Գեղեցիկ ծաղիկները, փաղաքշական խօսքերն ու հպանցիկ զեղչերը չեն հարթեր հասարակութեան մէջ տիրող ու արմատացած անհաւասարութիւնը
Վեց տարի առաջ խմբագրականի մը մէջ ընդգծեցի Հայաստանի մէջ Կանանց միջազգային օրուան մակերեսային տօնին եւ մեր հասարակութեան մէջ պահպանուող սեռական անհաւասարութեան մռայլ իրականութեան միջեւ առկայ կտրուկ տարբերութիւնը (https://armenianweekly.com/.../08/flowers-will-wilt-and-die/): Ու ահա, մինչ հայ կնոջ հիմնարար իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը կը շարունակուին անտեսուիլ, մենք դեռ արմատացած ենք խորհրդանշական գործողութիւններու եւ պարապ ժեստերու շրջապտոյտին մէջ:
Այսօր կ'ապրինք ժամանակակից հայոց պատմութեան ամենէն մեծ մարդասիրական ճգնաժամերէն մին ու դժուար է չյուսահատիլ երբ տեսնենք, թէ մեր հաւաքական ուշադրութիւնը շեղած է դէպի տօնակատարութիւններու անլուրջ դրսեւորումներու: Թէեւ փողոցները զարդարուած են գունաւոր փուչիկներով ու ծաղիկներով ու շնորհաւորական ուղերձներ կը փոխանակուին ամենուրէք, հիմնական ճշմարտութիւնը կը մնայ անփոփոխ. հայ կանայք դեռ պայքարի մէջ են համակարգային ճնշումներու եւ լուսանցքայնացման (այսպէս ըսուած՝ մարգինալացման) դէմ:
Այո, մեծ հպարտութեամբ կը ճանչնանք անցեալի ձեռքբերումները. օրինակ, յաճախ կը գովենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան «ֆեմինիստական» իտէալներով վաղաժամ որդեգրումը (կանանց քուէարկելու/ուելու իրաւունքը, աշխարհի առաջին կին դիւանագէտը, կին խորհրդարանականները եւ այլն), բայց կարծես թէ յայտնուած ենք տարաբանութեան (պարադոքսի) մը մէջ, ուր Կանանց (իրաւունքներու... այո, ժամանակին այսպէս կը կոչուէր «տօն»-ը) միջազգային օրուան խորհրդանիշները դարձած են զուտ շուկայական հնարաւորութիւն: Այսօր Հայաստանի մէջ «Մարտի 8» կը տօնենք խոհանոցի սարքաւորումներու (եւ այլ «կենցաղային տեխնիկայի») զեղչերով եւ կանանց համար անվճար հասարակական փոխադրամիջոցներու ժամանակաւոր «ակցիա»-ներով, որոնք բոլորին ուշադրութիւնը կը շեղէն էական փոփոխութիւններու հրատապ անհրաժեշտութենէն:
Վաղուց պէտք էր գիտնայինք, թէ գեղեցիկ ծաղիկներն ու հպանցիկ զեղչերը չեն հարթեր հասարակութեան մէջ տիրող ու արմատացած անհաւասարութիւնը: Ընտանեկան բռնութեան տարածուածութիւնը, աշխատուժին մէջ կանանց մասնակցութեան խոչընդոտները եւ աշխատավարձի մշտական տարբերութիւնները չեն լուծուիր խորհրդանշական ժեստերով:
Եկէ՛ք դուրս գանք մակերեսային տօնակատարութիւններէն ու ընդունինք մեր շրջապատներուն մէջ շօշափելի փոփոխութիւններ իրականացնելու պատասխանատուութիւնը: Հայաստանը արժանի՛ է աւելիին, քան դատարկ ժեստերն, շնորհաւորանքներն ու ծաղիկները: ֎