Թորոնթոհայ համայնքի հերթական հպարտութիւնը. Լենա Կարապետեան կը ստանձնէ Մեսրոպեան վարժարանի ղեկը

«Փոքր տարիքէս, հայկական համայնքը եղած է իմ հայակերտման հիմքս, իմ ընտանիքս»։ Այս խօսքերով կը սկսի իր պատմութիւնը Լենա Կարապետեանը, Թորոնթոյի հայ համայնքի հպարտ զաւակը, որ վերջերս նշանակուեցաւ Լոս Անճելոսի Մեսրոպեան ազգային վարժարանի (Armenian Mesrobian School) տնօրէն։ Անոր նշանակումը կը հանդիսանայ կարեւոր հանգրուան մը ո՛չ միայն իր անձնական եւ մասնագիտական կեանքին մէջ, այլ նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքի պատմութեան համար։

Թորոնթոհայ արմատներ

Լենան ծնած ու մեծցած է Թորոնթօ: Ծնողքը՝ Աւետիս եւ Լիւսի Կարապետեանները, աչալուրջ եղած են Լենային դաստիարակութեան, որ հիմնուած էր հաւատքի, հայկական աւանդոյթներու, լեզուի ու արժէքներու վրայ։

Լենան կը պատմէ՝ «Մեր ծնողները հաստատ էին իրենց յանձնառութեան մէջ, համոզուած ըլլալով, որ եղբայրս՝ Րաֆֆին եւ ես մեծնանք հայկական համայնքի շրջանակներուն մէջ՝ միշտ պահելով մեր լեզուն, կրօնքը, մշակոյթը կամ ժառանգութիւնը»։

Լենան մկրտուած է Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ (St. Mary Armenian Apostolic Church) մէջ: Հայկական հաւատքը դարձած է իր ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկը։

Տան մէջ միայն հայերէն խօսած են, ինչ որ ո՛չ միայն ամրապնդած է իր լեզուական հմտութիւնները, այլ նաեւ զօրացուցած կապը իր արմատներուն հետ։

Նախնական կրթութիւնը սկսած է հայկական ամէնօրեայ դպրոցէն, ապա՝ շարունակած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (St. Gregory Armenian Catholic Church of Toronto - St. Gregory Armenian Catholic Saturday School) շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ։ 2012-ին, իր մօր օրինակին հետեւելով, վերադարձած է նոյն վարժարանը՝ այս անգամ իբրեւ ուսուցչուհի. պաշտօն մը, որ իր ուղին ամբողջացուցած եւ առիթ տուած է վերադարձնելու համայնքին այն ամէնը՝ զոր ստացած էր։

Դպրոցական կեանքէն անդին, Լենան եղած է գործօն մասնակից հայկական կեանքի իւրաքանչիւր ոլորտին մէջ։ Ան ներգրաւուած է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ գործունէութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (Homenetmen Toronto), Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասին ու համայնքի հայկական պարախումբերուն։ Ուսանողութեան տարիներուն ան աշխատած է՝ ՀՕՄ-ի ամառնային (A.R.S. Summer Camp - Հ.Օ.Մ.-ի Ամառնային Ճամբար) եւ «Արարատ» (Camp ARARAT - Summer Youth Camp) ճամբարներուն մէջ եւ մասնակցած բազմաթիւ հայկական երիտասարդական նախաձեռնութիւններու։ «Այս փորձառութիւնները ինծի համար էական դեր խաղցան՝ համայնքային պատկանելիութեան, պատասխանատուութեան եւ ղեկավարութեան ձեւաւորման մէջ», կը բացատրէ ան։

Ակադեմական եւ մասնագիտական փայլուն ուղի

Թորոնթոյի համալսարանին (University of Toronto) մէջ, ուրկէ ստացած է պսակաւոր արուեստից վկայական, Լենան համանախագահած է Հայ ուսանողական միութիւնը։ Ան աշխուժօրէն աշխատած է՝ քաջալերելու հայկական մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը համալսարանական շրջանակէն ներս։ Ապա շարունակած է իր ուսումը՝ կրթական ճիւղին մէջ ստանալով մագիստրոսի աստիճան ու մասնագիտանալով՝ առաջնորդութեան, ուսումնական ծրագիրներու մշակման եւ ճարտարարուեստի ուսմունքին մէջ։

2016-2021 թուականներուն, ան պաշտօնավարած է Թորոնթոյի հեղինակաւոր «Մեթրոփոլիթըն Փրեփարաթըրի ակադեմիա»-էն (Metropolitan Preparatory Academy) ներս՝ իբրեւ վարիչ եւ անգլերէն բաժնի պատասխանատու: Լենան հոս կատարելագործած է իր առաջնորդութեան եւ ուսումնական ծրագիրներու մշակման հմտութիւնները։ Թորոնթոյի կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդին մէջ իր ստանցնած դերերը՝ նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական մակարդակներու վրայ, աւելի եւս զօրացուցած են իր փորձառութիւնը կրթութեան եւ ուսանողներու ներգրաւման մէջ։

Նոր հանգրուան

Այժմ, որպէս Մեսրոպեան ազգային վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհի, Լենան յստակ տեսլական մը ունի։ «Իմ տեսլականս յաջորդ հինգ տարիներուն համար կեդրոնացած է երեք հիմնական սիւներու վրայ՝ ակադեմական բարձր չափանիշներ, STEAM (Science, Technology, Engineering, Arts, Mathematics) կրթութեան առաջմղում եւ Հայկական լեզուի ու կրօնի վրայ հզօր շեշտադրութիւն», կը բացատրէ ան։

Լուսանկարը տրամադրած է Մեսրոպեան վարժարանը

«Կրթութիւնը միայն ակադեմական յաջողութիւններու մասին չէ», կ՚ըսէ Լենան,- «Անիկա աշակերտին ամբողջ մտքին, մարմնին եւ հոգիի խնամքին մասին է, միաժամանակ՝ զանոնք ամրապնդելով մեր հարուստ հայկական ժառանգութեան մէջ»։

Մեսրոպեան վարժարանը, որ հիմնուած է 1965-ին եւ կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու հայկական առաջին նախակրթարանը, վերջերս ստացած է Արեւմտեան նահանգներու վաժարաններու եւ քոլէճներու ընկերակցութեան (WASC) վեցամեայ հաւատարմագիրը․ ամենաբարձր ժամկէտը, որ կրնայ շնորհուիլ կրթական հաստատութեան մը։ Այս ձեռքբերումը կը վկայէ վարժարանի ակադեմական գերազանցութեան եւ կրթական առաքելութեան յանձնառութեան մասին։

«Վերջին վաթսուն տարիներուն կառուցուած ամուր հիմքը վկայութիւնն է այն հաւատքին եւ նուիրումին, որոնք ցուցաբերած են նախորդ սերունդները վարժարանիս հանէպ», կ՚ըսէ Լենան ու կը վստահեցնէ․ «Ես լիովին յանձնառու եմ պահպանելու եւ, ինչո՞ւ չէ՝ յաւելեալ զարգացնելու Մեսրոպեանի ներկայացուցած աւանդն ու նորարարութեան եւ գերազանցութեան ժառանգութիւնը»։

Հայերէնի ուսուցման համար, Լենան կը նախատեսէ նորարարական եւ ներգրաւող մօտեցումներ, ինչպէս նաեւ՝ լեզուի տարբեր գործունէութիւններ, ստեղծագործական գրութիւն, պատմուածքներու միջոցաւ ուսուցում եւ թուային գործիքներու օգտագործում։ «Սփիւռքի մէջ, ուր ձուլումը մշտական մարտահրաւէր է, հայերէնի ուսուցումը եւ խնամքը կը վստահեցնեն, որ մեր ժողովուրդի առանձնայատուկ ձայնը կը մնայ ուժեղ եւ կենդանի», կը շեշտէ ան, աւելցնելով՝ «Աշակերտներուն լեզուական եւ մշակութային գիտելիքներով զօրացնելով՝ մենք զանոնք կը պատրաստենք, որ դառնան գործօն ներդրողները հայկական համայնքին եւ յատկապէս՝ համաշխարհային կեանքին մէջ»։

Թորոնթոյէն Լոս Անճելոս՝ նոր մարտահրաւէրներ

Լենային համար Թորոնթոյէն հեռանալու որոշումը դիւրին չէ եղած։ «Երեք տարի առաջ, երբ առաջին անգամ առաջարկ ստացայ Քալիֆորնիա տեղափոխուելու, շատ յանկարծական թուեցաւ», կը յիշէ ան ու կ’աւելցնէ․ «Յատկապէս COVID-19 համաճարակի օրերուն, երբ ընտանիքիս հետ այնքան մօտ էի, հեռանալը դժուար էր»։

«Ամէն քաղաք ունի իր առանձնայատուկ բնոյթն ու առիթները», կ՚ըսէ ան։ «Թէեւ Թորոնթօն միշտ մօտ կը պահեմ սրտիս, ես խանդավառուած եմ՝ իմ ներդրումս ունենալու Լոս Անճելոսի համայնքին մէջ»։ Ժպտելով կ՚աւելցնէ՝ «պիտի խոստովանիմ՝ ձիւնամրրիկները արեւով փոխարինելը Լոս Անճելոսի մէջ հաճելի արտօնութիւն մըն է»:

Լուսանկարը տրամադրած է Մեսրոպեան վարժարանը

Թորոնթոյի հայ երիտասարդութեան ուղղած Լենային պատգամը յստակ է. «Յարգը գիտցէ՛ք ձեր ժառանգութեան եւ մնացէ՛ք գործօն ձեր համայնքին մէջ։ Փնտռեցէք առիթներ՝ սորվելու, զարգանալու եւ ներդրում ունենալու՝ կամաւոր աշխատանք կատարելով, մշակութային կազմակերպութիւններու մաս կազմելով կամ կրթական նախաձեռնութիւններու մասնակցելով։ Երբեք մի՛ թերագնահատէք կրթութեան ուժը եւ այն ազդեցութիւնը, որ կրնաք ունենալ՝ ձեր հմտութիւններն ու խանդավառութիւնը բաժնելով»։

Լենան երախտագիտութեամբ կը վկայէ, որ իր ձեռքբերումներն ու նոր պաշտօնը անհնարին պիտի ըլլային առանց իր ընտանիքին՝ ծնողներուն եւ եղբօր անսահման սիրոյն եւ աջակցութեան: «Անոնք իսկապէս իմ այսօրուան ինքնութեան ողնաշարն են, եւ ես ամբողջովին կը բաժնեմ իմ յաջողութիւններս անոնց հետ», կ’ըսէ ան:

Վերիվայրումներով լի տարի մը

2025-ը վերիվայրումներով սկսաւ մեսրոպեանականներուն համար. յունուարի սկիզբէն ի վեր, Լենան եւ Մեսրոպեան վարժարանի ամբողջ համայնքը՝ անձնակազմը, աշակերտները եւ ընտանիքները, աշխուժօրէն կ՚օժանդակեն Լոս Անճելոսի շրջանի աւերիչ հրդեհներէն տուժածներուն։ Անոնց ջանքերը առաւել եւս կենսական դարձան ողբերգական կորուստէն ետք Ալթատինայի Սահակ-Մեսրոպ hայ քրիստոնէական վարժարանի շէնքին, որ ամբողջութեամբ ոչնչացաւ հրդեհներուն պատճառով։ Այս աղէտը խորապէս ազդած է հայ համայնքին վրայ՝ տեղահան ընելով ընտանիքներ եւ խաթարելով կենսական հաստատութիւններու գործունէութիւնը, սակայն Մեսրոպեան վարժարանի մեծ ընտանիքը առաջին գիծի վրայ եղած է՝ նիւթական օգնութիւն եւ զօրակցութիւն ցուցաբերելով այս դժուարին պահուն։

Այս դժուարութիւններով հանդերձ, վարժարանը նաեւ աննախընթաց տօնական պահ մը ապրեցաւ, երբ աւարտական դասարանի աշակերտ Նիքըլըս Խաչիկեան պատմութիւն կերտեց՝ 102 կէտ նշանակելով Մեսրոպեան ընդդէմ Ուեյւըրլի պասքէթպոլի խաղի ընթացքին՝ խորտակելով Քալիֆորնիոյ նահանգային մրցանիշը։ Անոր երկուորեակ եղբայրը՝ Տիլընը, աւելցուց յաջողութիւնը՝ հաւասարեցնելով ազգային եւ նահանգային մրցանիշները՝ փոխանցումներու (assists) քանակով նոյն խաղին մէջ, արձանագրելով հպարտալի հանգրուան մը վարժարանին համար։ Անոնց կատարողութիւնը արժանացաւ համազգային ուշադրութեան, նոյնիսկ արձագանգ գտնելով աշխարհահռչակ պասքէթպոլի խաղցող Լըպրան Ճէյմզի կողմէ։

Դժուարութեանց դիմաց, Մեսրոպեանի համայնքը կը շարունակէ ցուցաբերել դիմադրողականութիւն եւ գերազանցութիւն՝ միասնաբար յաղթահարելով տագնապալի պահերը, միաժամանակ տօնելով իր նշանակալի յաջողութիւնները:

«Մեր հայկական մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանումն ու զօրացումը կը սկսի իւրաքանչիւրիս փոքր, բայց նշանակալից քայլերով», կ՚եզրափակէ Լենան,- «Իւրաքանչիւր նոր սերունդ պատասխանատուութիւն ունի ոչ միայն պահպանելու, այլ նաեւ հարստացնելու մեր ժառանգութիւնը»։

Լենային նշանակումը Մեսրոպեան ազգային վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնին կը հանդիսանայ Թորոնթոյի հայ համայնքի հպարտութեան աղբիւր մը եւ ոգեշնչման օրինակ մը գալիք սերունդներուն համար, ցոյց տալով՝ թէ ինչպէս կարելի է միաւորել համայնքային նուիրումը մասնագիտական յաջողութեան հետ։ ֎

***

Այս յօդուածը «Թորոնթոհայ»-ի փետ. 2025-ի (#210) «լուսարձակ» յօդուածն էր:

Ռուբէն Ճանպազեան

Թորոնթոյի զաւակ. խմբագիրն է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի: Այսօր կողակիցին (Արազին) եւ շունիկին (Սրճենիին) հետ Երեւան կը բնակի, ուր իր գրիչով կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ թորոնթոհայութեան եւ հայրենիքին միջեւ։

Previous
Previous

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերամեկնաբանութեան ենթակայ չէ. խմբագրական

Next
Next

Սերունդներու գոյատեւումին համար մնայուն ժառանգութիւններ՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին եւ հայ ուսանողին