Սերունդներու գոյատեւումին համար մնայուն ժառանգութիւններ՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին եւ հայ ուսանողին
Երամեան քոյր-եղբօր աննախադէպ 728 հազար տոլարի կտակը Գանատահայ hիմնադրամին պիտի նպաստէ ՀՕՄ-ի վարժարանին. Անի Տէմիրճեանի 300 հազար տոլարի կտակը՝ գանատահայ ուսանողներու համար
ԹՈՐՈՆԹՕ- Հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման գործին իրենց ամբողջ կեանքը նուիրաբերած Յակոբ եւ Սիրարփի Երամեան քոյր-եղբայրը (նկարուած) իրենց երկրային կեանքի վերջին կտակով անգամ` հայապահպանման ու հայ կրթական օճախի հզօրացման ջահը վառ ու լուսաշող կը պահեն: Երամեաններու իշխանական ու աննախադէպ կտակը (ընդհանուր գումար՝ 728 317 տոլար եւ 66 սենթ) վերջերս, անոնց խնամակալութեան կողմէ յանձնուեցաւ Գանատահայ հիմնադրամին (ԳՀ): Անիկա պիտի ծառայէ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի գոյեատեւումին ու անոր յաջող վերելքին:
Երամեան քոյր-եղբօր կտակը, որ խորհրդանիշն է իրենց ամբողջ կեանքի վաստակին, աւելին է քան պարզ նուիրատուութիւն մը. ան կու գայ միանալու աւելի քան 11 միլիոն տոլարի գանատական հիմնադրամին։
Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող ԳՀ-ն, որ արդէն իսկ տարեկան 400 000 տոլարէ աւելի կը տրամադրէ գաղութիս կրթական, մշակութային եւ ազգապահպան միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, այս վերջին կտակով վստահ պիտի կարենայ աւելի ընդարձակել իր բարենպաստ գործունէութեան դաշտը:
Պոլսոյ զաւակներ Յակոբ Օննիկ եւ Սիրարփի Եֆտիք Երամեանները հայ ժողովուրդի օրհասական օրերուն եւ առ այդ իրենց կեանքի ճամբուն վրայ, Իրաքէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ վերջապէս մինչեւ Գանատա, հայ մնալու եւ հայ դաստիարակելու վեհ տեսիլքը ունեցած են ընդմիշտ: Յակոբ, որ իր խոր մտաւորականի հակումներով երեւելի էր համայնքին մէջ, որպէս անգլերէն լեզուի դասախօս, հեղինակային իր ասպարէզին մէջ երբեք չէ մոռցած իր պատկանելիութիւնն ու հայկական արմատները: Պաղտատի ամերիկեան վարժարանէն սկսած՝ իր ուսումը շարունակած է մինչեւ Փենսիլվանիոյ «Ֆրանքլին եւ Մարշըլ» քոլէճ եւ Պոստոնի համալսարան, ուր ստացած է անգլերէն գրականութեան եւ գիտութեան բարձրագոյն վկայականները՝ պատուոյ յիշատակութեամբ:
Սիրարփի Երամեան Իրաքի մէջ ճանչցուած էր որպէս հմուտ կանացի տարազներու ձեւաւորող, սակայն ան՝ իր անձնական հեռակայ ծրագիրները մէկդի դնելով՝ կը հաստատուի Թորոնթօ իր հիւանդ մօր խնամքը ստանձնելու համար: Հայութեամբ տագնապող Երամեանները դարձան Հայ կեդրոնին մէջ մշտական ներկայութիւն:
Յակոբ Երամեանի ներկայութիւնն ու ներդրումը զգալի էր մանաւանդ որպէս Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի երկար տարիներու վարչական անդամ: Յակոբն ու Սիրարփին իրենց բարոյական եւ նիւթական համեստ, բայց իմաստալից ներդրումներով, յատկապէս ՀՕՄ-ի վարժարանի կրթական ծրագիրներուն մէջ, լուռ բայց արդիւնաւէտ աշխատանք տարին: 2004-ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ դասարանի մը հովանաւորութիւնը կը վկայէ անոնց խորիմաստ համոզումը, որ հայեցի կրթութիւնն է սփիւռքի գաղութներու գոյատեւման գրաւականը:
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը, որ այսօր Օնթարիոյի ամենամեծ գանատահայ եռալեզու կրթական հաստատութիւնն է, կը շարունակէ Երամեաններու երազած առաքելութիւնը: Հոս է, որ 650-է աւելի աշակերտներ կը ստանան հայկական դաստիարակութիւն՝ միաժամանակ հետեւելով Օնթարիոյի կրթական նախարարութեան ծրագիրներուն: Վարժարանը դարձած է ոչ միայն ուսումնական կեդրոն, այլ նաեւ՝ հայապահպանման ու հայազարգացման իսկական դարբնոց մը:
«Յակոբ եւ Սիրարփի Երամեանները իրենց համեստ ու անաղմուկ կեանքով օրինակ եղան մեզի՝ բոլորիս»,- կ'ըսէ ԳՀ-ի նախագահ Լեւոն Հասըրճեան,- «Անոնց այս վերջին կտակը կը պսակէ իրենց ազգանուէր կեանքի գործունէութիւնը եւ կը դառնայ յուշարձան մը՝ յիշեցնելու մեզի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իսկական անանձնական նուիրումը»:
Երամեան քոյր-եղբօր արտասովոր նուիրատուութեան կողքին, Անի Տէմիրճեանի 300 000 տոլարի կտակը պիտի սատարէ Գանատայի հայ ուսանողներուն՝ ԳՀ-ի միջոցով շնորհուելիք կրթաթոշակներով:
Անի Տէմիրճեանի 300 000 տոլարի կտակը պիտի սատարէ Գանատայի հայ ուսանողներուն՝ Գանատահայ հիմնադրամի միջոցով շնորհուելիք կրթաթոշակներով: Այս կտակը, որ ԳՀ-ն ստացաւ քանի մը ամիս առաջ, կը միտի քաջալերել մարդկային իրաւունքներու, սեռային հաւասարութեան, ներառականութեան եւ շրջապատի պաշտպանութեան ուսումնասիրութիւնները․ մարզեր, որոնց իր կեանքը նուիրած էր հանգուցեալը:
ԳՀ-ին կատարած իր կտակին կողքին, Տէմիրճեան նշանակալի նուիրատուութիւններ կատարած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանին եւ Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ համայնքին՝ վկայելով իր կեանքի ընթացքին հայկական բարեսիրական եւ մշակութային գործունէութեան հանդէպ իր նուիրումը:
Տէմիրճեան, որ իր մահկանացուն կնքեց 25 յուլիս 2022-ին, եղած է պետական ծառայող եւ ոգեշնչող առաջնորդ համալսարանական շրջանակներու մէջ: Ան վարած է «Եորք» համալսարանի «Կլենտըն» մասնաճիւղի հանրային եւ միջազգային հարցերու ուսումնարանի տնօրէնի պաշտօնը, որով հիմնած է ծրագիրներ՝ խթանելու բազմազանութիւնը, միջազգային կապերը եւ ուսանողներու յաջողութիւնը: Ճանչցուած իր բարութեամբ եւ խելամտութեամբ՝ ան անխոնջ աշխատած է՝ պատրաստելու իր ուսանողները հանրային ծառայութեան ասպարէզին՝ յաճախ կազմակերպելով ՄԱԿ-ի հետ առնչուած ձեռնարկներ եւ հիմնադրելով «Կլենտընի համաշխարհային բանավէճեր» ծրագիրը:
Հայ ընտանիքի զաւակ Տէմիրճեան պատանի տարիքին Սուրիայէն գաղթած ու հաստատուած է Թորոնթօ։ Յաղթահարելով լեզուական դժուարութիւնները՝ իր ուսումը շարունակած է եւ աւարտած է «Եորք» համալսարանը, ապա ստացած է տնտեսագիտութեան եւ ծրագիրներու կառավարման մագիստրոսի վկայական՝ Մոնթրէալի «Քէպէք» համալսարանէն: Անոր պետական ծառայութեան ասպարէզը ներառած է պաշտօններ CUSO-ի, Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ: Ան միշտ պահած է իր կապը հայկական արմատներուն հետ՝ աջակցելով զանազան հայկական նախաձեռնութիւններու:
ԳՀ-ին կատարած իր կտակը պիտի ծառայէ կրթաթոշակներ տրամադրելու Գանատայի համալսարաններու մէջ արձանագրուած հայ ուսանողներու, յատկապէս անոնց՝ որոնք կը հետեւին ընկերային եւ շրջապատի արդարութեան ուսումնասիրութիւններու: Տէմիրճեանի ժառանգը առիթը պիտի տայ, որ հայ ուսանողները փայլին այնպիսի մարզերու մէջ, որոնք կը խթանեն ներառականութիւնը եւ բարոյական առաջնորդութիւնը, այսպիսով՝ յաւերժացնելով հանրային բարօրութեան հանդէպ իր յանձնառութիւնը:
«Երամեան քոյր-եղբօր եւ Անի Տէմիրճեանի այս ազնիւ նուէրները թող օրինակ ծառայեն համայն գանատահայութեան»,- կ’ըսէ ԳՀ-ի ներկայացուցիչը,- «Գանատահայ հիմնադրամը կը հրաւիրէ համայնքի անդամները հետեւելու անոնց օրինակելի քայլերուն՝ հիմնելով իրենց անունը կրող հիմնադրամ կամ կտակներու միջոցով մասնակից դառնալու հայապահպանման այս վեհ առաքելութեան: Իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն, փոքր թէ մեծ, կը նպաստէ, որ մեր զաւակներն ու թոռները վաղը եւս կարենան հայեցի կրթութիւն ստանալ հայկական վարժարաններու մէջ, փորձառութիւններ ձեռք ձգել մեր կազմակերպութիւններուն մէջ եւ հպարտութեամբ շարունակել մեր ժառանգութիւնը»: Հիմնադրամը կը քաջալերէ համայնքի անդամները մտածելու ժառանգական նուիրատուութիւններու մասին, շեշտելով՝ թէ իւրաքանչիւր նուէր, մեծ թէ փոքր, կ'ամրապնդէ գալիք սերունդներու հիմքերը: Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են մնայուն ժառանգ թողնելու, կրնան ԳՀ-էն մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալ՝ դիմելով aefcanada@gmail.com հասցէին: ֎
Յօդուածը լոյս տեսած է մեր դեկտեմբեր 2024-ի թիւին մէջ։