Փունջ մը ծաղիկ ընկեր Ժիրայր Յովհաննէսեանի յիշատակին
Հալէպի Նոր Գիւղի վաղեմի նահապետներէն ընկեր Ժիրայր Յովհաննէսեան շիջեցաւ:
Որպէս մունջ նուիրեալ մը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) գործեց հաւատքով եւ անշահախնդիր, յանուն հայ ազգի ու Գանատայի հայ գաղութի պանծացման:
Հալէպի մէջ, հանդիսացաւ այն խաւարի ասպետներէն մին, որ 1960-ականներու անմխիթար ապահովական վիճակին մէջ, խումբ մը անձնդիր ընկերներու հետ կարելի եղաւ փրկել անխորտակելին, ամրոցի մէջ անթեղուած բարոյական գանձը՝ կուռ դաշնակցական հաւատքը, փոխանցելով անոր դրօշը յաջորդող սերունդներուն:
Կազմակերպական իր անբասիր, ցայտուն նկարագրով համակեց իր շրջապատը, որ աւելի զարդարուն դարձաւ շնորհիւ իր մշակոյթի հանդէպ տածած սիրոյ: Ան, հանրային եւ ընկերական հանդիպումներուն, իր հանդիսաւոր տամատայութեամբ՝ ծաղկեցուց խամրած հոգիները, մտրակեց թմբիրի մէջ կորած մտքերը, քերթողական հատընտիրներու իր իւրայատուկ ներկայացումներով եւ քաղցրահամբոյր երաժշտական երգեցողութեամբ:
Սեւակի այս տողերը կը համընկնին ընկեր Ժիրայրի կենցաղին՝
Խմենք կենացն անդաւաճան ընկերութեան,
Ընկերների ա՛յն սէրութեան,
Որ մինչեւ իսկ չի ընդհատւում
Աքսորի մէջ ու գերութեան:
Ընկե՛ր լինենք
Նոյն յուզմունքի,
Համոզմունքի՛,
Նոյն ճաշակի՛,
Դրօշակի՛,
Ո՛չ թէ ընկեր լոկ բաժակի...
Յովհաննէսեան ամոլի՝ Սոնայի եւ Ժիրայրի ընկերակցութիւնը, դասական մտերմիկ հանդիպումներէն անդին, ջերմութեամբ զուգորդուած կ'ըլլային։ Հայ գրականութիւնը եւ ազգային գերխնդիրները առանցքը կը կազմէին այդ նախանձելի մտերմիկ հանդիպումներուն:
Ընկեր ժիրայր Յովհաննէսեան իր ուրոյն դրոշմը զետեղեց հանրային կեանքին մէջ ու իր պայքարունակ նկարագրով կրցաւ երկա՜ր տարիներ դիմադրել ֆիզիքական-առողջական ո՛չ նախանձելի իրավիճակին:
Սակայն այդ անձուկ վիճակը պատճառ չդարձաւ, որ մեկուսանայ շրջապատէն ու կղզիանայ իր առողջական կացութեան լոկ բարւոքման համար: Ընդհակառակը, ինք յուսադրողն էր հոն, ուր ժողովրդային հանդիպում կար, ինք սրտապնդող էր բոլոր հանրային նախաձեռնութիւններուն ու իր փորձառական օրինակներով՝ խրախուսողը կուսակցական կազմակերպական կեանքին:
Թող վարակիչ ըլլայ իր նմաններուն օրինակը:
Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսում է դարէ դար,
Երնէկ նրան, որ իր գործով
Կ'ապրի անվերջ անդադար:
Յաւերժական լոյսերու մէջ թող ապրի քու յոգնաբեկ հոգին:
Վշտակցող ընկերդ՝
Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ, 14 յունուար 2025