«Գանատահայութիւնը դարձեալ ընդառաջեց իր արեան կանչին». արցախցիին համար աւելի քան 545 հազար տոլար հանգանակուած է

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ արցախահայութեան օժանդակութեան համար մեկնարկած հանգանակային արշաւին մինչ օրս նուիրաբերուած է աւելի քան 545 հազար գանատական տոլար։

Անդարառնալով Արցախի բռնագրաւման եւ տեղահանուած արցախահայութեան ծանր վիճակին, հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ «19 սեպտեմբեր 2023-ին դարձեալ բարբարոս ազերին լայնածաւալ յարձակում յայտարարեց Արցախի վրայ։ Դարձեալ մթագնեցաւ Արցախ աշխարհի երկնակամարը, որուն հետեւանքով կորսնցուցինք Արցախը։ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր արիւնակիցները ապաստան գտան մեր հայրենիքի երդիքին տակ։ Անոնք ծանրակշիռ օրեր ապրեցան եւ տակաւին կ’ապրին»։

ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը այն ծանր իրավիճակին մէջ դարձեալ պատնէշի վրայ առաջինը եղաւ, որ Արցախցիին անմիջական կարիքներու օժանդակութեան ձեռնարկեց՝ զօրաշարժի ենթարկելով ՀՕՄ-ի համասփիւռքեան իր բոլոր մասնաճիւղերն ու անդամները:

Իր հերթին ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը համագործակցութեամբ «Արցախի ընտանիքներու օժանդակութեան» միջմիութենական միացեալ մարմինին, անսակարկ նուիրումով, լայնածաւալ հանգանակային արշաւ մը ծրագրեց` օգնութեան ձեռք երկարելու տեղահանուած ու տնտեսական ծանր պայմաններու տակ ապրող արցախցիին։

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս դժուար օրերուն մեր հայրենակիցներու միասնականութիւնն ու հզօր կամքը դրսեւորուեցաւ նուիրատուութիւններու ընդմէջէն եւ բոլորը մէկ բռունցքի նման զօրակցեցան եւ կը շարունակենք զօրակցիլ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որպէսզի անոնք արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրաւունքը ունենան։

Մինչ օրս հանագանակուած գումարը հասած է աւելի քան կէս միլիոն գանատական տոլարի: Շրջանային վարչութիւնը անհուն երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք քաջ գիտակցելով իրավիճակին ծանրութեանը համագործակցեցան ՀՕՄ-ին հետ, իրենց նիւթական օժանդակութիւնը չխնայելով եւ մի՛շտ հաւատալով անոր սուրբ առաքելութեան։

Շնորհիւ նուիրատուներու ավներապահ աջակցութեան ՀՕՄ-ը անգամ մը եւս յաջողեցաւ նուաճել նոր բարձունք մը։

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան խնդրանքով, «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2024 թիւին մէջ հրատարակած ենք բոլոր նուիրատուներուն (անհատ եւ հաստատութիւններ) անունները:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Գեղեցիկ ծաղիկները, փաղաքշական խօսքերն ու հպանցիկ զեղչերը չեն հարթեր հասարակութեան մէջ տիրող ու արմատացած անհաւասարութիւնը

Next
Next

«Հայ եկեղեցին մեր հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամրոցն ու երաշխիքն է». կոչ՝ թորոնթոհայութեան