Ընտրութեան օրն է. Գանատայի դաշնային ընտրութիւններուն մասնակցելու հակիրճ ուղեցոյց

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Այսօր ընտրութեան օրն է. Գանատան այսօր կ’որոշէ թէ ո՞ր կուսակցութիւն(ներ)ը կառավարութիւն պիտի կազմեն:

Ահաւասիկ քանի մը կարեւոր տեղեկութիւններ ընտրութեան գործընթացին մասին.

- Քուէարկութեան օրը՝ երկուշաբթի 28 ապրիլ 2025։
- Քուէարկելու համար պէտք է Գանատայի քաղաքացի ըլլաք, որ ընտրութեան օրը առնուազն 18 տարեկան է։
- Քուէարկութեան կեդրոնները կ’աշխատին տասներկու ժամ՝ Թորոնթոյի ժամով առաւօտեան ժամը 9:30-էն երեկոյեան ժամը 9:30:
- Պէտք է քուէարկէք ձեզի յատկացուած քուէարկութեան կեդրոնին մէջ։

Ինքնութեան ապացոյց`


Քուէարկողները պէտք է կարենան ապացուցել իրենց ինքնութիւնը եւ հասցէն հետեւեալ միջոցներէն մէկով.
Վարորդական արտօնագիր (driver’s licence) կամ որեւէ այլ՝ գանատական կառավարութեան կողմէ տրուած ինքնութեան փաստաթուղթ (դաշնային, նահանգային/տարածքային կամ տեղական) ձեր անունով, լուսանկարով եւ բնակչութեան ներկայ հասցէով։
Եթէ վերոնշեալներէն մէկը չունիք, պէտք է ցոյց տաք երկու փաստաթուղթ, որոնցմէ առնուազն մէկը պէտք է ունենայ ձեր ներկայ հասցէն։
Եթէ վերոնշեալներէն ոչ մէկը ունիք, պէտք է գրաւոր կերպով յայտարարէք ձեր ինքնութիւնն ու հասցէն եւ ունենաք ձեզի հետ մէկը, որ կրնայ երաշխաւորել ձեզ։ Այս անձը պէտք է ապացուցէ իր ինքնութիւնն ու հասցէն կառավարութեան կողմէ տրուած ինքնութեան փաստաթուղթով։ Իւրաքանչիւր անձ կրնայ երաշխաւորել միայն մէկ անձ։

Քուէարկողի տեղեկութեան քարտ (Voter information card)`
Ձեր քուէարկութեան կեդրոնը գտնելու համար, ստուգեցէք ձեր՝ քուէարկողի տեղեկութեան քարտը, որ ձեր տուն կը ղրկուի երբ կ’արձանագրէք ձեր հասցէն։
Այս քարտը կը տեղեկացնէ ձեզի ո՞ւր եւ ե՞րբ քուէարկել, ձեզի յատկացուած քուէարկութեան կեդրոնի մատչելիութիւնը, ինչպէս նախապէս օգնութիւն խնդրել եւ մօտակայ «Ընտրութիւններ Գանատա» (Elections Canada) գրասենեակի հասցէն, ուր կը կատարուի յատուկ քուէաթերթիկով քուէարկութիւնը։ Այս քարտը քուէարկութեան օրը պէտք է բերէք ընդունուած ինքնութեան փաստաթուղթերու հետ միասին։

Քուէարկողի տեղեկութեան ծառայութիւն`
Քուէարկողի տեղեկութեան ծառայութիւնը (Voter information service) տեղեկութիւններ կը տրամադրէ ձեր ընտրական շրջանի մասին, ներառեալ քարտէզ, թեկնածուներու ցանկ եւ նախորդ ընտրութիւններու արդիւնքներ։ Անիկա կրնայ նաեւ օգտագործուիլ՝ ձեր շրջանին մէջ առաջադրուող թեկնածուներու ցանկը, ընտրութեան օրուան ձեր քուէարկութեան վայրերու տեղադրութիւնը եւ ձեր տեղական «Ընտրութիւններ Գանատա» գրասենեակի հասցէն գտնելու համար։ Եթէ չէք արձանագրուած քուէարկելու համար, կրնաք արձանագրուիլ ձեզի յատկացուած քուէարկութեան կեդրոնին մէջ։

Քուէարկելու լաւագոյն ժամանակը`
Ըստ «Ընտրութիւններ Գանատա»-ի, ընտրութեան օրը քուէարկելու լաւագոյն ժամանակը առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ կե. ժամը 4-ն է. ամենէն խճողուած ժամերը առաւօտեան կանուխ ժամերն ու կէսօրէ ետք ժամը 4-էն ետք են։

Դաշնային ընտրութեան մէջ քուէարկելու մասին աւելի շատ տեղեկութիւններ կրնաք գտնել «Ընտրութիւններ Գանատա»-ի կայքէջին մէջ (յղումը՝ մեկնաբանութիւններուն մէջ):

(լուսանկարը՝ Իշմայել Ն. Տարոյի)

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Թորոնթոհայ Էյմի Գազանճեանի արուեստը հայ ժողովուրդի յոյսի եւ դիմացկունութեան դրսեւորումն է

Next
Next

2025 Federal election: Aris Movsessian looks to bring fresh leadership to Scarborough-Agincourt