Մեր ՀՄԸՄ-ը | Քրիսեանի ծնունդը դարձաւ փարոս նորհաս ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն
«Երիտասարդութիւնը պէտք է կրթուի կարգապահութեան, ծառայութեան եւ ազգային գիտակցութեան ոգիով»:
- Շաւարշ Քրիսեան
«Երիտասարդութիւնը պէտք է կրթուի կարգապահութեան, ծառայութեան եւ ազգային գիտակցութեան ոգիով»: - Շաւարշ Քրիսեան
ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան որոշումով եւ ՀՄԸՄ-ի մարզական Ա. համագումարի առաջարկով, Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը, 22 յուլիսը, հռչակուեցաւ «Հայ մարզիկի օր»։
Արեւմտահայ մանկավարժ, լրագրող, մարզիկ եւ Հայ մարմնակրթական շարժման առաջամարտիկ մըն էր Շաւարշ Քրիսեան (1886–1915)։ Ան հիմնեց «Մարմնամարզ» մարզական պարբերաթերթը եւ մեծապէս նպաստեց հայ երիտասարդութեան մէջ մարզանքի տարածման։ Քրիսեան կը նկատուի նաեւ ՀՄԸՄ-ի գաղափարական հիմնադիրներէն մէկը։ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Քրիսեան ձերբակալուեցաւ եւ նահատակուեցաւ։
Գանատայի շրջանային վարչութիւնն ու մարզական խորհուրդը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս յատուկ նշանակութեամբ մը յիշատակեցին «Հայ մարզիկի օր»:
Տարուէ տարի գեղեցիկ սովորութեան վերածուած նշեալ օրը այս տարի աւելի լայն մաշտապով յիշատակուեցաւ Գանատայի Օնթարիոյ եւ Քեպէք նահանգներէն ներս անմահացնելու համար Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը՝ մնայուն ներկայութիւն դարձնելով զայն իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական մարզիկի մտքին եւ սրտին մէջ։
Հովանաւորութեամբ Գանատայի շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային մարզական յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 22 յուլիս 2026-ին, Օնթարիոյ-Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցան նահանգային բարեկամական մրցումները, Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի ՀՄԸՄ մարզադաշտէն ներս։ Սոյն օրուան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թորոնթոյի մասնաճիւղի վոլիպոլի Ա. եւ Բ. խումբերը. Ա. խումբը յաղթական դուրս եկաւ: Կողովագնդակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Գէմպրիճի եւ Թորոնթօ մասնաճիւղերու աւագ (senior) խաղցողներուն միջեւ, որոնցմէ Գէմպրիճի խումբը յաղթական դուրս եկաւ։
Սոյն մրցաշարքի աւարտին մասնակիցներուն բաշխուեցան օրուան խորհուրդը ներկայացնող մետալներ՝ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու՝ Յարութ Պետրոսեանի եւ Տաթեւ Պէպէճեանի, ինչպէս նաեւ Մարզական խորհուրդի ներկայացուցիչ Սեւակ Չաքմաքեանի ձեռամբ։
Մրցաշարքը յատկանշական էր կամաւոր եւ օգնական մարզիչներու ներկայութեամբ։ Կեդրոնական վարչութեան մտայղացումով եւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, յատուկ գնահատագրերով պարգեւատրուեցան մարզիչները, որոնք կամաւորաբար եւ նուիրումով կը ծառայեն միութեան մէջ մարզական աշխատանքներու իրենց փորձառութիւնն ուսուցանելով մարզիկներուն։
Սոյն գնահատագրին արժանացան Արազ Խալիլի, Միքայել Գոլենդուխին, Ռուբէն Պետրոսեան, Արմէն Պետրոսեան, Արի Ֆռունճեան, Քրիստ Քէթէնճեան, Գայանէ Շարապխանեան, Մանօ Հալլաճեան, Վիգէն Գալուստեան, Մհեր Ղազարեան, Ֆատի Համամճի, Հրաչ Այնէճեան, Լեւիկ Վարթանոսեան, Յովիկ Թոզճեան, Վիգէն Թուճեան, Նազօ Պերէցեան, Ռաֆֆի Տայեան, Ռաֆֆի Գըլըպոզեան, Սեւակ Չաքմաքճեան, Յարութ Ճանպազեան, Ռաֆֆի Չարշաֆեան, Հրայր Իզմիրեան, Սերոբ Դաւիթեան, Արմէն Ճամճիկեան, Ներսէս Ներսէսեան, Կարօ Սարգսեան, Սուզան Թիւթիւնճեան, Շանթ Հալլաճեան, Հայկ Զագարեան, Սեւան Զարկարեան, Արէն Չարշաֆեան։
Քրիսեանի տեսլականը հասած է իր նպատակին։ Այսօր ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ որպէս Քրիսեանի շարաւիղները կը շարունակեն պահել անոր ժառանգութիւնը, որ կ’ըսէ «Ազգի մը հզօրութիւնը կը կերտուի ոչ միայն քաղաքական կամ զինուորական յաղթանակներով, այլ կրթուած, առողջ, կարգապահ եւ ազգային գիտակցութեամբ սերունդներ պատրաստելով»։
ՀՄԸՄ-Ի «ԿԻՆԵՍ»-Ի ՇՈՒՇԱՆԱԾԱՂԻԿԸ
«ԱՐԱՐԱՏԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՆԳՈՒՆ» կարգախօսով ընթացք առաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական տասներեքերորդ բանակումը: Սոյն բանակումը ինքնին երազանք մըն էր իւրաքանչիւր սկաուտի համար։ Աշխարհասփիւռ սկաուտներու համախմբումը, հայրենիքի օդն ու ջուրը վայլելը, մտերմիկ կապեր հաստատելը եւ ունենալ անմոռանալի յիշատակներ, թոյլ կու տան հայ սկաուտին աւելի մտերմանալ եւ հարազատ զգալ միութեան գործունէութիւններուն եւ աշխատանքներուն հետ։
Այս տարուան համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը իւրայատուկ էր եւ շատ ու շատ երկար տարիներ դրօշմուած պիտի մնայ իւրաքանչիւր հայ սկաուտի մտքին մէջ։
Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի ընթացքին, երեքշաբթի, 28 յուլիս 2026-ին, ութ հարիւր ինը սկաուտներ, որոնցմէ երեսունը Թորոնթօ մասնաճիւղէն, կազմեցին աշխարհի ամենամեծ շուշանածաղիկը, որ մուտք գործեց համաշխահային մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ։
Արդարեւ ձեզի կը ներկայացնենք վկայութիւններ ու տպաւորութիւններ սոյն նախաձեռնութեան մասնակցողներէն։
Եղբ․ Արուշ Պէրպէրեան (Գանատայի շրջ․ ընդհ․ խմբապետ)`
«Իմ կարծիքովս պայքար մըն էր զոր մղեցինք երկու ճակատներով․ առաջինը՝ «Կինես»-ի խիստ եւ յստակ չափանիշերու ներքոյ պէտք էր ընթանայինք, որպէսզի իրագործէինք եւ արժանանայինք մրցանիշին, իսկ երկրորդը՝ Բիւրականի տաք կլիման եւ կիզիչ արեւը, զոր կը դանդաղեցնէր մեր կատարելիք աշխատանքը։ Շուշանածաղիկի մէջ մեր համախմբումը, կողք կողքի, ուս ուսի կանգնած ըլլալը եւ ունենալ այն գաղափարը, զոր քու ներդրումովդ դարձեալ փայլք պիտի տաս ՀՄԸՄ-ին կարծես պայքարի մեր կամքը զօրացուց եւ այդ բոլոր դժուարութիւնները փառատեցան, ու յաղթական երթով արձանագրեցինք նուաճում մը՝ մուտք գործելով «Կինես»-ի գիրք»։
Քոյր Կասիա Կարապետեան Կիւլեան (Գանատայի շրջ․ խմբապետ)`
«Ինծի համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է մասնակցիլ Guinness world Record-ի նախաձեռնութեան՝ սկաուտական շուշանածաղիկի կազմութեան։ Անմոռանալի փորձառութիւն էր, որովհետեւ աւելի քան ութ հարիւր սկաուտներ կրցան մաս կազմել պատմական այն իրադարձութեան՝ դարձեալ փաստելով ՀՄԸՄ-ականի միասնութեան, եղբայրասիրութեան եւ համագործութեան իրական ուժը։ Հպարտ եմ, որ իմ մասնակցութիւնս բերի այս բացառիկ նուաճումին»:
Եղբ․ Տարօն Տէրտէրեան (Թորոնթոյի մասանճիւղի խմբապետ)`
«Բառեր չունիմ արտայայտելու հպարտանքս եւ ուրախութիւնս։ Յուզիչ եւ խրախուսիչ երեւոյթ էր տեսնել այսքան մեծ թիւով սկաուտներ, որոնք կը համագործակցին մէկ աշխատանքի ներքոյ։ Հերաքրքրական յայտագիր մըն էր, որուն մասնակցութիւնս բերի եւ ապրեցայ այդ գեղեցիկ ապրումները «Կինես»-ի համաշխարհային ծրագրին մուտք գործելով»:
Քոյր Արեանէ Ղազարեան (Պարման փաղանգի խմբապետ)`
«Այս ամառ պատիւը ունեցայ մասնակցելու Համա-ՀՄԸՄ-ական սկաուտական բանակումին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Բիւրական շրջանի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրէն ներս, ուր մաս կազմեցի քսանվեց պատուիրակութիւններու փաղանգին։ Ութ հարիւր ինը սկաուտներով, որոնք մաս կազմեցին «Կինես»-ի Համաշխարհային մրցանիշի շուշանածաղկին կազմութեան։
Այս իւրահատուկ փորձառութիւնը կեանքիս ամենէն ազդեցիկ դէպքերէն մէկը եղաւ։ Անկաշկանդ շարժումներով, բարձր տրամադրութեամբ, մեր գլխուն կապած մանուշակագոյն լաչակներ, բոլորս կողք կողքի, կրցանք կատարելագործել այս մրցանիշը։ Իրականութիւն մը, որ կրնանք հպարտանքով պատմել մեր յաջորդներուն։ Մէկ խօսքով՝ մեծ է հպարտութիւնս, որ մաս կը կազմեմ այս միութեան, յուսալով, որ ապագային միասնաբար կրնանք իրականացնել բազմաթիւ մրցանիշներ»: ֍
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի սեպտ. 2026 (#229) թիւին մէջ: Լուսանկարները տրամադրած է ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը: