Թորոնթոհայ Էյմի Գազանճեանի արուեստը հայ ժողովուրդի յոյսի եւ դիմացկունութեան դրսեւորումն է

Արցախի վերջին պատերազմի հետեւանքներուն, մեծ ցաւին ու կորուստին մասին պատմելու իւրայատուկ միջոց ունի թորոնթոհայ գեղանկարիչ Էյմի Գազանճեան։ Առանձնայատուկ է սփոփանքի, կեանքի շարունակութեան եւ յոյսի պատգամ տալու անոր եղանակը։

«Յոյսի բնանկարներ» խորագիրով անոր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ 7 դեկտեմբեր 2024-ին, Պերլինի մէջ, գունեղ, վերացական ոճի բնանկարներու ընդմէջէն, իւրովի մօտեցումով ներկայացուց յետպատերազմեան Արցախը՝ ընդգծելով յոյսի, դիմացկունութեան եւ տարածաշրջանին առջեւ ծառացած բնապահպանական մարտահրաւէրները:

Գազանճեան արուեստը կ'օգտագործէ որպէս միջոց` լուսարձակի տակ առնելու հայկական հիմնախնդիրները եւ մեր հաւաքական ցաւը կը փոխակերպէ տեսողական արուեստի, զոր կարելի է դիտել ու զգալ: 2023 թուականի աշնան անոր առաջին՝ ​​«Մենք են մեր սարերը» ցուցահանդէսը, նոյնպէս Պերլինի մէջ, փայտէ կտաւներու վրայ կը ներկայացնէր արցախեան պատերազմի թուային փորձը՝ զանգուածային գաղթի փաստագրման միջոցով: «Յոյսի բնանկարներ»-ը հնչեղ փորձառութիւն է, ուր յոյս ներշնչող պատմութիւններու ընդմէջէն` արուեստագէտը ցուցահանդէսին այցելուները հրաւիրեց՝ ճանչնալու պայքարը այն հաւաքականութեան, որ այժմ կը շարունակէ մաքառիլ իր գոյութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու համար:

«Յոյսի բնանկարներ»-ը մեծարանք է ոչ միայն հայրենիքի բնապատկերներուն, այլեւ՝ տոկունութեան եւ յոյսի ներքին զգացումներուն, որոնք կը կիսեն բոլոր հայերը, յատկապէս հակամարտութիւններու եւ մշակութային բնաջնջման ժամանակամիջոցին: Համարձակ գոյներու եւ ակնառու վերացական ստեղծագործութիւններու միջոցով նկարիչը իր բնանկարներուն մէջ կը պարփակէ վշտի եւ ուրախութեան երկուութիւնը, այն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը այսօր:

Հակառակ մեր ժողովուրդին հանդէպ շարունակուող բռնաճնշումներուն, Գազանճեան իր կենսունակ ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն կը փոխանցէ հայ հասարակութեան ունեցած յոյսի պատգամը։ Հաւաքածուին իւրաքանչիւր կտորը կ’արտացոլացնէ յորդ զգացումներ՝ կորուստի պատմութեան զուգընթաց շարունակուող եռանդոտ կեանքին։ «Հոյ Նազան» կտորը կը պատկերէ կեանքի յանկարծակի անորոշութիւնը, ուր յաճախ պատասխաններ չկան, սակայն հեղինակը կը հաւատայ աւանդոյթի ու մշակոյթի սփոփանքի ուժին մեր կեանքի ընթացքին: «Կորուստ ապրիլը ողբերգական է, սակայն փոքր ուրախութիւնները մեզի կը մղեն դէպի ներկայ պահը եւ դէպի վերակենդանացում»,- կ’ըսէ արուեստագէտը ու կ’աւելցնէ,- «Երբ ես կը նայիմ այս կտորին, հոն կայ տաք թէյ՝ պատրաստուած ուրցով, ձեռքով հաւաքուած խոտաբոյսերով, «փուռ» վառարանը միացած է, սեղանին տաք հաց կայ եւ՝ երեխաներ, որոնք կը վազեն կանաչ բլուրներուն վրայ: Կայ պար եւ ծիծաղ: Երգը, որ ես կը լսեմ, մշակած են Աստղիկ Սանոսեանն ու Թէօ Ֆուշներեթը, գրած է մեր սիրելի ազգային երաժշտաբան ու երգահան Կոմիտասը»:

Գազանճեանի վերջին հաւաքածուին երկու կտորները ոգեշնչուած են Արցախի մէջ գտնուող հայկական ընտանիքի մը տունէն եւ այգիէն, որոնք այլեւս չկան: Վերացական ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնեն այնտեղ մեր ունեցած գեղեցկութիւնն ու հարստութիւնը․ ընկուզենիներ, նռան ծառեր, պատմութիւններով լեցուն տեղ, ուրախ հաւեր եւ ամենաոսկէ մեղրը:

Գազանճեան, Արցախեան պատերազմներէն ետք, երբ սկսաւ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կորուստի, գոյատեւման եւ յոյսի թեմաները արծարծել, վստահ չէր, թէ անոնք ինչպէս պիտի արձագանգեն դիտողին։ Իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսին, Պերլինի մութ ու անձրեւոտ երեկոյին, ներկայ էին մօտ եօթանասունհինգ հոգի, որոնցմէ շատերը պատմեցին, թէ արուեստը ինչպէս վերացուց իրենց հոգիները եւ նոր հնարաւորութիւն տուաւ հայկական փորձառութեան հետ կապուելու։

Արուեստագէտին համար իր հաւաքածոները աւելին են քան տեսողական արտայայտութիւններ: Ան կը ներկայացնէ մեր պատմութիւնը, լեռնաշխարհը եւ կը հաղորդուի անոր բուժիչ եւ շօշափելի ուժին հետ։ Ան արուեստի միջոցով կը մէկտեղէ սփիւռքն ու անոր բարեկամները եւ կը նպաստէ, որպէսզի անոնք նմանապէս տեղեկանան եւ կապ հաստատեն մեր պատմութեան աղաղակող էջերուն հետ։

«Յոյսի բնանկարներ» խորագիրով ցուցահանդէսը խոր նշանակութիւն ունէր Պերլինի եւ Թորոնթոյի հայ համայնքներուն համար․ Պերլինի, ուր հայկական համայնքը կը նպաստէ քաղաքի մշակութային բազմազանութեան, ուր ցուցահանդէսը համախմբեց մարդոց, որոնք կը կիսեն ընդհանուր ժառանգութիւնը եւ առիթ ստեղծեց անդրադառնալու, երկխօսելու Արցախի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած շարունակական մարտահրաւէրներուն մասին: Թորոնթոյի, ուր արուեստագէտին արմատները կ’երկարին, ուր իր աշխատանքին արձագանգը հասաւ անոնց, որոնք կորուստի փորձառութիւնը ունեցան 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին եւ անոնց, որոնք երբեք ոտք չդրին Արցախ, բայց կը զգան անոր՝ իրենց ինքնութեան վրայ ունեցած պատմական ծանրութիւնը։


Գազանճեան կը համագործակցի GAiN գերմանական մարդասիրական կազմակերպութեան հետ, որ աշխուժ ծրագիրներ կ’իրականացնէ Հայաստանի մէջ:

Կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան շնորհիւ է, որ արուեստագէտը կրցաւ կազմակերպել սոյն ցուցահանդէսը քաղաքի կեդրոնին մէջ եւ շարունակել քննարկումները նուիրատուներու եւ կազմակերպութեան անդամներու հետ՝ 2020 թուականէն ետք պատերազմի հետեւանքներուն վերաբերեալ: Վերջին երեք տարիներուն ան իր արուեստով կ’օժանդակէ հայկական նախաձեռնութիւններու։

Արուեստագէտին ստեղծագործական ճանապարհորդութիւնը չի սահմանափակուիր վերոնշեալ երկու ցուցահանդէսներով, անոր հայկական բներգներու (motif) գեղագրութիւնները կը զարդարեն բեմական տարազներ, նկարազարդումները՝ հայկական բանաստեղծական, մանկական եւ գեղարուեստական գիրքերու շապիկներ։ Իր հաւաքածոներուն համար ան կը նկարէ խառն հնարքներու ոճով։ Զգացումները լաւապէս կ’արտայայտէ ջրաներկի, աքրիլիքի եւ փաստելի միջոցով:

Էյմի Գազանճեան հայկական ժառանգութեան հետ սկսած է առնչուիլ, երբ ծանօթացած է Կոմիտասի, Կիւրճիեւի եւ Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտութեան պատմութեան։ Ան առիթ ունեցած է հանդէս գալու Երեւանի պալէի եւ օփերայի թատրոնին մէջ: Արուեստի միջոցով հայկական ինքնութիւնը արտայայտելու անոր կիրքը կենսական ազդեցութիւն կ’ունենայ իր ստեղծագործութիւններուն վրայ, որոնք յաճախ կապուած են երաժշտական ​​կտորներու հետ։

Էյմի Գազանճեանի գործերուն սահմանափակ հրատարակութիւնը հասանելի է ապրիլ 2024-էն։ Անոր արուեստի կտորներուն հաւաքորդները կու գան սփիւռքէն՝ Ֆրանսայէն, Գանատայէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէ: Համայնքային զօրակցութիւնը կը նպաստէ Գազանճեանի արուեստի կենսունակ եւ այժմէական տեսիլքին, որուն շնորհիւ ան կը ներկայացնէ հայկական ժառանգութիւնն ու ծաղկող ինքնութիւնը։ Թորոնթօ ծնած եւ Պերլին ապրող գեղանկարիչը, կը նաւարկէ տարբեր մշակոյթներու միջավայրերու մէջ, միեւնոյն ատեն արմատացած մնալով իր հայկական ժառանգութեան։ ֎

***

Այս յօդուածը հրատարակուած է «Թորոնթոհայ»-ի ապրիլ 2025 (#212) թիւին մէջ:

(լուսանկարը տրամադրած է Էյմի Գազանճեանը)

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Previous
Previous

Խաչբառ (թիւ #213)

Next
Next

Ընտրութեան օրն է. Գանատայի դաշնային ընտրութիւններուն մասնակցելու հակիրճ ուղեցոյց