Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան Թորոնթոյի մէջ.

Ժողովրդային հաւաք՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու իրաւական պայքարին շուրջ

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Թորոնթոհայ համայնքը 6 հոկտեմբերին առիթը պիտի ունենայ իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանի ներկայութեամբ մօտէն ծանօթանալու արցախահայութեան եւ հայ ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ամենէն հրատապ հարցերուն:

Գանատայի հայ դատի յանձնախումբի (Armenian National Committee of Canada - ANCC) եւ «Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոն»-ի (Armenian Legal Center for Justice & Human Rights - ALC) համատեղ նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք՝ նուիրուած Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներուն, քաղաքացիական պատանդներուն եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատագրման ուղղուած իրաւական պայքարին:

Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 6 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ. մուտքը ազատ է:

Հաւաքին գլխաւոր բանախօսն է միջազգային իրաւունքներու մասնագէտ, մարդկային իրաւանց պաշտպան, ALC-ի գործադիր տնօրէն եւ Միջազգային ու համեմատական իրաւունքի կեդրոնի (ICLC) համահիմնադիր Սիրանուշ Սահակեան: Սահակեան տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ այս բարդ ու վճռորոշ ճակատի առաջամարտիկներէն մէկը՝ անմիջականօրէն ներկայացնելով գերեվարուած անձերու եւ անոնց ընտանիքներուն շահերը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ECHR) մէջ: Անոր եւ իր գլխաւորած մասնագիտական խումբին շնորհիւ է, որ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած պատերազմական յանցագործութիւնները, կտտանքներն ու ապօրինի կալանաւորումները վաւերագրուած են եւ ներկայացուած միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն՝ ստեղծելով իրաւական անհերքելի հիմքեր ազերիական բռնատիրութեան դէմ:

2020-ի Արցախեան պատերազմէն եւ յատկապէս 2023-ի սեպտեմբերին Արցախի ամբողջական հայաթափումէն ետք, Ալիեւի վարչակարգը կը շարունակէ շահագործել հայ պատանդները իբրեւ քաղաքական սակարկութեան լծակ՝ բացայայտօրէն ոտնահարելով Ժընեւեան պայմանադրութիւններն ու մարդասիրական բոլոր կանոնները: Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները՝ պետական ու ռազմական ղեկավարներէն մինչեւ շարքային զինծառայողներ ու խաղաղ բնակիչներ, կ'ենթարկուին շինծու դատավարութիւններու եւ անմարդկային վերաբերմունքի: Իր ելոյթի ընթացքին Սիրանուշ Սահակեան պիտի փոխանցէ վերջին տեղեկութիւնները ECHR-ի ընթացիկ գործերուն, ձեռք բերուած միջանկեալ պաշտպանութեան միջոցներուն եւ այն համակարգուած քայլերուն մասին, որոնք անհրաժեշտ են գերիներու անվտանգութիւնն ու անյապաղ ազատ արձակումը ապահովելու համար:

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, որ տասնամեակներ շարունակ արդիւնաւէտօրէն կը պաշտպանէ հայ ժողովուրդի իրաւունքները Օթաուայի պետական շրջանակներուն մէջ, այսօր կը գործակցի ALC-ի հետ՝ ապահովելու, որ Ազրպէյճանի յանցագործութիւնները մատնուած չմնան անպատժելիութեան:

Թորոնթոյի հայ կեդրոնին մէջ կայանալիք այս հաւաքը հրաշալի հնարաւորութիւն մըն է գաղութի բոլոր խաւերուն՝ առաջին աղբիւրէն լսելու իրականութիւնը, ճշտելու համայնքային ընելիքները եւ մէկ անգամ եւս ապացուցելու, որ Պաքուի մէջ գտնուող մեր անմեղ հայրենակիցները առանձին չեն իրենց տառապանքին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Նամակներ խմբագիրին (#229)

Next
Next

Մեր ՀՄԸՄ-ը | Քրիսեանի ծնունդը դարձաւ փարոս նորհաս ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն