսելը, թէ Գահիրէն հիմնողը՝ Կաուհար էլ Սաքքելին, հայ էր։
Ութերորդ օրը՝ շաբաթ օր, ժամադրուած ենք Կաթողիկէ եկեղեցիի հոգեպայծառ Գրիգոր Գուսայի հետ։ Չորս լեզուներու կը տիրապետէ, արաբական թերթերու մէջ յօդուածներ կը գրէ, Լիբանանի համալսարանի դասախօս է եւ իր հօտին տէրը։ Համեստ է, հաճելի ներկայութիւն է եւ հիւրասէր։ Դրական զգացումներով կը բաժնուինք։ Խոստացած է մեզի ուղարկել թեմի պատմութիւնը եւ այլ խնդրանքներ։
Կիրակի կ՚երթանք Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին, աւելի ճիշտը՝ տաճարը։ Պատարագիչ քահանան հայր Ղուկաս աբեղայ Հոխանեանն է։ Մեր Գալուստեան ազգային վարժարանը 2012-էն ի վեր միացած է Նուպարեան ազգային վարժարանին։ Դպրոցի փոխադրական կառքը կը հաւաքէ հաւատացեալները եւ եկեղեցի կը բերէ։ Մեր դպրոցի անունը եւ եռագոյնը կայ կառքին վրայ։ Ահա ուրիշ դրական երեւոյթ մը։ Դասընկերուհիս՝ Անահիտը, կը տեսնեմ։ Միշտ պատարագէն վերջը փոքրիկ ընդունելութիւն մը կ՚ըլլայ առաջնորդարանը։ Սրբազան հօր՝ տէր Աշոտ Մնացականեանին կը յիշեցնեմ իր ուղարկելիք կարեւոր պատմական լուսանկարները եւ տեղեկութիւնները։ Գիշերը կ’երթանք Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» կեդրոնը։ Դարձեալ կը հանդիպինք վերջին անգամ մեր ընկերներուն եւ իրենց զաւակներուն։
Երկուշաբթի վերջին օրս է։ Կ’երթանք առաջնորդարանի գրադարանը։ Դարձեալ կը զմայլիմ։ Ի՛նչ գանձեր կան։ Հայատառ թրքերէնով Աստուածունչը։ Երբ արգիլեցին հայերէնը, հայ ժողովուրդը գտաւ միջոցը իր հաւատքը եւ այբուբենը պահելու ուղին։ Գրադարանապետը Շաքէն է, որ երկար տարիներէ ի վեր կ'արձանագրէ եւ կը պահէ այս գանձերը։ Կը տեղեկանամ, թէ ինչպէս ամէն գաղութ, երբ մէկը մահանայ անոր գիրքերը գրադարան կը բերեն…։
Երկրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնով կը կապուիմ Անուշքա երգչուհիին հետ։ Ան նաեւ դերասանուհի է եւ արդէն արժանացած է երեք մրցանակներու։ Արաբերէն կ'երգէ բայց իր՝ հայերէն «Միայն թէ մայրս վիշտս չիմանայ» երգը՝ կը խնդրեմ։ «Տոհմիկ»-ի յայտագիրին մէջ պիտի ներառենք:
Կ’երթանք ՀԲԸՄ երկրորդ անգամ եւ Մարուշէն շնորհակալութեամբ կը ստանամ Արտաշէս Գարտաշեանի գիրքի երրորդ հատորը՝ «Նիւթեր Եգիպտոսի hայոց պատմութեան համար», ամբողջացնելու համար մեր հաւաքածոն։ Շատ կարեւոր են մեր ուսումնասիրութիւններուն համար։
«Տոհմիկ»-ի գիրքը եւ ձեռնարկը քայլ առ քայլ կը յառաջանան։ Երկօրեայ ծրագիրները յատուկ են եւ անմոռանալի շաբաթավերջ մը պիտի ըլլայ։ Արդէն տոմսերը ելած են։ Անյապաղ ապահովեցէք ձեր տեղերը։ Ձեր նուիրատութիւնները մեծապէս կ’օգնեն այս գիրքի հրատարակութեան։ Փառահեղ գաղութի մը պատմութիւնն է։
Կը վերադառնամ տպաւորուած։ Քառասուն հազար հաշուող գաղութէն եօթը հազար մնացած է, բայց ունի երկու մեծ գրադարաններ, ամէնօրեայ դպրոց, աշխուժ կեդրոններ, եկեղեցիներ, մատուռներ, գերեզմանատուններ, հանգստեան տուն եւ չորս տեսակ թերթեր, պարբերաթերթեր, ամէնօրեայ ռատիօժամ եւ մշակութային ձեռնարկներ, պարախումբ, երգչախումբ, սկաուտական կեանք եւ կողովագնդակի մրցումներ։ Իւրաքանչիւր հաստատութիւն վերանորոգման փուլին մէջ է։ Եգիպտահայութիւնը ինքնաբաւ է եւ անոր բժշկական եւ ուսումի ծախսերը առաջնորդարանը կը հոգայ։ Ունի շատ գեղեցիկ դեսպանատուն մը։ Դարձեալ բարերարուհիի մը կտակով նուիուած է։ Բոլոր կառավարական եւ պաշտօնական արտօնագիրները կանոնաւոր են եւ թափանցիկ։ Քաղաքապետը եւ երկրի մեծամեծները շատ լաւ գիտեն եգիպտահայութեան արժէքը եւ տեղը։ ֎
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի նոյեմբեր 2025 (#219) թիւին մէջ: Լուսանկարները տրամադրած է հեղինակը: