Միջին Արեւելքի հանգանակային միացեալ մարմինին տարած արշաւը

Դարձեալ տժգունած է Միջին Արեւելքը, անոր ռազմաքաղաքական իրավիճակը ծանր է։ Կսկծալի վիճակ ունին լիբանանահայ ու սուրիահայ գաղութները, ուր սեւ ամպերուն յառաջացուցած փոթորկալի իրավիճակին դէմ յանդիման կը գտնուին մեր հայրենակիցները։ Լիիրաւ կեանքի նուազագոյն կարիքներն անգամ հոգալու դժուարութեան կողքին, անորոշութեան ճիրաններուն մէջ կը գլորին անոնք:

Ներկայիս՝ սղաճի, դրամի արժեզրկման, համատարած գոր­ծազրկութեան, դրամատնային ճգնաժամի, տնտեսական փլուզման, յետպատերազմեան անբարենպաստ պայմաններուն եւ իշխանափոխութենէն ետք (Սուրիոյ պարագային) իշխող անկայուն շրջանին, օգնութեան ձեռք մը կը փնտռեն մեր հայրենակիցները։

Արդարեւ, որո՞ւն բարեսէր, բարեսիրտ ու եղբայրասէր հպումով ձեռքը պիտի ըլլայ՝ լիբանանահայուն ու սուրիահայուն բալասան հանդիսացողը, եթէ ո՛չ գանատահայունը, որ աշխարհասփիւռ հայուն գլխուն եկած իւրաքանչիւր փորձանքին դէմ նպատակասլաց կը գործէ, գտնելու անհրաժեշտ միջոցներ՝ ա­ջակցելու իր հարազատ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, այս պարագային՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն, որոնք աներեւակայելի տառապանքներ կրեցին մօտիկ անցեալէն մինչեւ օրս։

Լայնածաւալ միջոցներով քարոզչութիւն կատարելն ու ահազանգող այս ծանր իրավիճակի ընթացքին գործի լծուիլը անհրաժեշտութիւն էր, ուստի օժանդակութեան կարկինը աւելի լայն բանալու նպատակով՝ Հ.Օ.Մ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը եւ ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէն կազմեցին յանձնախումբ մը՝ «Միջին Արեւելքի հանգանակային միացեալ մարմին» անունով, որ կը ներառէ Գանատայի ազգային առաջնորդարանը, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՅԴ ԳՊՄ-ի ընդհանուր վարիչ մարմինը։

Միջին Արեւելքի հանգանակային միացեալ մարմինին մաս կազմող իւրաքանչիւր միութիւն սկսաւ կոչով, ձեռնարկներով ու հանգանակային հաւաքներով, աւելի լայնածաւալ քարոզչութեամբ շարունակել նոյեմբեր 2024-ին սկսած համագանատական դրամահաւաքի արշաւը։

Այս պարագային անհրաժեշտութիւն կը սեպենք յիշել ՀՕՄ-ի Գանատայի մեծ ընտանիքին տարած անգնահատելի աշխատանքը, որ Լիբանանի ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն, նոյեմբեր 2024-ին քսան հազար տոլար ղրկեց ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան՝ թեւ ու թիկունք կանգնելու Լիբանանի հայ համայնքին։ Սուրիոյ անակնկալ իշխանափոխութեան եւ քաղաքական անկայուն իրավիճակին ի յայտ գալուն առաջին իսկ օրէն՝ դեկտեմբեր 2024-ին, քսան հազար տոլար եւս ղրկեց լիբանանահայ եւ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն, այսպիսով՝ ՀՕՄ-ի օժանդակութեան կիզակէտը դարձան միատեղ, մեր երկու համայնքները, որոնց գոյապահպանման համար ձեռք մեկնելը անհրաժեշտութիւն էր Գանատայի ՀՕՄ-ի վիթխարի ընտանիքին համար։

«Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանով ճամբայ ելած ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը, իր առաքելութեան լիիրաւ գիտակից կազմակերպութիւնը հանդիսանալով՝ միշտ ամէն ճիգ ի սպաս կը դնէ հայ ազգի կարիքաւոր զաւակներուն օգնելու, ներկայ պարագային՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղութներուն գոյապահպանման խնդիրին եւ անոնց ընկերային, տնտեսական, ազգային եւ կրթական հաստատութիւններուն կարիքները հոգալու նպատակով։

Այս ծիրէն ներս, Միջին Արեւելքի հանգանակային միացեալ մարմինին ուղղուած հանգանակութիւնները կը հասնին ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան, ապա՝ կը փոխանցուի Կեդրոնական վարչութեան, որ իր կարգին զանոնք կը փոխանցէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ շրջանային վարչութիւններուն։

Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքի կենսական կարիքները բազմաթիւ են եւ բազմապիսի, իսկ ազգային կառոյցներուն գոյապայքարն ու հայ մարդուն ընկերային, տնտեսական, ազգային եւ կրթական կեանքի գոյատեւումը անհրաժեշտութիւն, ուստի բոլորս միակամ, մէկ բռունցք դարձած՝ Գանատայի մեր ազգային կառոյցներով եւ եկեղեցիներով պիտի փորձենք հնարաւորինս զարկ տալ այս օրհասական պահուն Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն օժանդակութեան արդար ձեռքը մեկնելու։ ֎

***

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել հետեւեալ քայլերով`

Վաճարագիրով (չէք). payable to ARS Foundation եւ ուղարկել Armenian Relief Society of Canada - 3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

Առցանց. ars-canada.ca/donations and ապա ընտրել Aid to Lebanon

Ե-փոխանցումով (e-transfer). ars-canada@bellnet.ca

Նուիրատուները, իրենց նուիրտուութիւններուն դիմաց, տուրքէ զերծ ստացագիր կը ստանան։

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է«Թորոնթոհայ»-ի փետ. 2025 (#210) թիւին մէջ

Թրիփոլիէն Ղասանը ձուկ կը ծախէ Պուրճ Համուտի մէջ, 2015 (լուսանկար՝ Էտրիըն Հարթրիք/Ալ Ճազիրա)

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Փունջ մը ծաղիկ ընկեր Ժիրայր Յովհաննէսեանի յիշատակին

Next
Next

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերամեկնաբանութեան ենթակայ չէ. խմբագրական