Ցաւագին «Տէ՛ր, ողորմեա՛». Լոռիին մտորումները

Կեանքը ի՞նչ կ’արժէ, երբ ցաւ ունիս։ Ուրիշ հարցեր կը յիշե՞ս, երբ հիւանդ ես։ Երբ մարմնիդ մէկ մասը վիրաւոր է, կեանքդ նոյնպէս կրնա՞ս շարունակել։ Հապա եթէ սիրելիդ հիւանդ է, հանգիստ կը քնանա՞ս գիշերները։

Կ՚ըսեն՝ առողջութիւնը թագ մըն է, զոր առողջները կը հագուին, բայց միայն հիւանդները կը տեսնեն, բայց չեն ըսեր, թէ հիւանդութիւնը նաեւ կը զօրացնէ հիւանդին ու անոր սիրելիներուն հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ հետ։

Նոր տարուան առաջին ժամուն՝ հաւատացեալները ներկայացան երկնային Հօր տունը։ Յոյսը կը շրջէր մարդոց ժպիտներէն եկեղեցւոյ չորս կողմը։ Ի վերջոյ նոր տարին առիթ մըն է վերսկսման։ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ եկած են նորոգուելու, Նոր տարին օրհնելու, մեղքերը քաւելու։

Սակայն, երբ «Տէ՛ր, ողորմեա՛» կ՚երգէին, թաքնուած իրականութիւնը յայտնուեցաւ։ Հայր սուրբին առաջնորդութեամբ՝ եկեղեցին մթութեան մէջ կ՚երգէր այս բաժինը, երբ բոլորին ձայները բարձրացան.-

«Ամենասուրբ Երրորդութիւն,

Տո՛ւր աշխարհիս խաղաղութիւն:

Եւ հիւանդաց բժշկութիւն,

Ննջեցելոց արքայութիւն»։

«Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն դադրեցաւ երգ մը ըլլալէ, դարձաւ վիրաւոր սրտերու օգնութեան կանչն առ Աստուած։ Սովորաբար, եկեղեցւոյ ներկաները չեն իսկ երգեր շարականները։ Այդ գիշեր իւրաքանչիւր բառ ապրումով ու փակ աչքերու տակ արցունքներ պահելով կ՚երգէր ամբոխը։ Ներկաներուն յուզիչ երգեցողութիւնը շարունակուեցաւ ամբողջ պատարագի տեւողութեան։ Լսեցի՝ ինչպէ՛ս Աստուծոյ առջեւ իւրաքանչիւրը ներկայացուց անցնող տարուան հաւաքած վէրքերը։ Տեսայ իրենց աղօթքներուն մէջ նշուած հիւանդները, իրենց վրայ հսկող ննջեցեալ հրեշտակները, իրենց վրդոված հոգիներուն մտահոգութիւնը։ Ներկաները կը խնդրէին բժշկութիւն, կ’ընդունէին իրենց անկարողութիւնը հարց մը լուծելու, ու Աստուծոյ ամենակարողութիւնը կ’ամրապնդուէր։ Գաղութը կը ցաւէր։

Ու հասկցայ պատասխանը բոլորին հարցումներուն՝ ինչո՛ւ․ ինչո՞ւ կայ ցաւ, հիւանդութիւն, մահ, պատերազմ, ինչո՞ւ տառապանքը դարձած է սովորական։ Երբ ունինք առողջութիւն ու խաղաղութիւն, բարձրաձայն կը պաղատի՞նք Աստուծոյ օգնութեան, կ’աղօթե՞նք այսքան անկեղծութեամբ։ Ցաւը պարզապէս ձեւ մը մըն է, որ Աստուծոյ մօտենանք։ Կը կուրնանք մեր գանձերուն արժէքէն, մինչեւ ան մեր ձեռքէն խլուի։

Տէ՛ր, ողորմեա՛, Տէ՛ր, ողորմեա՛,

Յիսուս փրկի՛չ, մեզ ողորմեա՜: ֎

***

Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի փետրուար 2025 թիւին (#210) մէջ:

Լոռի Պէրպէրեան

Ծնած է Պէյրութ, 2015-ին փոխադրուած է Թորոնթօ ուր յաճախած է ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանը։ Ընկերաբանութիւն եւ համաշխարհային յարաբերութիւններ կ’ուսանի Թորոնթոյի համալսարանէն ներս։ Աշխուժ անդամ է Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղի ու Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ։ Լոռին կը սիրէ արձակ գրութիւններ գրել, ասմունքել ու երգել:

Previous
Previous

Ես իմ տունս գտայ. Տիրուկին հետ

Next
Next

Helping shape Armenia’s AI future: How a Toronto-Armenian is innovating in Yerevan