30-րդ «Տոհմիկ օր»-ը պիտի նուիրուի Միջագետքին եւ Իրաքի հայ գաղութին
Նոյեմբերը կը մօտենայ ու իր հետ կը բերէ թորոնթոհայութեան սրտերուն ու հոգիներուն մէջ մեծ տեղ գրաւող Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Ռուբինա» մանաճիւղին կազմակերպելիք «Տոհմիկ օր»-ուան ձեռնարկը, որ ինքնին կ’աշխուժացնէ ու կենդանի կը պահէ թորոնթոհայուն հայկական ինքնութեան արմատները։
Ակնյայտ է ոգեւորութիւնը «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբի եւ ենթայանձնախումբերու անդամներուն, որոնք Թորոնթոյի հայ կեդրոնին մէջ շաբաթական դրութեամբ տեղի ունեցող ժողովներուն մասնակցելով, իրենց ամիսներու եռուզեռով, ուս-ուսի տուած տքնաջան կամաւոր աշխատանքով կը ջանան արժանաւոր ձեւով ներկայացնել երկրի մը հայ գաղութի պատմութիւնը։ Այս տարի ընտրուած է Իրաքի հայ գաղութի բազմակողմանի կեանքը եւ հարուստ մշակոյթը։ «Միջագետք՝ բնօրրան քաղաքակրթութեան» խորագիրով «Տոհմիկ օր»-ը առիթ պիտի տայ ըմբոշխնելու Իրաքի եւ Միջագետքի պատմական բոյրն ու վառ յիշատակներով յորդող հայկական օճախին ջերմութիւնը։
«Տոհմիկ օր»-ուան ձեռնարկին յանձնախումբի ատենապետ Հուրի Նաճարեանի, փոխատենապետ Արմիկ Սաֆարեանի եւ գեղարուեստականի, զարդարանքի եւ ցուցահանդէսի ենթայանձնախումբերու անդամներէն Սեւան Աթանոսեանի հետ հանդիպում մը ունեցանք։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին անոնք անդրադարձան խրախճանքին ու դասախօսական ցերեկոյթին յաջողութիւնը ապահովող ենթյանձնախումբերուն աշխատանքին եւ 30-րդ «Տոհմիկ օր»-ուան մանրամասնութիւններուն։
***
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- 1994-էն ի վեր, երեսուն տարիներ շարունակ, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, տարեկան դրութեամբ կը ձեռնարկէ գաղութիս կողմէ մեծապէս գնահատուած եւ ձեր իսկ մտայղացումը հանդիսացող «Տոհմիկ օր»-ը։ Եկէ՛ք անդրադառնանք այս ազգապահպան իւրայատուկ նախաձեռնութեան ծնունդին, բնոյթին եւ առաքելութեան:
Հուրի Նաճարեան- «Տոհմիկ օր»-երու շարքը, իր ազգային բնոյթով, հայապահպանման նպաստող նախաձեռնութիւն մըն է, որ անցեալէն այսօր շատ սիրուեցաւ ու գնահատուեցաւ թորոնթոհայ գաղութին կողմէ։ ՀՕՄ-ի Թորթնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եզակի նախաձեռնութիւններէն մէկը նկատուող եւ երեսուն տարիներէ ի վեր, տարեկան ձեռնարկ հանդիսացող՝ «Տոհմիկ օր»-ը կը համարուի սոյն մասնաճիւղին յաջողագոյն ձեռնարկներէն մին, որուն ընդմէջէն, երկու օրերու տեւողութեամբ՝ խրախճանքի, գեղարուեստական յայտագիրի, գիրքի հրատարակութեան ու դասախօսութիւններու շնորհիւ, թորոնթոհայութիւնը կ’ըմբոշխնէ հայկական որոշ շրջանի մը կամ գաղութի մը իւրայատուկ դիմագիծը, հարուստ պատմականը, ազգային եւ մշակութային բազմերես ու լայնածաւալ հայակերտ ծալքերը։
Իր տեսակին մէջ իւրօրինակ այս ձեռնարկով, Հայ օգնութեան միութեան մեծ ընտանիքը ընդհանրապէս, եւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը յատկապէս, կը շարունակէ պաշտպանը հանդիսանալ հայ ժողովուրդի տոհմիկ ժառանգութիւններուն, առիթը կը ստեղծէ՝ հայրենիքէն հեռու կայք հաստատած հայորդիներու հոգիներուն մէջ վառ պահելու մեր ազգային եւ մշակութային բարքերը, ինչպէս նաեւ՝ թորոնթոհայ համայնքի նորահաս սերունդին կը ծանօթացնէ հայկական աւանդական բարքերը, սովորութիւնները եւ հայ գաղութներու պատմութիւնը:
«Տոհմիկ» բառը ինքնին կը նշանակէ ցեղային արմատական ժառանգութիւն, ու մենք ճիշդ այդ բառին բնոյթը իմաստաւորելով կը փորձենք պեղել մեր արմատները եւ ի յայտ բերել մեր ժառանգութիւնը։ Այսպիսով՝ Արեւմտահայաստանի զանազան քաղաքներուն եւ գաւառներուն, Սեբաստիոյ, Կեսարիոյ, Պոլսոյ, Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններու, Երեւանի, հերոսամարտերու, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի, Հայոց թագաւորութիւններուն ու տոհմերուն , Արցախի, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի, հայկական գաղութներուն նուիրուած «Տոհմիկ օր»-երը առիթը կ’ընծայեն տարբեր գաղութներէ Թորոնթօ հաստատուած հայորդիները իրարու մօտեցնելու եւ իրարմով հպարտանալու, միշտ նպաստելով թորոնթոհայ համայնքի ամրացումին:
Ի հարկէ աշխատանքը ինքնին մեծ է եւ ծրագրում, համատեղում ու հաւաքագրում կը պահանջէ, իսկ մեր յանձնախումբերը տարուէ-տարի, աւելի հմտանալով, ծաւալուն կերպով եւ աշխուժօրէն կը կատարեն իրենց վսահուած աշխատանքը։
ՏՄԿ – Արդեօք այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ը ո՞ր հայ գաղութին ձօնուած է, կազմակերպչական ինչպիսի՞ ընթացք կը վարէք այս առիթով:
Արմիկ Սաֆարեան- Այս տարի տոհմիկ օրերու պայծառ շղթային 30-րդ օղակը ձօնուած է Իրաքի հայ գաղութին:
Թորոնթոհայ գաղութի ազգապահպանման կարեւոր հիմնաքարերէն մէկը հանդիսացող եւ «Միջագետք՝ բնօրրան քաղաքակրթութեան/Mesopotamia, Cradle of Civilization» խորագիրը կրող ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ երկու օրերու տեւողութեամբ, 9-10 նոյեմբեր 2024-ին։
Այս առիթով «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը յառաջացուց շուրջ երեսուն հոգինոց յանձնախումբ մը , որ կը բաղկանայ ՀՕՄ-ականներէ եւ իրաքահայ քոյրերէ եւ եղբայրներէ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կը կազմակերպեն ընդհանուր աշխատանքը:
Նկատի ունենալով, որ տոհմիկ օրերու տօնակատարութիւնը հսկայական աշխատանքի կը կարօտի, յանձնախումբը կազմեց հինգ ենթայանձնախումբեր՝ գիրքի, գեղարուեստականի, զարդարանքի եւ ցուցահանդէսի, ճաշի եւ վիճակահանութեան. իւրաքանչիւր ենթայանձնախումբ կը ծրագրէ իր բաժինին աշխատանքները:
ՏՄԿ- Վստահ եմ, որ մեր ընթերցողը պիտի ուզէ ծանօթանալ Իրաքի հայ գաղութին պատմական որոշ տուեալներուն, այսպիսով աւելի քաջատեղեակ ըլլալով՝ պիտի ընդառաջէ ներկայ գտնուելու այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ուան։
ՀՆ- Իրաքի հայ գաղութը դարերու պատմութիւն ունի։ Առաջին տեղեկութիւնները կարելի է գտնել Մովսես Խորենացիի Հայոց պատմութեան մէջ, ուր ան յայտնած է, թէ հայերը ժամանակակից Իրաքի տարածքին մէջ բնակած են դեռեւս նախքան քրիստոնէութիւնը: Ապա յիշատակութիւններ կան Մեծն Տիգրանի օրով հայերուն Միջագետքի շրջանին մէջ հաստատուելուն մասին, իսկ աւելի ուշ, 17-րդ դարուն, Շահ Ապպասի մահէն ետք` յետապնդումներու եւ բռնութիւններու պատճառով, կը սկսի հայերու արտագաղթը Պարսկաստանէն դէպի Իրաք եւ Հնդկաստան: Հնդկաստան գաղթողներուն մէկ մասը ճանապարհին վրայ կը հաստատուի Իրաքի Պասրա քաղաք:
1915 թուականին տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան հետեւանքով տասնեակ հազար հայեր ապաստան գտած են Իրաք: 1920-ականներուն Իրաքի մէջ ապաստանած են շուրջ ինիսուն հազար հայեր: Աւելի ուշ անոնցմէ մէկ մասը հեռացած է Իրաքէն դէպի այլ վայրեր, իսկ միւս մասը, որպէս հայրենադարձ, հաստատուած է Հայաստան:
Մինեւ 2003-ի պատերազմը իրաքահայերու թիւը կազմած է մօտ քսանհինգ հազար: Գաղութին մեծամասնութիւնը բնակած է մայրաքաղաք, իսկ մնացեալը՝ Մուսուլ, Պասրա, Քէրքուկ եւ այլ քաղաքներ: Իրաքի Հայոց թեմը Էջմիածնական է եւ ունի ինը եկեղեցի, որոնցմէ չորսը կը գտնուին Պաղտատի մէջ: Առաջնորդարանը տեղակայուած է Պաղտատի ամենամեծ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին կից։ Առաջնորդարանին կից կը գործեն հայկական մանկապարտէզ եւ դպրոց, իսկ իրաքահայութեան ղեկավար մարմինը` Ազգային կեդրոնական վարչութիւնն է։
Դժբախտաբար, Իրանա-իրաքեան եւ Ծոցի պատերազմներու հետեւանքով բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կը լքեն Իրաքը, որուն հետեւանքով հայ բնակչութեան թիւը կը նոսրանայ, իսկ այսօրուան դրութեամբ՝ Իրաքի մէջ ապրող իրաքահայերու թիւը մօտաւորապէս վեցէն եօթը հազար է:
Անշուշտ, այս մէկը փոքրիկ ակնարկ մըն է մեր ձեռնարկին, եւ հրատարակուելիք գիրքին շնորհիւ աւելի բազմածաւալ տեղեկութիւններով պիտի լուսաբանուի թորոնթոհայութիւնը եւ մօտէն ծանօթանայ իրաքահայ գաղութի կեանքին եւ ազգային առօրեային։
ՏՄԿ- Ամիսներ առաջ սկսած եւ աշխոյժ թափով ընթացող աշխատանքներուն ու անոնց արդիւնքով գոյանալիք ճոխ յայտագրի մը ծրագրումին, զարդարանքին ու ցուցահանդէսին մասին խօսինք։
Սեւան Աթանոսեան- Վեց հազար տարուան պատմութիւն ունեցող երկիր մըն է Իրաքը, ուր տարբեր քաղաքակրթութիւններ եւ ժողովուրդներ, տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին ապրած են եւ իրենց դրոշմը ձգած են այդ տարածքին մէջ։ Գեղեցիկ համադրութեամբ զարդարուած սեղաններէն բացի, մասնագիտական ոճով զարդարանքի յատակագիծ մը պատրաստուած է, ուր Էշթարի դարպասը, իր գունաւոր զարդանախշերով եւ մանրանկարներով պիտի տեղադրուի բեմին վրայ։ Սրահին կեդրոնը պիտի զարդարեն Բաբելոնի խորհրդանիշ երկու հսկայ ցուլերը, ապա՝ Համուրապիի օրէնսդրութիւնը…սեպագիր գրութիւններով պաստառներ պիտի զարդարեն սրահը եւ կրեն այդ օրուան տուեալ գաղութին վերաբերող իմաստներ։ Հայ կեդրոնի մուտքին տեղադրուած պիտի ըլլայ Իրաքի քարտէսը իր Տիգրիս եւ Եփրատ գետերով, ինչպէս նաեւ՝ Իրաքի հողին վրայ յառաջացած քաղաքակրթութիւնները։
Պիտի ցուցադրուին իրաքահայ մշակոյթին վերաբերող իւրայատուկ իրեր, իրաքեան արտադրութիւններ, թանկարժէք զարդեր, իրաքահայ արուեստագէտներու գործերէն նմոյշներ…մէկ խօսքով՝ Հայ կեդրոնի սրահին իւրաքանչիւր անկիւնէն պիտի բուրէ հնագոյն երկիր Իրաքի քաղցրութիւնը եւ այդ երեկոյ մեր մտածումներով եւ զգայարանքներով պիտի փոխադրուինք Իրաք:
Սրահի ընդհանուր մթնոլորտը, երգիչները, երգերը, պարն ու երաժշտութիւնը, հիւրասիրութիւնը, այս առիթով յատկապէս պատրաստուած տեսերիզի ցուցադրութիւնը եւ բծախնդրօրէն հրատարակուած գիրքի շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ միասնաբար Իրաքի հայ համայնքին աշխոյժ եւ բազմակողմանի գործունէութիւնն ու կեանքը վերապրիլ ու վերապրեցնել խանդավառութեամբ:
ՏՄԿ- Ի՞նչ ձեւով կը ծրագրէք այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ուան նշումը կատարել, թորոնթոհայութիւնը ո՞ւրկէ եւ ինչպէ՞ս կրնայ ապահովել այս բացառիկ օրուան տոմսերը:
ԱՍ- Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ երկու օրերու ընթացքին՝ 9 եւ 10 նոյեմբերին։ 9 նոյեմբերին՝ ճաշկերոյթ եւ խրախճանք։ Երեկոն պիտի խանդավառէ իրաքահայ երգիչ Արշամ Պապերեանը՝ հրաւիրուած Լոս Անճելոսէն։ Ունինք ճոխ գեղարուեստական յայտագիր եւ իրաքեան համադամ ճաշեր:
Տոմսերը կարելի է ապահովել յանձնախումբի անդամներէն։ Քաջալերելի պիտի ըլլայ հայկական տարազներով մասնակցութիւն բերել մեր տոհմի պատմութիւնը աւանդող այս ձեռնարկին։ Լիայոյս ենք, որ թորոնթոհայ գաղութը իր ներկայութեամբ սատար պիտի հանդիսանայ սոյն ձեռնարկի յաջողութեան:
Երկրորդ օրը, 10 նոյեմբերին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստի արարողութիւն պիտի կատարուի իրաքահայ ննջեցեալներու եւ զոհերու յիշատակին, ապա՝ մատաղի հիւրասիրութիւն, որմէ ետք Հայ կեդրոնի սրահէն ներս պիտի ունենանք դասախօսական ցերեկոյթ մը, որուն մանրամասնութիւնները պիտի փոխանցենք յաջորդիւ։
Ուրախ եմ յայտնելու, որ այդ շաբաթավերջ իրազեկ պիտի դառնանք իրաքի հայ գաղութի մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն, պիտի ունկնդրենք հայկական եւ իրաքեան երաժշտութենէն պատառիկներ, պիտի ծանօթանանք նշանաւոր հայ դէմքերու, որոնք պատկառելի դեր ունեցած են Իրաքի բարգավաճման մէջ եւ մտովի պիտի այցելենք Իրաքի հայաշատ վայրերը՝ ըմբոշխնելու իրաքահայ կեանքի համն ու հոտը։
ՏՄ- Եկէ՛ք զրուցենք այս ձեռնարկին առիթով հրատարակուելիք գիրքին հսկայ աշխատանքին մասին։
ՀՆ- Նախկին տարիներուն նման, այս տարի եւս գիրքը կը պատրաստուի գիրքի ենթայանձնախումբի անդամներուն իւրայատուկ ջանքերով ու զոհողութիւններով, անշուշտ նիւթերու եւ նկարներու հաւաքագրումը եւ համադրումը կը կատարուին մեղուաջան աշխատանքով։
Այս տարուան գիրքը պիտի բովանդակէ իրաքահայոց պատմական, աշխարհագրական, մշակութային տուեալներ, ականաւոր դէմքերու կենսագրականներ, տեսարժան վայրերու ու նշանաւոր կեդրոններու գեղեցիկ նկարներու շարան մը։ Գունաւոր էջերով զարդարուն, հայերէն եւ անգլերէն բաժիններով գանձարան մը նկատուող գիրքը «Տոհմիկ օր»-ուան մնայուն դրոշմն է, որ միշտ կը գործածուի իբրեւ աղբիւր տեղեկութիւններու։
Ներկաներուն պիտի նուիրուին «Տոհմիկ օր»-ուան խորհրդանշաններէն մէկը համարուող եւ այդ երեկոյթին կրկնակի փայլք տուող գիրքերէն մէկական նմոյշներ, ինչպէս նաեւ՝ օրինակ մը պիտի նուիրուի նուիրատուներուն։
Այս առիթով, կանխայայտ շնորհակալութիւն յայտնելով, կը դիմենք մեր նուիրատուներուն, որոնց նուէրներով կ’իրագործուի գիրքին հրատարակութիւնը։ Մեր փափաքն է, որ անոնք նախկին տարիներու նման՝ առատաձեռնութեան օրինակ հանդիսանալով՝ մաս կազմեն բոլորիս համար մնայուն արժէք եւ գանձարան համարուող սոյն գիրքին հրատարակութեան հսկայական ծախսին։
ՏՄԿ- Յոբելինական 30-րդ «Տոհմիկ Օր»-ուան առիթով ինչպիսի՞ տօնական անակնկալներ ունիք մատուցելու թորոնթոհայութեան։
ՀՆ- Չակերտները բանալով՝ կ’ուզեմ նշել, թէ այդ բացառիկ գիշերուան առթիւ իւրայատուկ ձեւով պիտի նշենք «Տոհմիկ օր»-ուան 30-ամեակը եւ ցուցադրենք երեսուն տարուան արգասիքը հանդիսացող գիրքերուն շարքը։ Այդ գիրքերուն աշխատանքը ստանձնող անդամներուն ալ անակնկալ մը պատրաստած ենք։ Վստահ եմ, որ բծախնդրօէն պատրաստուած անակնկալը շատ պիտի խանդավառէ ներկաները։
Այս առիթով գնահատանքի խօսք կ’ուզեմ ուղղել յանձնախումբի եւ ենթայանձնախումբերու՝ ՀՕՄ-ական եւ ոչ ՀՕՄ-ական, անդամներուն եւ կամաւորներուն, որոնք տարուած ժրաջան աշխատանքներուն սիրայօժար կը մասնակցին՝ կատարեալ յաջողութիւն արձանագրելու սիրոյն։
Մասնայատուկ շնորհակալութիւն եւ արեւշատութիւն կը մաղթեմ մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք այս առթիւ իրենց լումաները կը տրամադրեն ու կը նպաստեն ձեռնարկին յաջողութեան։
Անշուշտ, «Տոհմիկ օր»-ուան 30-ամեակին առիթով, կը քաջալերենք մեր թորոնթոհայ գաղութի անդամները, որպէսզի ընդառաջեն մեր փափաքին եւ ընտանեօք ներկայ գտնուին այս բացառիկ ձեռնարկին՝ մասնակից դառնալու մեր ազգային ինքնութիւնը խորհրդանշող հպարտութեան, որ պիտի արտացոլայ տոհմական մեծ համախմբումով ու տօնակատարութեամբ՝ նշանաբան ունենալով «Սփիւռք, հայեացքով միշտ դէպի երկիր»։ ֎