«Հայ եկեղեցին մեր հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամրոցն ու երաշխիքն է». կոչ՝ թորոնթոհայութեան
1928-ին հիմնադրուած եւ շուրջ դարու մը պատմութիւնը արժանաբար կրող Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ վերջերս աշխուժօրէն կ'ընթանան վերանորոգութեան աշխատանքները։
Մինչեւ 1953 թուականը, Yonge եւ Dundas փողոցներու խաչմերուկին վրայ գտնուող Ս. Երրորդութիւն Անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ հիւրընկալուելէ ետք, համայնքը կառուցած է Թորոնթոյի հայկական առաջին եկեղեցին՝ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Woodlawn եւ Yonge փողոցներու խաչմերուկին մօտ։ Նորակառոյց եկեղեցին անուանակոչուած է Սուրբ Երրորդութիւն, առ ի երախտագիտութիւն Անկլիքան Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, որ տարիներով հիւրընկալած է թորոնթոհայ համայնքը։ 1987-ին, ծուխը կառուցած է ներկայի Ս. Երրորդութիւն հոյակերտ տաճարը, որը օծուած է ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի։
Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Զարեհ աւ. քհնյ. Զարգարեանի եւ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, 37 տարիներու բազմաբնոյթ եւ կենսունակ գործունէութիւն ծաւալած եկեղեցին, այսօր ընդհանուր վերանորոգութեան կ’ենթարկուի։ 2024-ի Սուրբ ծննդեան տօնէն անմիջապէս ետք ընթացք
առած աշխատանքը, տակաւին մեծ թափով կը շարունակուի։ Վերանորոգութեան մաս կը կազմեն, կառոյցի ներքին պատերու եւ սիւներու ներկի, Սուրբ խորանի սալապատումի, ձայնային եւ տեսանկարահանման համակարգի, գորգերու նորոգութիւնները եւ ընդհանուր բարեզարդումը։ Այս առթիւ, յատուկ շնորհակալութեան արժանի են նորոգութեան աշխատանքները ստանձնած այն ժրաջան վարպետները, որոնք ոչ միայն իրենց աշխատանքով, այլ եւ մանաւանդ Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց անսակարկ հաւատքով եւ նուիրական ոգիով, օրն ի բուն ամէն ջանք կը գործադրեն Սուրբ Յարութեան տօնի նախօրեակին վերանորոգութեան հսկայական աշխատանքը իր աւարտին հասցնելու։
Սիրելինե՛ր, հայ հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ի խնդիր, այսու կը դիմենք թորոնթոհայ համայնքի հաւատացեալներուն անխտիր, իրենց սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութիւնները կատարելու՝ Աստուծոյ եւ մեզ բոլորիս հարազատ աղօթքի այս տան վերանորոգութեան ի նպաստ։
Հայրենիքի կողքին, Հայ եկեղեցին մեր հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամրոցն ու երաշխիքն է, որուն կ’ապաւինին ներկայ եւ գալիք հայ սերունդները։
Ընդունեցէ՛ք մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնները ձեր աջակցութեան եւ սրտաբուխ նուիրատութիւններուն համար։
Յաջողութեան եւ արեւշատութեան մաղթանքներով՝
Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Ծխական խորհուրդ ֎
***
Նուիրատաուութիւն կատարելու համար այցելեցէ՛ք tinyurl.com/htacdonate2024 կայքէջը: Կարելի նաեւ ե-փոխանցում (e-transfer) կատարել info@torontoarmenianchurch.com ե-հասցէին կամ դիմել եկեղեցւոյ գրասենեակին՝ հեռաձանելով 416-431-3001 թիւը: Վճառագիրերը գրե՛լ HTAC-ին եւ ղրկել 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 հասցէին: