Կարօ՛տ, գետինը մո՛ւտ, կարօ՛տ. Տիրուկին հետ

Զատիկը 20 ապրիլ-ին էր, սակայն մեր տան անդամներուն համար Զատիկը քիչ մը շուտ հասաւ։ 2 ապրիլին, Թորոնթոյի գարնան ձիւնառատ եւ փոթորկալի այդ օրը, աղջկաս ու թոռնիկիս Թորոնթօ ժամանելուն հետ, մեր տունը գարնան թարմութեամբ եւ կանաչով զարդարուեցաւ ու զատկուան ջերմութեամբ եւ խինդով լեցուեցաւ։ Արդէն շաբաթներ առաջ հաճելի եռուզեռ մը սկսած էր մեր տան մէջ, ուր պզտիկին ապահովութեան համար սկսած էինք ապակեայ զարդերն ու վտանգաւոր իրերը մէջտեղէն վերցնել, սեղաններուն սուր անկիններուն վրայ կակուղ բարձիկներ դնել, խաղալիքներ, պատմութեան գիրքեր, ներկելու տետրակներ ու ներկեր առնել։ Անո՛ւշտ, սառցարանը հայկական աւանդական ճաշերով յորդեցաւ, իսկ մանուկներու յատուկ բազմապիսի քաղցրեղէններով ու զատկուան կարկանդակով ճոխացաւ սառնարանը, այս բոլորը ուրախութեամբ ըրինք, որպէսզի մեր սիրելի չորսամեայ թոռնիկը զատկուան համն ու հոտը առնելով՝ անմոռանալի արձակուրդ մը վայելէ մեծ մօր ու՝ նախօրոք երբեք չհանդիպած մեծ հօր ու քեռիին հետ։

Աշխարհի բաբելոնական քարտէզը (կամ Իմագո Մունդին) մ․թ․ա․ 6-րդ դար. ցոյց կու տայ այդ ժամանակի «ծանօթ աշխարհը» կազմող աշխարհագրական վայրերը, որոնց շարքին է Հայաստանը:

Ամուսինիս ու տղուս համար շատ արտասովոր էր այդ եռուզեռը, մանաւանդ երբ խելագարի նման կը հականեխէի տան իւրաքանչիւր անկիւնը։ «Այս ամէնուն ի՞նչ պէտք կայ, արդէն տունը մաքուր է», յաճախ կը կրկնէր ամուսինս, իսկ ես՝ «Դուն տակաւին չես կրցած ըմբռնել, թէ չորս տարեկան անհանդարտ փոքրիկի մը հոս՝ մեր հետ ապրիլը ինչ ըսել է, իսկ թոռնիկի մը ներկայութիւնը վայելելու համն անգամ չես գիտեր, վաղը ինծի իրաւունք պիտի տաս»։ Տղաս՝ «Մամա՛, տան մէջ ամէն ինչ հականեխուեցաւ, մնացինկք մենք, կ’ուզես մեզ ալ հականեխէ՛», կ՛ըսէր խնդալով, ապա՝ «Կարծես պզտիկը գետինը պիտի տապըլտկի կամ տիւաններուն ետեւը պիտի մտնէ», աւելցնելով՝ դժգոհութեամբ գլուխը կը շարժէր։ Օրեր անց, Աւօն, ո՛չ միայն գետինը տապըլտկեցաւ ու տիւանին ետեւը մտաւ, այլ՝ տունին իւրաքանչիւր անկիւնը խաղավայրի վերածեց, ուրախացաւ եւ ուրախացուց։

Երկար տարիներէ ի վեր մեր տան մէջ մանկան ուրախ ճիչ չէր լսուած։ Եօթը տարիներ առաջ՝ Լիբանանի մէջ, մեր՝ Գանատայի թուղթերը սպասած ժամանակ, աղջիկս ու իր առաջնեկը տասնհինգ օրով եկած էին մեզի այցելութեան։ Մէկամեայ թոռնուհիս՝ Ալեքսանտրան, տեսնելու քաղցրութիւնը նոր համտեսած, վրայ հասաւ բաժանման պահը ու դառնութեամբ խեղդեց մեր կոկորդները։ Իսկ հիմա մօտաւորապէս մէկ ամիս տեւողութեամբ մեր երկրորդ «ոսկի գնդակ»-ին հետ ունենալիք յուշերու աղբիւրը տարիներով պիտի հոսի ու մասունքի պէս պահուի մեր սրտերուն մէջ։

Վստահ եմ, որ շատերդ լսած էք «Ոսկի գնդակ»-ին պատմութիւնը։ Մեծ մայրս՝ Տիրանուհին, ինծի եւ եղբօրս, ինչպէս նաեւ մեր տունը հիւր եկող բոլոր պզտիկներուն պատմելիք երեք նշանաւոր պատմութիւններ ունէր՝ «Եղնիկ աղբար»-ը, «Աղը» եւ «Ոսկի գնդակ»-ը։ Ուրիշ առիթով մը առաջին երկուքը կը պատմեմ, իսկ հիմա «Ոսկի գնդակ»-ին պատմութիւնը՝ մեծ մօրս պատմելաձեւով պատմելու սկսիմ։ Ուրեմն՝ կայ եղեր, չկայ եղեր՝ շատ տխուր թագաւոր մը կայ եղեր, այս թագաւորը ուրախ աղախին մը ունի եղեր։ Աղախինը շատ աղքատ, սակայն շատ երջանիկ է եղեր, ուստի թագաւորը կը նախանձի անորմէ, եւ օր մը ծպտուելով անոր տան դռան առջեւ կը կանգնի ու ականջ կը դնէ ներսէն եկող ուրախ ձայներուն։ Ան կը լսէ, թէ ինչպէս աղախինն ու կինը կը սկսին քրքջալ եւ մէկը միւսին՝ «Ա՛ռ, այս ոսկի գնդակը», «Ինծի նետէ ոսկի գնդակը», ըսելով բարձրաձայն կը խնդան։ Թագաւորը պալատ վերադառնալով, քաղաքին լաւագոյն ոսկերիչը կը կանչէ ու ոսկի գնդակ մը շինել կը պատուիրէ անոր։ Յաջորդ օրն իսկ ոսկի գնդակով կը սկսին խաղալ թագաւորն ու թագուհին, այդ միջոցին գնդակը կը զարնուի թագուհիին գլխուն, ու անոնք խնդալու փոխարէն կու լան։ Զայրացած թագաւորը աղախինը կը կանչէ ու կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ անոր ոսկի գնդակը ուրախութիւն կը պարգեւէ, իսկ իրը՝ տխրութեան պատճառ կը դառնայ։ Աղախինը կը ծիծաղի ու կ'ըսէ․ «Մեր ոսկի գնդակը մեր զաւակն է, որ մեր սրտերը խինդով կը լեցնէ ու մեր տխրութիւնը կը վանէ»։ Եւ այսպէս, ժամանակ մը վերջ թագաւորն ալ զաւակ կ’ունենայ եւ պզտիկ իշխանին ծնունդով իսկական ուրախութեան իմաստը կը գիտնայ։

Ինչպէս բոլոր պատմութիւններուն աւարտին, այս պատմութեան վերջաւորութեան ալ մեծ մայրս իր խրատականը կը փոխանցէր մեզի ու՝ «Ղուրապան ըլլամ Աստուծոյ, Թող Ինք ձեր տուները ոսկի գնդակներով լեցնէ», կը կրկնէր ու մեզի ջերմօրէն կը փաթթուէր։

Մեծ մօրս աղօթքները ապարդիւն չէին եղած, երեսունմէկ եւ քսանութ տարիներ առաջ, բաւական դժուարութիւններէ ետք, Աստուած երկու ոսկի գնդակներ պարգեւեց մեզի։ Եւ ահա՛, երկա՜ր տարիներ վերջ ու անհանդուրժելի օտարութեան երկաթէ պատառները ծամծմելէ ետք, ո՛չ միայն մեր առաջնեկ ոսկի գնդակին պիտի միանայինք, այլեւ՝ անոր բերած ոսկի գնդակ՝ թոռնիկը մեր գիրկը առնելով, փառք պիտի տայինք Ամենակալին։

Մեր մեծ ու փոքր «ոսկի գնդակ»-ները հասան, ու մէկ օրուան մէջ մեր միապաղաղ կեանքի միօրինակութիւնը համեմուեցաւ ու՝ անկանխատեսելի համ ու հոտ առնելով նորաբաց զգացումներով ծլարձակեց։ Մեզի համար «անծանօթ» թոռնիկը, քանի մը երկվայրկեանուան մէջ դարձաւ մեր կեանքի իմաստն ու կիզակէտը։ Արաբերէն առածը կ’ըսէ. «Որդիէդ աւելի թանկը (սիրելին)` որդիիդ որդին է»։ Ահա թէ ինչո՞ւ այդ առակին մէջ թոռնիկ բառին փոխարէն՝ «որդիիդ որդին» արտայայտութիւնը կը գործածուի, հոն կրկնուող «որդի» բառին հետ ո՛չ միայն սէրդ կը կրկնապատկուի, այլ՝ զարմանալիօրէն կը բազմապատկուի։ Կ’երեւի՝ որդիդ 18 կարադ ոսկի է, իսկ թոռնիկդ՝ 24, եւ կամ զաւակդ՝ ոսկի, իսկ թոռնիկդ՝ ադամանդ։

Կատակը մէկ կողմ, սակայն այդ անմեղ փոքրիկներուն ներկայութեամբ ապրած գոհունակութիւնդ կը գերազանցէ աշխարհի բոլոր թանգարժէք հարստութիւններուն տիրացած ըլլալու զգացումը։ Աստուծոյ՝ մեր սրտին մէջ դրած ջերմութեան ամենէն վառ օրինակը ըլլալու է այդ մէկը։ Հիմա, տարիներ ետք, մեծ մայր ըլլալու զգացումով արբշիռ, աւելի լաւ կը հասկնամ գաղթականութիւն տեսած ու Ցեղասպանութեան պատճառով բոլոր հարազատները (բացի մօրմէն) կորսնցուցած կարսեցի մեծ մօրս՝ թոռնիկերուն հանդէպ ունեցած սիրոյ անքակտելի կապին պնդութիւնը, հիմա աւելի լաւ կը հասկնամ ծնողքէս եւ ամուսինիս ծնողքէն հեռու ըլլալու պատճառաւ՝ անոնց ապրած կսկիծները, եւ հիմա, այդ ցաւը մորթիս վրայ կրելով, կը սարսռամ ու կ'ուզեմ ճանկըռտել օտարութեան ու անոր մեղսակից՝ կարօտին սեւ սիրտը։

Հիմա, ո՛չ միայն իմ, այլ՝ ամբողջ էութեամբս կ'ուզեմ գոռալ ու վերջ տալ՝ օտարութիւն կոչուած գազանին աղօրիքներուն մէջ ծամծմուող ու իրենց հարազատներուն կարօտ մնացած բոլոր հայ ընտանիքներուն սպասման մորմոքներուն։
Կ'ուզեմ գոռալ ու այնքան ճչալ, որ այդ ճիչս հասնի աժդահակ դարձած գազանակերպ մարդկոց, որ անոնք պատերազմելու արիւնլուայ երազներուն սաղմերն անգամ խեղդեն իրենց խղճի վտակներուն մէջ։

Կ'ուզեմ այնպէս գոռալ, մինչեւ որ արդարութեան կշիռը իր կուրցած աչքերը բանայ ու ետ բերէ Եռաբլուրի մէջ ննջող մեր հազարաւոր լոյս տղաքը ու սրբէ անոնց՝ «ոսկի գնդակ»-ներ կորսնցուցած մայրերուն արիւնաքամ արցունքները։
Կ'ուզեմ այնպէս գոռալ, մինչեւ որ ազգովին ո՛չ միայն 110 տարի ետ երթալով Ցեղասպանութիւն ապրած չըլլանք, այլ՝ մեր բննօրանին մէջ, Արարատի փէշերուն բոլորս համախմբուած, համերաշխ ու սիրով լի արժանավայել կեանք մը ապրինք։

Կ’ուզեմ այնպէս գոռալ, մինչեւ որ մեր անյաղթ թագաւորներուն, հերոսներուն, ֆէտայիներուն, Ոսկեդար կերտողներուն, Մեծն Տիգրանին, եւ անգամ Սասունցի Դաւիթին արիւնը եռայ մեր երակներուն մէջ ու ծովէ ծով Հայաստանի տարածքին՝ առանց օտարութեան դառնոտ համին, առանց մայրերու աղի արցունքին եւ առանց վախկոտ դաւաճաններու դաւադրութեան, մեր «ոսկի գնդակ»-ին՝ հայրենիքին մէջ մէկ բռունցք դարձած ապրինք։
Կ’ուզեմ այնպէս գոռալ, մինչեւ որ արար աշխարհ տեսնէ աշխարհի ամենահին քարտէզը ու՝ հոն փորագիր ARMENIA գրութիւնը կարդալով իմանայ, որ մեր Հայաստանը հազարաւոր տարիներ առաջ կար, նոյնիսկ ա՛յն ժամանակ, երբ մեր թշնամիները տակաւին գոյութիւն չունէին։

Արդեօք շա՜տ անմատչելի ու անիրական բաներ է ուզածս...թերեւս այո՛...բայց մի՛ մոռնաք որ Աստուած մեծ է ու Իրեն համար անկարելի ըսուած բան չկայ։

Օ՜ֆ...նորէն ո՞ւր էի, ո՜ւր հասայ։ Այսօր ալ, ինչպէս մի՛շտ, հայ ըլլալու պարտաւորեցնող զգացողութիւնը մայր եւ մեծ մայր ըլլալէ աւելի ծանր կշռեց, որովհետեւ նախ հա՛յ ծնած, ապա՝ մայրացած ու մեծ մայրացած եմ, աւելի ճիշտը՝ հայ մայր ու հայ մեծ մայր դարձած եմ։

Ամենայնդէպս, հիմա սրտիս խորերուն լաւայի պէս ժայթկող յոյզերս սեղմալով՝ տանս մուտքի մեծ հայելիին վրայի փոքրիկ մատնահետքերը առանց սրբելու կը սպասեմ երեք ոսկի գնդակներուս վերադարձին։ Արդեօք կու գա՞յ միացումի այդ օրը, սպասենք ու տեսնենք։ Մինչ այդ տաքուկ գիրկիս մէջ սնած «ոսկի գնդակ»՝ զաւակիս ալ բարի բախտով արժանանալու, ապա՝ հայրանալու օրհնանքը անպակաս կ'ընեմ աղօթքներէս։
Հիմա կէս գիշեր է, ու ես կարօտին վիզը սեղմելով յուզախառն պահեր կ’ապրիմ, կը պոռթկամ ու կը գոռամ,- «Այս պոռթկումներուս ու ցաւերուս միակ պատճառը դուն ես, կարօ՛տ։ Ա՜խ, դուն, Կարօ՛տ, ա՜խ...դուն ի՛նչ տխեղծ ու տմարդի հրէշ ես եղեր»,-...ու տակաւին կը զարմանամ, թէ ի՞նչպէս մեր այս փոքրիկ սրտերուն մէջ այսքան անողո՛րմ կարօտներ կը բաւեցնենք, ինչպէ՞ս։

Կարօ՜տ, գետինը մո՛ւտ, կարօ՛տ։ ֎

***

Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2025 (#214) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

«Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութենէն

Next
Next

Ի յուշ՝ Սանդուխտ Գասարճեան Պալճեանի