Ես իմ տունս գտայ. Տիրուկին հետ
- Եկո՛ւր, եկո՛ւր, բան մը պիտի ըսեմ,- զիս կանչողը Արնէլն էր, մանկապարտէզի վարի յարկի դասարաններէն մէկուն ուսուցչուհին,- Վերի յարկը շուտով ուսուցիչի նոր օգնական մը պիտի գայ, ընկերուհիս է,- ըսաւ ան իր անհասկնալի անգլերէնով (ընդհանրապէս չինացիներուն խօսած անգլերէնը դժուարութեամբ կը հասկնանք):
- Օգնակա՞ն…է՛հ, թող գայ, հազար բարի։ Դուն եղա՞ր անոր միջնորդը,- հարցուցի՝ ինքզինքս շատ հետաքրքրուած ձեւացնելով։
- Այո՛, վերջերս հոս՝ Թորոնթոյի մէջ, իրարու ծանօթացանք,- պատասխանեց ուրախութեամբ։
Անոր աչքերը այնպէս մը կը փայլէին, որ կարծես փոխանցածը շատ անհրաժեշտ տեղեկութիւն մը ըլլար եւ կամ զիս հետաքրքրող նիւթ մը։ Ինչո՞ւս էր պէտք նոր եկող օգնականին մասին ամիս մը առաջ իմանալս։
- Շատ հրճուած կ'երեւիս, վստահ որ ինքն ալ Չինաստանէն եկած է,- ըսի, լայն ժպիտը դէմքիս։
- Ո՛չ, ո՛չ, քեզի պէս հայ է, հա՛յ։ Ան քու երկրացիդ է,- ըսաւ ու ջերմօրէն ժպտեցաւ։
- Հա՞յ, թերեւս հայ չէ, այլ՝ սուրիացի,- պատասխանեցի, կարծելով որ շփոթած էր։
- Հա՛յ է, հա՛յ, քրիստոնեայ։ Անի է անունը, Լիբանանէն եկած է,- ըսաւ եւ վիզէս փաթթուեցաւ։
Աւետիս մըն էր փոխանցածը, իսկական աւետիս։ Ուստի ես ալ Արնէլին ամուր փաթութեցայ, շնորհակալութիւն յայտնեցի ու աչքերս փակելով պատկերացուցի գալիք հայաբոյր օրերու քաղցրութիւնը։ Երջանկութիւնս անսահման էր, վերջապէս ես ալ այս օտար մանկապարտէզին մէջ պիտի կարենայի հայերէն խօսիլ ու հայերէնով արտայայտուիլ, վերջապէս ես ալ արիւնակիցի մը հետ պիտի կիսէի աշխատանքային առօրեաս, վերջապէս այդ դպրոցի պատերը հայերէն խօսակցութիւն պիտի լսէին ու հայերէն արձագանգէին եւ վերջապէս հարազատի մը կարօտ մնացած հոգիս պիտի խաղաղէր ամէն առաւօտ։ «Բարի լոյս»-ով աշխատանքի սկսելով՝ թերեւս ալ այդ երիտասարդ հայուհին հարազատէ մը աւելի մօտ պիտի ըլլար ինծի։
Յուզումի եւ բերկրանքի խառն զգացումներ միատեղ ճամբայ ելած էին՝ փութալով հասնիլ մարմինիս իւրաքանչիւր բջիջին։ Անոնք դողի ու աղի արցունքի կերպարանք առնելով սարսեցուցին խօսակիցս, որ այս աստիճան ազդուիլս չէր ակնկալեր եւ ինծի համար, հո՛ս, հայու մը ներկայութեան կարեւորութեան արժէքին իմաստը չէր հասկնար։ Ան ձեռքերս սեղմելով՝ «Այո՛, ընկերուհիս հայ է ու շատ աղուոր աղջիկ մըն է»,- ըսաւ ու Ֆէյսպուքէն անոր նկարը ցոյց տուաւ։
Դեկտեմբեր քսան էր, տարեդարձիս օրը, երբ այս աւետիսը ստացայ։ Ասկէ աւելի լաւ նուէ՞ր։ Այլեւս ո՛չ թէ մինակս, այլ երկուքով պիտի կարենայինք օտարներուն ծանօթացնել մեր արմատները, մշակոյթն ու լեզուն։ Այո՛, երկուքս պիտի ըլլայինք տասնեակ ընտանիքներու, փոքրիկներու եւ աշխատակիցներու աչքին առաջ հայութեան անուան պատկառելի պատկերը կերտողները։
Արդեօք շատ զգացական կը մօտենայի՞ այս հարցին, բնաւ ո՛չ։ Մենք՝ հայե՛րս, ուր որ ալ գացած՝ ծաղկեցուցած ու գեղեցկացուցած ենք. անշուշտ երբեմն զարտուղի դէպքերու կամ անախորժ բացառութիւններու տեղի տուած ենք, մանաւանդ երբ միասնական չենք եղած, բայց ի՜նչ փոյթ, վերջապէս մենք ալ մարդ ենք, ու երբեմն մեր անբիծ ծովուն զուլալ կոհակներն ալ իրենց հետ կեղտեր բերած, տեղադրած են մեր իսկ ոսկէ աւազին փայլուն մակերեսին…ամէն պարագայի ես միշտ լաւատես եղած եմ ու այդպէս ալ պիտի մնամ։
Վերջերս, տարիներու փորձառութեան ու տարբեր երկիրներու մէջ այլազան մարդկանց հետ ծանօթանալուս, աշխատելուս ու անոնց հետ շփուելուս շնորհիւ ձեռք ձգած եմ նոր յատկութիւն մըն ալ, որ եկած է գումարուելու ունեցած նախկին յատկութիւններուս։ Անձի մը դէմքին նայելով, անոր լաւ ու վատ յատկութիւնները գուշակելու յատկութիւնն է, որ զիս առաջնորդելով մարդոց ատաղձը իմանալու եւ զանոնք ճանչնալու կը մղէ։ Ահաւասի՛կ, այդ օրը նոյն բանը կատարուեցաւ հետս։ Անծանօթ Անիին նկարը տեսնելուս պէս սիրտս ջերմացաւ եւ անոր ազնուութեան, արթուն մտքին ու բարի սրտին պատկերը նշմարեցի անոր սեւուկ աչքերուն ու քաղցր ժպիտին մէջ։
Անհամբեր կը սպասէի անոր ժամանմանը։ Նախքան իր գալը բոլորին սկսայ յայտարարել, որ նոր ուսուցչուհին ինծի պէս հայ է։ Ուսուցչուհիները, որոնք նախքան հետս ծանօթանալը հայութեան մասին գաղափար անգամ չունէին, սկսան հարցումներու տարափին տակ խեղդել զիս՝ «Նոյն լեզո՞ւն կը խօսիք։ Ինքն ալ քրիստոնեա՞յ է։ Ինչպէ՞ս նոյն հայրենիքը ունիք, երբ որ դուք տարբեր երկիրներէ եկած էք։ Ինքն ալ քեզի պէս motherland-ին մէջ չէ՞ ծնած…»։ Արդէն այս հարցումներուն ուղղուիլն ու անոնց պատասխանելս ինքնին Հայոց պատմութեան ու Ցեղասպանութեան մասին խօսելու դռները սկսած էին լայնօրէն բանալ։ Տեսա՞ք, թէ ինչո՞ւ այդքան հրճուած էի։ Ինծի համար շատ կարեւոր է մեր՝ թիւով փոքր, բայց տաղանդով, արուեստով ու մշակոյթով չափազանց ճոխ ու հարուստ ազգս ներկայացնել օտարներուն։
Սպասուած օրը եկաւ։ Անին դէմս կեցած՝ «Hi, I'm Ani, the new assistant»,- ըսելով ինքզինքը ծանօթացուց։ «Բարեւ Անի՛, Ես հայ եմ։ Անհամբեր քեզի կը սպասէի։ Բարի եկար, հազա՜ր բարի»,- ըսի ու հարիւր տարուան հարազատի ջերմութեամբ փաթթուեցայ՝ արտաքինին պէս նուրբ ձայն ունեցող հայուհիին վիզէն։
- Ինչ որ պէտք ունենաս հարցո՛ւր, չքաշուիս, հը՞, հարցո՛ւր։ Միշտ պատրաստ եմ սիրով օգտակար դառնալու։ Այս դպրոցին բացուած առաջին իսկ օրէն հոս կը պաշտօնավարեմ, կրնաս որեւէ բանի համար ինծի դիմել, - ըսի, անոր ձեռքերը ամուր-ամուր սեղմելով։
- Շատ շնորհակալ եմ, Արնէլը ըսաւ, որ այս մանկապարտէզին մէջ հայ մը կայ, բայց այսքան հարազատ մօտեցում մը չէի ակնկալեր։ Վստահ շատ բաներ պէտք պիտի ունենամ ու անպայման պիտի հարցնեմ,- պատասխանեց ան զարմացած։
- Մի՛ զարմանար, ես հոս հայ մը տեսնելու կարօտը ունէի, հիմա այդ կարօտս քեզմէ պիտի առնեմ,- աւելցուցի ու բոլոր սենեակներն ու դասարանները ցոյց տուի իրեն։
Միայն տասը վայրկեան ունէինք մեր վերջ չունեցող խօսակցութիւնը ու պատմելիքները անոր մէջ խցկելու։ Միջանցքին ու դասարաններուն պատերուն ականջները իրենց լսած նոր լեզուին հնչերանգով գոհ ըլլալու էին. անոնցմէ արձագանգող խազերը հոգւոյս խորերը ներթափանցելով կ’արբեցնէին զգայարանքներս։ Սկսած էի աւելի աշխուժ աշխատիլ ու գործս շուտ վերջացնել, որպէսզի անգին հայրենակիցիս հետ կիսէի մեր կեանքի հին ու նոր իրադարձութիւնները։ Ուսուցչարանին մէջ գտնուող ուսուցչուհիները սկսած էին՝ նոր լեզու մը լսելով՝ հարցումներու շարանով ընդհատել մեր խօսակցութիւնը։
Անցնող օրերը մեզի իրարու աւելի կապեցին. պատմեմ՝ իմացէ՛ք։ Անին, իրմէ ակնկալուած պատասխանատուութիւններուն գիտակ անձն էր, իսկ այդ պատասխանատուութիւնները իրմէ պահանջող անձերուն վարուելակերպը շատ ճնշիչ ու խոցելի էր՝ շատ նուրբ ու ազնիւ էութեան տէր Անիին համար։ Դպրոցին մէջ քանի մը անձեր՝ դասարաններուն պատերը սեղմելով՝ Անիին ազատ շարժելու տարածքը այնքան նեղցուցած էին, որ ան այդ հաստ պատերուն ծանրութիւնը չէր կրցած վանել իր փոքրիկ սրտէն եւ քանի մը անգամ լացած էր։ Յաճախ, մեծ քրոջ հանգամանքով, կը խրատէի զինք ու կրած ծանր բեռը թեթեւցնել կը ջանայի։ «Դուն իմ հայս ես, ես չե՛մ ձգեր, որ մէկը վրադ փոշի դնէ, կը պաշտպանեմ քեզ, միայն քիչ մը համբերէ։ Հրաժարիլ չմտածես, հո՛ս պիտի մնաս», կը կրկնէի եւ անշուշտ զինք նեղացնողներուն ալ պէտք եղած դասը կու տայի։
Մենք, ընդմիջումներուն կը խօսէինք, կը յուզուէինք, ապա՝ անոր տրամադրութիւնը փոխելով՝ կատակ մը կ’ընէի, եւ երկուքով կը ծիծաղէինք ու կը խնդայինք։ Որքան նման էր մեր վիճակը Սարոյեանի «Հայն ու հայը» պատմուածքի երկու անծանօթ հերոսներուն՝ Սարոյեանի ու սպասեակին, որոնք օտար երկրի մը գարեջրատան մէջ իրարու հանդիպելով կը խօսէին հայերէն ու կը ծաղրէին աշխարհի մեծ գաղափարները։ Ահաւասի՛կ, մենք ալ երկու օտար հայեր, օտար վայրի մէջ հայերէն խօսելով կը յուզուէինք եւ միեւնոյն ժամանակ կը ծաղրէինք մեզի դժուարութիւն տուողներուն անհիմն կեցուածքը։ Մանկապարտէզին որ մէկ անկիւնը որ հանդիպէինք, այդ անկիւնը Հայաստան կը դառնար մեզի համար։ Մուշեղ Իշխան ի զուր տեղ չէ ըսած՝ «Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն, ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ…»։ Որքա՜ն իրապաշտ եւ իրաւացի էր հայ բանաստեղծը, ահաւասիկ անոր խօսքին ճշգրտութիւնը ես լիովին կը վայելէի այսօր ու այս օտար դպրոցին մէջ իմ հարազատ տունս գտած էի։ Ալ ձեռքէս կը փախցնէի՞ այդ սրբութիւնը… երբե՛ք, չէ որ անորմէ կը ստանայի սէր ու սնունդ՝ սրտի հպարտ ցնծութիւն։
Փառք Աստուծոյ, Անին խրատներս լսեց եւ ժամանակի ընթացքին դժուարութիւնները ոտնակոխ ըրաւ։
Այսօր, ամիսներ անց, ան իր խոհեմութեամբ, համեստութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ դարձած է բոլորին սրտի մօտիկ գործընկերուհին։ Անոր շուրջը գտնուող անախորժութեան պատերը վերացած են։ Իսկ մենք՝ երկուքս, մեր հարազատ տունը հայերէն լեզուին մէջ գտած՝ մեզի համար փոքրիկ Հայաստաններ կառուցած ենք մանկապարտէզին իւրաքանչիւր անկիւնին մէջ։ ֎
***
Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի փետրուար 2025 թիւին (#210) մէջ:
*Լուսանկարը՝ Sigmund