Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Օնթարիոյի խորհրդարան

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ» – Չորեքշաբթի, 1 ապրիլին, Գանատայի Հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ տ. Բաբգէն արք. Չարեան, ընկերակցութեամբ թեմական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարան (Legislative Assembly of Ontario)։ Այս այցելութիւնը վերստին հաստատեց հայ համայնքին եւ նահանգային օրէնսդիր մարմինին միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ ու գործակցական կապերը։

Լուսանկարը տրամադրած է Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդականի դիւանը:

Ըստ առաջնորդարանի դիւանի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան, Սրբազան հօր շքախումբին մաս կը կազմէին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ տ. Գարեգին ծվ. Շխրտմեան, առաջնորդի օգնական տ. Յակոբ վրդ. Եագուպեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ տիկին Ծովիկ Թերզեան։

Խորհրդարանի մուտքին, առաջնորդ Սրբազան հայրն ու իրեն ընկերակցող անձնաւորութիւնները ջերմօրէն դիմաւորուեցան Սքարպորօ-Էյճընքորթ (Scarborough-Agincourt) ընտրատարածքի հայազգի նահանգային երեսփոխան Արիս Պապիկեանի օգնական Արիս Մովսէսեանի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին, Սրբազան հայրը եւ պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի լիագումար նիստին։ Այդ պահուն, երեսփոխան Արիս Պապիկեան, օգտուելով պատեհ առիթէն, պաշտօնապէս ողջունեց Բաբգէն արքեպիսկոպոսին եւ անոր շքախումբին ներկայութիւնը խորհրդարանէն ներս, ինչ որ արժանացաւ ներկայ երեսփոխաններու ուշադրութեան եւ գնահատանքին։

Նիստի աւարտէն ետք, Սրբազան հայրը այցելեց երեսփոխան Պապիկեանի գրասենեակը, ուր տեղի ունեցաւ կարեւոր տեսակցութիւն մը նահանգային կառավարութեան քանի մը նախարարներու հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Օնթարիոյի հայ համայնքի դիմագրաւած հարցերը, համայնքային կեանքի աշխուժացման ծրագիրները եւ եկեղեցի-պետութիւն հետագայ համագործակցութեան հեռանկարները։


Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Next
Next

Խաչբառ (թիւ #224)