Ի յուշ՝ Սանդուխտ Գասարճեան Պալճեանի
Մօտ մեկուկէս ամիս առաջ, ես եւ եղբայրս՝ Քերոբը, համայն Պալճեան եւ Գասարճեան ընտանիքները, կորսնցուցինք մեր սիրելի մայրը։ Ստորեւ թաղման կարգի դամբանականը.
Հոգիս յօժար, մարմինս տկար․ մօրս՝ Սանդուխտ Գասարճեան Պալճեանի յաճախ արտասանած խօսքերէն մին։ Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր մեծ հօր՝ սիսեցի Արտաշէս Գասարճեանի ու մեծ մօր՝ վահկացի Աղաւնի Մարգարեանի երկրորդ զաւակը։ Փոքր տարիքէն ընտանեօք կը փոխադրուին Մեթնի շրջանի Պիքֆայա գիւղաքաղաքը, ուր մայրս կը յաճախէ տեղւոյն հայկական վարժարանը։ Ըլլալով բացառիկ աշակերտուհի, կը խլէ դպրոցի առաջնութիւնը, որուն շնորհիւ կը ստանայ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի կրթաթոշակ։
Բազմանդամ ընտանիքի զաւակ, դժբախտաբար ծնողքը չի կրնար հայթայթել իր կենսական ծախսերը, որուն հետեւանքով կը կորսնցնէ այդ յատուկ կարելիութիւնը։ Սակայն իրեն առիթը կ’ընծայուի Լիբանան այցելող Ֆրանսայի նախագահ, հրամանատար Շարլ տը Կոլը դիմաւորել ծաղկեփունջով մը։ Փոքր տարիքէն, երկար տարիներ կ’աշխատի Պիքֆայայի ծխախոտի ընկերութեան մէջ՝ օգտակար դառնալով ընտանիքին։
Կ’ամուսնանայ վաղամեռիկ հօրս, մուսա տաղցի արմատներով, Կարապետ Պալճեանին հետ եւ կը փոխադրուին Այնճար։ Շուտով կը սորվի մեր բառբառը։ Կը փոխադրուին Պէյրութ ու կը ստանձնեն Մխիթարեան միաբանութեան շենքի պատասխանատուութիւնը։ Ազգային ու քրիստոնէական դաստիարակութեան տէր եապանճօ հարսը, երկուքս ամէն գնով կը տեղաւորէ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը՝ ստանալու հայեցի դաստիարակութիւն։
Մեր մայրիկը կը տիրապետէր չորս լեզուներու եւ բաւարար չափով կը խօսէր անգլերէնը։ Մոլի կարդացող էր, հմուտ՝ օտար բառերու հայերէնի ճշգրիտ օգտագործումին։ Ըլլալով հմուտ թրքագէտ, 1970-80-ական թուականներուն, կամաւորապէս «Ազդակ» օրաթերթին համար կը թարգմանէր թրքական թերթերու մէջ լոյս տեսած հակահայ յօդուածները։ Հայրենասէր էր եւ հաւատացեալ քրիստոնեայ։ Մօտէն կը հետեւէր հայրենիքի, սփիւռքի ու աշխարհի անցուդարձերուն։
Բացառիկ առեւտրական էր։ Հետագային, Պէյրութի Զոքաք էլ Պլաթ շրջանին մեջ հօրս հետ կը հիմնեն արծաթեղէնի վաճառատուն մը։ Օրուան վարչապետ Սելիմ Հըսի կինն ու անոր շրջանակը կը դառնան իր յատուկ յաճախորդներն ու ընկերուհիները։ Հօրս մահէն ետք մեր մայրիկը բերինք Գանատա, ուր ապրեցաւ իր բնակարանին մէջ, շրջապատուած մեր անսահման հոգատարութեամբ։
Մաս կազմեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութեան։ Պատուուեցաւ Օնթարիօ նահանգի եւ Գանատայի կառավարութեանց զանազան վկայագիրներով, որպէս գաղութի ժրաջան անդամ։ Տասնեակ տարիներ, ամէն կիրակի ու տօնական օրերուն ներկայ էր Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատարագներուն։ Սիրով հովանաւորեց եկեղեցւոյ համերգներ ե պազարներ։
Առատաձեռն էր մայրս իր նուիրատուութիւներով, միշտ պատրաստ օգնելու բոլորին։ Իսկ հաւաքներու ու պտոյտներու ընթացքին, իր երգեցողութամբ, բանաստեղծութիւններով եւ բառագիտութեամբ կը խանդավառէր շուրջ բոլորը։ Lady էր մեր մայրը իր վարք ու փառքով, միշտ մազերը յարդարուած, շպարը դեմքին, բծախնդիր ու ճաշակաւոր հագուածքով։
Մենք կորսնցուցինք մեր գանձը, մեր աչքերուն լոյսը։ Իր անհանգստութեան ժամանակաշրջանին, գիշեր-ցերեկ մնացինք իր կողքը՝ յուսալով ետ տուն կը բերենք զինք։ Մահուընէ երկու օր առաջ, հակառակ ծանր վիճակին, տէր Տաթեւ քահանայի ձեռամբ, հաղորդութիւն ստացաւ, մասնակցեցաւ աղօթքին, խաչակնքեց, արտասանելով՝ մեղայ Տէր։
Այսօր եկած ենք մեր վերջին հրաժեշտը տալու մեր առաքինի, աննման մօր Սանդուխտ Պալճեանին, որ կը կրէ մեր ազգի առաջին Քրիստոնեայ մարտիրոսուհիին անունը։ Մա՛մ, մենք քեզի շատ պիտի կարօտնանք ու պիտի շարունակենք քեզ սիրել ու յիշել յաւիտեան։
Շնորհակալութիւն կ’ուզենք յայտնել բոլոր մեր հարազատներուն, ծանօթներուն, ընկերներուն եւ նամանաւանդ ընկեր բժիշկ Ռազմիկ Պէպէճեանին, որ անվարան մեզի նեցուկ կանգնեցաք՝ մեր այս անկիւնադարձային եւ դժուար ժամանակաշրջանին ընթացքին, եւ այսօր անձամբ մասնակից էք, մեր խոր վիշտին ու մեր սիրելի մօր վերջին հրաժեշտին։
Աշխարհը մայր է։
Սիրելի ու առաքինի մա՛յր, վարձքդ կատար. բարիքներդ անմոռաց։ Լոյս իջնէ՛ հոգւոյդ եւ Աստուած քեզ դրախտի արժանացնէ։ ֎
Անսահման,
Ժան եւ Քերոբ Պալճեաններ
***
Այս դամբանականը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2025 (#214) թիւին մէջ: