Պահապան հրեշտակներ. Տիրուկին հետ

Պատկերը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ՝ հայկական մանրանկարի (Նոր Ջուղա, ԺԴ դար) հիման վրայ:

Առաւօտ կանուխ միակողմանի նեղլիկ ճամբէն կը շտապէի դէպի դպրոց, երբ հակառակ ուղղութեամբ եկող բեռնատար մեքենայ մը սկսաւ դէպի ինքնաշարժս մօտենալ։ Շչակով, ձեռքի շարժումներով ու ինքնաշարժիս լոյսերը վառել-մարելով սկսայ զինք զգուշացնել, սակայն ապարդիւն։ Աջ ու ձախ ճանապարհ չկար, ետ երթալն ալ անհնարին էր ինծի համար, որովհետեւ երկար ճամբայ կտրած էի։ Կեանքիս ամենէն դժուար պահն էր, բայց եւ այնպէս մէկ երկվայրկեան ունէի՝ գոյատեւման միակ հնարքը գտնելու, ուստի դէպի մայթ քշեցի ու կիսաչոր ճիւղերուն վրայէն անցնելով կեանքս փրկել ջանացի ու յաջողեցայ, եթէ «յաջողիլ» է այդ գործողութեան անունը։ Ի զարմանս, աղ թափող այդ բեռնատարը, որ ուրիշներու կեանքը փրկելու համար կը գործէր, այդ օրը կեանքս պիտի խլէր։

Եթէ հարցնելու ըլլաք, թէ՝ ինչո՞ւ չպախարակեցիր, կամ այդ անընդունելի արարքին համար չմեղադրեցիր զինք եւ կամ պատճառը չհասկցար... պատասխանս շատ յստակ պիտի ըլլար՝ «որովհետեւ աշխատանքէս պիտի ուշանայի, եւ այդ ալ ինքնին նոր հարց մը պիտի ստեղծէր, ուստի ձգել երթալը ամենէն լաւ հնարքն էր։ Ի վերջոյ, ես վախ չունիմ՝ Աստուծոյ պահապան հրեշտակները շուրջս են»։

Վախ չունիմ՝ ըսի, սակայն ամբողջ օրը միտքէս չգնաց այդ սոսկալի պահը… մտատանջ, անընդհատ ինքզինքիս կ’ըսէի՝ «հապա եթէ մեքենան չկենար, հապա եթէ մարդը ուշաթափ եղած էր, հապա եթէ վարորդը խենթ էր, հապա եթէ, հապա եթէ...», ու այդ «եթէ»-ներուն շարքը կ’երկարէր, ապա՝ «լաւ որ մայթը կար, եթէ ոչ ինքնաշարժէն դուրս պիտի նետուէի», կ’ըսէի գլուխս շարժելով ու՝ «կեանքդ շարունակելու մարմաջդ եւ ապրելու համար գտած հնարքներդ միշտ վառ պահելու ես, Տիրու՛կ, եթէ ո՛չ կեանքիդ որեւէ երկվայրկեանը կրնայ ճակատագրական ըլլալ, մի՛ մոռնար», կը կրկնէի։

Աշխատանքս աւարտեցի, վերադարձի ճամբուս վրայ կատղած քամին ճամբաները մարզադաշտի վերածած՝ տերեւներով ոտնագնդակ կը խաղար։ Հազարաւոր տերեւներ օդին մէջ՝ աջ ու ձախ կը թռչէին։ Անոնք այն տերեւներն էին, որոնք նոյեմբերի սկիզբը՝ անժամանակ տեղացած ձիւնին ազդեցութեամբ, գետին ինկած ու հիմա քամիին խաղալիքը դարձած էին։ Միւսները՝ դեռ ծառերուն ճիւղերէն ամուր բռնած, հպարտ կը ծիծաղէին՝ իրենց վաստակած տոկունութեամբ ու լուռ կը ժպտէին զիրենք դիտողներուն։ Անշուշտ բոլորս գիտէինք, որ այդ ծառերուն տերեւաթափի օրն ալ պիտի գար, պիտի իյնային այդ հպարտ տերեւները, բայց ո՛չ այսքան վաղ եւ ո՛չ այսքան անհամաչափ։

Ի՜նչ մեծ հրաշք պիտի ըլլար, եթէ մեր կեանքի բոլոր տերեւաթափերն ալ իրենց ժամանակին պատահէին…

***

Ահաւասիկ հիմա ձմեռ է ու ո՛չ մէկ տերեւ կը ծածանի ճիւղերուն վրայ։

Նոր տարուան կիսամութ սեմին կանգնած, սրտիս թեւերը լայն բացած կը դիմաւրեմ կեանքի նոր, առեղծուածային, երբեմն հաճելի եւ երբեմն ալ դառն անակնկալները։

Թող մեր ճանապարհներուն վրայ սուրացող հարցերը հեռու անցնին ու մեզ չտրորեն, այլ՝ բոլորս չար փորձանքներէ հեռու մնանք ազգովին։ Թող չարը վանենք ու բերկրալի կեանք մը ապրելով՝ միշտ փառք տանք Աստուծոյ իր տուած իւրաքանչիւր բարիքին ու արեւի շողին համար։

Թող Աստուծոյ պահապան հրեշտակները ուղեկցին մեզի ու պահպանեն ամէն տեսակի անժամանակ փորձանքէ։

Եկէ՛ք բոլորս Զահրատի բառերով չարը վանենք՝ «Գացէ՛ք ըսէք չար բաներուն որ չըլլան, որ չըլլայ թէ պատահին» եւ օրհնաբեր օրեր մաղթենք իրարու։ ֎


Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի դեկտեմբեր 2025 (#220) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Armenians in Canada: A glance at the past, a vision of the future

Next
Next

Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» հատորը ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ