Հայոց ցեղասպանութիւնը վերամեկնաբանութեան ենթակայ չէ. խմբագրական

Հայոց ցեղասպանութիւնը պարզապէս պատմական իրողութիւն մը չէ, այլ մեր ինքնութեան հիմնաքարը՝ յատկապէս սփիւռքեան համայնքներուն (ներառեալ թորոնթոհայութեան) համար:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը, յիշատակումն ու արդարութեան հետապնդումը խորապէս անձնական են եւ հաւաքական յիշողութեան անբաժան մասը՝ այն ընտանիքներուն, որոնց նախնիները անպատմելի վայրագութիւններու ենթարկուեցան: Այս պատմութիւնը նսեմացնելու կամ հարցականի տակ դնելու որեւէ փորձ կը վտանգէ ոչ միայն մեր անցեալը, այլ նաեւ մեր ներկան ու ապագան:

Թէեւ մենք չենք յաւակնիր խօսիլ բոլոր թորոնթահայերուն անունէն, կը հաւատանք որ կարեւոր է յստակեցումներ կատարել այսպիսի հիմնարար հարցի մը շուրջ: Իբրեւ թերթ՝ որուն առաքելութեան մէջ քաղաքականութիւնը տեղ չունի եւ որ սովորաբար կը խուսափի քաղաքական վէճերէ, այս հարցը քաղաքականութենէն անդին է: Հայաստանի ներկայ վարչակազմը, դիւանագիտական գործնապաշտութեան պատրուակով, վտանգաւոր կերպով կը մօտենայ պատմական վերատեսութեան:

Միտումնաւոր ըլլայ թէ ոչ, Ցեղասպանութիւնը վերամեկնաբանութեան (reinterpretation) հրաւիրող ձեւակերպումները ուղղակիօրէն կը ծառայեն անոնց, որոնք երկար ատեն ջանացած են ուրանալ կամ նուազեցնել մեր ժողովուրդին տառապանքը: Նման հռետորաբանութիւնը խաղաղութիւն կամ ապահովութիւն չի խթաներ, այլ կը տկարացնէ Հայաստանի դիւանագիտական դիրքը եւ կ՚անարգէ համակարգուած կերպով բնաջնջուած մէկուկէս միլիոն հայերուն յիշատակը:

Թորոնթոյի մեր համայնքը, որ մեծապէս կազմուած է ցեղասպանութենէն վերապրողներու յետնորդներով, շատ լաւ կը հասկնայ խնդրոյ առարկան:

Հայաստանի ղեկավարութեան՝ ցեղասպանութեան միջազգայնացման ժամանակացոյցը հարցադրող վերջին յայտարարութիւններուն դիմաց, կարեւոր է յիշեցնել պատմական իրողութիւնները: Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային բեմ բարձրացաւ Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք՝ մարդկային իրաւունքներու նոր մշակոյթի ծիրին մէջ: «Ցեղասպանութիւն» եզրի հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքին յստակօրէն վկայակոչեց հայերու ջարդը իբրեւ իր տեսութեան հիմք: Նիւրենպերկի դատավարութիւնները, ապագաղութացման շարժումը, Հոլոքոսթի (Ողջակիզում) մասին իրազեկումը եւ քաղաքացիական իրաւունքներու պայքարը նպաստեցին Ցեղասպանութեան հարցի վերարծարծման, որ հասաւ գագաթնակէտի 1965-ին: Այս շրջարկը անտեսելը կը խաթարէ թէ՛ պատմական ճշմարտութիւնը, թէ՛ թրքական ժխտողականութեան դէմ տասնամեակներու պայքարը:

Ինչպէս Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի (A.R.S. Armenian Private School) տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան վեջերս ակնարկեց․ «Առանց արդարութեան, որ միակ միջոցն է անցեալի աղետալի դէպքերուն պատճառած դաժան հետեւանքները ամոքելու, հայ ժողովուրդը սերունդներ շարունակ պիտի ենթարկուի կրկնակի ոճիրներու եւ տեղահանութեան, այսինքն՝ ցեղասպանութեան: Ի յարգանս մեր միլիոնաւոր անմեղ զոհերուն, կարելի չէ մեր գլուխը կախ պահել, ինչպէս շատեր կ'ակնկալեն որ ընենք»:

Այս յանձնառութիւնը կ՚արձագանգէ դասարանէն անդին: Մեր համայնքի դիմադրականութիւնը արմատացած է այն անսասան համոզումին մէջ, ուր արդարութիւնը էական է: Որեւէ քաղաքական խաղարկում, որ կը ձգտի նօսրացնել այս հետապնդումը, ըլլայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման թէ տարածաշրջանային այլ ուժերու գոհացման համար, կարճատես է եւ հակարդիւնաւէտ:

Ո՞վ չ՚ուզեր բարի յարաբերութիւններ ունենալ իր դրացիներուն հետ: Ո՞վ չ՚ուզեր խաղաղութիւն տեսնել տարածաշրջանին մէջ: Դժուար պիտի ըլլար գտնել հայ մը, որ չ՚ուզէ, բայց ի՞նչ գնով:

Պատմական ճշմարտութեան ջնջումով կառուցուած խաղաղութիւնը փխրուն է եւ անկայուն: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յիշողութեան զիջումով տարածաշրջանային ներդաշնակութիւն ձեռք բերելու որեւէ փորձ կը խախտէ արդարութեան եւ հաշուետուութեան հիմքը: Դիւանագիտական ջանքերը պէտք է արմատաւորուած ըլլան պատմական ճշմարտութեան յարգանքին վրայ, ո՛չ թէ անոր հաշւոյն: Ի վերջոյ, վերամեկնաբանութեան փորձերը, որքան ալ «դիւանագիտական» կամ «գործնական» թուին, կրնան դուռ բանալ ժխտողականութեան նոր ալիքի մը:

Երբ ղեկավարները կ՚օգտագործեն աղօտ լեզու, որ կասկած կը յառաջացնէ ցեղասպանութեան մասին հաստատուած փաստերուն շուրջ, ասիկա ոչ մէկ կառուցողական նպատակի կը ծառայէ: Ան ոչ Հայաստանի շահերը առաջ կը մղէ, ոչ ալ կ՚ամրապնդէ անոր միջազգային դիրքը: Յստակ տարբերութիւն կայ պետութեան մը՝ ռազմավարական պատճառներով ցեղասպանութեան ճանաչումը արտաքին քաղաքականութեան մէջ երկրորդական դարձնելուն, եւ պետութեան ղեկավարութեան՝ այս ոճիրները ժխտողներու պատումները արտացոլող հռետորաբանութիւն գործածելուն միջեւ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերամեկնաբանութեան ենթակայ չէ: Ան իրողութիւն է, վէրք մը եւ ի վերջոյ՝ արդարութեան կոչ մը: Տարբեր կողմերու փորձերը՝ պղտորելու ջուրերը այս հարցին շուրջ, կը վտանգեն ոչ միայն պատմական յիշողութիւնը, այլ նաեւ արդարութեան հետապնդումը:

***

Լուսանկարը՝ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի Հայոց ցեղասպանութեան տարեկան ոգեկոչում, 1999, աշակերտները Մեծ եղեռնի զոհերուն նուիրուած «Վերածնունդ» (գործ՝ Արթօ Չաքմաքճեանի) յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակ կը զետեղեն

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Միջին Արեւելքի հանգանակային միացեալ մարմինին տարած արշաւը

Next
Next

Թորոնթոհայ համայնքի հերթական հպարտութիւնը. Լենա Կարապետեան կը ստանձնէ Մեսրոպեան վարժարանի ղեկը