ՀՀ զինուած ուժերու փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեան այցելեց Օնթարիոյի խորհրդարան
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—30 հոկտեմբեր 2025-ին, Օնթարիոյի խորհրդարան այցելեց Հայաստանի զինուած ուժերու փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեանը, որ Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու մարզական ազգային ֆետերասիոնի հիմնադիրն է եւ՝ Եւրոպայի պարա-բազկամարտի հնգակի, աշխարհի քառակի եւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան եւ գաւաթակիր։
Փոխգնդապետ Ստեփանեանին կ'ուղեկցէին կողակիցը՝ Արմէնուհի Ստեփանեան եւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ եւ Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Զարեհ քհն․ Զարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այցելութիւնը կազմակերպուեցաւ Նահանգային խորհրդարանի անդամ, ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, քաղաքացիութեան եւ բազմամշակութայնութեան նախարարի խորհրդարանական օգնական եւ ժառանգութեան, ենթակառուցուածքներու եւ մշակութային քաղաքականութեան մշտական յանձնաժողովի անդամ Արիս Պապիկեանի հրաւէրով:
Երեսփոխան Պապիկեան խորհրդարանական նիստի ժամանակ ջերմօրէն դիմաւորեց հիւրերը, որոնք հնարաւորութիւն ունեցան հանդիպելու նախարարներու եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի երեսփոխաններու հետ:
Այցելութեան նպատակն էր` ընդգծել հայ ժողովուրդի նուաճումներն ու դիմադրողականութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել հայ-գանատական համայնքի եւ Օնթարիոյ նահանգի միջեւ կապերը:
Փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեանի Թորոնթոյի այցելութեան մասին ընդլայնուած թղթակցութիւնը լոյս պիտի տեսնէ մեր յաջորդ թիւին մէջ (դեկտեմբեր 2025, #220):
(լուսանկարն ու տեսերիզը՝ Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի)