Ասմունքի արուեստը վառ պահող Համազգայինի արտասանական մրցոյթը

Աշակերտական արտասանական մրցոյթը Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական գործունէութեան անբաժան մասը եղած է տասնամեակներ շարունակ։ Ծնողք, ուսուցիչներ, կազմակերպողներ եւ ընդհանրապէս անոնք, որոնք հաճոյք կը ստանան տեսնելով նորահաս սերունդը բարձրախօսի ետին, խանդավառութեամբ կը դիմաւորեն մրցոյթին օրը։

Կիրակի, 3 մայիս 2026-ը տարբեր չէր. պահը չհասած Հայ կեդրոնի սրահը լեցուած էր, պատրաստ՝ ունկնդրելու փոքրէն մինչեւ երիտասարդութեան սեմին կանգնած աշակերտները։ Այս տարի արձանագրուողներուն թիւը քառասուներեք էր. մասնակցողները՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանէն եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ շաբաթօրեայ վարժարանէն։ Համայնքի աշխուժութեան կարելի է վերագրել այդ օրերու բազմաթիւ նախաձեռնութիւնները, որոնց պատճառով այս տարի Ժ. եւ ԺԱ. կարգերէն մասնակցողներ չեղան։

Իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք, Գրական յանձնախումբը ամէն տարի յատուկ ջանք կը թափէ ի մի բերելով զանազան բանաստեղծութիւններ, առիթ տալով աշակերտին, որ ասմունքէ իր նախընտրածը։ Հանդիսատեսը եւս այս ձեւով զանազան քերթուածներ ունկնդրելու առիթ կ՚ունենայ, եւ գրողներ ու ստեղծագործութիւններ, որոնք՝ այլապէս հաւանաբար շարունակեն մնալ գրադարաններու մէջ, կեանքի կը կոչուին։

Լուսանկարը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղը

Այսպէս, Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն համար հետեւեալ բանաստեղծութիւնները նկատի առնուած էին. «Նոր տարին» (Միսաք Մեծարենց), «Մեր ուխտը» (Յովհաննէս Թումանեան), «Ս. ծննդատօնի մաղթագիր» (Ժագ Ս. Յակոբեան) եւ «Տաղ հայերէն լեզուին» (Վահան Թէքէեան): Է.-Թ. դասարաններու աշակերտներուն՝ «Այս ծառը սուրբ» (Զարեհ Խրախունի), «Չար բաներ» (Զահրատ), «Աստղի մը» (Ռուբէն Սեւակ) եւ «Նոր տարու հետ նորանալով» (Համօ Սահեան): Վերջապէս, Ժ. եւ ԺԲ. աշակերտներուն՝ «Հայր, օրհնէ» (Դանիէլ Վարուժան), «Ընդդիմախօսութիւն» (Սիլվա Կապուտիկեան), «Հայաստան» (Պարոյր Սեւակ) եւ «Կտակ» (Մուշեղ Իշխան)։ Տարբեր ժամանակաշրջաններ, տարբեր գրիչներ եւ զանազան նիւթեր շօշափող քերթուածներ էին, այդուհանդերձ, գերիշխող ընտրութիւններն էին «Մեր ուխտը», «Տաղ հայերէն լեզուին», «Չար բաներ», «Այս ծառը սուրբ» եւ «Հայաստան»։

Մրցոյթը վարեցին Գրական յանձնախումբէն Շողեր Ճելլատեանն ու Արմինէ Թորիկեանը։ Իրերայաջորդ ասմունքներն ու ծափերը խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտ ստեղծեցին սրահին մէջ։ Աւարտին մինչ ներկաները սուրճի շուրջ կը զրուցէին, դատական կազմի անդամները՝ գրող, խմբագիր Անոյշ Ակներեան, Գրասէրներու խմբակի անդամ՝ շնորհալի ասմունքող Ալիք Պապօղլեան ու Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ տեղւոյն Գրական յանձնախումբի առաջնորդ՝ ծանօթ ասմունքող Թամար Տօնապետեան Գուզուեան երկար խորհրդակցելէ ետք, մրցանակաբաշխութեան տուալներուն հիման վրայ, յանգեցան հետեւեալ եզրակացութեան. սկսեալ Ե. եւ Զ. դասարաններէն, առաջին մրցանակին արժանացաւ Մարիամ Լիպարեան, երկրորդին արժանացան Յովսէփ Էլէյճեան ու Մելանիա Սարգիսեան, իսկ երրորդին՝ Յակոբ Կիրակոսեան ու Լիօն Մելքոնեան: Բոլորին ընտրութիւնն էր «Տաղ հայերէն լեզուին» քերթուածը։ Երեք աշակերտներ՝ Յակոբ Անուշեան («Մեր ուխտը»), Մարիանա Վէզիրեան («Տաղ հայերէն լեզուին») եւ Նարօտ Պէրպէրեան («Տաղ հայերէն լեզուին») յիշատակութեան արժանացան։

Գալով Է.-Թ. դասարաններուն, առաջին մրցանակին արժանացաւ Փաթիլ Սարգիս, երկրորդին՝ Արեւ Խաչատրեան եւ Ծովինար Սարգիսեան, իսկ երրորդին՝ Վարդի Կիւլեան: Բոլորը ասմունքեցին «Այս ծառը սուրբ» քերթուածը։ Յիշատակութեան արժանացան Լոռի Մելքոնեան («Այս ծառը սուրբ») եւ Թէրեզա Պէրպէրեան («Աստղի մը»)։ Իսկ ԺԲ. դասարանէն առաջնութիւնը խլեց Լարա Տէր Մինասեան, երկրորդ մրցանակին արժանացաւ Գայանէ Յարութիւնեան. երկուքին պարագային՝ «Հայաստան»։

Մրցանակի գիր եւ համապատասխան նուէրներ յանձնուեցան բոլոր մրցանակակիրներուն։ Գրական յանձնախումբի սովորութեան համաձայն, բոլոր մասնակցողները ստացան հայերէն գիրք մը։

Կասկածէ վեր է, որ Թորոնթոյի հայ համայնքը հարուստ է շնորհալի ասմունքողներով: Զարմանալի չէ այս երեւոյթը։ Ասմունքի արուեստը երկար պատմութիւն ունի այս համայնքէն ներս, եւ այսպիսի մրցոյթները լաւագոյն առիթը կ՚ընծայեն լոյսին բերելու թաքնուած տաղանդներ, որոնք այլապէս հաւանաբար մնային աննկատ ու ոչնչանային ժամանակի հետ։

Ի սրտէ կը շնորհաւորենք բոլոր մասնակցողները: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ նորահաս սերունդին մօտ հայ գիր ու գրականութեան դերը արժեւորող իւրաքանչիւր անհատի։ ֍


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2026 (#226) թիւին մէջ: Յօդուածը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

ՆՈՐ ԹԻՒ/NEW ISSUE - ՅՈՒԼԻՍ 2026 JULY [#227]

Next
Next

Տիրուկին հետ. Խոր ծովուն լուսաւոր ապաստանը