Հայկական գաղութի պատուաբեր մասնակցութիւնը Carassauga մշակութային փառատօնին

25 եւ 26 մայիս 2024-ին, երկու օրերու տեւողութեամբ, հայկական հարուստ եւ բազմակողմանի մշակոյթն ու արուեստը բացառիկ ձեւով ներկայացուեցաւ Carassauga մշակութային փառատօնին ընթացքին։

1986-ին հիմնուած Carassauga-ն կը հանդիսանայ Գանատայի ամենամեծ բազմամշակութային փառատօնը, ուր ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, այլազան մշակոյթներու եւ ժառանգութիւններու ըմբռնումը կը կատարուի, եւ որու շնորհիւ կը ներկայացուի տուեալ երկիրներու մշակութային հարստութիւնը։

«Այս տարի, 14 տարուան ընդմիջումէն ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով հայկական գաղութը իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն փառատօնին։ Յիշենք, թէ անցեալ տարի մեր ներկայացուցած մշակութային գոհարներով հանդիսացած էինք լաւագոյն ներկայացուցիչը եւ գրաւած առաջին պատուական դիրքը», «Թորոնթոհայ»-ին յայտնեց Միսիսսակայի Սուրբ Վարդան առաքելական եկեցեցւոյ ատենապետ Վանիկ Ճէլիլեանը։

Փառատօնի տեւողութեամբ եւ երկու հազարէ աւելի այցելու ունեցող փառատօնը կը վայելէր քաղաքական գործիչներու, հոգեւոր խաւի ներկայացուցիչներու եւ հռչակաւոր գործարարներու ներկայութիւնը։ Այցելուները բարձր գնահատեցին հայ գաղութին ներկայացուցած հայկական արտադրութիւնները, երաժշտական գործիքները, ձեռային արուեստն ու ոսկերչութեան գեղեցիկ նմոյշները, հայկական ուտեստները, աւանդական ճաշերը եւ քաղցր անուշեղէնները։

Երգչուհի Արմէնիա Սիարա Սարգիսեանին, Նշան Փափազեանին եւ Հրանդ Քէդէնճեանին երգած ճոխ երգերով, Թորոնթոյի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Էրեբունի» պարախումբի, Օթթաուայի «Նոր Այգ» եւ Միսիսսակայի Սուրբ Վարդան առաքելական եկեղեցւոյ՝ «Քամի» պարախումբերու պարերով եւ հայկական լարային գործքիներու ցուցադրութեամբ՝ հայկական արուեստով համեմուած փառատօնը մեծ արձագանգ գտաւ եւ օտար հանդիսատեսի բարձր գնահատականին արժանացաւ։

Եռագոյնով ու հայկական գործուածքներով զարդարուած հայկական տաղաւարներու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներն էին՝ Նուշիկ Թահթաճեանը, Անեդա Պետրոսեանն ու Քրիստին Էրմարգարեանը, իսկ ճաշի յանձնախումբի անդամները՝ Լուսի Համպոյեանը եւ Ռիթա Միրզայեանը։ Յանձնախումբի բոլոր անդամներուն ջանքերով Մեծն Թորոնթոյի (GTA) եւ Մոնթրէալէն տասնհինգ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները եւ հայկական արտադրանքներ ցուցադրողները հայկական մշակոյթը պատուով ներկայացուցին եւ ճոխացուցին Carassauga փառատօնը։ ֎

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Պտոյտ մը Գանատայի մայրաքաղաքին մէջ

Next
Next

Համազգայինի աշակերտական արտասանական մրցոյթը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ