Համազգայինի աշակերտական արտասանական մրցոյթը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ
Թ.
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան առաքելութեան մաս կը կազմէ հայ գրականութեան եւ ասմունքի արուեստին փոխանցումը նորահաս սերունդին։ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբերուն շնորհիւ, տարիներու ընթացքին համայնքին մէջ հետզհետէ աւանդութիւն դարձած է աշակերտական արտասանական մրցոյթը։
Այս տարի, մրցոյթը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 ապրիլի յետմիջօրէին, Ս. Աստուածածին հայց․ առաքելական եկեղեցւոյ «Յովհանեան» սրահին մէջ։ Սիրտ ջերմացնող երեւոյթ է երբ յիսունէ աւելի մասնակիցներ սրահ կը մտնեն. պահ մը մտածել կու տայ, թէ արդեօք Լիբանանէն ու Սուրիայէն անդին, այսպիսի երեւոյթ ուրիշ ո՞ւր կարելի է գտնել։ Հաճելի է նաեւ տեսնել մեծ ու փոքրով ժամանող հանդիսատեսներ, որոնցմէ ոմանք ստիպուած յոտնկայս կը հետեւին մրցոյթին, աւելորդ է ըսել՝ բերնէ բերան լեցուն սրահին մէջ։
Քաջալերուած էր 5-12 դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութիւնը։ Մասնակիցները բաժնուած էին երեք խումբերու. 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտներ (21 մասնակից) , 7-9-րդ դասարանի աշակերտներ (24 մասնակից), 10-12-րդ դասարանի աշակերտներ (8 մասնակից)։ Կազմակերպիչ յանձնախումբը իւրաքանչիւր խումբի համար համադրած եւ նախապէս տրամադրած էր արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու ընտրանի մը, մասնակցող աշակերտին ձգելով բանաստեղծութեան ընտրութիւնը։ Մասնակցող 53 աշակերտները եկած էին ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն, Ս. Սահակ. Ս. Մեսրոպ ազգ․ շաբաթօրեայ վարժարանէն եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանէն։ Հայկական բոլոր վարժարաններուն մասնակցութիւնը այլ ուրախալի երեւոյթ էր, որուն ընթացքը ամէն գնով պէտք է շարունակել յառաջիկային։
Մրցոյթը վարեց Գրական յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Արմինէ Թորիկեանը։ Դատական կազմի անդամներն էին՝ Յարութ Տոնոյեանը, Համազգայինի գրասէրներու խմբակի անդամներէն Լոռի Պէրպէրեանը եւ Գրական յանձնախումբի ատենապետ ու Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը։ Պէտք է ըսել որ արտասանողները ընդհանրապէս լաւ պատրաստուած ներկայացան հանրութեան, կարգ մը պարագաներու նոյնիսկ դժուարացնելով դատական կազմին գործը։
Առաջին բաժանումէն (5-6 դասարաններ) առաջին մրցանակին արժանացան Արեւ Խաչատուրեանը (Անանուն, Միսաք Մեծարենց) եւ Փաթիլ Սարգիսը (Արցախ, Վազգէն Օվեան). երկրորդ տեղը գրաւեցին Ծովինար Սարգիսեանը (Արցախ, Վազգէն Օվեան), Նարեհ Հաղնազարեանը (Անանուն, Միսաք Մեծարենց) եւ Լենիա Ծարուկեանը (Մեր լեզուն, Համօ Սահեան). երրորդ հանդիսացան Գէորգ Պրունսուզեանը (Մեր լեզուն, Համօ Սահեան) եւ Սեպուհ Սարգիսեանը (Ապրի, Նիկողոս Սարաֆեան)։
Յիշատակութեան արժանացան Սիւնէ Ճապրայեանի ու Մեղրի Պարտիզպանեանի մեկնաբանութիւնները (Մեր լեզուն, Համօ Սահեան)։
Երկրորդ բաժանումէն (7-9 դասարաններ) առաջին մրցանակին արժանացաւ Մովսէս Տանատեանը (Հայրենիք, Վազգէն Օվեան), երկրորդ հանդիսացան Սեւանա Սարգիսեանն ու Լիլի Կարապետեանը (Հայրենի գիւղիս կանչը, Վազգէն Շուշանեան). երրորդ մրցանակը շահեցաւ Թէրէզա Պէրպէրեանը (Կիրակմուտք, Միսաք Մեծարենց)։ Յիշատակութեան արժանացան՝ Անժէլինա Պետրոսեանի (Հայրենի գիւղիս կանչը, Վազգէն Շուշանեան), Կալիա Թիքճեանի (Հայրենիք, Վազգէն Օվեան) եւ Շանթ Մաքսուտեանի (Հայրենի գիւղիս կանչը, Վազգէն Շուշանեան) մեկնաբանութիւնները։
Գալով երկրորդական բաժնին (10-12 դասարաններ), առաջին մրցանակը շահեցաւ Էլէնա Ֆարաճեանը (Հայ հոգին, Մուշեղ Իշխան), երկրորդը՝ Ժպիտ Քէշիշեանը (Իմ ժողովրդին, Պարոյր Սեւակ) ու երրորդը՝ Գայանէ Յարութիւնեանը (Հեռանկար, Ժագ Ս. Յակոբեան)։ Յիշատակութեան արժանացաւ Անի Հրեշտակեանի մեկնաբանութիւնը (Հայ հոգին, Մուշեղ Իշխան)։
Աւարտին, իւրաքանչիւր մասնակցող ստացաւ հայերէն գիրք մը. գիրքերը տրամադրուած էին «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրատարած-Գրադարանի յանձնախումբին կողմէ։ Մրցանակակիրները նաեւ ստացան «Սէր ու կեանք» խորագիրը կրող «Գուսան» եւ «Հայ աստղեր» երգչախումբերու համերգին տոմսերէն եւ իրենց մրցանակին համապատասխան հաստատագիրը։ Ծափերու եւ շնորհաւորանքներու բարձր տրամադրութեամբ իր աւարտին հասաւ յիշարժան ցերեկոյթ մը, երբ յայտնաբերուեցան համայնքին բեմերը ալ աւելի ծաղկեցնելու ատակ, շնորհալի աշակերտներ։
Բարձրախօսին ետին կանգնիլն ու հանրութեան առջեւ հայերէն բանաստեղծութիւն ներկայացնելը ինքնին յանդգնութիւն կը պահանջէ. շնորհաւորելի են բոլոր մասնակցողները։
Համազգայինը անվարան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, հայկական մշակոյթը նորահաս սերունդին փոխանցելու։ Շնորհակալութիւն անոնց որոնք կը հաւատան Համազգայինի առաքելութեան եւ նեցուկ են իր աշխատանքներուն։ ֎