«Հովիւ քաջ, հովիւ բարի» յուշ-երեկոյ՝ նուիրուած հոգելոյս Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի վախճանման ե. տարելիցին
Կիրակի, 18 յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեան Գանատայի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ տ․ Բաբգէն ս. արք. Չարեանի, եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, արժանավայել կերպով նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վաստակաշատ հոգեւոր սպասաւորին եւ Գանատայի Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ՝ հոգելոյս տ. Մեղրիկ ս. եպս. Բարիքեանի վախճանման հինգերորդ տարելիցը։ «Հովիւ քաջ, հովիւ բարի» խորագիրը կրող յուշ երեկոն տեղի ունեցաւ Crystal Fountain հանդիսասրահէն ներս։
Սկիզբը տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որու ընթացքին սաքսոֆոնի կատարումով հանդէս եկաւ Արմէն Պետրոսեան։ Ժամը 6-ին սկսաւ հանդիսութեան պաշտօնական մասը, հանդիսավարներուն՝ Յարութ սրկ. Կիւլոյեանի եւ Գրիգոր Աստուրեանի բացման խօսքերով։ Անոնք վեր առին հոգելոյս Սրբազանին հոգեւոր, մարդկային եւ առաջնորդական վսեմ յատկանիշերը։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ կազմակերպող յանձնախումբին ներկայացուցիչ Սարգիս սրկ. Կիտանեան, որ իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկին իրականացման համար իրենց նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը ցուցաբերած բարերարներուն, ներկաներուն ջերմ մասնակցութեան ու քաջալերանքին համար։ Յատկապէս անդրադարձաւ «Մեղրիկ Բարիքեան» հիմնադրամի առաքելութեան ու ապագայ նպատակադրումներուն։
Եկեղեցւոյ հովիւ տ․ Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեանի սեղանի օրհնութենէն ետք, ձեռնարկը շարունակուեցաւ երաժշտական ու բանաստեղծական ելոյթներով՝ զանազան անհատներու կողմէ, որոնց կեանքին մէջ հոգելոյս Սրբազանը բաժին ունեցած է։ Այսպէս, հանդէս եկան «Զարեհ Ազնաւորեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասերը, ինչպէս նաեւ քանոնի կատարումով՝ Մատիանա Թորոսեան։ Հեռակայ դրութեամբ, իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ երգի մը ներկայացումը կատարեց՝ այժմ Փարիզ ապրող Վարդան սրկ. Գաբրիէլեան։ Բանաստեղծական ասմունքներով հանդէս եկան Սարին Փօլատեան եւ Իզապէլ Յակոբեան։
Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ սրկ. Սարգիսեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ տ․ Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան։
Բաբգէն արք․ Չարեան՝ կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ հոգեւորականաց դասին հետ (լուսանկարը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ)
«Մեղրիկ ծվ. Բարիքեան, որպէս Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ քաջ հովիւներէն մին, տասներկու տարիներ շարունակ աշխուժացուց եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս Մեծն Թորոնթոյի գաղութային կեանքը: Որպէս ներկայ հոգեբարձութիւն, անցնող տարիներու յարգարժան հոգաբարձուներու կողմէ կրնանք քաջ վկայել հայր Մեղրիկին դերը մեր եկեղեցւոյ առօրեայ կեանքէն ներս: Ան մէկ անձ էր, սակայն հարիւրաւոր մարդոց գործի կը մղէր իրեն հետ՝ միշտ օրինակը ունենալով Աւետարանի ցորենի հատիկին առակը՝ մէկին դէմ հարիւրաւոր տալով, այն անձնուրաց ու ինքնազոհ պտուղը ըլլալով: Կ'աշխատէր՝ առանց գանգատելու, կու տար առատապէս՝ առանց ակնկալելու, կը ծառայէր՝ առանց հատուցում սպասելու: Հայր Մեղրիկի բազմաթիւ դասերէն կը յիշեմ այն խօսքը, որ կը բնութագրէ այն բնաբանը, որ՝ ինքը իրագործեց իր կեանքի ընթացքին՝ «Հաւատքը առանց գործի անզօր է»։ Գործենք ուրեմն. աշխատինք, որ Աստուած տայ մեր ողջութեան կամ մեր գալիք սերունդները տեսնեն այս գերուած վիճակէն ազատիլը հայ ժողովուրդին, քանի որ այն գործերը, որոնք կատարուեցան Հայր Մեղրիկի կողմէ, նոյն եւ հաւասար են բոլոր այն նուիրուած հայոդիներուն, որոնք անկոտրում օղակի նման աշխատեցան ու փոխանցեցին ջահը մեզի։ Ալ մեր բոլորիս ձեռքն է այդ ջահը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Կարօ սրկ. Սարգիսեան:
Գարեգին ծվ. Շխրտմեան խօսեցաւ Մեղրիկ սրբազանին առանձնայատկութիւններուն եւ բարի աւանդին մասին: «Ինծի համար դժուար չէր տեսնել, որ Մեղրիկ սրբազանը տարբեր էր իր ժպիտով, խօսելաոճով, խօսելակերպով, իր համարձակութեամբ, աշխատասիրութեամբ, կազմակերպչական կարողութեամբ եւ երաժշտական շնորհով եւ ուրոյն ոճով, որոնցմով կը լուսաւորէր եւ կը միաւորէր հոգեւորն ու մարդկայինը: Այս բոլորին հետ, իր բազմակողմանի տաղանդներուն, կարողութիւններուն եւ յաջողութիւններուն հետ բնաւ փառքին եւ ցուցադրութեան գերին չդարձաւ։ Մնաց պարզ, որովհետեւ իրեն համար հաւատքը տեսական գաղափար չէր միայն, այլ ապրուած իրականութիւն, որ պէտք էր դպչեր մարդուն առօրեային, աշխատանքին, ապրումներուն եւ յոյսերուն։ Այսօր` հինգ տարի անց, անոր բացակայութիւնը տակաւին կը զգացուի, որովհետեւ անոր յիշողութիւնը տակաւին կը ներշնչէ, անոր օրինակը կը պարտաւորեցնէ եւ իր թողած ժառանգութիւնը կը մղէ ծառայութեան շարունակականութեան։ Սրբազանին անունը միայն քաղցր յուշեր չի ձգեր այսօր, այլ՝ պատասխանատուութիւն. պատասխանատուութիւն ապրելու այն արժէքներով, որոնց հաւատաց եւ իր ամբողջ կեանքով վկայեց, եւ այսօր, երբ ան մեզի կը նայի երկինքէն, անկարելի է, որ չ’ուզեր ան լսել մեր գովեստի խօսքերը, այլեւ տեսնել մեր ջանքերը՝ ըլլալու աւելի մարդ, աւելի քրիստոնեայ եւ աւելի ճշմարիտ»:
Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց հոգելոյս Սրբազան հօր կեանքն ու բազմաբովանդակ ծառայութիւնը։ Տեսերիզին մէջ տարբեր անհատներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու հասարակական օտար գործիչներ, իրենց վկայութիւններն ու մտածումները կիսեցին հոգելոյս Սրբազանին անձին եւ վաստակին մասին։
«Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց դասը՝ ելոյթի ընթացքին (լուսանկարը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ)
Ապա բեմ հրաւիրուեցան օրուան նուիրատուները՝ մոմավառութեամբ պատուելու հոգելոյս տ. Մեղրիկ ս․. եպս. Բարիքեանի լուսաւոր յիշատակը։ Նշենք, որ ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորութիւնը ստաձնեց ազնուափայլ Ժիւլիէթ Սարգիսեան։ Անոր յաջորդեց «Բարիքեան» կրթաթոշակի փոխանցումը Արմէն Պետրոսեանին՝ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ տ. Բաբգէն ս. արք. Չարեանի ձեռամբ։ Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց՝ վեր առնելով հոգելոյս Սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը եւ խորապէս գնահատելով անոր յիշատակը վառ պահելու նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը յուզումով յիշեց իրենց վաղեմի ծանօթութիւնը՝ Դպրեվանքի օրերէն, երբ ինք որպէս ուսուցիչ եւ հսկիչ դասաւանդած էր պատանի Կարօ Բարիքեանին (աւազանի անունով)։ Ան նշեց, թէ ինչպէ՛ս Դպրեվանքի այդ նուիրական մթնոլորտին մէջ կը թրծուին ու կը պատրաստուին ապագայ սպասաւորները, որպէսզի իրենց ստացածը սիրով ու անձնուիրութեամբ վերադարձնեն ժողովուրդին։ Բաբգէն արքեպիսկոպոս վկայեց, որ Մեղրիկ սրբազանը եղաւ Աստուծոյ եւ Հայ եկեղեցւոյ «ամբողջական, անշահախնդիր եւ անսակարգ ծառայ» մը, որուն ցանած սերմերը այսօր արդէն առատ պտուղ տուած են։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Առաջնորդը շեշտեց, որ Սրբազանին երազն ու ոգին կը շարունակեն ապրիլ ներկայ երիտասարդութեան, սարկաւագներուն եւ յանձնախումբերուն միջոցով, որոնք կոչուած են շարունակելու նոյն առաքելութիւնը՝ ի պայծառութիւն Հայ եկեղեցւոյ եւ ի խնդիր գալիք սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասին «Ամէն․ Հայր Սուրբ» շարականի հզօր եւ յուզիչ երգեցողութեամբ՝ հոգելոյս Մեղրիկ սրբազանին հեղինակած երաժշտութեամբ։ Երգեցողութիւնը եզրափակուեցաւ նոյնինքն Սրբազան հօր արձանագրուած ձայնով՝ սարկաւագներուն աղօթքին ի պատասխան հնչեցուած «Ամէն» բառով, որ առաւել յուզիչ շունչ տուաւ երգեցողութեան։
«Պահպանիչ» աղօթքով Սրբազան հայրը փակեց յուզումնախառն եւ հոգեպարար երեկոն։
Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան հոգելոյս Սրբազանին կեանքի ժամանակահատուածը ներկայացնող պատկերներ, եւ կազմակերպուած էր լուռ աճուրդի անկիւն մը։
Բաբգէն արք․ Չարեան՝ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ սարկաւագաց դասին հետ (լուսանկարը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ)
Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին՝ տարբեր շրջաններէ ժամանած հայ հոգեւորականներ, Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր սպասաւորները, Օնթարիոյ նահանգի հայազգի երեսփոխան Արիս Պապիկեան, ինչպէս նաեւ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները։
Յատուկ շնորհակալութիւն ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքները կատարող Փաթիլ Տէմիրճիի, Ռուբինա Քէօշկէրեան-Քէշիշեանի, Մարիա Չամիչեան-Գրիգորեանի, Նիրվա Սարգիսեանի, Պետրոս կիս. սրկ. Տաւուտեանի, ինչպէս նաեւ Սարգիս սրկ. եւ Լենա Կիտանեաններու։ ֎
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի փետրուար 2025 (#222) թիւին մէջ: Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին ու «Նոր հայ հորիզոն» ծրագիրին, որոնց թղթակցութիւնն ու տեսանիւթը օգտագործած ենք որպէս սկզբնաղբիւր: