«Որպէսզի հասնինք Վահանեանց յաղթանակներուն…»

դոկտ. Խաժակ Գուլաճեան

[Թոորնթոհայ համայնքին համար աւանդութիւն դարձաց Վարդանանց տoնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 8 փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Ձեռնարկը, ինչպէս ամէն տարի, կազմակերպած էր Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմինը եւ նուիրուած` հազար երեսուն եւ վեց սրբացած վկաներուն։ Օրուան բանախօսն էր Սենեքա քոլեճի դասախօս, «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստաժամի խօսնակ եւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի նախկին ուսուցիչ դոկտ. Խաժակ Գուլաճեանը. ստորեւ անոր ուղերձը կը հրապարակենք ամբողջութեամբ.]

Հոգեւոր հայրեր,

Թորոնթոհայ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ,
Սիրելի հայրենակիցներ,

Անցնող տարիները մեր պատմութեան մէջ արձանագրեցին աղէտ ու պարտութիւն՝ քառասունչորսօրեայ պատերազմ, անթիւ նահատակներ ու զոհեր, արցախահայութեան ծրագրուած շրջափակում, շղթայազերծուած պատերազմ, Արցախի յանձնում եւ բռնի տեղահանութիւն:

Ինչպէս մեր դպրոցական Հայոց պատմութեան դասերու ընթացքին սորված ենք, ու լսած բազմիցս անգամներ, այսօր Հայաստանը կրկին կռուախնձոր է այս անգամ Հարաւային Կովկասի մէջ մեծապետական ուժերու միջեւ մրցակցութեան եւ հակադրութեան: Այսպէս՝ թշնամիներ շրջապատած են Հայաստանը, աշխարհաքաղաքական ուժեր լծուած են Հայաստանն ու հայութիւնը վերացնելու աշխատանքին: Միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի մեր տեսլականն ու կամքը սկսած է տեղի տալ, հակառակ տարուող աշխատանքին ու նուիրումին: Արցախը դատարկուած է իր բնիկ ժողովուրդէն: Մեծ է յուսախաբութիւնը, ծանր է տագնապը, անորոշ է մեր ճակատագիրը:

Բնականաբար, այս կացութեան մէջ պիտի հարցնենք՝ ինչո՞ւ հաւաքուած ենք այսօր, հոս: Ի՞նչ է Վարդանանց հերոսամարտը, որ իր արձանագրած բարոյական յաղթանակին համար պէտք է յիշատակենք: Ինչո՞ւ նշել դէպք մը, որ 15 դար առաջ տեղի ունեցաւ:

Սիրելինե՛ր, այսօր կը նշենք Վարդանանքը, որովհետեւ աւելի քան 15 դար ետք իսկ նոյն վիճակն է, ահաւոր է ներազգային մեր կեանքը: 15 դար առաջ պարսիկին հետ, իսկ հիմա ալ թուրքին հետ մտերմանալու եւ անոր հետ հրճուելու պահերը միայն ափսոսանք կը պատճառեն պատմութիւն գիտցող եւ տրամաբանութիւն ունեցող հայուն համար:

Որովհետեւ Վարդանանքը մեր հաւատքի, մեր ազգային արժէքներուն ու սկզբունքներուն հանդէպ մեր ժողովուրդի ցոյց տուած դիմադրողականութիւնն է: Մեր գոյապայքարն է՝ իբրեւ ազգ ապրելու իրաւունքէն չզիջելու, տեղի չտալու սկզբունքն է:

Կռուախնձոր է ըսի քիչ առաջ: Տեսնենք թէ ինչպէ՞ս:

Ատենին, երկու հզօր կայսրութիւններ` Պարսկաստան ու Բիւզանդիոն, մրցակիցներ էին նոյնանման աշխարհաքաղաքական ձգտումներուն մէջ, եւ իրենց փափաքն էր բնաջնջել մեր ազգային ինքնութիւնը թէ՛ Հայաստանի բաժանումով (387 թ.) եւ թէ՛ հայոց պետականութեան կազմաքանդումով:
Այսօր՝ երկու այլ պետութիւններ՝ Ռուսիան եւ Թուրքիան, Արեւմուտքի հետ միասին, որոնք նոյն քաղաքականութիւնը կը վարեն:

Ահա նմանութիւն մը 451-ի եւ այսօրուան միջեւ: Նշեմ այլ նմանութիւններ՝
Ատենին՝ սկսած էր տկարանալ Արշակունիներու թագաւորութիւնը, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած պարսկամէտ կուսակցութեան համար լաւ առիթ էր։ Պարսկամէտ կուսակցութիւնը կը վարէր ձուլումի քաղաքականութիւն։ Պարսիկ պետութիւնը կ'աջակցէր նոր աղանդաւորական շարժումի՝ մանիքէականութեան (Manicheism), որ քրիստոնէական եւ զրադաշտականութեան (Zoroastrianism) միաձուլումն էր։ Այդ քայլով պարսկական արքունիքը կը միտէր քանդել Հայաստանի քրիստոնէութեան հիմքերը եւ մտցնել պարսկական կրօնին համահունչ տարրեր, ինչպէս կրակապաշտութիւնը։ Այս աղանդին աջակից էին հայոց պարսկասէր կուսակցութիւնը։

Այսօր ալ՝ քաոսային վիճակ կը պարզէ Հայաստանի ներքին իրականութիւնը: Ներքին պառակտում, այլամերժում, անհանդուրժողութիւն, զիրար ամբաստանելու տգեղ երեւոյթ, հայոց հողին վրայ ապրող հսկայական թիւով աղանդներ, կազմակերպութիւններ ու օտարի լուծին սպասարկող միութիւններ, հայ եկեղեցին հայոց պետութենէն արմատախիլ ընելու փորձեր, որոնք թունաւորած են մեր երկիրն ու ժողովուրդը։ Այս բոլորը մեզ կը տանին դէպի ազգաքանդում:

Ատենին՝ եղան քաղաքական ուժեր, որոնք ուզեցին տեղի տալ թշնամիին եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը: Եղան նաեւ Վասակ Սիւնիի նման կամակատարներ, որոնք համոզուած էին, որ Պարսկաստանը շատ աւելի հզօր էր Հայաստանէն, եւ թէ պէտք էր տեղի տալ, բայց նաեւ կառուցել այնպիսի պետութիւն մը, ուր կարեւոր չէր պետական լեզուն, պետական կրօնը, կարեւոր չէր նոյնիսկ թէ ո՞վ պիտի ապրէր այդ պետութեան սահմաններուն մէջ: Կուրացած փառամոլութենէ՝ Վասակ Սիւնիի նպատակը Պարսկաստանին խաբելով տեսակ մը Բիւզանդիոյ նման անդէմ ու անդիմագիծ խառնարան մը կառուցելու մոլուցքն էր, ստեղծելու անհասկանալի պետութիւն մը, որու ղեկը պիտի ստանձնէր ինքը։

Այսօր ալ՝ ունինք թշնամիին առջեւ ծունկի եկած իշխանութիւն մը, որ նման պետութիւն կ'ուզէ կառուցել, գոհացում տալով արտաքին կարգ մը ուժերու, որպէսզի վարչապետի պաշտօն զբաղեցնող էակին իշխանութեան գլխուն մնալը ըլլայ ձեռնտու: Երեւակայեցէք որ ան ոչ միայն արցախահայերու ցեղասպանութեան պահուն ժողովուրդը չպաշտպանեց, այլեւ՝ աշխատանք տարաւ, որ թէ՛ հայկական պաշտօնական կողմը, թէ՛ ալ արտաքին աշխարհը լուռ մնան: Երեւակայեցէ՛ք, որ ան պատրաստ է հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու, որուն կրնայ հետեւիլ հայ-թրքական համաձայնութեան մը կնքումը, որ արդէն յստակ է ի՞նչ կրնայ ըլլալ այդ պարագային: Երեւակայեցէք, որ թշնամի պետութեան տեղական կամակատարը, նոյն օրը երբ դրացի բռնապետը պահանջեց, որ հրաժարինք մեր Անկախութեան հռչակագիրէն, որ ի շարս այլոց կ'ընդգրկէ հրաժարիլ մեր քայլերգէն, ազգի պատմութենէն, հաւատքէն եւ ինքնութենէն, առանց ամօթի, տառացիօրէն նոյնը յայտարարեց։ Սիրելիներ, ո՞ւր մնաց պատիւ, արժանապատուութիւն, հաւատք... միայն թուլամորթ բարբաջանք, միայն խեղճութիւն, միայն վախ։

Այսքա՞ն նմանութիւններ: Բայց ի՞նչ էին տարբերութիւնները 451-ին եւ այսօրուան միջեւ:

451 թուականը, օրին, սարսափազդու դէպքի մը թուականը չէ եղած, ինչպէս եղան 2020 սեպտեմբերէն ցայսօր երկարող ժամանակաշրջանը: Այլ` 451 թուականը հանդիսացաւ ազգային բովանդակութիւն ունեցող դէպքերու շարք մը, ուր Աւարայրի հողին վրայ հայութիւնը ցոյց տուաւ իր կամքն ու կորովը` դէմ դնելու թշնամիին ու իր ազգային արժանապատուութիւնը մահով իսկ վեր պահելու: Նահատակուեցաւ Վարդան: Այո, եւ անոր մահով ու մեր պարտութեամբ, հիասթափուեցաւ հայութիւնը օրին, սակայն շնորհիւ Վահան Մամիկոնեանի եւ իր զինակիցներուն, այս անգամ պիտի մղուէին փարթիզանական կռիւներ, աւելի քան երեսուն տարի, եւ պիտի յաջողէր այդ բարոյական յաղթանակը իսկական յաղթանակի վերածել՝ 484-ի Նուարսակի դաշնագիրով, ըստ որուն՝ քրիստոնէութիւնը Հայաստանի պետական կրօն կը ճանչցուէր, երկրի կառավարումը կը յանձնուէր հայ տոհմի աւագանիին, պետական պաշտօններու բաշխումի ընթացքին, նախարարական տուներու առաջնորդներուն նշանակումը պիտի կատարուէր նախարարներու ժառանգական իրաւունքներու համաձայն, եւ ոչ՝ Սասանեաններու հայեցողութեամբ։ Պայմանագիրի արդիւնքով Վահան Մամիկոնեանը կը ճանչցուի որպէս Հայաստանի գերագոյն կառավարիչ։ Հայաստանը կը դառնայ կիսանկախ երկիր՝ ունենալով իր ինքնավարութիւնը։ Կը ձախողին Հայաստանը Պարսկաստանի վարչական մարզ դարձնելու եւ հայերը կրօնափոխելու բոլոր փորձերը։ Հայաստանը կը պահպանէ նաեւ իր տնտեսական ու մշակութային զարգացման հնարաւորութիւնները։

Ամփոփենք՝ Վարդանանցը չաւարտեցաւ Աւարայրով: Աւարայրը ընդհանուր պատերազմին մէկ ճակատամարտն էր, որուն յաջորդեց Վահանեանքը, որ կը միտէր պատերազմը շարունակել նոր ռազմավարութեամբ՝ ճակատ- ճակատի բախումները վերածելով կէրիլլայական-հայդուկային կռիւներու, որոնք թշնամին ներքաշեցին երկար ու սպառիչ պատերազմի մէջ:

Աւարայրը ուրեմն, այդ օրերու քաղաքական կացութեան պարունակին մէջ նայած, պէ՛տք էր՝ ազգովին դիմադրութեան ոգին վերիմաստաւորելու, ազգ-բանակի վերածուելու եւ առաջնորդուելու պատերազմի դաշտ` աշխարհականով եւ եկեղեցականով, մեծով ու փոքրով, ո՛չ ըսելու կրօնափոխութեան եւ անձնատուութեան:

Աւարայրը մերժումի ոգին էր, որ պատճառ դարձաւ Աւարայրի պարտութենէն ետք նոյնիսկ, պայքարը արագօրէն վերակազմակերպելու, նոր յաջողութիւններ ձեռք բերելու եւ դիւանագիտական յաղթանակի յանգելու՝ Նուարսակի պայմանագիրով:

Այսօր սակայն՝ հիասթափութիւնը այնքան խորն է ու անդարմանելի, որ միայն հրաշք մը պիտի կարենայ հայութեան վերադարձնել երբեմնի ազգային ինքնավստահութիւնը, ինչպէս պատահեցաւ մայիս 1918-ին: Սփիւռքահայը իր համայնքակերտումի եւ համայնքապահպանումի հարցերու կողքին, յուսալքուած է Հայաստանի իշխանութենէն եւ Հայաստանի ժողովուրդի անտարբերութենէն: Բացի փոքր հատուածէ, դարձած է անտարբեր ու համակերպող: Որովհետեւ trauma-է յետոյ, յուսահատութիւնը ամենահեշտ փախուստն է. comfort zone է, բայց նոյնքան եւ աւելի վտանգաւոր է քան մեր թշնամին: Այս հիասթափուած վիճակով ոչ միայն չենք հասնիր նոր Նուարսակի պայմանագիրի, այլեւ՝ խոցելի դառնալով՝ մեզի պիտի պարտադրուին այսպէս ըսած «խաղաղութեան» նոր համաձայնութիւններ, բան մը որուն ճամբուն վրան ենք արդէն:

Ահա ասոնք են դառն իրականութիւնները, որոնց համար պէտք է յիշատակել Վարդանանքը, որպէսզի սնուինք անոր ոգիով:

Սիրելինե՛ր, մենք պարտաւոր ենք ամէնաարագ միջոցին դուրս գալ ստեղծուած քաղաքական ու զինուորական այս թնճուկէն եւ ճշդել մօտիկ ապագայի մեր ընելիքը: Միասնականութեան, եւ ոչ խտրականութեան ու այլամերժի կեցուածքն է պէտք: Որպէսզի յաջողցնենք մեզի այնքան պէտք Վահանեան շարժումը, որ վերստին ամրացնէ դիմադրութեան ոգին, վերականգնէ ազգային արժանապատուութիւնը, համախմբէ ազգը, կիրառէ առողջ դիւանագիտութիւն եւ մանաւանդ ստիպէ Նուարսակի դաշնագիրին նման պատուաբեր խաղաղութեան համաձայնագիրի մը:

Ապազգային մարդիկ չեն կրնար այդ գործը կատարել:
Ուրեմն, մենք ի՞նչ ընենք այսօր հոս: Նախ՝ ընդունինք որ մեր համայնքը՝ թորոնթոհայ համայնքը, սփիւռքի տարբեր համայնքներու նման ապրող եւ յարափոփոխ էութիւն է։ Ապա պայքարինք լճացումին եւ «այս ալ մեր ճակատագիրն է»-ի հոգեբանութեան դէմ: Ընդունինք, որ իբր համայնք շատ աւելի յաճախ յաջողած ենք քան՝ հակառակը: Փաստը՞՝ թորոնթոհայ համայնքը այցելող տարբեր հիւրեր եւ անձնաւորութիւններ միշտ ու միշտ գնահատանքով արտայայտուած են տարիներու ընթացքին կատարուած հսկայական աշխատանքին՝ հայ դատի, համայնքային, կրթական, տնտեսական ոլորտներուն մէջ։ Այս բոլորը կարելի եղած են շնորհիւ մեր համայնքի միասնականութեան: Վկայ այս ձեռնարկը կազմակերպող միջ-յարանուանական մարմինը, վկայ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին յառաջացած Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդը (UACO): Պատիւ ու խոնարհում անոնց, որոնք այս կազմակերպութիւնները ստեղծելու գաղափարը մէջտեղ բերին ու իրագործեցին:

Սիրելինե՛ր, եկեղեցի, դպրոց, եւ կեդրոններ-միութիւններ միասնական եռեակով է որ պէտք է շարունակենք գործել: Զիրար հանդուրժելով, իրարու հասցէի լուտանքներ չտալով, ինչպէս պատահեցաւ 2023-ի աշնան, որուն գլխաւոր պատճառը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնն է, որով կը փորձեն քանդել այն ինչ կառուցուած է տասնամեակներ շարունակ: Շնորհիւ մեր միասնական դիմադրութեան եւ խոհեմ ղեկավարներուն, անոնք մինչ օրս ձախողեցան եւ պիտի շարունակեն ձախողիլ:

Այս բոլորին կողքին, համայնք պահելու կողքին, պէտք է գիտակցինք որ սփիւռքեան համայնքներն ու հայրենիքը իրարմով կ'իմաստաւորուին եւ մէկը առանց միւսին չի կրնար գոյատեւել: Ուրեմն, մեր ազգային դաստիրակութեան մէջ անպայման ընդգրկել հայրենիքի գաղափարը եւ սորվեցնել մեր զաւակներուն, որ Հայաստանը սփիւռքէն եւ սփիւռքը Հայաստանէն կտրելու բոլոր ջանքերը, որոնք կ'իրագործուին այս իշխանութիւններու կողմէ, անընդունելի են։

Այս նշածներս իրագործելու համար անհրաժեշտ է հաւատք եւ հետեւողական ու ծրագրուած գործ` անխտիր բոլոր ոլորտներու մէջ, որպէսզի յարգուած եւ նկատի առնուած պետութիւն եւ ազգ դառնանք այս աշխարհին մէջ:

Սիրելինե՛ր, պատմութիւնը պարբերաբար մեզի դրած է ինքնութեան եւ կեղծ բարեկեցութեան ընտրութիւններու դիմաց: Եւ իւրաքանչիւր անգամ ընտրած ենք ինքնութիւնը, թերեւս անոր մէջ տեսնելով Աստուածային նախախնամութիւն եւ պատգամ։ Իւրաքանչիւր անգամ ալ անոր համար սուղ վճարած ենք, սակայն եւ իւրաքանչիւր անգամ Աստուած մեզ պարգեւատրած է իր շնորհներով՝ մեր ուժի, կորովի եւ աննահանջ հաւատքի համար։ Ի՞նչ իմաստ ունի կեանքը առանց հաւատքի, արժանապատուութեան ու պատիւի։ Կեանքը մեր գրպանները եւ փորը լեցնելու համար չէ տրուած, այլ՝ հաւատալու, պայքարելու, սորվելու եւ ստեղծելու։

Եկէ՛ք ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու, ինչպէս Վարդանանքը վերածուեցաւ Վահանեանքի:

Եկէ՛ք շարունակենք դիմադրել՝ պաշտպանելու համար մեր ու յաջորդ սերունդներուն հաւատալու, պայքարելու, սորվելու եւ ստեղծելու իրաւունքը, որպէսզի հասնինք Վահանեանց յաղթանակներուն։

Կը հաւատամ, որ այդ օրը պիտի գայ եւ շուտով: ֎

***

Աղբիւրներ՝
• Ավագյան Լիլիթ. «Վասակ Սյունի եւ Վարդան Մամիկոնյան. այն, ինչ չեն գրում դասագրքերում» MediaMax, 28 մայիս 2022
• Խմբագրական «Վարդանանք-Վահանեանքը յանգեցան Նուարսակի արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրին». «Ազդակ», 16 փետրուար 2023
• Մանվելյան Նվարդ. ««Նիկոլ Փաշինյանը մեր օրերի Վասակ Սյունին է».Հայկազուն Ալվրցյան» «Փաստ ինֆո», 22 սեպտեմբեր 2020
• Պիլալեան Համբիկ. «Ճակատամարտ յանուն տեսակի եւ ինքնութեան (Աւարայր, 1572-ամեակ)». «Ազդակ», 16 փետրուար 2023
• Տէր Գէորգեան Յովսէփ. պատգամ՝ արտասանուած ՀՅԴ 133-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին. «Հորիզոն» շաբաթաթերթ, 20 յունուար 2024։


Նկարը՝ Երեւանի Վարդան Մամիկոնեանի յուշարձանը. գործ՝ Երուանդ Քոչարի (լուսանկարը՝ Վ. Շէօշվիլիի)

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

"Remembrances: The Assassination of Talaat Pasha"

Next
Next

Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը՝ 55 տարեկան