Նամակներ խմբագիրին (#229)

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Թորոնթոհայ»-ի,

Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ ձեր օգոստոսի թիւին մէջ հրատարակած էք ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի «Լափոյեան» երկրորդականի շրջանաւարտներուն ողջերթի ուղերձները: Մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հպարտութեամբ ընթերցեցի մեր նորահաս շրջանաւարտներուն մտածումներն ու տեսակէտները։ Յատկապէս յուզիչ ու տպաւորիչ էր անդրադառնալ անոնց արմատներուն՝ պատմական Հայաստանի բնօրրաններէն ու սփիւռքեան տարբեր գաղթօճախներէն։ Այդ բոլոր երակներէն սնած երիտասարդները մէկ յարկի տակ հայեցի կրթութեամբ զինուած տեսնելը ինքնին մեծ հարստութիւն է։

Նոյնքան ուրախալի եւ յուսադրիչ է գիտնալ, որ անխտիր բոլորն ալ կը պատրաստուին հետամուտ ըլլալու բարձրագոյն ուսման։ Այս իրողութիւնը լաւագոյն փաստն է, որ հայկական վարժարանը իր դերն ու առաքելութիւնը կը կատարէ լիուլի՝ կերտելով ո՛չ միայն հայեցի ինքնագիտակցութեամբ տոգորուած հայորդիներ, այլեւ ուսումնատենչ, լաւ պատրաստուած եւ յաջողութեան պատրաստ քաղաքացիներ։ Փա՛ռք ու գոհութիւն Աստուծոյ: ֍

Սիրով ու յարգանգով՝

Ընթերցող մը

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

ՆՈՐ ԹԻՒ/NEW ISSUE - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2026 OCTOBER [#230]

Next
Next

Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան Թորոնթոյի մէջ.