ԻՄ ՊՐԻՍՄԱԿԷՍ. Ով պիտի յաղթանակէ՝ տպագի՞ր մամուլը, թէ թուայինը

Եկէ՛ք, վերի հարցադրումին քննական մօտեցումով պարզենք ճկատագիրը այս մենամարտին: Թէեւ շատ բան խօսուած է այս նիւթին մասին, սակայն ընդհանրական կարգ մը հաստատումներ ընելէ ետք, մասնաւորենք հայկական առանձնայատկութեան պարզած իրավիճակը:

Որպէս ընդհանրական սահմանում մեդիան (media) հաղորդակցութեան միջոցներն են, որոնք կը տարածեն տեղեկատուութիւն, գաղափարներ, լրատուուոթիւն։ Անոնք կը ներառեն տպագիր թերթ եւ գիրք, ձայնասփիւռ, հեռուստատեսութիւն եւ թուային հարթակներ (համացանց, սոց-ցանցեր)։

Մեդիայի նպատակն է տեղեկացնել, պատրաստել եւ ձեւաւորել հասարակական կարծիք, ծառայացնելու համար զանազան նպատակներու։

Մեդիայի հիմնական դերերն են՝

  • Տեղեկատուութեան տարածում․ լուրերու եւ տուեալներու հաւաքագրում եւ արագ հաղորդում աշխարհի տարբեր ծագերէն։

  • Ազդեցութիւն եւ կարծիք․ մօտեցումներու, հաւատամքի եւ աշխարհայեացքի պաշտպանութիւն եւ տարածում:

Հաղորդակցութեան վայրեր․ան իր բազմալեզու բնոյթով եւ բազմամշակութային հարթակներով, մեզ հաղորդ կը պահէ աշխարհի ժողովուրդներու բարքերուն, կենցաղին եւ առօրեայ լուրերուն։

Թուային մեդիան եւ տպագիրը, կը միտին ժողովուրդներու կենցաղը, աւանդութիւնները, նկարագիրը եւ հաւատամքը կրթելու եւ ուղղորդելու:

Հիմնականին մէջ թուայինը, իր լայն զանգուածներու հասանելիութեան եւ արագութեան ու անմիջական ըլլալու հանգամանքները հաշուի առած, գերիշխող երեւոյթ է այս ժամանակներուն: Ան, տեսակաւոր ճաշակներ գոհացնելու կարելիութիւններով, լայնօրէն հնարաւորութիւն կը ստեղծէ գոհացնելու ստուար թիւով հետաքրքրուողներ, ժամանակի եւ վայրի գործօններու ժխտական դերակատարութիւնները նուազեցնելով:

Մինչ, տպագիրը իր հաւաստիութեամբ եւ որպէս շօշափելի եւ անհերքելի փաստարկ՝ իր ճոխութեան ստորոգելիներով, կը յամենայ դեռ ե՛ւս մնալ ապաւէն՝ մշակութային ստեղծագործութիւնները եւ լրատուական հաղորդումները տարածելու, ի տես թուային աշխարհի յաճախ խարդախուած, ապատեղեկատուութեամբ յղբացած դիմագիծով ներկայացումներուն:

Այս օրերուն, պէտքի եւ պահանջարկի վրայ հիմնուած, print on demand (ըստ պահանջի) տպագրութեան ձեւը, իր մրցակցային տեղը կը գրաւէ տպագիր մամուլի աշխարհին մէջ, ուր հրատարակիչը եւ հեղինակը ընձեռնուած համագործակցութեան կարելիութիւններով, հնարաւորութիւն կ՛ունենան աւելի մատչելի քանակով գրքեր եւ պարբերականներ տպել, հեռու մնալով մեծաթիւ տպաքանակի աշխատանքէն, խնայելով հրատարակութեան մը աւելորդ ու անտեղի կուտակումէն, աչքառու խնայողութեամբ՝ հանրութեան հասանելի դարձնելու նպատակաուղղուած տպագիր նիւթերը:

Գալով գիրքերու երկու տարբերակներուն՝ թուային եւ տպագիր, անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ գիրքը իր բարերար ազդեցութիւնը կ’ունենայ յղկելու մարդուս մէջ ազնիւ նկարագիր, գիտակ հոգեմտաւոր մակարդակ, հաղորդել տաբեր ժամանակներու մեզ հետաքրքրող թեմաներ, հարստացնել մեր ինքնադաստիարակութեան շրջագիծը, ջանալով առաջնորդուիլ ջամբուած տեղեկութեան դրական պատգամով, վանելով անուղղորդող մտածումները ու թաքուն նենգամիտ գաղափարները:

Գրքերու աշխարհէն հաղորդուելու միջոցներուն այլազանութիւնը հաշուի առած, դիմելով ընթերցանութեան՝ մեր միտքի հորիզոնը կ՛ընդարձակուի նորանոր գիտելիքներով, խրախուսելով մեզ աւելի հմտօրէն խորաթափանցելու տուեալ նիւթիւն մէջ:

Լուսանկար՝ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբ, Պուրճ Համուտ. լուսանկարը՝ Սքաութ Թիւֆէնքճեանի:

Գիտութիւնը փաստած է նաե՛ւ, որ իրազեկ դառնալու մեր մարմանջը եւ հասու ընթերցանութիւնը, այլ բարիք մըն ա՛լ ունին՝ բարելաւելով կեանքի երկարակեցութիւնը, օգտակար ըլլալով ապահովելու ուղեղի արդիւնաւէտ աշխատանքը, այսպէս՝ ուշացնելով ուղեղի ծերացումը:

Փակագիծ մը բանալով, կ՛արժէ հպանցիկ անդրադարձ մը կատարել ու հաստատել, որ հայ գրականութիւնը զարթօնք ապրեցաւ եւ ազգովին ստեղծագործեցինք 19-րդ դարուն, երբ մենք ունէինք երբեմնի տէր թօթիկեան տիպի վարժարաններու մակարդակ, բախտաւոր պարագային երկրի նախակրթարանի համեստ աւիշը, եւ հանրային գրադարաններու սակաւ ծառայութիւնները: Նախնական կրթութեան համեստ լիցքը կը բաւէր, որ թռիչք առնէր հայ լեզուի մշակուած նախնական տարերքը, երկրի օրրանէն հեռու պայմաններու մէջ, վայելելով տուեալ ոստաններու բարիքները, Պոլիս, Թիֆլիս, Մոսկուա, Փարիզ, Վիէննա, Վենետիկ: Այս միջավայրներուն մէջ, կերտեցինք ազգային ուրոյն գիտակցութեամբ լիացած գրականութիւն, թատրոն եւ մամուլ:

Կ’արժէ յիշատակել, որ վաղ անցեալին, ուսումնասիրողը, հետազօտողը այդ պերճանքը չունէր մատչելի եւ արագ աղբիւրներու հասանելիութենէն: Ան պէտք է երթար յատուկ հասցէներ, վատնէր ուժ, ժամանակ եւ պատկառելի նիւթական, կարենալու համար վաստկել որոշ տեղեկութիւններ իր հետաքրքրութեան պապակը յագեցնելու համար:

Այս օրերուն նկատելի է, որ թուայնացման տարածումով եւ ընկերային համացանցերու տեղեկութեան զարգացումով, հասարակութիւնը, իմա՛ հետազօտները, իրենց առօրեայ պատկառելի ժամանակը կ’անցնեն, օգտուելով այդ թուայնացած աղբիւրներու ընձեռնած տեղեկութիւններէն, որոնք գոհացնելով հետաքրքրուողներու փնտռտուքի պահանջը, նաեւ կը նպաստեն անուղակիօրէն կրթութեան մակարդակի բարելաւման եւ իմացական բարձրորակ դատողութեան զարգացման:

Մեր պարագային, ուշագրաւ է՝ մեր կեանքէն ներս արդի ժամանակներու հայատառ թուայնացած աղբիւրներու հոծ առկայութիւնը, որ կը նպաստէ լեզուի պահպանման ու զարգացման: Հայ հասարակութիւնը փարելով ոսկեղնիկի թուայնացած գործածութեան որպէս արտայայտութեան ձեւաչափ, պատեհութիւնը կ’ունենայ պահպանելու մայրենին, ըմբոշխնելու անոր շքեղութիւնը, քաջալերելով անոր արդիւնաւէտ ընկալման գործընացը:

Այսպիսով, այլեւս ստիպուած չենք ուղղուելու հանրային գրադարաններ, քաղելու տեղեկութիւններ, փոխ առնելով գրքեր եւ տուեալ ժամկէտին զայն վերադարձնելու հարկադրանքին տակ մնալ: Գրադարանը մատչելի է, մատի մէկ հպումով, աղբիւրներու այլազան աշխարհ մը երկվայրկեանի մէջ մէջ մեր պաստառին վրայ կը բացուի։ Հաղորդուելով տուեալ նիւթի մանրամասնութիւններով, ընտրանքը ունինք այդ տեղեկութիւնները պահել մեր սեփական թուայնացած գրադարանին մէջ:

Սակայն, սոց-ցանցերու աշխարհին մէջ նաւարկելով, որակի դիտանկիւնէ, թէպէտեւ երբեմն շատ գրքունակ պատկերներու կամ տառասխալներու բազում օրինակներու դէմ յանդիման կը գտնուինք, բայց յոյսով ենք, որ հայերէնով արտայայտուելու ստեղծուած խանդը, դրական երեւոյթի նախադրեալի գոյաւորման ատաղձի կը վերածուի, հայորդիին մօտ զարգացնելու ու յղկելու մայրենին, յատկապէս սփիւռքեան այլասերման յորձանուտին մէջ, ուր անհետացման վտանգին առաջ կանգնած է արեւմտահայերէնը:

Թուայնացման մամուլի ու գրականութեան արագ զարգացումը ի հաշիւ տպագիրին, պատճառ կը հանդիսանայ, որ հայատառ կարգ մը մամլոյ օրկաններ շիջանեն իրենց տպագիր օրինակը՝ ի հաշիւ թուայնացածին:

Այսուամենայնիւ, կը հաւատանք, թէ տպագիր մամուլը դեռե՛ւս կրնայ մրցիլ թուային տարբերակին հետ, իր ընձեռնած շատ մը առաւելութիւններուն համար:

Վերջապէս, համակեցութիւնը թուայինի ու աւանդական տպագիրի ձեւաչափերուն, կը յամենայ մնալ ապագայ մամլոյ լաւագոյն համադրողական եզրոյթը: ֍


Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2026 (#225) թիւին մէջ:

Ժան Հալլաճեան

Ծնած է Հալէպ, ուր ստացած է իր նախնական ուսումը եւ վկայուած որպէս ելեկտրոնիք ճարտարագէտ։ Սուրիոյ մէջ եղած է ազգային-կուսակցական աշխոյժ գործիչ. գործօն դերակատարութիւն ունեցած է «Գանձասար» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան մէջ եւ վարած՝ «Արեւելք» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը։ 2000 թուականէն ի վեր կը բնակի Թորոնթօ, ուր կը շարունակէ իր մասնագիտական աշխատանքն ու հանրային ծառայութիւնը: Յայտնի հրապարակախօս է, որ յօդուածներով հանդէս կու գայ հայկական մամուլին մէջ։

Next
Next

Նժդեհ Ծատուրեանի «Զվարթը» յարգանքի տուրք է իր մեծ մօր ու անոր նախնիներուն