Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» հատորը ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ

(լուսանկարները Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին)

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ, 7 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ արժանթինահայ գրող Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» գիրքին շնորհանդէսը: Հեղինակին անդրանիկ ժողովածուն կ’ընդգրկէ անոր տարբեր տարիներու գրած բանաստեղծութիւնները։

«Խաչիկ Տէր Ղուկասեանն իր առաջին գիրքով՝ վստահ, ինքնուրոյն քայլով կը մտնէ բանաստեղծական աշխարհ, եւ գիրքը, որ անոր երախայրիքն է, կը խոստանայ ունենալ շարունակութիւն», կը յայտնէ Համազգայինի երեւանեան գրասենեակը՝ շնորհանդէսին առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին գրականագէտներ, գրողներ, գրքասէրներ, Համազգայինի եւ ՀՅԴ մեծ ընտանիքի անդամներ: Բացման ու շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան` իր խօսքին մէջ անդրադառնալով մեր օրերուն սփիւռքահայ գրականութեան դերին եւ նշանակութեան, ինչպէս նաեւ հայ գրողի առաքելութեան՝ ճակատագրական պահերուն հայրենիքին ծառայելու եւ ազգային արժէքներու սերմանման գործին մէջ։

Շնորհանդէսի բանախօսն էր գրող, գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծական լեզուն, խօսքի վարպետութիւնն ու բանաստեղծական մշակոյթը` զայն գնահատելով ինքնեղ, համարձակ ու ժամանակի շունչին համընթաց։

Շնորհանդէսը շարունակուեցաւ Տէր Ղուկասեանին հետ բաց զրոյցով, որ վարեց «Թորոնթոհայ» ամսագրի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան։ Զրոյցի ընթացքին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան բացայայտելու բանաստեղծին խորունկ աշխարհը, անոր ընկալումները բառ ու բանի շուրջ, հոգեհարազատ թեմաներն ու գրական ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ` անոր մտորումները սփիւռքի ու հայրենիքի մէջ ստեղծուող ժամանակակից գրականութեան խնդիրներուն շուրջ։

Բանալով զրոյցը, Ճանպազեան հարց ուղղեց, թէ ինչո՞ւ այսքան տարիներու ստեղծագործական կեանքէն ետք որոշուեցաւ այս հատորին հրատարակութիւնը։ Նախքան պատասխանին անցնիլը, Տէր Ղուկասեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի մեծ ընտանիքին ու Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի նախկին ուսուցիչ Շաքէ Պասմաճեան-Բատոյեանին, որ եղած էր հեղինակին դասատուն եւ ներկայ էր շնորհանդէսին: Տէր Ղուկասեան բացատրեց, որ գրքի բանաստեղծութիւններու առաջին բաժինը հաւաքուած էր դեռ տասնամեակներ առաջ, սակայն հրատարակութիւնը ուշացած էր։ Ի վերջոյ, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան դրամաշնորհին շնորհիւ գիրքը լոյս տեսաւ Հայաստանի մէջ։ Այս ընտրութիւնը Խաչիկը կարեւոր նկատեց, քանի որ անիկա հնարաւորութիւն ստեղծեց արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ հատոր մը Հայաստանի մէջ ներկայացնելու՝ ընդգծելով սփիւռք-Հայաստան գրական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Զրոյցի առանցքային կէտերէն մին դարձաւ գրքի խորագիրը՝ «Սահմանելի»-ն, որ Ճանպազեանին համար «չսահմանուած» բովանդակութիւն եւ ոճ ունէր։ Հեղինակը բացատրեց, որ խորագիրը ծագած էր պարզ անեկդոտային դէպքէ մը, սակայն յետագային խորացած էր՝ յղում կատարելով «ոչ-վայրի» սահմանման փնտռտուքին, որուն մէջ սփիւռքի գրականութիւնը կը գտնուէր։ Խօսուեցաւ նաեւ այն մասին, թէ ինչպէս բանաստեղծը կը համադրէր արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ ստեղծագործելու իր առաքելութիւնը իր գործերուն մէջ եղող «ոչ աւանդական» եւ «հանդուգն» պատկերներուն հետ։ Տէր Ղուկանեան յայտնեց, որ լեզուն կենդանութիւն կը ստանար առօրեային հետ խառնելով, ինչպէս իրենց ժամանակին մէջ ըրած էին Վահէ Օշական եւ Գրիգոր Պըլտեան, որուն ձօնուած է հատորը:

Քննարկման մէջ ծաւալուն տեղ գրաւեց նաեւ «մաքուր հայերէն» հասկացողութիւնը, որուն շուրջ Տէր Ղուկասեան իր մտածումները ներկայացուց ու յիշեց Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի աշակերտական օրերը: Ըստ հեղինակին, այնտեղ էր ուր «մաքուր հայերէն» սորվեցաւ, սակայն ժամանակի ընթացքին անդրադարձաւ, որ կեանքն ու առօրեան այլ էին։ Խաչիկը շեշտեց, որ լեզուն կենդանութիւն ստանալու համար պէտք էր զարգանար առօրեային հետ, բայց պէտք էր նաեւ զգուշանալ, որ առօրեան չաղաւաղէ լեզուն։ Այդ իսկ պատճառով, ինքը կարեւոր համարեց, որ լեզուն պէտք էր ապրէր, յղում կատարելով Օշականի և Պըլտեանի մօտեցումներուն, որոնք չէին վարանած գործածելու խօսակցական կամ ոչ «մաքուր» բառեր՝ արեւմտահայերէնը կենդանի պահելու համար։ Այս առումով, Խաչիկը հաստատեց, որ գրաբարը՝ որպէս «ամենագեղեցիկ» հայերէնը, մնացած էր թանգարանային լեզուի կարգավիճակին մէջ, իսկ լեզուն զարգացնելու համար անհրաժեշտ էր, որ առօրեան մտնէր անոր մէջ՝ թոյլ տալով բնական միաձուլումներ նաեւ այլ լեզուներու ազդեցութեամբ, ինչպէս եղաւ ֆրանսերէնը կամ անգլերէնը։

Ի պատասխան, Ճանպազեան խոստովանեցաւ, որ տարիներ շարունակ «վախով» կ’ապրէր ու կը խուսափէր բանաւոր արտայայտուելէ արեւմտահայերէնով, քանի որ կը ձգտէր պահել «մաքուր» չափանիշը, բայց ժամանակի ընթացքին հասկացաւ, որ այդ մտածելակերպը լեզուն կը վերածէր թանգարանայինի։

Վերջապէս, քննարկուեցաւ պատերազմի թեման՝ մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին եւ Արցախեան երկու պատերազմներուն ազդեցութիւնը Խաչիկի գրականութեան վրայ։ Խաչիկը շեշտեց, թէ պատերազմը «ահաւոր» սահման էր, որ կ’որոշէր «ըլլալ-չըլլալը»։

Զրոյցի աւարտին, անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքը որպէս «ոչ-վայր» տեսնելու հայեցակարգին, ինչպէս նաեւ թուայնացումի մարտահրաւէրին եւ հայերէն գրքերու առցանց հասանելիութիւնը ապահովելու կարեւորութեան։ Խաչիկը հաւատացած էր, որ այս քայլերը պէտք էր դրուէին, որպէսզի հայ գրականութիւնը չմեռնէր եւ երկու հայերէն ճիւղերը սկսէին իրարու հետ զրուցել։

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Արտաշէս Շահբազեան։ «Պոեզիան [բանաստեղծութիւնը] հոգու կենսագրութիւն է։ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի պոեզիայի հերոսը աշխարհի թոհուբոհի մէջ մի կողմ քաշուած ու տարակուսանքով աշխարհի անցուդարձին եւ վայրիվերումներին նայող մարդն է։ Նրա բանաստեղծութիւնները խօսուն ու պատկերաւոր պատմութիւններ են` իրենց մէջ ամփոփելով նովելային [նորավէպ] արձակի շատ ու շատ տարրեր։ Սա բանաստեղծական կարեւոր հմտութիւն է», նշեց Շահբազեան։

Շնորհանդէսին սրտի խօսք ըսին նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի նախկին տնօրէն, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, Համահայկական գրողներու միութեան նախագահ Աբգար Ափինեան ու Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի ճեմարանական ընկերները, որոնք Երեւան ժամանած էին դասընկերներու հաւաքի մը համար։

Ղուկասեան իր մակագրութեամբ ներկաներուն նուիրեց ժողովածուն` խոստանալով շարունակութիւն եւ նոր գրական հանդիպումներ։ Յոյսով ենք, որ «Սահմանելի»-ն մօտ օրէն եւս կը ներկայացուի Թորոնթոյի մէջ: ֎


Այս թղթակցութիւնը լոյս սետած է «Թորոնթոհայ»-ի դեկտեմբեր 2025-ի (#220) թիւին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Պահապան հրեշտակներ. Տիրուկին հետ

Next
Next

«Ո՛չ թէ դրամը, հապա մարդը»