Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը՝ 55 տարեկան

Կիրակի, 11 փետրուար 2024-ը եզակի օր մըն էր թորոնթոհայ համայնքին համար։ ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին մէջ, ՀՄԸՄ-ականներու տպաւորիչ տողանցքով, ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի (Homenetmen Toronto) շրջանայինի, վարչութեան եւ կեդրոնականի խօսքերով, տասնեակ տարիներու ծառայութեան շքանշանի արժանի դարձած ՀՄԸՄ-ականներու պարգեւատրմամբ, ՀՄԸՄ-ին ու ազգին ծառայելու, ինչպէս նաեւ հիմնադիրներուն կտակին հաւատարիմ մնալու եւ Հայ դատի պայքարին ջահը միշտ վառ պահելու երդման օր մըն էր, որուն ընթացքին՝ ՀՄԸՄ-ի 55 տարուան յաղթանակներու պատմութիւնը փառաւոր ապագայի տեսլական մը ուրուագծեց թորոնթոհայ համակիրներուն սրտերուն մէջ։

Տօնակատարութիւնը կը վայելէր ներկայութիւնը hայր Վարդան ծվ. Թաշճեանի, տէր Տաթեւ աւ. քհնյ. Միքայէլեանի (St. Mary Armenian Apostolic Church), ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան (Homenetmen - ՀՄԸՄ), Գանատայի շրջանային վարչութեան (Homenetmen Canada), Թորոնթոյի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներու, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու, անոնց հարազատներու եւ համակիր թորոնթոհայութեան։

ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ եւ նուագի կշռոյթներով, դրօշակակիրներու հուժկու քայլերով, ամենայն կարգապահութեամբ եւ կորովով տողանցող սկաուտներն ու մարզիկները սրահ մտան, ապա՝ հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:

Օրուան հանդիսավարներ Անի Աստուրեանն ու Արմէն Պետրոսեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ զանոնք հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի մարտերուն զոհուած ազատամարտիկներուն եւ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներուն յիշատակը, ապա՝ անոնք մանրամասնեցին ՀՄԸՄ-ի երդիքին տակ տարուած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, եւ խմբապետներուն, քոյր-եղբայրներուն եւ մարզիչներուն տարած լայնածաւալ աշխատանքներուն տարողութիւնը։

ՀՄԸՄ-ի մարզականին ու սկաուտականին կատարած ներկայացումներով հրապուրուեցան ներկաները։ Գառնիկ Սարգիսեանի «ՀՄԸՄ» երգի երաժշտութեան ներքոյ գայլիկներն ու արծուիկները մարզական ձեւեր ներկայացնելէ ետք՝ արենուշ եւ արիները չափական մարզանք ներկայացուցին հայկական երաժշտութեան կշռոյթի համահունչ, ապա՝ երէց խմբակի պարմանուհիները բուրգեր կազմելով արժանացան հանդիսատեսին բուռն ծափողջոյններուն։

Օրուան պատգամը եւ վարչութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցելու համար խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Տաթեւ Պէպէճեանը, որ խորհրդանշական նկատեց եւ բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը սփիւռքի տարածքին։ Ան բարձր դասեց ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի գործունէութիւնը` հայապահպանութեան, երիտասարդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, հայկական պատմամշակութային արժէքներու տարածման եւ պահպանման ուղիով, ինչպէս նաեւ՝ մարմնակրթութեան ճամբով երիտասարդութիւնը համախմբելու, կրթելու եւ դաստիարակելու, իսկ հիմնադիրներուն կտակին հաւատարիմ մնալով՝ հայօրէն ապրելու եւ հայօրէ՛ն գործելու:

Ատենապետը, ՀՄԸՄ-ի ազգապահպան գործունէութիւնը խորհրդանշելու եւ շեշտելու առթիւ՝ Արամ Հայկազի եւ Մուշեղ Իշխանի վկայութիւնն ու յիշատակութիւնը մէջբերելով վերահաստատեց իր խօսքերուն լիարժէքութիւնը։

Պասքէթպոլի խումբերը, բարձր երաժշտութեան ներքոյ, մեծ աշխուժութեամբ մտան մարզադաշտ ու իրենց ճկուն խաղարկութեամբ ու գնդակին վարպետօրէն տիրապետող շարժուձեւերով գրաւեցին ներկաներուն հաւանութիւնը ու արժանացան անոնց բարձր գնահատականին։

Խրախուսիչ էր, խմբավար Գէորգ Մանուկեանի (Kevork Manougian) գլխաւորութեամբ, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին վարպետօրէն հնչեցուցած ազգային երգերը, որոնց ազդեցութեան տակ ազգային պայքարի ոգիով տոգորուած թորոնթոհայութիւնը կրկին երդուեց տէր կանգնիլ իր ազգային սկզբունքներուն եւ պահանջատիրութեան։

ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի պատգամը յղեց Սեւան ՀաՃի Արթինեան ( Sevan Hajiartinian)։ Ընկերուհին ողջունեց ներկաները եւ ՀՄԸՄ-ի ազգապահպան դերին անդրադառնալով յիշեց, որ 55 տարիներ առաջ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները բարձրացան եւ բարձրացուցին։ Ան ՀՄԸՄ-ի սուրբ առաքելութեան անդրադառնալով նշեց․«ՀՄԸՄ-ը աշխարհի չորս ծագերուն ո՛չ միայն սկաուտական ու մարմնակրթութեան կռուանն է, այլ՝ տարիներ շարունակ հայակերտումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը իրերայաջորդ սերունդներու հոգիներուն մէջ պահպանելու դարբնոցն է։ Ահա այդ «Հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ կամաւոր բանակ»-ին ծննդավայրն է ՀՄԸՄ-ը»:

Երաժիշտ-երգահան Արա Գէորգեանի «Արցախ»-ը հնչեց ու մարտարուեստի (քոնկ-ֆու) մարզիկները մարզասրահ մտան իրենց մարզիչներուն առաջնորդութեամբ։ Անոնք, իրենց շարժումներով ինքնապաշտպանութեան ձեւեր ներկայացուցին։ Շատ հաճելի էր մեծ մարզիկներուն ներկայացուցած քոնկ-ֆուի ցուցադրութեան պատկերը։

Վարդի Կիւլեանը գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում» ոտանաւորը եւ բարձրանալու ու բարձրացնելու գաղափարով ոգեւորեց ներկաները:

ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան խօսքը յղեց Մանօ Քոսէեան ու անդրադարձաւ թորոնթոհայութեան կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ին ունեցած մեծ ու ազդու դերակատարութեան, յատկապէս սերունդներու պատրաստութեան առումով` ֆիզիքապէս տոկուն, հոգեկան բարձր արժանիքի տէր հայեր եւ տիպար քաղաքացիներ: Եղբայր Մանօն մասնաճիւղին մասին հակիրճ տուեալներ նշելով՝ յայտնեց, թէ 541 անդամներէ բաղկացած մասնաճիւղը ունի շքեղ փողերախումբ, ոտնագնդակի, պասքէթպոլի, վոլիպոլի, աթլէթի, ֆլօր հաքիի, փինկ-փոնկի, ճատրակի եւ մարտարուեստի խումբեր, որոնք աւելի խանդավառուեցան 2004-ի արդիական մարզադաշտի օժտումին շնորհիւ։

Եղբայր Մանօն սկաուտական կայտառ կեանքին մասին վկայեց եւ հպարտութեամբ փոխանցեց անոնց նորագոյն յաջողութեան աւետիսը։ «Գանատայի հայոց ազգային առաջնորդարանի կողմէ յատկացուած «Ղեւոնդ երէց» կրօնական շքանշանին արժանացան ՀՄԸՄ-ի Գանատայէն ընդհանուր 86 տարազաւորներ, որոնցմէ 30-ը Թորոնթոյի մասնաճիւղին մաս կը կազմեն», յայտնեց ան եւ յիշեց, թէ նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականներու զոհաբերութեան շնորհիւ իրականացած են նշեալ բոլոր յաջողութիւնները։

Հասած էր ՀՄԸՄ-ի՝ Ծառայութեան շքանշաններու տուչութեան ոգեւորիչ պահը: ՀՄԸՄ-ի 55-ամեայ յոբելեանին առիթով Գանատայի շրջանային վարչութիւնը շքանշաններներով զարդարեց պարգեւատրեալներուն լամբակը եւ պատուոյ գիրեր յանձնեց անոնց տարիներու վաստակին եւ գործունէութեան համար։ Պարգեւատրեալներն էին՝ Թալին Չիլինկիրեան, Ցոլինէ Քէշիշեան, Տանի Մարկորեան, Գրիգոր Պաղտասարեան, Մոսիկ Քարկոցեան, Յարութ Արթին, Արիս Պապիկեան, Յակոբ տէր Յովակիմեան եւ Սեւակ Քիւփելեան, որոնք ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղի հիմնադրութենէն ի վեր նեցուկ կանգնած էին միութեան ծաղկման:

Ոտնագնդակի (ֆութպոլ) խումբի մարզիկները յաղթական երգերու ընկերակցութեամբ, աշխուժ մտան մարզադաշտ։ Ամենամեծէն մինչեւ ամենափոքր մարզիկը գնդակներով մարզախաղեր կ'ընէին ու իրենց վարպետութիւնը կը ցուցադրէին ներկաներուն, որոնք ծափողջունելով կ'ոգեւորէին զանոնք՝ իրենց վազքն ու ճկուն շարժումները գնահատելով։

ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Լիոնի Սարմազեան (Leony Kahkedjian-Sarmazian) հրաւիրուեցաւ վարչութեան խօսքը փոխանցելու ներկաներուն։ Սարմազեանը Արցախի կորուստի պատճառով, հայութեան ապրած ներկայի ծանր օրերը յիշելով՝ յուսադրուելու եւ Արցախի վերատիրացման գաղափարը վառ պահելու հրաւիրեց հանդիսատեսը ու յիշեց, որ ՀՄԸՄ-ը իր 26 000 անդամներով, հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, կը գործէ բոլորին համար եւ բոլորին հետ, եւ իր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով միշտ պատրաստ է ծառայելու եւ պահպանելու հայ լեզուն ու մշակոյթը:

Սարմազեանը շնորհաւորեց անցեալի, ներկայի եւ ապագայի բոլոր անդամները եւ յիշեց, որ անոնք կը ծառայեն եւ պիտի շարունակեն ծառայել այս սիրելի միութեան գոյատեւման համար: Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին 55-ամեակը եւ պարգեւատրուող քոյր-եղբայրները։ Քոյր Լիոնին կոչ ուղղեց անոնց եւ ըսաւ. «Ձեր գործը շարունակեցէ՛ք ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներու քայլերով, ընթացէ՛ք դէպի պայծառ ու փայլուն ապագայ, կարգապահ շարքերով շարունակեցէ՛ք մեր բոլորին վստահուած սերունդներու դաստիարակութիւնը: Բարձրանանք ու բարձրացնենք մեր ազգը: Յառա՛ջ, դէպի նորանոր նուաճումներ, յառա՛ջ, դէպի նորանոր ամեակներ։ Ծնունդդ շնորհաւոր ՀՄԸՄ Թորոնթօ»։

Հանդիսավարները հայր Վարդան ծվ. Թաշճեանը հրաւիրեցին, որպէսզի իր սրտի խօսքը յղէ ներկաներուն եւ աղօթքով փակէ այդ օրուան բացառիկ տօնակատարութիւնը։ Հայր Վարդանը ՀՄԸՄ-ի քայլերգին մէջ տեղ գտած «Յառա՛ջ անսասան, յառա՛ջ անվեհեր, դէպի յաղթանակ» բառերուն անդրադառնալով նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ականը առանց սասանելու, մինչեւ յաղթանակ ձեռք բերելը պէտք է անընդհատ բարձրանայ եւ միակամ ոգիով յաղթէ դժուարութիւններուն։ Հայր Վարդանը շեշտը դրաւ Թորոնթոյի 55-ամեայ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան՝ հայութեան ուղղած պատգամին վրայ եւ ըսաւ. «Այսօր, ՀՄԸՄ-ի անունով մեզի փոխանցուած պատգամը բոլորիս կը թելադրէ ըլլալ ամրակուռ, հարազատ, կեդրոնացած եւ միակամ՝ տէր կանգնելու հայկական հողին, լեզուին, մշակոյթին, հաւատքին եւ կրօնին։ ՀՄԸՄ-ը, անցեալէն այսօր եւ մինչեւ ապագայ, մեզ կը հրաւիրէ աննկուն ու զօրեղ կամքով սիրելու հայ մարդը, ազգը եւ հայրենիքը»։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ փողերախումբին կատարած՝ «Յառա՛ջ, նահատա՛կ» քայլերգով, որմէ ետք ներկաները դուրս ուղղուեցան, ուր համադամ ուտեստներով ճոխ հիւրասիրութիւն մը զետեղուած էր սրահին վերջամասը, իսկ այդ սեղանի կեդրոնին էին՝ Եռագոյնով ու ՀՄԸՄ-ի զինանշանով պատուած կարկանդակն ու եռագոյն դրօշի գոյներով զարդարուած քաղցրեղէնի ծառուկը։

ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուները, վարչութեան անդամներն ու պարգեւատրեալները միասնաբար հատեցին այդ օրուան եւ հանդիսութեան խորհրդանիշներէն մին հանդիսացող կարկանդակը։

Հանդիսութեան աւարտին բոլոր ներկաներուն աչքերու փայլքէն եւ ժպտադէմ արտայայտութենէն կը կարդացուէր ՀՄԸՄ-ի ճանապարհի յաջողութեան պատմութիւնը։ Անոնք, իրենց փոքրիկ սկաուտներուն, արծուիկներուն եւ ՀՄԸՄ-ականներու նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն ձեռքէն բռնած հեռացան՝ իրենց սրտին մէջ յաղթանակի ու հայրենասիրութեան ջահը վառ պահած պահելով։ ֎

***

Բոլոր լուսանկարները տրամադրած է ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի վարչութիւնը:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

«Որպէսզի հասնինք Վահանեանց յաղթանակներուն…»

Next
Next

Գեղեցիկ ծաղիկները, փաղաքշական խօսքերն ու հպանցիկ զեղչերը չեն հարթեր հասարակութեան մէջ տիրող ու արմատացած անհաւասարութիւնը