Պտոյտ մը Գանատայի մայրաքաղաքին մէջ
գեղանկարը՝ «Օթաուան՝ Հալ, Քէպէքէն», Ժիրայր Փարաղամեան. խառն միջոցներ, թուղթի վրայ
Ապրիլ ամիս է: Ալ վարժուած ենք Գանատայի կեանքին: Եօթը տարիներ կտրեցինք այս երկրի երկինքին տակ։ Քոյրիկներս եւ ես Ապրիլ 24-ին կրնանք արձակուրդ պահանջել առանց վախի, որ կրնանք որեւէ բան կորսնցնել։
Ապրիլ 24, չորեքշաբթի առտու ժամը չորսին, բոլորս արդէն արթուն ենք։ Հայրս, քրոջս ընկերուհին եւ զարմիկս ալ պիտի միանան ինծի եւ խումբով պիտի երթանք միանալու հայկական ցոյցին: Ժամը վեցին ի վերջոյ ճամբայ ելլելու կը պատրաստուինք: Սկզբնապէս, որոշած էինք ժամը 4-էն քիչ ետք ճամբայ ելլել, բայց է՜հ, այս դաւադիր քունը մեզ թակարդը ձգեց: Կը մտածեմ՝ վնաս չունի, դեռ կը հասնինք։
Երբ բոլորս միացանք, քարտէզին վրայ դրինք Օթաուայի հասցէն. միջնեկ քոյրս ղեկը ձեռք առած՝ սկսաւ վարել, ես ալ իր կողքին բազմեցայ։ Նկատի ունենալով, որ սուրճ չէի խմած, բոլոր կանաչ ONroute-երը աչքիս կը փայլէին տեսակ մը հրաւէրով...։
- 80 քլմ.-ին դադար առնենք, հաճի՜ս,- կ՛ըսեմ։
- Միւսին կը կենանք, գոնէ աւելի ճամբայ կտրած կ'ըլլանք,- կը պատասխանէ քոյրս։
Վերջապէս կանգ առինք. ամէն մէկս պէտք մը հոգալու գնաց, իսկ հայրս որոշեր էր բախտը փորձել ա՛յս օրը՝ վիճակահանութեան տոմս մը առնելով։ Անշուշտ բախտը քթին խնդաց... ըստ սովորութեան: Մտածեցի` մամայիս ականջները չլսեն։ Չնայած, որ ես ալ հօրս հետեւորդն եմ, սակայն կը զգամ, որ հայրս կը չափազանցէ երբեմն, ի՜նչ պէտք կայ, այսօր Ապրիլ 24 է, թող վազ անցնի... բան մը սիրելու ձեւ է երեւի։
Կը վերադառնանք ինքնաշարժ, կը քշենք երկու ժամ մը եւս, բայց հիմա կարգը իմս է ղեկը ստանձնելու։ Կը նստիմ, անձրեւը եւ ձիւնը, խօսքը մէկ ըրած՝ մեր վրայ կը յարձակին:
է՜հ... բարի՛ եկաք Գանատա... ապրիլին ալ ձի՜ւն...։ Կը յիշեմ Պարոյր Սեւակի տողերը…
Վերջապէս, ապահով հասանք Օթաուա, բաւական չարչարուեցանք, բայց կրցանք տեղ գտնել ինքնաշարժը կանգնեցնելու։ Հասանք խորհրդարանի շէնքը, ուրկէ պիտի քալենք դէպի թրքական դեսպանատուն: (Սա իսկական թրքական դեսպանատունն է, եւ ոչ թէ այն միւսը՝ վատ բառով կոչուածը, որ կայ ամէն տեղ: Վստահ եմ հասկցաք, թէ ի՛նչ ըսել կ'ուզեմ: Փակենք փակագիծը): Ցուցարարներու մեծ խումբը ճամբայ ելած է արդէն. կը սկսկինք վազել, որպէսզի հասնինք։
Հոս կը սկսի պտոյտ մը՝ Գանատայի մայրաքաղաքին մէջ, բաւական տարբեր՝ Պոլսոյ թաղերուն մէջ Յակոբ Պարոնեանի պտոյտէն: Աջին տնանկը, ձախին գինեմոլը: Մենք իրենց մէջէն կը վազենք՝ հասնելու համար հայկական դրօշակներ պարզած խմբակին, որուն կը հետեւին Օնթարիոյի ոստիկանները, որպէսզի յանկարծ «անախորժ բաներ» չպատահին: Թերեւս կը յիշեն, որ տարիներ առաջ Լիզպոնի մէջ, ուրիշ օր մը «բաներ մը եղան»: Չեմ այպաներ զիրենք, որ մտավախութիւն ունենան,սակայն կը յիշեմ նաեւ մեր աննման Սիամանթօն, որ լաւ գիտէր «մարդկային արդարութիւն»-ը եւ ամբողջ հոգիով թքնեց անոր ճակտին…
Փողոցին մէջտեղը՝ երեք տոլարի գիրք ծախող մը: Կը մօտենամ, արցունքը աչքերս կը լեցնէ: Ի՜նչ բաներ գրուած են հոն, բայց... չնչին գինով կը ծախուի. ոչ մէկը առնելու փափաք ունի... դեռ կը վազենք։
- Ազդալոյսը կանաչ է, արա՛գ ըրէք,- կը բացագանչէ հայրս։
Ան ի՛ր "տերտ"-ը ունի. պիտի հասնի իր հայ բարեկամներուն։
Պզտիկ քոյրս եւ ընկերուհին խանութներու ցուցատախտակներուն կը նային, հոս զեղչ կայ, հոն աւելի յարմար է... հաշուիչ մեքենան կը բանան հեռաձայնին վրայ, կը բաղդատեն, Թորոնթոյի՞, թէ Օթաուայի մէջ յարմար է...: Հայրս չէ հրաժարած իր դերէն եւ մեզ կը մղէ աճապարելու: Եւ մենք... կը կորսնցնենք հայկական դրօշակներ կրող խումբը։
Ազդալոյսին՝ ձայն մը կու գայ մեր ականջին. "հոսկէ ձա՛խ". հաւանաբար Մոնթրէալէն են...
-Ասկէ՞ պիտի մտնենք,- կ’ըսեմ։
- Դո՞ւք ալ հայ էք... մենք տարի մը թուրքերուն կողմը գացինք սխալմամբ, բայց հայերը հոս են,- կը պատասխանեն։
Այսպէս, կարճ եւ կտրուկ թաղը դառնալով՝ կը շարունակենք, որպէսզի հասնինք մեր հայրենակիցներուն: Եւ հասա՛նք վերջապէս: Հիմա, հայկական երգ, պար, գեղարուեստական փունջեր, սրբազան հօր խօսք եւ այլն։ Մօտաւոր հաշիւով, 200 հայեր՝ Գանատայի տարբեր շրջաններէն հաւաքուած: Մեր դիմացն ալ... եօթէն տասը թուրք, թրքական դրօշակը բռնած։
Մէկ, երկու ժամ մնացինք դեսպանատան դիմացը, անշուշտ ոստիկաններն ալ մեզի հետ. այդ մէկը չմոռանաք։ Արդեօք իրե՞նք ալ սրտով միացած են մեզի: Չէ՞ որ Գանատայի կառավարութիւնը գիտէ, թէ թուրքերը ցեղասպանութիւն գործած են…
Հանդիսավարը յայտարարեց, թէ ծրագիրը իր աւարտին հասած է եւ ամէն մարդ պիտի վերադառնայ։
Մեր փոքրիկ խմբակը հիմա պատանիներուն փափաքը պէտք է ընէ. զեղչ վաճառք ընող խանութները երթալ, բայց անկէ առաջ...պատառ մը բան ուտել։
Կը մտնենք շուկայ: Յունական ճաշատեսակ կը նախընտրենք՝ մտածելով, որ յոյներն ալ մեզի պէս ջարդուած են թուրքերուն ձեռքով...: Պնակները կ'առնենք եւ կը նստինք ճաշասրահին մէջ: Մեզի պէս շատ հայեր, ցոյցէն վերադարձած՝ անօթի, կը ճաշեն։ Պաղպաղակ մըն ալ կ'ուտենք, յետոյ, առանց գնում ընելու՝ կ'երթանք ինքնաշարժ, որպէսզի վերադառնանք Հալէպ... Օ՜, ո՜չ, մոռցայ։ Միշտ տուն վերադառնալուն՝ Հալէպ կ’ըսեմ, բայց Հալէպս հիմա հոն, հեռու տեղ մըն է, իսկ տունս՝ Թորոնթօ... ֎