ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը հիմնադիր սերունդի ոգիով կը շարունակէ իր երթը

«Կը պաշտենք քեզ որպէս խորան,
Որպէս յոյսի հանգրուան,
ՀՕՄ-ի դպրո՜ց, ՀՕՄ-ի օճա՜խ,
Հայ սերունդին դուն կռուան»։
Մարգար Շարապխանեան

Թորոնթոհայ գաղութի բագաւաճումին եւ յարատեւութեան հաւատացող խումբ մը նուիրեալներ ասկէ 45 տարիներ առաջ հիմը դրին հայկական դպրոցի մը, որ հայ մանուկին պիտի ջամբէր գիտութիւն, հայեցի կրթութիւն եւ իր յարկին տակ ապահովէր հայեցի ջերմ մթնոլորտ։ 1979-ին ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը առաջին անգամ իր դռները բացաւ գաղութի մանուկներուն առջեւ։

Մանկապարտէզի երեք եւ նախակրթարանի երկու դասարաններով գործելու սկսած դպրոցը, տարուէ-տարի աճելով 2001-ին ունեցաւ նաեւ երկրորդականի կարգերը։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մանկամսուր, «Պապայեան» մանկապարտէզ, «Գոլոլեան» նախակրթարան եւ «Լափոյան» երկրորդական բաժիններով վարժարանը այս տարի ունի պատմականօրէն աշակերտութեան ամենամեծ թիւը՝ 660 աշակերտ, որ երեսուն աշակերտով աւելի է քան անցեալ տարի։

«Թորոնթոհայ»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը ուրախութեամբ կը վկայէ, որ վերջին տասը տարիներուն դպրոցի աշակերտութեան թիւը միշտ կը բարձրանայ եւ մեծ ակնկալիքներ կան, որ ան շարունակէ աճիլ։

Սփիւռքի նուազող եւ ուծացող գաղութներուն հակառակ, թորոնթոհայ գաղութը կը բազմանայ եւ կ’աշխուժնայ թէ՛ իր թիւով եւ թէ՛ իր կենսունակ կեանքով։ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը գաղութի այն հիմնական հաստատութիւններէն է, որ կ’ապահովէ հայ սերունդի հայեցի կրթութիւնը եւ մարդուժի պատրաստութիւնը։ Ըստ վարժարանի տնօրէնին, աշակերտութեան աճը պայմանաւորուած է գաղթական ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ՝ նախկին շրջանաւարտներու զաւակներուն հայկական դպրոց յաճախելով։

Աշակերտներու աճին հետ մէկտեղ, կը մեծնայ նաեւ անձնակազմը, որ ներկայիս եօթանասուն հոգի է՝ ըլլայ տնօրէնութիւն, քարտուղարութիւն եւ ուսուցչական կազմ։

Վարժարանի Տարեկան թելեթոնի յանձնախումբի ատենապետ Նայիրի Գրժիքեանը մեր զրոյցի ընթացքին կը տեղեկացնէ, որ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը իր հիմնադրութենէն ի վեր տուած է աւելի քան եօթը հարիւր շրջանաւարտներ, որոնք այսօր կը ստանձնեն ղեկավար եւ պատասխանատու պաշտօններ՝ աշխատելով ի սպաս գաղութին։ Կան նաեւ շրջանաւարտ աշակերտներ, որոնք մաս կը կազմեն վարժարանի ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան, կրթական մարմինին եւ տարեկան հանգանակային արշաւի յանձնախումբին:

Վարժարանը՝ Օնթարիոյի պետական ուսումնական ծրագիրին հետեւելու կողքին՝ զարկ կու տայ ընկերային, մարզական եւ գիտական նորարարութիւններուն: Վերջին երկու տարիներուն վարժարանին մէջ կը գործադրուի visual art (տեսողական արուեստ) ծրագիրը (ե.-ժբ. կարգերուն համար), որուն նպատակն է՝ արդի միջոցներով զարկ տալ արուեստին, պատրաստել աշակերտները համալսարան ընդունուելուն եւ արուեստի միջոցով նպաստել աշակերտութեան մտային առողջութեան։
Օտար ափերու վրայ հայութեան գոյատեւումը երաշխաւորող եւ հայ սերունդին կռուան հանդիսացող հայ դպրոց հիմնելը կը կարօտի բազում զոհողութիւններու, անսակարկ նուիրումի, անշահախնդիր աշխատանքի եւ նուիրատուներու լումաներուն։ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի հիմնումը իրականութիւն դարձաւ հայրենասիրական ոգին գործնականի վերածող սերունդի մը, որ իր գուրգուրանքով ու ծառայասիրութեամբ հաստատուն պահեց զայն։

«1979-էն ի վեր ունեցած ենք հեռատես սերունդ մը, որուն շնորհիւ է, որ այսօր ունինք դպրոցը։ Անոնք գիտէին, որ իրենց այդ օրուան զոհողութիւնները մեծապէս պիտի նպաստէին մեր գաղութի վերելքին։ Այդ աւանդութեան հաւատարիմ կրկին մեծ ջանքերով բարձրացաւ երկրորդ շէնք մը, որ այն ժամանակ շատերու կարծիքով պիտի չկարենայինք լեցնել, բայց շատ կարճ ժամանակամիջոցին տեսանք, որ ան ալ նեղցաւ», կը նշէ Սարգիսեան, տեղեկացնելով, որ յառաջիկայ տարիներուն կը ծրագրուի դպրոցին ընդլայնումը, որ գոհացում պիտի տայ աշակերտութեան աճող թիւին։

2023 թուականը ծանր կորուստներու տարի մը եղաւ համայն հայութեան համար, իսկ թորոնթոհութիւնը կորսնցուց գաղութի հիմնասիւներէն հանդիսացող երկու անձնաւորութիւններ․ կեանքէն հեռացաւ վարժարանի հիմնադիր եւ երկարամեայ տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեանը, նաեւ վախճանեցաւ նախկին ուսուցիչ, փոխտնօրէն եւ կրտսեր «Գանձասարի սոխակներ» ու երէց «Կռունկ» երգչախումբերու հիմնադիր խմբավար Տէր Հրայր աւ․ քհնյ․ Նիկոլեանը (պարոն Վարուժան Նիկոլեանը)։

Յիշելով այս երկու անձնաւորութիւններու ներդրումին եւ ազդեցութեան մասին Րաֆֆի Սարգիսեան կը վկայէ, որ պրն․ Մարգարը ոչ միայն եղաւ տնօրէն եւ ստեղծեց այն միջավայրը, ուր իրենք ծաղկեցան, այլ նաեւ՝ ըլլալով Հայոց պատմութեան եւ գրականութեան ուսուցիչ սիրել տուաւ զանոնք։ «Մինչեւ օրս կը յիշենք իր մասնագիտական մօտեցումը եւ մեր մէջ հայկական ոգին ներշնչելը։ Իր անընդհատ քարոզներուն մէջ միշտ տեղ կը գտնէր հայրենադարձութեան կարեւորութիւնը, զոր իր օրինակով ապացուցեց»։ Պրն․ Մարգարը Հայաստան հաստատուելէն ետք իսկ եղաւ կենդանի ներկայութիւն վարժարանի աշակերտութեան համար, երբ Ուշիի իր տան մէջ հիւրնակալեց հայաստանագնացութեան մեկնած վարժարանի աշակերտները եւ շարունակեց ըլլալ բարի օրինակ անոնց, որոնք իր սաներուն զաւակներն էին։ Անոր ամենամեծ հպարտութիւնն էր լսել, թէ ինչպէս իրեն աշակերտած անձիք յաջողութիւններ կը գտնեն իրենց կեանքէն ներս։ Մեծ հպարտութիւն էր իրեն համար, երբ լսէր իր աշակերտները կ’ամուսնանան եւ ընտանիք կը կազմեն իրարու հետ, ինչպէս նաեւ՝ ներդրում կ’ունենան գաղութէն ներս։

Ըստ Սարգիսեանին, պրն․ Վարուժանը որպէս երգի, կրօնի եւ լեզուի ուսուցիչ սորվեցուց հայ երգի հանդէպ սէր, կարգապահութիւն եւ փոխանցեց քրիստոնէական արժէքներ։ «Կարգապահական իմաստով խիստ էր, բայց այդ խստութիւնը իր սէրէն կը բխէր եւ իր կարգապահութեան հանդէպ պահանջկոտութիւնը իր տեղը գտաւ մեր կեանքէն ներս», դիտել կու տայ ան։
Նայիրի Գրժիքեանի համար պրն․ Վարուժանը որպէս ուսուցիչ մեծ տպաւորութիւն ձգած է, ինչպէս նաեւ սիրել տուած է հայերէնը, հայ երգը։ Անոր յիշողութեան մէջ դոշմուած ենհիմնադիր տնօրէնին խօսքերը․ «Պրն․ Մարգարը մեզի միշտ կ’ըսէր, որ «դուք օր մը պիտի տեսնէք՝ Հայաստանը անկախ է։ Ես հաւանաբար չեմ տեսներ այդ օրը, բայց դուք պիտի տեսնէք»։ Շատ ուրախ եմ, որ ինքն ալ տեսաւ Հայաստանի անկախացումը եւ վերադարձաւ ու ապրեցաւ հայրենիքի մէջ», կ’ըսէ ան։

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտները յուզումով կը յիշեն իրենց անցուցած ջերմ տարիները վարժարանէն ներս։ Նայիրիին համար դպրոցը իր առօրեայ կեանքէն ներս մեծ դեր ունեցած է՝ իր ծնողքին օրինակով․ հայրը կոմիտէի մէջ եղած է, երբ դպրոցը հիմնուած է, մայրը՝ տնօրէն եւ երկար տարիներու ուսումնական մարմինի անդամ։ Իսկ վարժարանի տնօրէնը փորք տարիքէն զգացած է ՀՕՄ-ի դպրոցին ջերմութիւնը։ Ուսուցիչները, մանաւանդ հայերէնի ուսուցիչները մեծ դերակատարութիւն ունեցած են արթնցնելու հայկական ոգին, կամաւոր աշխատելու, ծառայելու կարեւորութիւնը փոխանցած են իրեն։ Անոնք մեծ դեր ունեցած են հայերէն խօսքը եւ գրելու հմտութիւնը զարգացնելու իր մէջ։ Յատկապէս պրն․ Մարգարին յորդորներուն եւ քաջալերանքին շնորհիւ բարձրագոյն ուսումը ստանալէն ետք վերադարձաւ դպրոց ծառայելու։

Ըստ պրն․ Րաֆիին, շրջանաւարտներէն շատեր վարժարանէն հեռանալէն ետք կը շարունակեն իրենց կապը պահել վարժարանին հետ։ Անոնք կը զգան, որ այս կրթական օճախը իրենց համար եղած է երկրորդ տուն եւ անձնակազմը երկրորդ ծնողք։ Անոնք յաճախ կը վերադառնան կիսելու իրենց յաջողութիւնները վարժարանի անձնակազմին հետ։ Դպրոցը կը շարունակէ իրենց աջակցութիւն տրամադրել՝ տարբեր ձեւերով, ըլլայ համալսարանական կեանքին, կամ իրենց ապսարէզին մէջ։ Իրենց հերթին, շրջանաւարտները նոյնպէս կը վերադառնան եւ կամաւոր կը ծառայեն դպրոցին՝ ինչպէս թելեթոնի յանձնախումբի, կրթական մարմինի անդամները, մարզիչներ, որոնք զանազան մարզական խումբեր կը վարեն, տարբեր առիթներու՝ շրջանաւարտները կամաւոր կ’աշխատին, աշխատանոցներու միջոցով կը կիսեն իրենց փորձը։ «Մեծ բախտաւորութիւն է ունենալ այսպիսի հոյլ մը շրջանաւարտներ, որոնք միշտ պատրաստ են ոչ միայն նիւթապէս այլ նաեւ բարոյապէս եւ գիտելիքներով օգտակար ըլլալու վարժարանին։ Նաեւ դպրոցի անձնակազմին մէջ կան շրջանաւարներ, որոնք իրենց մասնագիտութիւնները կը ծառայեցնեն աշակերտներուն», հպարտանքով կ’ըսէ տնօրէնը։

***

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին 45-ամեակի միջոցառումները կ’երկարին մինչեւ եկող տարուան յունուար։ Գարնանային հանդէսը, տարեկան համերգը եւ շրջանաւարտներու հանդէսները բոլորն ալ նուիրուած պիտի ըլլան 45-ամեակին։ Այս առիթով «Քառակուսի» հաստատութեան հիմնադիրներէն Ռազմիկ Թիթիզեանը կամաւոր կորպով ստեղծած է 45-ամեակին նուիրուած պատկերանիշ (լոկօ) մը։

Դպրոցի պիւտճէին բացը լրացնելու համար դպրոցի Թելեթոնի յանձնախումբը կը կազմակերպէ ամէնամեայ հանգանակային արշաւներ։ Թելեթոնի յանձնախումբի ատենապետ Նայիրի Գրժիքեանը կը տեղեկացնէ, որ 17-րդ թելեթոնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 2 եւ 9 մարտին։ Յանձնախումբը պիտի աշխատի հանգանակել 450 հազար տոլար, որ կը զուգադիպի վարժարանի 45-ամեակին։ «Ասիկա ամենաբարձր թիրախն է մինչեւ հիմա։ Թելեթոնի ծրագիրը յետադարձ ակնարկներ պիտի ընէ անցեալին եւ պիտի նշէ զանազան թուականներ դպրոցի կեանքէն ներս․ շէնքերու բացումներ, տարբեր փոփոխութիւններ, ձեռքբերումբեր եւ այլն»։

Նայիրին կը քաջալերէ շրջանաւարտները մասնակից դառնալու թելեթոնին եւ յոյս կը յայտնէ, որ անոնք իրենց ներդրումով նեցուկ կը կանգնին դպրոցին։ «Անշուշտ ունինք շրջանաւարտներ, որոնք կու տան ամէն տարի, մանաւանդ անոնք, որոնք ե՛ւ շրջանաւարտ են ե՛ւ ծնողք։ Այս տարի կ’ուզենք նաեւ փոքր տարիքի շրջանաւարտներն ալ մասնակցին։ Պայման չէ մեծ գումարներով, բայց կարեւորը կապը պահեն դպրոցին հետ», կը նշէ ան։

«Մեր պատմութեան մենք գիտակից`
Կը քալենք դէպ' ապագան,
Ու Հայ դատին ու մեր ազգին
Կ'ուխտենք մնալ միշտ պահապան»։

Դպրոցի քայլերգին բառերուն, հիմնադիր սերունդին ուսուցանած հայկական եւ մարդկային արժէքներուն հաւատարիմ՝ ներկայ պատասխանատուները նոյն ոգիով ու նուիրումով կը կրթեն սերունդներ, որոնք գիտակցօրէն պիտի ծառայեն թորոնթոհայ գաղութին, Հայ դատին ու հայրենիքին։


«Այո, հայրենիքէն դուրս ենք, բայց կը հաւատանք, որ մեր դերակատարութիւնը պիտի ունենանք պատրաստելու պահանջատէր, իրատես եւ լաւատես սերունդ, որոնք պիտի ճանչնան զոհողութեան գաղափարը եւ կարեւորութիւնը, ըլլայ ատիկա իրենց անմիջական միջավայրէն ներս, եւ նպաստ պիտի բերեն հեռաւոր հայրենիքին, որուն հետ անմիջական կապ պիտի ունենան, այն յոյսով որ օր մը ֆիզիքապէս ներկայութիւն ըլլան հայրենիքէն ներս», եզրափակելով կ’ըսէ Րաֆֆի Սարգիսեան։ ֎

***

Նուիրեցէ՛ք ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին 45-ամեակին նուիրուած թելեթոնին:

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Previous
Previous

«Հայ եկեղեցին մեր հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամրոցն ու երաշխիքն է». կոչ՝ թորոնթոհայութեան

Next
Next

Պղծուած աղը. Տիրուկին հետ